ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Զ.

Այստեղ երեք հարցումներ կ՚ըլլան.

Առաջին. Ինչո՞ւ համար այդքան կրկնեց հացին մասին:

Պատասխան. Մեզի նախապէս ըսուեցաւ յարութեան մասին եւ չորս պատճառով կը կրկնէ հացի մասին:

Այժմ, մեկնիչդ կ՚ըսէ ութ պատճառի համար1.

Նախ՝ որովհետեւ մեր հաւատքի կատարումն է այն, որ Քրիստոսի մարմինը Աստուած է կը հաւատանք եւ անով յաւիտենական կեանքը կ՚ընդունինք, ու Քրիստոս ասոնց համար աշխարհ եկաւ, կ՚ըսէ:

Երկրորդ՝ որպէսզի Քրիստոսի մարմինին հացը աւելի ցուցնէ քան մանանան, որպէս անիկա օրինակ, իսկ ասիկա՝ ճշմարտութիւն:

Երրորդ՝ որպէսզի ցոյց տայ, թէ յարութիւնը յաւիտենական կեանքին եւ բոլոր խոստացուած բարիքներուն սկիզբն է, ինչպէս ցոյց տրուեցաւ:

Չորրորդ՝ ինչպէս Ադամը լսեց սատանային, պտուղը կերաւ եւ ծածկապէս մահացաւ, այդպէս ալ, ան որ հաւատայ Քրիստոսին եւ Անոր մարմինը ճաշակէ, ծածկապէս անմահ կեանքը կ՚ընդունի:

Հինգերորդ՝ ինչպէս Ադամը նախ զօրութեամբ մեռաւ եւ յետոյ՝ ներգործութեամբ, նոյնպէս եւ մենք հիմա զօրութեամբ կենդանացանք Քրիստոսով, իսկ յարութեան ժամանակ ներգործութեամբ պիտի կենդանանանք:

Վեցերորդ՝ ինչպէս որ կերակուրը Ադամին մահուան պատճառը եղաւ, այդպէս ալ այստեղ կերակուրը մեզի համար կեանքի պատճառ եղաւ:

Եօթներորդ՝ ինչպէս որ պտուղը բնութեամբ մահացու չէր, այլ որովհետեւ անժամանակ կերաւ ու Աստուծոյ պատուիրանը ձգեց ու սատանային լսեց, այդպէս ալ անոնք որոնք ունկնդնիր կ՚ըլլան Քրիստոսի ու հացէն կը ճաշակեն, որ Անոր մարմինն է՝ հաւատքով կը կենդանանան:

Ութերորդ՝ ինչպէս կենաց ծառը երեք յատկութիւն ունէր. նախ՝ որ անկարօտութիւն կու տար ուտողին, երկրորդ՝ կատարեալ առողջութիւն եւ ուրախութիւն, երրորդ՝ ի յաւիտենից կեանք եւ առողջութիւն կը հաստատէր հակառակ մահացու պտուղին, այդպէս ալ Քրիստոսի մարմինը նոյնը կ՚ընէ մեր մէջ՝ հոգեպէս, այդ պատճառով այդքան կը կրկնէ կենաց հացին համար, որ Աստուծոյ Որդիին մարմինն է:

Երկրորդ հարցում. թէ ինչո՞ւ համար այսպիսի ճշմարիտ եւ բարձրագոյն խօսքերը հրեաներուն դիմաց ըսաւ, որովհետեւ արժանի չէին ընդունելու, քանի որ Ինք Մատթէոսի Աւետարանին մէջ ըսաւ. «Որեւէ սրբութիւն շուներուն մի՛ տաք» (Մտ 7.6):

Պատասխան. Ուրիշ վարդապետներ կ՚ըսեն, թէ Քրիստոս ութ պատճառով այս խօսքերը վայելչաբար ըսաւ.

Նախ՝ այս խօսքերը համեմատելով հացի հրաշքին հետ, որ գործեց, պէտք է ցոյց տալ, թէ սա՛ է հաւատացեալներուն Կենաց Հացը:

Երկրորդ՝ տարակուսանքի մէջ էին եւ կը սիրէին զԻնք մարմնապէս հրեաները, որոնք կը փափաքէին թագաւոր ընել զԻնք, այդ պատճառով Քրիստոս ասիկա ըսաւ եւ զանոնք վերցուց դէպի հոգեւոր հացն ու կերակուրը, եւ անոնց սիրտին մէջէն հանեց մարմնասիրութիւնը:

Երրորդ՝ նայելով Քրիստոսի քարոզութեան ժամանակին, որովհետեւ մէկ տարի չկար մինչեւ Քրիստոսի մահը, իսկ Յովհաննէսը իր վկայութիւնը տուած ու մեռած էր, վայել էր Քրիստոսի Իր բարձրագոյն վկայութիւնը ցուցնելու:

Չորրորդ՝ հրեաներուն տրամադրութեան հայելով, որ է փոխադրութիւն, որ այդքան հրաշքներէ ետք պէտք էր վերահասու ըլլային խօսքերուն եւ խոնարհութեամբ խնդրել Քրիստոսէ ու սորվիլ:

