ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

ԱՌԱՋԻՆ ՄԵՂՔԸ

Հարցում. Ո՞րն է առաջին մեղքը, որ աշխարհը ճանչցաւ:

Պատասխան. Առաջին մեղքը, որ աշխարհը ճանչցաւ, հպարտութիւնն է:

Այն մեղքն է, որով սատանան սայթաքեցաւ, երբ ըսաւ. «...իմ աթոռս Աստուծոյ աստղերէն վեր պիտի բարձրացնեմ...: Ամպերու բարձրութիւններուն վրայ պիտի ելլեմ, Բարձրելոյն պիտի նմանիմ» (Ես 14.13, 14):

Նմանապէս առաջին մեղքն է, որով առաջին մարդը պատերազմեցաւ, երբ սատանան Եւային ըսաւ. «...աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով» (Ծն 3.5):

Այդ պատճառով, երբ Տէրը մարմնացաւ, Իր խոնարհութեամբ պատերազմեցաւ այս մեղքին դէմ, որով ծառայի կերպարանք առաւ, եւ մարդու տեսքով եղաւ, կովերու մսուրի մը մէջ ծնաւ, եւ արտօնեց, որ սատանան փորձէ զինք:

ՉԳՈՐԾՈՒԱԾ ՄԵՂՔԻ ՄԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ

Հարցում. Եթէ պարագաները արգելք եղան մեղանչելուս, մե՞ղք կը համարուի ատիկա ինծի համար, չնայած որ չեմ գործած զայն:

Պատասխան. Եղբայր, թերեւս կը մտածես, թէ միակ մեղքը գործնական մեղքն է: Ո՛չ. որովհետեւ գործը մեղքին վերջին հանգրուանն է: Մեղքը նախ եւ առաջ սիրտին մէջ կը սկսի, չարութիւնը սիրելով եւ սիրտին անոր համաձայնութիւն տալով, որմէ ետք գործադրութեան հանգրուանին կ՚անցնի, եւ եթէ գորածուեցաւ՝ ապա կը կատարելագործուի: Իսկ եթէ չգործուեցաւ, մարդը իր սիրտով մեղքի ցանկութեան, մտադրութեան եւ կամեցողութեան համար կը դատապարտուի:

Սատանային մեղքը ի՞նչ էր բացի սիրտի մեղքէն, որով աստուածային ներչնչանքը կ՚ըսէ անոր. «Դուն սիրտիդ մէջ ըսած էիր. “Երկինք պիտի ելլեմ ու իմ աթոռս Աստուծոյ աստղերէն վեր պիտի բարձրացնեմ...”: Բարձրելոյն պիտի նմանիմ» (Ես 14.13, 14): Այնքան մը, որ ան իր սիրտին մէջ ըսաւ այդ, այդքանը բաւարար էր, իր աստիճանի բարձրութենէն իյնալու:

ՀՆԳԱՄԱՏԵԱՆԸ (ԹԱՈՒՐԱ) ԳՐՈՂԸ ՄՈՎՍԷՍ ՄԱՐԳԱՐԷ՞Ն Է

Հարցում. Մենք գիտենք, թէ Մովսէս մարգարէն ինքն է (Աստուածաշունչի) առաջին հինգ գիրքերուն (Թաուրա) հեղինակը։ Սակայն ի՞նչն է ասոր փաստը, եթէ մէկը հարցնէ մեզի։ Եւ եթէ Մովսէս մարգարէն է հեղինակը, հետեւաբար ինչպէ՞ս անոնց վերջաւորութեան յիշուած է անոր մահուան մասին։ Միթէ կարելի՞ բան է, որ մէկը իր մահուան լուրին մասին գրէ։

Պատասխան. Սուրբ Գիրքի (առաջին) հինգ գիրքերը Թաուրա կը կոչուին, կամ (Pentateuch). գիրքէն իսկ յայտնի է, թէ Մովսէս մարգարէն գրած է զայն։

