ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Առակաց 21.17-ին մէջ կը կարդանք. «Ուրախութիւն սիրողը կարօտութեան մէջ կ՚իյնայ»: Իսկ Պօղոս առաքեալին Փիլիպպեցիներուն ուղղած նամակին մէջ կը կարդանք. «Միշտ ուրախ եղէք Տիրոջմով. դարձեալ կ՚ըսեմ՝ ուրախ եղէք» (Փլպ 4.4): Հակասութիւն չկա՞յ այս երկու համարներուն միջեւ:

Պատասխան. Ո՛չ մէկ հակասութիւն կայ այստեղ: Որովհետեւ, իմաստունը աշխարհիկ ուրախութեան մասին կ՚ակնարկէ, մինչ առաքեալը՝ աստուածային ուրախութեան: Իսկ աշխարհիկ եւ աստուածային ուրախութիւնները իրարմէ տարբեր են:

Իմաստունին ըսած ուրախութիւնը այն է, որ երբ մարդ ինքզինք աշխարհին եւ անոր հաճոյքներուն կը յանձնէ, կարծելով որ այդպէս պիտի ուրախանայ, մինչ ճի՛շդ հակառակն է, քանի որ աշխարհը ի զօրու չէ՛ մարդուն ուրախութիւն շնորհելու: Յիշենք անառակ որդիին առակը (կարդա՛ Ղկ 15.11-32): Կրտսեր որդին իր բաժին ժառանգութիւնը առաւ եւ աշխարհ գնաց, այլ խօսքով՝ իր վայելքներուն, հաճոյքներուն եւ «ուրախութեան» ետեւէն գնաց: Թէ ի՛նչ եղաւ յետոյ՝ բոլորիս յայտնի է: Կրտսեր որդին գիտակցելէ ետք իր անմխիթար ու խեղճ վիճակին, այսպէս մտածեց. «Հօրս տան մէջ քանի՜ գործաւորներ կան, որոնք իրենց պէտք եղած կերակուրէն աւելին ունին, մինչ ես հոս անօթութենէ կը մեռնիմ: Ելլեմ երթամ հօրս քով եւ ըսեմ իրեն.- Հա՛յր, մեղանչեցի Աստուծոյ եւ քեզի դէմ. այլեւս արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու. զիս քու գործաւորներէդ մէկը նկատէ» (Ղկ 15.17-19): Անառակ որդին յիշեց, որ իր հօր տան գործաւորները լիութեան եւ ուրախութեան մէջ էին եւ որոշեց վերադառնալ այդ ուրախութեան, թէեւ գործաւորի կարգավիճակով: Անառակ որդիին Հօր Տունը այլ տուն չէ, եթէ ո՛չ Երկինքի Արքայութիւնը:

Հետաքրքրական է հօր խաղաղեցնող խօսքը՝ ուղղուած իր աւագ որդիին, թէ՝ «տղա՛ս, դուն միշտ ինծի հետ ես եւ ամբողջ ունեցածս քուկդ է: Սակայն հիմա պէտք է ուրախանանք եւ ցնծանք, որովհետեւ այս եղբայրդ մեռած էր՝ ողջնցաւ, կորսուած էր՝ գտնուեցաւ» (Ղկ 16.31): Աշխարհիկ ուրախութեան մէջ թաթախուած մը երբ որոշէ ու վերադառնայ իր Հօր տուն, այդ տան մէջ ուրախութիւն եւ ցնծութիւն կը տիրէ, ո՛չ թէ կեղծ ու ժամանակաւոր, այլ՝ ճշմարիտ ու մնայուն ուրախութիւն:

Ան որ ինքզինք աշխարհիկ ուրախութեան կը կապէ, այդպիսով ինքզինք կորուստի դատապարտած կ՚ըլլայ, որովհետեւ աշխարհի տուած ուրախութիւնը խաբուսիկ է, անզգայացնող եւ մահուան տանող: Մարդ պէտք է ամէն ջանք թափէ, որպէսզի երկնային՝ աստուածային ուրախութիւնը ձեռք ձգէ, որ իրական է, գօտեպնդող է եւ կեանք պարգեւող: Ահա ա՛յս ուրախութեան մասին է, որ կը խօսի Պօղոս առաքեալ, եւ կը թելադրէ բոլորիս, որպէսզի ուրախ ըլլանք Տիրոջմով, որովհետեւ Տիրոջմէ դուրս ճշմարիտ ու մնայուն ուրախութիւն չկայ: Յիշենք մարտիրոսները, նահատակները, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին յանուն Քրիստոսի: Պատմագիրներն ու մատենագիրները կը յայտնեն մեզի, թէ անոնցմէ շատեր իրենց նահատակութեան իսկ պահին, «ուրախ էին…», «իրենց դէմքը պայծառ ու փայլուն էր…»: Ուրկէ՞ այդ ուրախութիւնը եւ պայծառութիւնը, եթէ ոչ այն վստահութենէն, որ կ՚երթան իրենց Տիրոջ մօտ: Ուրկէ՞ այդ ուրախութիւնը, եթէ ոչ Աստուծոյ մէջ գտած իրենց ունեցած ներքին ճշմարիտ ու ջերմացնող ուրախութիւնը, որ դէպի կեանք կը տանէր զիրենք: Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը այս մասին կը գրէ. «Իսկական ուրախութիւնը հանդերձեալ կեանքի ուրախութիւնն է, ուր հոգին չի՛ չարչարուիր, իսկ կիրքը կը պատռուի քրիստոնեայի իսկական ուրախութեամբ՝ որ տենդագին հաճոյք մը չէ, այլ՝ [ուրախութիւն մըն է], որ հոգիին ազատութիւն կու տայ, ինչպէս նաեւ քաշող եւ ճշմարիտ հաճոյքներով հարուստ ուրախութիւն մըն է»:

Պետրոս Շանշեանց քրիստոնեայի ուրախութեան մասին կը գրէ.

