ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՈՒ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Բեմին վրայ բարձրանալէն ետք, քահանան ի՞նչ կ՚աղօթէ:

Պատասխան. Նախ սարակաւագը կը յորդորէ Աստուծոյ փառք տալ, որ մեզ արժանի ըրաւ Իր Ս. Պատարագին մէջ օրհնել ու փառաբանել զԻնք. ապա, քահանան այս աղօթքը կ՚ըսէ.

Ի յարկի սրբութեան եւ ի տեղւոջ փառաբանութեան, հրեշտակաց բնակարանիս եւ մարդկան քաւարանիս, առաջի աստուածընկալ եւ պայծառացեալ սուրբ նշանացս եւ սուրբ սեղանոյս խոնարհեալ երկիւղիւ երկիրպագանեմք. զսուրբ` զհրաշալի եւ զյաղթող զՏէրութիւնդ Քո օրհնեմք եւ փառաւորեմք. եւ Քեզ ընդ երկնային զօրսն մատուցանեմք զօրհնութիւն եւ զփառս ընդ Հօր եւ ընդ Հոգւոյդ Սրբոյ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

Հ. Ի՞նչ իմաստով ըսուած է «առաջի աստուածընկալ եւ պայծառացեալ սուրբ նշանացս»:

Պ. Սեղանին վրայ դրուած խաչերուն, աւետարաններուն եւ այլ սպասներուն համար:

Հ. Եկեղեցին կամ Սուրբ Սեղանը ի՞նչ իմաստով քաւարան կը կոչուի:

Պ. Այն միտքով, որ մարդիկ Սուրբ Եկեղեցւոյ մէջ ու Սուրբ Սեղանին դիմաց՝ ապաշխարութեամբ իրենց մեղքերուն քաւութիւն եւ թողութիւն կ՚ընդունին. մեր լեզուին մէջ այս բառը բացի այս իմաստէն ուրիշ իմաստ չունի:

ՍՊԱՍ ԴՆԵԼ ՈՒ ԽՆԿԱՐԿՈՒԹԻՒՆ

Հ. Վարագոյրը ի՞նչ բանի համար է, ու այս ընթացքին ինչո՞ւ համար կը քաշուի:

Պ. Հրեաներու Տաճարին վարագոյրը անոր համար էր, որ Տաճարին Սրբութիւն Սրբոց կոչուած բաժինը ժողովուրդին եղած տեղէն ամբողջութեամբ բաժնուէր, իսկ քրիստոնէութեան ժամանակ, միայն այն պատճառով սահմանուած է, որպէսզի ժամարարին սպաս դնելն ու Ս. Խորհուրդը ճաշակելը ժողովուրդը չտեսնէ ու իր միտքը կատարելիք աղօթքներէն չցրուի: Յունաց Եկեղեցւոյ մէջ վարագոյրին տեղ հաստատուն խաչկալ կամ պատկերակալ (իքօնօսթասիս) մը կայ, երկու կողմը դռներով. իսկ մեր Եկեղեցին սկիզբէն վարագոյր կը գործածէ, որ Պատարագի ընթացքին անգամ մը սպաս դնելուն, անգամ մըն ալ Ճաշակումի ընթացքին կը քաշուի, եւ շա՜տ վայելչութեամբ:

Հ. Նարեկացիին երկու աղօթքները ո՞վ կ՚ըսէ եւ ի՞նչ կերպով:

Պ. Ազգային սովորութիւն է, որ այս երկու աղօթքները եպիսկոպոսը կամ վարդապետը՝ որ ժամարար ըլլայ, ինք ըսէ այս աղօթքը՝ Ս. Հոգիին ուղղուած, Սեղանին առջեւ ծունկի եկած: Սակայն, շատ տեղեր սովորութիւն դարձած է, որ քահանաները եւս ըսեն այս աղօթքները՝ կամ նոյն ընթացքին եւ կամ ընթերցուածին ժամանակ:

Հ. Քահանան ի՞նչ կերպով սպաս կը դնէ:

Պ. Ընծայարանին դիմաց գալով՝ սարկաւագին ձեռքէն կը վերցնէ նշխարը -որ մասով, այսինքն՝ ժողովուրդին բաժնուելու նշխարներով հանդերձ մաքուր ափսէի մը վրայ դրուած կ՚ըլլայ-, անոր վրայ կը խաչակնքէ, նշխարը մաղզմային վրայ կը դնէ ու կ՚ըսէ.