Մովսէս մարգարէն (առաջին) հինգ գիրքերը ամբողջութեամբ գրեց, բացի իր մահուան լուրէն (Բ. Օր 34.5-14)։ Բ. Օրինացի այս վերջին մասը, իր աշակերտն ու յաջորդը՝ Յեսուն գրեց։ Կրնար նաեւ Յեսուի գիրքին սկիզբն ալ ըլլար, որ կը սկսի հետեւեալ նախադասութեամբ. «Տիրոջ ծառային Մովսէսին մահէն ետք» (Յես 1.1)։ Սակայն, աւելի լաւ սեպուած է Մովսէսի մահուան եւ թաղման լուրը դնել (առաջին) հինգ գիրքերու աւարտին, շարունակելու համար այդ ժամանակահատուածին պատմականութիւնը, որ Մովսէսի կեանքն ու գործունէութիւնը կը պարունակէ, եւ ան Հին ուխտի ամենէն նշանաւոր Մարգարէն է։

Իսկ Մովսէսի Հնգամատեան (Թաուրան) գրելը շատ յստակ է, եւ ատոր մասին փաստերը թէ՛ Հին կտակարանին եւ թէ ալ Նոր կտակարանին մէջ բազմաթիւ են, որոնցմէ.-

1) Աստուած հրամայեց Մովսէսին Օրէնքն ու եղելութիւնները գրել։

Աստուած կը հրամայէր Մովսէսին կատարուած եղելութիւններն ու օրէնքը գրի առնել։ Ամաղէկացիներուն յաղթելէ ետք, Ելք գիրքին մէջ կը կարդանք. «Տէրը ըսաւ Մովսէսին. “Ասիկա յիշատակի համար գիրքի մէջ գրէ ու Յեսուին իմացուր”» (Ելք 17.14)։

Աստուած օրէնքը Մովսէսին տալէ ետք, հրամայեց անոր որ գրի առնէ զայն. «Տէրը ըսաւ Մովսէսին. “Գրէ՛ այս խօսքերը. վասնզի այս խօսքերուն համեմատ քեզի հետ ու Իսրայէլին հետ ուխտ ըրի”» (Ելք 34.27)։ Եւ յաճախ Տէրը կը հրամայէր Մովսէսին օրէնքի պատուիրանները գրելու համար, ինչպէս կը կարդանք (Բ. Օր 27.8)ին մէջ։

2) Մովսէս Տիրոջ հրամանը կատարեց ու գրեց։

Թուոցին մէջ կը կարդանք Իսրայէլի որդիներու շարժումներու մասին. «Եւ Մովսէս Տիրոջ հրամանովը անոնց իջեւաններուն համեմատ անոնց գնացքները գրեց» (Թւ 33.2)։

Իսկ Բ. Օրինացին մէջ Օրէնքի գրութեան մասին կը կարդանք. «Մովսէս այս օրէնքը գրեց եւ զանիկա Տիրոջ ուխտին տապանակը վերցնող ղեւտացի քահանաներուն ու Իսրայէլի բոլոր ծերերուն տուաւ» (Բ. Օր 31.9)։ Տակաւին. «Երբ Մովսէս այս օրէնքի բոլոր խօսքերը գիրքի մը մէջ գրեց լմնցուց, Տիրոջ ուխտին տապանակը վերցնող ղեւտացիներուն պատուիրեց ու ըսաւ. “Այս օրէնքին գիրքը առէք ու զանիկա ձեր Տէր Աստուծոյն ուխտի տապանակին քով դրէք…”» (Բ.Օր 31.24-26)։

3) Յիսուսը վկայեց թէ Մովսէսն է Հնգամատեանին (Թաուրային) հեղինակը։

Մեր Տէրը Յիսուս հրեաներու հետ խօսած ժամանակ, ըսաւ անոնց. «Որովհետեւ եթէ Մովսէսին հաւատայիք՝ անշուշտ Ինծի ալ պիտի հաւատայիք, որովհետեւ անիկա Իմ մասիս է, որ գրած է։ Բայց եթէ անոր գրածին չէք հաւատար, ինչպէ՞ս Իմ խօսքերուս պիտի հաւատաք» (Յհ 5.46-47)։