* Քրիստոնեան պէտք է ուրախ եւ խաղաղ հոգի ունենայ, որովհետեւ Աստուծոյ ողորմութեամբ եւ Աւետարանի խոստումներով լեցուած է. «...եւ ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ: Ահա թէ ինչո՛ւ կը գրենք ձեզի այս նամակը» (Ա. Յհ 1.4). «Յոյսով ուրախացէք, նեղութեանց մէջ համբերող եղէք» (Հռ 12.12): Այս ուրախութիւնը պէտք չէ բաժնել այն խօսքերէն, որ առաքեալը իբրեւ ուրախութեան միջոց կը ներկայացնէ. «...յարատեւ աղօթեցէք» (Հռ 12.12): Սուրբ Գիրքը մեզի նոյնիսկ նեղութիւնները կը ներկայացնէ իբրեւ ուրախութեան առարկայ. «Եղբայրնե՛ր, դուք ձեզ շատ երջանիկ համարեցէք՝ երբ զանազան փորձութիւններու մէջ կ՚իյնաք» (Յկ 1.2):

Նոյն հեղինակը կը զգուշացնէ մեզ աշխարհային վայելչութիւններէն (իմա՛ ուրախութիւններէն) հեռու մնալ եւ զգուշանալ, կը գրէ.

* Պարտաւոր ենք մեր ճաշակը սրբել, որովհետեւ երբ մեր անձը աշխարհային վայելչութիւններուն կը մատնենք, ապա, ի սպառ կ՚անզգայանանք հաւատքին տուած մխիթարութիւններուն համար եւ մեր հոգիին ճաշակը կը բթացնենք: Բայց, երբ հաւատքին ներշնչած վայելչութիւնը եւ ճաշակը կը փնտռենք, երբ ամենէն մեծ վայելչութիւնը կը գտնենք Աստուծոյ մասին մտածելով եւ աղօթելով, Աստուծոյ խօսքը լսելով կամ կարդալով եւ մեր հաւատքին եւ յոյսին մէջ ամրանալով, երբ կարող կ՚ըլլանք համարձակ կերպով ըսել, որ մեր միակ ուրախութիւնն ու երջանկութիւնը Աստուծոյ մօտենալն է, այն ժամանակ մեր ճաշակը կը սրբուի եւ կը սորվինք սիրել, ինչ որ ճշմարտապէս սիրելի է: Ասոր համար մեզի օրինակ ունինք բազմաթիւ սուրբ եւ երջանիկ մարդիկ, որոնք ուրախութիւն եւ կեանք համարած էին իրենց՝ Աստուծոյ կամքը կատարել եւ Անոր պատուիրանները ոսկիէն աւելի ցանկալի եւ մեղրէն աւելի քաղցր համարել. «...աւելի ցանկալի՝ քան ամենէն զուտ ոսկին, աւելի քաղցր՝ քան մեղրախորիսխէն քամուած մեղրը» (Սղ 19.11):

Սուրբ Մակար Մեծը ուրախութիւնն ու երջանկութիւնը Սուրբ Հոգիին պտուղները կը համարէ, որ մարդ կը ստանայ, երբ Աստուածավայել ու Անոր պատուիրաններուն համաձայն ապրի: Սուրբը կը գրէ.

* Եթէ մարդ անհատը ծոմ պահեց, գիշերներ արթուն հսկելով աղօթեց եւ կամ որեւէ տեսակի բարեգործութիւն կատարեց, վայել է որ այդ բոլորը Աստուծոյ վերագրելով՝ ըսէ. «Եթէ Աստուծմէ զօրութիւն չստանայի, ես ո՛չ կրնայի աղօթել, ո՛չ ծոմ պահել եւ ոչ ալ աշխարհէն հրաժարիլ»: Այսպէս, երբ Աստուած տեսնէ մտադրութիւնդ եւ թէ ի՛նչպէս ամէն ինչ որ կը կատարես, այդ բոլորը իրեն կը պարտիս, այն ատեն Ան քու վրադ կը հեղէ այն՝ ինչ որ հոգեւոր է, երկնային է ու աստուածային, այսինքն՝ Հոգիին պտուղները, ուրախութիւնն ու երջանկութիւնը (Մեծն Սուրբ Մակար, «Հոգեւոր քարոզներ», հայացուց՝ Մակար Եպիսկոպոս Աշգարեան, Անթիլիաս 2021, էջ 221):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 98

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունիս 11, 2024