Յիշատակ Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի, որով մեր Փրկիչին պատուէրը կը կատարուի, թէ «ասիկա կատարեցէք Իմ յիշատակիս համար»: Ոմանք այստեղ շարականին հետեւեալ տողերը աւլցուցած են.

Որ յանարուեստ ի յաթոռ բարձրեալ հանգչի, զմահ խաչի յանձն էառ վասն ազգի մարդկան, օրհնեցէք, գովեցէք, բարեբանեցէք:

Ապա, գինին կ՚առնէ, խաչաձեւ կը լեցնէ սկիհին մէջ ու կ՚ըսէ. Յաղագս յիշատակի փրկագործ տնօրէնութեան Տեառն Աստուծոյ եւ Փրկչին մերոյ Յիսուս Քրիստոսի: Այս խօսքերուն վրայ ոմանք կ՚աւելցնեն շարականին հետեւեալ խօսքերը.

Որ ի կողմանս արեան աղբերեն նորոգեցան արարածք եւ անմահացան, օրհնեցէք, գովեցէք, բարեբանեցէք:

Հ. Այս ընծայաբերութիւնը կատարած ժամանակ քահանան ի՞նչ աղօթք կը կատարէ:

Պ. Աստուած, Աստուած մեր, որ զերկնաւոր Հացդ՝ զՏէրն մեր Յիսուս Քրիստոս զկերակուրդ ամենայն աշխարհի՝ առաքեցեր Փրկիչ եւ Կեցուցիչ եւ Բարերար՝ օրհնել եւ սրբել զմեզ. Ինքնին Դու, Տէ՛ր, օրհնեա՛ եւ այժմ զառաջադրութիւնս զայս: Ընկա՛լ զսա յերկնային Քո սեղանդ: Յիշեա՛ որպէս բարերար եւ մարդասէր զմատուցողս եւ վասն որոց մատուցանի: Եւ զմեզ անդատապարտ պահեա՛ ի քահանայագործութիւն աստուածային խորհըրդոց Քոց. զի սուրբ եւ փառաւոր է ամենապատիւ մեծ վայելչութիւն փառացդ Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյդ Սրբոյ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն1:

Ո՜վ Աստուած, Աստուած մեր, Դուն, որ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը՝ մեր երկնաւոր Հացը եւ ամբողջ աշխարհին Սնունդն է, իբրեւ Փրկիչ եւ Կեանք տուող ու ամէն տեսակի բարիք պարգեւող ղրկեցիր, որպէսզի օրհնէ մեզ ու մեղքերէն մաքրէ. Դուն Ինքդ, Տէր, օրհնէ՛ հիմա մեր առաջադրած ընծան, ընդունէ՛ այս Քու երկնային սեղանիդ վրայ: Դուն, որ միշտ բարերար ու մարդասէր ես, յիշէ՛ այս պատարագը մատուցողները, ու զանոնք՝ որոնց համար կը մատուցուի. իսկ մեզ, որ Քու աստուածային խորհուրդդ կը քահանայագործենք՝ դատապարտութենէ ազատ պահէ: Որովհետեւ սուրբ եւ փառաւոր է ամենապատիւ փառքիդ մեծավայելչութիւնը՝ Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին, այժմ եւ միշտ…:

Հ. Քահանան սպաս դնելու արարողութիւնը ինչպէ՞ս կը վերջացնէ:

Պ. Սկիհը ծածկած ժամանակ՝ «Տէր թագաւրոեաց» սաղմոսը կ՚ըսէ, ապա երեք անգամ վրան խաչակնքելով, այս խորհրդաւոր խօսքը կ՚ըսէ. «Հոգին Սուրբ եկեսցէ ի քեզ եւ զօրութիւն Բարձրելոյն հովանի լիցի ի վերայ Քո»2: Ապա, սարկաւագին ձեռքէն բուրվառը կ՚առնէ եւ Սուրբ սպասին վրայ խնկարկելով, կ՚ըսէ.

