ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ. «ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՉՔ ՉՈՒՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀՈՂԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ»

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա աչք չունի Հայաստանի հողերուն վրայ։ Զանազան տարածքաշրջաններու վերաբերեալ խնդիրներուն շուրջ խորհրդածելու ժամանակ՝ Մեւլիւտ Չավուշօղլու անդրադարձաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի կացութեան։ Միջերկրականի շուրջ խօսելու ժամանակ ան յայտնեց, որ ի վերջոյ թրքական կողմը ուժեղ է թէ՛ սեղանի շուրջ եւ թէ ռազմադաշտի վրայ։ Իսկ Հայաստանի պարագային նախարարը ըսաւ.

«Հայաստանի հողերուն վրայ աչք չունինք։ Կողմ ենք արդար բաժանումի։ Կարգաւորումը հայ ժողովուրդի օգտին է։ Ուժեղ ենք թէ՛ բարոյական եւ թէ իրաւական տեսանկիւնէ ու այդ ուժը պիտի օգտագործենք ի օգուտ բոլորին»։

«Անատոլու» գործակալութեան այս հաղորդումները պարզ կը դարձնեն Չավուշօղլուի բերնով հնչած Անգարայի մօտեցումները՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած յետպատերազմեան իրավիճակին կապակցութեամբ։

Նոյն ամբողջին մէջ միշտ այժմէական կը մնայ նաեւ այլ խնդիր մը։ Այսպէս, Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան զուգահեռ օրակարգի վրայ եկած է Թուրքիա-Ռուսաստան դիտարկման համատեղ զինուորական կեդրոնի մը ստեղծումը։ Երկար քննարկումներէ եւ բանակցութիւններէ վերջ, Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ այս ուղղութեամբ գոյացած է փոխըմբռնում մը։ Ցարդ կատարուած հրապարակումներուն մէջ թէեւ տակաւին ամէն ինչ հարիւր տոկոսով յստակեցած չէ, սակայն, յայտնի է՝ որ թրքական եւ ռուսական կողմերուն միջեւ այս խնդիրը տագնապի մը պիտի չվերածուի։

«BBC»ի հաղորդումներով, հրադադարի դիտարկման համատեղ կեդրոնի տեղակայուելիք վայրի պարագային ալ, ըստ վերջին լուրերուն, կը նկատուի յստակութիւն։ Այդ կեդրոնը ամենայն հաւանականութեամբ պիտի տեղակայուի Պարտայի մէջ։ Այս շաբթուան մէջ նախատեսուած է Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի Պաքու այցելութիւնը։ Յիշեալ աղբիւրները հաւանական կը նկատեն, որ զուգահեռաբար սկիզբ առնեն այդ կեդրոնին աշխատանքները։

«BBC»ի տուեալներով, Պարտայէ զատ այդ կեդրոնի տեղակայման համար կայ նաեւ Կենճէ քաղաքի տարբերակը։ Թրքական կողմը, սակայն, դէմ գտնուած է դիտարկման կեդրոնին Կենճէի մէջ տեղակայուելուն՝ պատճառաբանելով, որ այդ քաղաքը շատ հեռու է այն տարածքներէն, որոնք ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ կը գտնուին։ Իսկ Ատրպէյճան առաջարկած է եւ նպատակայարմար նկատած՝ որ այդ կեդրոնը տեղակայուի Մատաղիսի մէջ։ Այս վերջինը պատերազմի օրերուն Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած ու վերանուանուած է Սուկովուշա։ Մատակարարման տեսանկիւնէ ալ սա առաւել յարմար վայր մը համարուած է։ Այս վարկածին ալ համաձայն չէ գտնուած Մոսկուան։ Արդարեւ, Ռուսաստան սկզբունքօրէն դէմ է, որ համատեղ դիտարկման կեդրոնը տեղակայուի Լեռնային Ղարաբաղի տարածքէն ներս։ Ուստի, «BBC» կը մատնանշէ, որ ներկայ պայմաններով ամենայարմար տարբերակը ըլլալ կը թուի Պարտան։ Այնուհանդերձ, այս վարկածը ո՛չ կը հերքուի, ոչ ալ կը հաստատուի պաշտօնական շրջանակներու կողմէ։

Համատեղ դիտարկման այս կեդրոնի պարագային օրակարգի վրայ մնալ կը շարունակեն բազում հարցականներ։ Քանի՞ զինուորական պիտի աշխատի այդ կեդրոնէն ներս, յստակ չէ։ Ա՛լ  աւելի անորոշ է նաեւ, թէ կեդրոնէն ներս զինուորականները ինչպէ՞ս պիտի գործեն եւ ի՞նչ լիազօրութիւններ պիտի ունենան։ Թուրքիա եւ Ռուսաստան չեն կարողանար համաձայնութեան հասնիլ շարք մը տարրերու շուրջ եւ այս պահուն նոյնիսկ հաղորդումներ չկան, թէ որո՞նք են հիմնական վիճայարոյց խնդիրները։ Ատրպէյճանի նախագահի վարչակազմէն պաշտօնատար մը «BBC»ին յայտնած է, որ ըստ ներկայ պայմանաւորուածութիւններուն՝ թուրք զինուորականները չեն կրնար դաշտային դիտարկում իրականացնել կամ՝ համատեղ պարեկութիւն։ Ըստ այդմ, հրադադարի դիտարկումը պիտի իրականացուի թեքնիկ միջոցներու եւ անօդաչու թռչող սարքերու օգնութեամբ։ Ձեւաչափի վերաբերեալ քննարկումները, սակայն, տակաւին կը շարունակուին։

Այս բոլոր իրադարձութիւնները քօղարկուած կը մնան այն հաղորդումներով, որոնք մանրամասնօրէն կը հրապարակուին Ատրպէյճանէ ներս յաղթանակի զօրահանդէսի մը կազմակերպման աշխատանքներուն շուրջ։ Ըստ Պաքուէ հասած վերջին լուրերուն, պիտի ցուցադրուին նաեւ պատերազմի ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ առգրաւուած ռազմական սարքաւորումները։ Մինչ տարածքաշրջանէն ներս ուժերու վերադասաւորման փուլ մը սկսած է, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովն ալ վաղը պիտի այցելէ Թեհրան, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հանդիպումներ պիտի ունենայ Իրանի ղեկավարութեան հետ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2020