Սադուկեցիներուն՝ որոնք յարութեան չէին հաւատար, տուած Իր պատասխանին մէջ, անոնց ըսաւ. «Իսկ մեռելներու յարութիւն առնելուն մասին Մովսէսի գիրքին մէջ չէ՞ք կարդացած այրող մորենիին դրուաքը։ Հոն Աստուած Մովսէսին ըսաւ. “Ես եմ Աբրահամի Աստուածը, Իսահակի Աստուածը եւ Յակոբի Աստուածը”» (Մր 12.26)։

Իր յարութենէն ետք Եմաւուսի ճանապարհին հանդիպած Իր աշակերտներուն երեւալու մասին, Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ. «Ապա սկսաւ բացատրել Սուրբ գիրքերուն մէջ Իր մասին գրուած բոլոր գրութիւնները, սկսեալ Մովսէսի գիրքերէն մինչեւ բոլոր մարգարէութիւնները» (Ղկ 24.27)։

4) Առաքեալներն ու մարգարէները վկայեցին թէ Մովսէսն է գրողը։

Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք, թէ Փիլիպպոսը Նաթանայէլը գտաւ, եւ ըսաւ անոր. «Գտանք այն մարդը, որուն մասին գրեցին Մովսէս՝ իր Օրէնքի գիրքին մէջ, ինչպէս նաեւ մարգարէները» (Յհ 1.45)։

Պօղոսն ալ Հռոմայեցիներուն (Հռ 10.5) գրած նամակին մէջ կը վկայէ, թէ Մովսէսն է Հնգամատեանը (Թաուրան) գրողը. «Օրէնքէն եկող արդարութեան մասին Մովսէս կը գրէ.  “Ով որ զայն կատարէ՝ անով պիտի փրկուի”»։ Իսկ Կորնթացիներուն ուղղած երկրորդ նամակին մէջ (3.15), հրեաներու մասին կ՚ըսէ. «Եւ մինչեւ այսօր, ե՛րբ որ ալ Մովսէսի գիրքերը կը կարդան (այսինքն՝ Հնգամատեանը)՝ նոյն քօղը վարագոյրի պէս կը փակէ անոնց միտքերը»։

Յակոբոս առաքեալ Երուսաղէմի ժողովին կ՚ըսէ. «Որովհետեւ հին ժամանակներէն ի վեր ամէն մէկ քաղաքի մէջ Մովսէսի Օրէնքը իր քարոզիչները ունի, եւ ամէն Շաբաթ օր ժողովարաններուն մէջ կը կարդացուի» (Գրծ 15.21)։

Աբրահամն ալ՝ հայրերուն հայրը, հարուստին (որ աղքատ Ղազարոսին չողորմեցաւ) հետ խօսած ժամանակ կը վկայէ այդ մասին (Ղկ 16.29). «Աբրահամ ըսաւ անոր. “Անոնք Մովսէսի Օրէնքն ու մարգարէները ունին”», կպակնարկէ Մովսէսի եւ մարգարէներու գիրքերուն։

5) Հրեաներն ալ վկայեցին այդ մասին Յիսուսի առջեւ։

Սադուկեցիներէն խումբ մը եկան Յիսուսի մօտ եւ ըսին. «Վարդապե՛տ, Մովսէս հետեւեալ Օրէնքը գրեց մեզի. “Եթէ ամուսնացած մէկը մեռնի առանց զաւակ ձգելու, թող մարդուն եղբայրը ամուսնանայ այրիին հետ, որպէսզի իր եղբօրը զաւակ տայ”» (Ղկ 12.19)։

6) Հնգամատեանը (Թաուրան) Մովսէսի Օրէնք ալ կոչուած է։

Մեր Տէրը Յիսուս հրեանրեուն ըսաւ. «Եթէ մէկը կը թլփատէք Շաբաթ օրով, որպէսզի չբեկանուի Մովսէսի Օրէնքը, ինչո՞ւ զայրացած էք Ինծի դէմ, որովհետեւ մէկը ամբողջութեամբ բժշկեցի Շաբաթ օրով» (Յհ 7.23)։

Սուրբ Կոյսին մասին ըսուած է. «Իսկ երբ Մովսէսի հաստատած Օրէնքին համաձայն անոնց ծիսական մաքրութեան ժամանակը լրացաւ» (Ղկ 2.22)։

