ՓՈՒԹԻՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր կը հիւրընկալէ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը։ Այցելութիւնը տեղի կ՚ունենայ «Թրքական հոսք» կազամուղ խողովաշարի պաշտօնական բացման արարողութեան առթիւ։ Փութին երէկ անակնկալօրէն այցելեց Դամասկոս, ուր Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի հետ տեսակցելէ վերջ ժամանեց Իսթանպուլ։

Այսօրուան բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան Իրանի, Լիպիոյ եւ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները։

Այս խողովակաշարը Սեւ ծովու յատակէն կառուցուած է Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ եւ կարեւոր տարանցիկ նշանակութիւն պիտի ունենայ դէպի Եւրոպա առաքումներու համար։

Չորեքշաբթի, Յունուար 8, 2020