ՄԱՆԿԻԿ. ՓՈՔՐ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԾՆԱԾ ՎԱՅՐԿԵԱՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ 3-4 ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՍԱԿԸ

Ա.

ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՐԵԽԱՅԻ ԿԱԶՄՈՒԱԾՔԻՆ ՄԱՍԻՆ

Մանկութիւնը ամենէն վտանգաւոր հասակն է: Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ հարիւր նորածին երեխաներէն, մինչեւ մէկ տարեկան հասակը, Եւրոպայի մէջ կը մեռնին 18-20-ը, իսկ Ռուսաստանի մէջ՝ 50-56-ը:

Երեխան որպէս անկատար էակ մը աշխարհ կու գայ, որուն ոսկորները դեռ եւս չեն ամրացած, որուն մկանները, սիրտը, թոքերը եւ ներքին միւս բոլոր գործարանները տակաւին կիսազարգացած են: Միեւնոյն ժամանակ, այս նորաբողբոջ մարմինը չափազանց զգայուն է դէպի արտաքին տպաւորութիւնները (դէպի ցուրտը, քամին, անմարս կերակուրները, անմաքուր ջուրը եւ օդը): Հազար մանր ազդեցութիւններ, որոնք մեծահասակին համար աննկատելի կ՚անցնին, ահագին դղրդում կը պատճառեն մանուկին կազմուածքին:

Այս պատահական վնասաբեր ազդեցութիւններէն բացի, երեխային կազմուածքը երեք մեծ ճգնաժամ կ՚անցընէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կրնան վտանգաւոր եւ (եթէ խնամքը վատ է) նոյնիսկ կորստաբեր ըլլալ անոր համար: Երեխայի կեանքին առաջին ժամերն ու օրերը, երբ ան մօր արգանդէն աշխարհ դուրս կու գայ եւ կը սկսի ինքնուրոյն ֆիզիքական կեանք վարել, յիշած երեք վտանգաւոր շրջաններէն առաջինն է: Երկրորդ երկիւղալի շրջանը՝ ատամնահատութիւնն է, որու ընթացքին (ոչ թէ պատճառով), ինչպէս կը տեսնենք, բազմաթիւ հիւանդութիւններ կը յառաջանան: Ծիծէն կտրելը երրորդ վտանգաւոր ճգնաժամը կը կազմէ:  

Այսպէս, երեխան մինչեւ 21/2 տարեկան, տրամադրուած է ստանալու զանազան հիւանդութիւններ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը առանձնապէս կրնայ մահառիթ ըլլալ անոր համար եւ որոնցմէ հասկցող, բարեխիղճ եւ զգոյշ մայր մը կրնայ իր զաւակը ապահով պահել, եթէ գիտակցաբար, հասկնալով եւ ո՛չ թէ ուրիշներուն նայելով վերաբերի իր մայրական պարտականութիւններուն:

Երբ բան մը չենք հասկնար, ամէն մէկուն ըսածին կուրօրէն կը հաւատանք:

Այսպէս է եւ այն մայրը, ով չի՛ գիտեր երեխային խնամելու կարգը. ան ականջ կու տայ իւրաքանչիւր պառաւի ու հէքիմի խօսքին, եւ իր զաւակը այդ տգէտ ու անխիղճ շահախնդիրենորւն ձեռքը կու տայ:

Մայրե՛ր, կուրօրէն մի՛ հաւատաք ամէն մէկ պառաւի, որ կտոր մը հացի համար կը խաբէ ձեզ՝ սուրբերու անունով: Մի հաւատաք ո՛չ անոնց երազներուն, ո՛չ ալ տեսիլքներուն: Բացի այն, որ անոնք տգէտներ են եւ չեն հասկնար երեխայ խնամելու գործը, անոնք միեւնոյն ժամանակ օտարներ են: Անոնց սիրտը ձեր երեխային համար չի՛ ցաւիր:

Ի վերջոյ, չէ՞ որ դուք գրագէտ ըլլալով, կրնաք կարդալ եւ գիտութեան տուած պատուէրներով ընթանալ:

Մենք քիչ մը վերը տեսանք, թէ վատ խնամքէն ի՛նչքան երեխայ կը կոտորուի:

Մօր հսկողութենէն, անոր պատրաստութենէն եւ զարգացումէն կախուած է զաւակներուն կեանքը: Այն երկիրներուն մէջ, ուր մայրերը զարգացած են եւ գիտեն խնամել երեխաները, մանուկները՝ կոտորածը նուազ կ՚ըլլայ:

Այսպէս,

Նորվեկիոյ մէջ   ծնած 1000 մանուկէն 100-ը կը մեռնի, Զուիցերիոյ մէջ՝ 106-ը, Անգլիոյ մէջ՝ 137-ը, Ֆրանսայի մէջ՝ 154-ը, Աւստրիոյ մէջ՝ 158-ը, Փրուսիայի մէջ՝ 169-ը, Իտալիոյ մէջ՝ 220-ը, Գերմանիոյ մէջ՝ 329-ը, Ռուսաստանի մէջ՝ 106-ը։

Ամենէն վատ դրութեան մէջ Ռուսաստանը կը գտնուի, իսկ մեր մէջ թերեւս աւելի վատ է, այսինքն, մեր երեխաներուն կէսէն աւելին կը կոտորուին:

Բ.