Եբրայեցիներուն գրած իր նամակին մէջ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Եթէ Մովսիսական Օրէնքը խախտող “երկու կամ երեք հոգիի վկայութեամբ մահուան կը դատապարտուի” առանց գթութեան» (Եբր 10.28)։ Իսկ Կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Արդարեւ, Մովսէսի Օրէնքին մէջ գրուած է. “Կալին մէջ աշխատող եզին դունչը մի՛ կապեր”» (Ա. Կր 9.9)։

Գործք Առաքելոցին մէջ հրեաներուն հետ Պօղոս առաքեալի խօսակցութեան մասին կը կարդանք. «…առտուընէ մինչեւ իրիկուն անոնց խօսեցաւ Աստուծոյ Արքայութեան մասին, Մովսէսի Օրէնքէն ու մարգարէներէն վկայութիւններ բերելով…» (Գրծ 28.23)։

Յովհաննէս առաքեալ կ՚ըսէ. «Որովհետեւ Օրէնքը Մովսէսի միջոցաւ տրուեցաւ» (Յհ 1.17)։

Կարդա՛ նաեւ. (Գրծ 13.39, 15.5, 26.22։ Յհ 7.19)։

7) Մովսէսին կը վերագրուի Աստուծոյ խօսքերը, որոնք ի՛նք՝ Մովսէս խօսեցաւ։

Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Օրինակ, Մովսէս պատուիրեց ձեզի՝ ըսելով. “Պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ” եւ ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ. ‘Ով որ իր հայրը կամ մայրը անիծէ՝ մահուան պիտի դատապարտուի’» (Մր 7.10)։

Հրեաներուն ալ ըսաւ. «Մովսէս ձեր խստասրտութեան պատճառով արտօնեց արձակել ձեր կիները, սակայն ստեղծագործութեան ժամանակ արձակելու խօսք չկար» (Մտ 19.8)։

Բորոտին ըսաւ. «Գնա եւ դուն քեզ քահանային ցոյց տուր։ Ապա, իբրեւ ժողովուրդին վկայութիւն՝ թէ բորոտութենէդ մաքրուած ես՝ զոհդ մատուցէ, ինչպէս որ Մովսէս հրամայած է» (Մտ 8.4)։

Հրեաները մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին երբ պոռնիկ կինը բերին, ըսին. «Մովսէս իր տուած Օրէնքին մէջ մեզի պատուիրեց այսպիսիները քարկոծել» (Յհ 8.5)։

8) Մովսէս յարմարգոյն անձն է գրելու համար։

Կատարուած բոլոր իրողութիւններուն ամենէն շատ առընչութիւն ունեցողը՝ Մովսէս մարգարէն է։ Դէպքեր կան, որ ուղղակի իրեն յատուկ են, օրինակ՝ մորենիին մէջ Տիրոջ երեւումը, լերան վրայ Տիրոջ իր հետ խօսիլը, պատուիրանները, որ Աստուած տուաւ իրեն, եւ Վկայութեան Խորանին մասին տրուած նկարագրութիւններու մանրամասնութիւնները։

Անկասկած, որ Մովսէսն է միակ անձը, որ կրնար Հնգամատեանը (Թաուրան) գրել, որովհետեւ ինքն էր որ (Աստուծոյ) հետ քառասուն օր լերան վրայ մնաց, լսեց Անկէ այն բոլորը ինչ պատուիրեց իրեն։ Խնդիրը քառասուն օրը չէ, այլ՝ Անոր հետ կը խօսէր Վկայութեան Խորանի դռնէն։ Ղեւտացիներու առաջին գլուխին մէջ կը կարդանք. «Տէրը կանչեց Մովսէսը վկայութեան խորանէն ու անոր ըսաւ. “Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց”» (Ղւ 1.1-2, 4.1, 6.1,8,19,24)։

Կասկած չկայ, որ Մովսէս անպայման գրել ու կարդալ գիտէ, որովհետեւ ան «…եգիպտական ամբողջ իմաստութեամբ կրթուեցաւ» (Գրծ 7.22)։

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2019