Հինգերորդ՝ անոնց կուրութեան համար, որովհետեւ ո՛չ հրաշքներուն եւ ո՛չ ալ վկայութիւններուն համար չէին ուզեր հաւատալ Անոր, թէ հոգիներու եւ մարմիններու կեցուցիչ է, քանի որ եթէ այս բանին հաւատային, Քրիստոսի խօսքերը դիւրաւ կ՚ընդունէին:

Վեցերորդ՝ Պատարագի խորհուրդին հայելով, որ կը նշանակէ անդամներուն միաւորութեան Գլուխին՝ Քրիստոսին հետ, եւ եկեղեցւոյ խորհուրդներուն մէջ մեծագոյնն է, ու վայել էր, թէ Քրիստոս ո՛չ միայն ծածկապէս, այլ՝ յայտնապէս ուսուցանէր:

Եօթներորդ՝ որովհետեւ ներհակներու յաղթութենէն առաւել կը յայտնուի ճշմարտութիւնը, ինչպէս որ լոյսին պայծառութիւնը առաւել յայտնի կ՚ըլլայ, երբ խաւարը կը փախցնէ: Եւ դարրձեալ՝ Քրիստոսի վարդապետութիւնը ասով հաստատագոյն կ՚երեւի իբրեւ մարդոց հաճութեամբ չհաստատուած:

Ութերորդ՝ մեր մխիթարութեան համար, երբ ճշմարիտը կ՚ըսենք ու լսողները կը գայթակղին եւ մեզմէ կը բաժնուին, պէտք չէ խռովիլ ու տրտմիլ, այլ՝ ուրախանալ, որովհետեւ ճշմարիտը խօսեցանք:

Այսքանը երկրորդին մասին:

ԲԱՂԴԱՏՈՒԹԻՒՆ ՆԿԱՆԱԿԻՆ ԵՒ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ

Երրորդ հարցում. ինչո՞ւ համար Քրիստոս անապատին մէջ բազմացուց հացը եւ ո՛չ թէ ուրիշ բանով մը լիացուց ժողովուրդին անօթութիւնը:

Պատասխան. Վարդապետները կ՚ըսեն, թէ ութ պատճառով.

Առաջին պատճառ. որովհետեւ երբ հացը Իր մարմինը ընէ, իսկ գինին՝ Իր արիւնը, հաւատարիմ կ՚ըլլան ըսուածներուն, այդ պատճառով ալ ջուրը գինի ըրաւ:

Երկրորդ. ինչպէս «գինին մարմինի ուրախութեան պատճառն է, իսկ հացը մարդուն սիրտը կը հաստատէ» (հմմտ. Սղ 103.15), Մարգարէն ըսաւ, նոյնպէս հոգեւոր ուրախութեան եւ առաքինութեան վարքին, որ է հոգիին կենդանութիւնը, պատճառը Տիրոջ մարմինն ու արիւնն է, երբ սրբութեամբ կը մօտենան:

Երրորդ. ինչպէս հացն ու գինին Քրիստոս ձրիաբար տուաւ ուտողներուն եւ խմողներուն, նոյնպէս մենք պէտք է ձրիաբար եւ առանց գինի մատուցել Պատարագը Աստուծոյ եւ հաւատքով խնդրողներուն բաշխել:

Չորրորդ. որովհետեւ ինչպէս Տէրը առաքելաներէն առաւ հացը, աճեցուց ու դարձալ տուաւ անոնց ժողովուրդին բաշխելու համար, նոյնպէս մարդկային բնութենէն առաւ մարմինը եւ աստուածացուց՝ Իր Աստուածութեան միաւորելով: Եւ դարձեալ՝ մարդոց ձեռքը տուաւ հոգեւորապէս քաղցածներուն բաժնելու համար:

Հինգերորդ. ինչպէս որ Տէրը նոր հաց չգոյացուց, այլ՝ գոյացածը բազմացուց, այդպէս ալ՝ ո՛չ թէ նոր մարմին մը ստեղծեց Իրեն համար, այսինքն՝ մատկային զանգուածէն օտար, այլ՝ մեր բնութենէն առաւ ու աստուածացուց Բանին խառնմամբ:

Վեցերորդ. ինչպէս այն հացը, որ բազմացուց, անապատին մէջ ուտողները յագեցուց ու անծախելի մնաց, այդպէս ալ Տիրոջ մարմինը կը յագեցնէ հաւատքով ճաշակողները, ու անսպառելի կը մնայ միշտ Եկեղեցւոյ մէջ, մինչեւ աշխարհի վախճանը:

Եօթներորդ. որովհետեւ իւրաքանչիւր հաց, կը հիննայ ու կ՚ապականի, կը փտի ու կը բորբոսի, իսկ հացը, որ Տէրը բազմացուց, չէր փտեր ու չէր ապականեր, այլ՝ հիննալով աւելի կը գեղեցկանար ու կ՚անուշնար, նոյնպէս Տիրոջ մարմինը ապականութիւն չտեսաւ, ըստ Սողմոսին (հմմտ. Սղ 15.10):

Ութերորդ. ինչպէս առաքելաներուն միայն հրամայեց բաշխել այդ հացը եւ հաւաքել նշխարներուն կտորները, այդպէս ալ քահանաները, որոնք սիրտով սուրբ են եւ անձով մաքուր, անոնց միայն պատշաճ է սպաաւորել Տիրոջ մարմինին եւ արիւնին:

Այսքանը այս մասին մեր վարդապետներէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 64

Վաղարշապատ


1 Նանա:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2020