Մեծ Պահքին խորհուրդը

Ար­դէն սկսաւ Մեծ պահ­քը: Այդ շրջա­նը կը տե­ւէ 48 օր՝ Բուն բա­րե­կեն­դա­նէն մին­չեւ Ս. Յա­րու­թեան (Ս. Զատ­կի) տօ­նի նա­խօ­րէն: Պահ­քի շրջա­նին կ՚օգ­տա­գոր­ծեն բա­ցա­ռա­պէս բու­սա­կան ծա­գում ու­նե­ցող սննդամ­թերք:

Պահ­քի ըն­թաց­քին կը հրա­ժա­րին ոչ միայն ո­րոշ կե­րա­կուր­նե­րէ, այ­լեւ մո­լի սո­վո­րու­թիւն­նե­րէ, շա­տա­խօ­սու­թե­նէ, ստա­խօ­սու­թե­նէ, հայ­հո­յան­քէ եւ այլ մեղ­քե­րէ:

Կե­րա­կու­րէն հրա­ժա­րի­լը ա­ռանց մեղ­քէն ետ կե­նա­լու ա­նօ­գուտ է: «Սա­տա­նան միշտ պահ­քի մէջ է, ո­չինչ կ՚ու­տէ, բայց մեղք գոր­ծե­լէ չի դադ­րիր եւ չի յոգ­նիր», կ՚ը­սէ Ս. Գրի­գոր Տա­թե­ւա­ցին: «Լե­րան քա­րոզ»ին մէջ Յի­սուս պահ­քի մա­սին կ՚ը­սէ. «Երբ ծոմ պա­հէք, տրտմե­րես մի՛ ըլ­լաք կեղ­ծա­ւոր­նե­րու նման, ո­րոնք ի­րենց ե­րես­նե­րը կ՚այ­լան­դա­կեն, որ­պէս­զի մար­դոց այն­պէս ե­րե­ւան, թէ ծոմ կը պա­հեն, ճշմա­րիտ կ՚ը­սեմ ձե­զի, այդ է ա­նոնց վարձ­քը, այ­սինքն՝ մար­դոց ե­րե­ւա­լը եւ ա­նոնց­մէ գո­վուի­լը: Այլ երբ դուն ծոմ կը պա­հես, օ­ծէ քու գլուխդ եւ լուայ քու ե­րեսդ, որ­պէս­զի չե­րե­ւաս մար­դոց ծոմ պա­հող, այլ քու Հօրդ, գաղտ­նա­բար, եւ քու հայրդ, որ տես­նէ, ինչ որ ծա­ծուկ է, կը հա­տու­ցա­նէ քեզ» (Մատթ. 6:16-18): Զղջու­մը, ա­ղօթ­քը, ա­պաշ­խա­րան­քը հիմ­նա­կան պայ­ման­ներն են Աս­տու­ծոյ զօ­րու­թիւ­նը ստա­նա­լու:

Մեծ պահ­քի օ­րե­րը կը խորհր­դան­շեն ա­նա­պա­տի մէջ Քրիս­տո­սի քա­ռաս­նօ­րեայ ա­ղօթ­քի, ծո­մա­պա­հու­թեան եւ ա­պաշ­խա­րու­թեան շրջա­նը: Իր մկրտու­թե­նէն ետք Յի­սուս «հո­գիով ա­նա­պատ ա­ռաջ­նոր­դուե­ցաւ ու քա­ռա­սուն օր փոր­ձուե­ցաւ սա­տա­նա­յէն: Չկե­րաւ ու չխմեց այն օ­րե­րու­նէ (Ղուկ. 4:1-3): Յի­սուս Զինք ծո­մա­պա­հու­թեան են­թար­կեց մարդ­կա­յին ցե­ղի փրկու­թեան հա­մար, մարդ­կու­թեան փո­խա­րէն Ինք ա­պաշ­խա­րեց, որ­պէս­զի բո­լոր պա­հե­ցո­ղու­թիւն ը­նող­նե­րուն ա­պաշ­խա­րան­քը ի­մաստ եւ ի­րա­կա­նու­թիւն ստա­նան շնոր­հիւ Իր ծո­մա­պա­հու­թեան: Քա­ռաս­նօ­րեայ պահ­քին կը յա­ջոր­դէ պա­հոց եւս մէկ­շա­բա­թեայ շրջան՝ Ա­ւագ շա­բա­թը: Այդ  է պատ­ճա­ռը, որ քա­ռաս­նօ­րեայ կո­չուող պահ­քը 48 օր կը տե­ւէ:

Մեծ պահ­քը ու­նի եօթ Կի­րա­կի, եօթ յի­շար­ժան օ­րեր. Բուն բա­րե­կեն­դան, Ար­տաքս­ման, Ա­նա­ռա­կի, Տնտե­սի, Դա­տա­ւո­րի, Գալս­տեան եւ Ծաղ­կա­զարդ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 1, 2017