Խունկ մատուցանեմ առաջի Քո, Քրիստոս, բուրումն հոգեւորական: Ընկա՛լ ի սուրբ, յերկնային եւ յիմանալի Քո մատուցարանդ ի հոտ անուշից: Առաքեա՛ առ մեզ փոխարէն զշնորհս եւ զպարգեւս Հոգւոյդ Սրբոյ. եւ Քեզ մատուցանեմք զփառս ընդ Հօր եւ ընդ Հոգւոյդ Սրբոյ. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

Քրիստոս Աստուած մեր, Քու առջեւդ այս խունկը կը մատուցեմ, իբրեւ հոգեւոր անուշահոտութիւն: Ընդունէ՛ այս Քու սուրբ եւ իմանալի աննիւթ սեղանդ հաճոյական բուրմունքի նման: Ասոր փոխարէն մեզի Սուրբ Հոգիիդ շնորհքներն ու պարգեւները ղրկէ, ու մենք Քեզի՝ Հօր եւ Սուրբ Հոգիին հետ միասին կը մատուցենք փառք, այժմ եւ…:

Ու Սեղանին խնկարկելով բեմէն կ՚իջնէ սարկաւագներուն հետ միասին, ժողովուրդին մէջ թափօրապէս կը քալէ ու խնկարկութիւն կ՚ընէ:

Հ. Ի՞նչ խորհուրդ ունի խնկարկութիւնը:

Պ. Եկեղեցւոյ մէջ խնկարկութեան սովորութիւնը առաքելական աւանդութեամբ հաստատուած է, որպէս արտաքին նշան հաւատացեալներուն սրտաբուխ եւ ջերմեռանդ աղօթքներուն: Ուստի, Պատարագի խնկարկութեան ընթացքին դպիրները հետեւեալ իմաստալից երգը կ՚երգեն.

Յայս յարկ նուիրանաց ուխտի Տեառն տաճարիս, ժողովեալքս աստանօր ի խորհուրդ պաշտման պաղատանաց յառաջիկայ սուրբ պատարագիս, խնկօք անուշիւք խումբ առեալ պարեմք ի վերնայարկ սրահս խորանիս:

Մենք, Աստուծոյ այս տաճարին մէջ՝ որ ուխտ եւ աղօթք նուիրելու վայր է, հաւաքուած ենք, որպէսզի յառաջիկայ Սուրբ Պատարագին Խորհուրդը պաղատանքով կատարենք, ահա անուշահոտ խունկեր ծխելով ու պար բռնելու նման խումբ կազմած՝ այս խորանին վերնայարկ արահներուն մէջ կը քալենք:

Ուղղութեամբ ընկա՛լ զաղօթս մեր, որպէս բուրումն անուշահոտ խնկոց, տաշխից եւ կինամոնաց, եւ զմատուցողքս պահեա՛ սրբութեամբ միշտ եւ հանապազ Քեզ սպասաւորել:

Սիրով ընդունէ՛, Տէր, մեր սիրտի ուղղութեամբ մատուցուած աղօթքը, անուշահոտ խունկերու, տաշխերու եւ կինամոններու բուրմունքներուն նման, եւ մեզ, որ այս աղօթքները կը մատուցենք, պահէ՛ ու պահպանէ, որպէսզի միշտ ու հանապազ սրբութեամբ ծառայենք Քեզի:

Որ գերագոյն քան զերկինս պայծառացուցեր սուրբ զեկեղեցի արեամբ Քով Քրիստոս, եւ ըստ երկնայնոցն կարգեցեր ի սմա զդասս առաքելոց եւ մարգարէից, սուրբ վարդապետաց: Այսօր ժողովեալ դասք քահանայից, սարկաւագաց, դպրաց եւ կղերիկոսաց, խունկ մատուցանեմք առաջի Քո Տէ՛ր, յօրինակ ըստ հնումն Զաքարիայ: Ընկա՛լ առ ի մէնջ զխնկանուէր մաղթանս, որպէս զպատարագն Աբելի, զՆոյի եւ զԱբրահամու: Բարեխօսութեամբ վերին Քո զօրաց միշտ անշարժ պահեա՛ զաթոռ Հայկազնեայց:

