ՓԱԿՈՒՂԻԻ

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքը կը շարունակէ մնալ փակուղիի մէջ։ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորումը մինչեւ այսօր կէսօրուան ժամերը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականին համար վերջնաժամկէտ սահմանած էր։ Այդ ժամկէտը թէեւ հասաւ աւարտին, սակայն, ինչպէս արդէն կը նախատեսուէր, Փաշինեան չէ ընդառաջած ընդդիմութեան պահանջին։

Երէկ, թէ՛ իշխանութեան եւ թէ ընդդիմութեան ճամբարներէն հաւաստիացումներ հնչեցին, թէ քաղաքական պայքարը միայն խաղաղ ճանապարհով պիտի մղուի։ Քաղաքացիական պատերազմի վտանգաւոր հաւանականութեան շուրջ բարձրաձայնուած զգուշացումները զսպելու հետամուտ էին այս բոլորը, սակայն, գործնականօրէն որեւէ խնդիր չեն լուծած։ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Վազգէն Մանուկեան երէկ ներքին քաղաքական տագնապին շուրջ խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ խումբ մը քաղաքագէտներու, ռազմական մասնագէտներու եւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու փորձագէտներու հետ։

Այս առաւօտ, Հայաստանի Ազգային ժողովը պիտի քննարկէր պատերազմի ռազմագերիներու խնդիրները։ Ընդդիմադիր «Լուսաւոր Հայաստան» խմբաւորման նախաձեռնութիւնն էր այս մէկը։ Այդ խմբաւորման գլխաւոր դէմքերէն երեսփոխան Էտմոն Մարուքեան երէկ արդէն հանդիպում մը ունեցաւ Վազգէն Մանուկեանի հետ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, խորհրդարանի մեծամասնութեան տէր «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորները արգելք հանդիսացան, որ խորհրդարանի նիստը բացուի։ Այս առաւօտեան դրութեամբ իշխանութիւններն ալ տեւականացուցին իրենց խիստ ոճը։ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ղեկավարներէն Իշխան Սաղաթելեան նշեց, որ մինչեւ երեկոյեան ժամերը Հայաստանի քաղաքացիներուն իրաւունք կը վիճակի խաղաղ անհնազանդութեան ցոյցեր ընելու՝ իրենց բողոքն ու պահանջը լսելի դարձնելու համար։ Այդ կոչերը անմիջապէս արձագանգ գտած են հանրութեան մօտ եւ Երեւանի կեդրոնին արդէն սկսած են քաղաքացիներու անհնազանդութեան ցոյցերը՝ «Առանց Նիկոլի Հայաստան» կարգախօսով։

Դաշնակցութեան դիրքորոշման խստանալուն զուգահեռ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ալ այս առաւօտ հանդէս եկաւ ուշագրաւ յայտարարութիւնով մը՝ միանալով Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի կոչին։ «Հայաստան կը նմանի ահաւոր փոթորիկի մատնուած անղեկ նաւու մը», յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2020