ՆՈՐԱԾԻՆ ԵՐԵԽԱՆ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆ ԽՆԱՄՔՆԵՐԸ

Մինչեւ ծնունդը նախապատրաստութիւններ: Պորտը կտրելն ու կապելը: Ի՞նչ է «շապիկով ծնիլը»: Նորածինին գլուխը: Նորածինը լոգցնելը: Նորածինին աչքերուն խնամատարութիւնը: Փաթաթելն ու քնացնելը: Առաջին ծիծ տալը: Մեկոնիոն եւ երեխային դուրս ելլելը:

Երեխան աշխարհ գալով, ինչպէս վերը ըսինք, ամբողջովին նոր պայմաններու մէջ կը յայտնուի եւ անոր թոյլ կազմուածքը բոլորովին նոր, անծանօթ ազդեցութիւններու կ՚ենթարկուի: Ան ինքնուրոյն կեանք չունէր: Ծնած վայրկեանէն երեխան կը սկսի ինքնուրոյն ֆիզիքական կեանքով ապրիլ: Անոր աչքերը կը բացուին, թոքերը կը լայննան, մաշկը շրջապատող օդին ազդեցութիւնները կը ստանայ: Ան հիմա պէտք է շունչ առնէ, պէտք է կաթ ծծէ ու մարսէ, անոր սիրտը աւելի զօրաւոր պէտք է գործէ եւ մկանները աւելի ընդարձակ գործունէութեան պիտի սկսին:

Եւ այս հիմնական փոփոխութիւնները փոքր էակին մարմինին մէջ կը կատարուին, կը կրկնենք, յանկարծակի, մէկ վայրկեանի ընթացքին: Հետեւաբար, ինչքա՜ն զգոյշ պէտք է ըլլայ այդ երեխային մայրը կամ տատմայրը, եւ ինչքա՜ն մանրակրկիտ հոգեր կը պահանջէ նորածին մանուկը՝ ծնած վայրկեանէն սկսած:

Նախապատրաստութիւններ. երեխային ծնած վայրկեանին պէտք է տաք ջուր պատրաստ ըլլայ (ով որ ունի՝ վաննա) ու մաքուր շորեր՝ երեխան փաթթելու համար, եւ մօր համար մեծ ուրախութիւն պէտք է ըլլայ նախօրօք իր սպասելի փոքրիկին համար առաջին շապիկը կարել:

Երեխան աշխարհ եկած ատեն, առաջին ճիչը կ՚արձակէ: Այդ ճիչն է, որ կ՚աշխատցնէ անոր թոքերը, անով կը սկսի շնչառութիւնը: Բայց այնպիսի դէպքեր կը պատահին, երբ շնչառութիւնը չի՛ բացուիր. երեխան մեռածի նման է: Ասիկա կը պատահի, երբ ծնունդը դժուար եղած է: Այսպիսի դէպքերու պարագային անհրաժեշտ է փափուկ բարակ կտոր մը փաթթել մատին եւ անով բերանին մէջ հաւաքուած լորձունքը մաքրել, մաքրել նոյնպէս քիթը, թեւերը բարձրացնել եւ իջեցնելով սեղմել կուրծքը, վրան պաղ ջուր սրսկել, փոփոխակի տաք ու պաղ ջուրի մէջ ընկղմեցնել ու հանել, մարմինը փափուկ քաթանով շփել, փետուրով քիթին խուտուտ տալ եւ այս բոլորը պէտք է՝ ինչքան կարելի է շուտ, գրեթէ միաժամանակ կատարել, մինչեւ բժիշկին կամ հմուտ մանկաբարձուհիի մը գալը: Եթէ եղած տեղը բժիշկ չկայ, անմիջապէս պէտք է արհեստական շնչառութիւն կատարել:

Ամէն միջոցներէն ամենէն յարմարագոյնը հետեւեալն է.

Պորտը շուտով կապելէն ու կտրելէն ետք, երեխան մէջքի վրայ կը պառկեցնեն, երկու ձեռքով այնպէս կը բռնեն, որ բութ մատը թեւին վրայով կուրծքը սեղմէ, ցուցամատը թեւատակերը գրկէ, իսկ մնացած մատները թիակները գրկեն (տե՛ս նկ. 1). այսպէս բռնած, երեխան կը բարձրացնեն եւ գլուխի վրայ դէպի վար կը կախեն, ինչ բանի ընթացքին երեխային ոտքերը փորիկին վրայ կը ծալուին եւ բերանէն ու քիթէն դուրս կը թափին կուլ տուած լորձունքն ու հեղուկը (տե՛ս նկ. 2):

Մօտ երկու երկվայրկեան այսպէս վեր բռնելէ ետք, նոյն ձեւով մինչեւ գետին կ՚իջեցնեն: Այս ընթացքին կուրծքը կը լայննայ եւ երեխան կը սկսի շնչել: Այս բարձրացնելն ու ցածցնելը 5-10 անգամ կը կրկնուի, որմէ ետք երեխան տաք լողարանի մէջ կը դնեն: Այս ընթացքը պէտք է կրկնել, մինչեւ որ երեխան ճիչ արձակէ, աչքերը բանայ եւ սկսի ազատ եւ խորունկ շնչել: Առհասարակ 20-30 վայրկեան անհրաժեշտ կ՚ըլլայ ատոր համար:

Սակայն, կրնայ պատահիլ, որ մի քանի ժամ երեխան, կարծես, լաւ կը շնչէ եւ յանկարծ դարձեալ ուշաթափութեան մէջ կ՚իյնայ: Այս պարագային, անշուշտ, դարձեալ պէտք է ցնցումը կրկնել: Առհասարակ պէտք չէ ինքզինք կորսնցնել, շփոթիլ, այլ՝ պէտք է սառնասիրտ մնալ եւ տոկունութեամբ յառաջ տանիլ արհեստական շնչառութիւնը1:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 3

Վաղարշապատ


1 Տե՛ս մանրմասնութեամբ մեր՝ «Նորածին երեխաներուն հիւանդութիւնները», ուրկէ կը մէջբերենք այս հատուածը:

Հինգշաբթի, Յունուար 12, 2023