Դուն, որ Սուրբ Եկեղեցին երկինքէն աւելի գերազանց կերպով պայծառացուցիր՝ Քու Սուրբ Արիւնովդ, Քրիստոս, մեր Փրկիչը: Երկնային հրեշտակներուն նման ասոր մէջ կարգ-կարգ դասաւորեցիր առաքեալները, մարգարէները, սուրբ վարդապետները. այսօր հաւաքուած ենք, դաս-դաս քահանաներ, սարկաւագներ, դպիրներ ու ուրիշ եկեղեցականներ, Քու առջեւդ խունկ կը մատուցենք Տէր, Հին Օրէնքի Զաքարիա Քահանային նման: Ընդունէ՛ մեզմէ մեր խունկերով հանդերձ մատուցուած աղօթքները, ինչպէս ընդունեցիր Աբէլին, Նոյին եւ Աբրահամին պատարագները: Քու վերին զօրքերու հրեշտակներուն բարեխօսութեամբ հաստատ ու անշարժ պահէ միշտ Հայկազնեայց Աթոռը:

Խնդա՛ յոյժ դուստր լուսոյ, մայր սուրբ կաթուղիկէ, մանկամբք քո Սիոն: Զարդարեալ պճնեա՛ հարսն պանծալի, երկնանման լուսաճեմ խորան, զի օծեալն Աստուած՝ Էնն ի յԷնն անծախապէս ի Քեզ միշտ պատարագի Հօր ի հաշտութիւն, մեզ ի քաւութիւն բաշխէ զմարմին եւ զարիւն Իւր սուրբ, վասն Իւր կատարման սուրբ տնօրէնութեանն, շնորհէ զթողութիւն կանգնողի տաճարիս:

Ցնծա՛ եւ ուրախացիր լուսածին Սուրբ Մայր, Կաթուղիկէ Եկեղեցի Սիոն, քու զաւակներովդ. գեղեցիկ կերպով հագուէ՛, զարդարուէ՛ պանծալի հարս, երկինքի պէս լուսապայծառ խորան, որովհետեւ մեր Օծեալ Փրկիչը Քրիստոս Աստուած՝ Աստուծոյ Որդին, միշտ կը պատարագուի, կը զոհուի քու մէջդ՝ առանց պակսելու ու հատնելու: Հայրն Աստուածը մեզի հետ հաշտեցնելու ու մեր մեղքերը քաւելու համար, Իր Սուրբ Մարմինն ու Արիւնը կը բաշխէ, ու Իր Սուրբ տնօրէնութեան եւ մարդեղութեան խորհուրդը կատարելով՝ թողութիւն կը շնորհէ այս տաճարը կանգնողին:

Զանապական Կոյսն Մարիամ Աստուածածին խոստովանի Սուրբ Եկեղեցի. ուստի տուաւ հացն անմահութեան եւ բաժակ մեզ ուրախարար. տո՛ւք օրհնութիւն նմա հոգեւոր երգով:

Սուրբ Եկեղեցին Աստուածածին կը դաւանի անապական Կոյս Մարիամը, ուրկէ տրուեցաւ մեզի անմահութիւն բաշխող Հացը, ու բոլորին ուրախացնող Բաժակը. հոգեւոր երգով օրհնութիւն տուէք իրեն:

Հ. Մինչեւ խնկարկութեան աւարտը Պատարագին ո՞ր մասը կը համարուի:

Պ. Մինչեւ թափօրին աւարտը ու քահանային կրկին անգամ բեմ բարձրանալը՝ կրնայ Սուրբ Պատարագի մատուցման իբրեւ պատրաստութիւն համարուիլ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 5

Վաղարշապատ

1 Այս աղօթքին հեղինակը Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետն է:

2 Այս խօսքը շա՜տ հին ձեռագիրներուն մէջ չի գտնուիր [հեղինակինն է այս ծանօթագրութիւնը]:

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2020