ՅՈՒՍԻԿ ԱՐԱ. «ՄԻԱՅՆ ԸՍԵՄ, ՈՐ ՀԱՅԸ ԱՆՊԱՐՏԵԼԻ Է, ՀԱՅՈՒՆ ՄԻԱՅՆ ՀԱՅԸ ԿՐՆԱՅ ՅԱՂԹԵԼ, ԻՆՉ ՈՐ ԴԱՐԵՐ ՇԱՐՈՒՆԱԿ ԱԼ Կ՚ԸՆԵՆՔ»

Բանաստեղծ Յուսիկ Արա (բուն անունով՝ Ֆելիքս Եղիազարեան) ծնած է 1967-ին Արարատի մարզի Մրգաւէտ գիւղը: Յաճախած է Երեւանի թիւ 10 միջնակարգ դպրոցը: Աւարտած է Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական հիմնարկի լրագրութեան բաժանմունքը: Աշխատած է «Գարուն»ի եւ «Գրական թերթ»ի մէջ: Վարած է Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի «Գրական հանդիպում» հեղինակային հաղորդաշարը: Հրատարակած է հետեւեալ գիրքերը՝ «Մարդու որդիները» (բանաստեղծութիւններ, 1996), «Լուսանցքի մարդիկ» (բանաստեղծութիւններ, 2003), «Սեւագրութիւններ» (բանաստեղծութիւններ, 2004), «Անիծուածները» (հրապարակախօսութիւն, 2010), «Միայնակ շան լուսնահաչը» (արձակ, 2012), «Աստծոյ հետ խօսելու ժամանակը» (բանաստեղծութիւններ, 2012), «Ազատութեան հրապարակ» (բանաստեղծութիւններ, պոէմներ, փորձագրութիւններ, 2013), «Տան դուռը» (բանաստեղծութիւններ, պոէմներ, փորձագրութիւններ, 2015), «Երեւան քաղաք» (բանաստեղծութիւններ, պոէմ, 2016), «Եւ սէրը ասաց» (բանաստեղծութիւններ, 2018):

Յուսիկ Արա մեր օրերու լաւագոյն սիրերգակներէն է:

Իր բանաստեղծութիւններուն հիմնական ու կարեւոր մէկ մասը սիրոյ ու հոգեւոր ապրումներու մասին է: Իր դրսեւորած սէրը խիստ ներանձնական է, բայց միաժամանակ համամարդկային, ջերմ, փոթորկուն, նաեւ անմիջական ու պարզ: Ի դէպ, Աստուածաշունչն ալ տիրական ներկայութիւն է իր գործերուն մէջ: Այս երեւոյթը արդէն ինքնին առանձին ուսումնասիրութեան նիւթ է:

Թերեւս որոշ մարդոց տարօրինակ թուի անոր հանդէպ ընթերցող որոշ շրջանակներու, մանաւանդ երիտասարդութեան հետաքրքրութիւնը, որ, սակայն, շատ պարզ է ու բնական: Այժմ, երբ մեծ մասամբ ընկերա-տնտեսական ու քաղաքական խըն-դիրներն են, որ կը զբաղեցնեն մարդուս միտքը, ու անոնք աւելի առաջնային են, քան որեւէ այլ բան,- ինչ որ երբեք այպանելի չէ,- այս բանաստեղծը, ճիշդ ժամանակին յայտնուելով, կու գայ մեզի յիշեցնելու այն մոռցուած զգացումը՝ նուիրական ու մաքուր, որ սէրն է:

Հետեւաբար երբեք պատահական չէ, երբ սիրող զոյգեր իրարու սէր կը խոստովանին, նոյնիսկ ամուսնութեան առաջարկներ կ՚ընեն նոյնինքն Յուսիկ Արայի բանաստեղծութիւններով:

Ասկէ աւելի մեծ ուրախութիւն կա՞յ բանաստեղծի մը համար:

Ա.

-Սովորական օր մը, գիր ու գրականութենէ դուրս, ինչպէ՞ս կ՚անցնի Ձեզի համար:

-Երկար մտածեցի այս հարցումին պատասխանելու համար, փորձեցի մանրակրկիտ յիշել, սակայն սովորական օրեր գրեթէ չեմ ունենար: Առտու՝ աշխատանքի, երեկոյեան՝ տուն, երբեմն կէսգիշերը անց, քանի որ լրագրողի մը աշխատանքը այդպէս է: Ես լրագրութեամբ կը վաստակիմ օրուան հացս, ոչ թէ բանաստեղծութիւն գրելով: Շաբթուան հանգստեան օրերուն հիմնականօրէն զբաղած կ՚ըլլամ կենցաղային խնդիրներ լուծելով: Գիւղը կ՚ապրիմ: Ե՛ս կառուցած եմ իմ տունս, բայց դեռ աւարտին չեմ հասցուցած, քանի որ մէկ անգամով մեծ գումար չեմ ունեցած: Ամէն գարնան ծառեր կը տնկեմ այգին եւ կը խնամեմ զանոնք, ինչը աւելի շատ իմ հաճոյքիս համար կ՚ընեմ, քան անոնցմէ եկամուտ ստանալու համար: Երեխաներուս կրթութեան հարցը կը լուծեմ, որ ինծի համար առաջնային է: Մեծ հաճոյք է նռնենիներուս ծաղկիլը տեսնելը, յետոյ պտուղներով հիանալը եւ աշնան զանոնք երեխաներուն ու հարազատ մարդոց նուիրելը: Կը սիրեմ կատուներս կերակրել, միշտ մի քանի կատու պահած եմ միաժամանակ: Իսկ ամենամեծ հաճոյքներէս մէկն ալ Երեւանի փողոցներն ու այգիները զբօսնիլն է: Այս բոլորին ամբողջութիւնն է իմ սովորական օրս:

-Օրական քանի՞ ժամ կը զբաղիք գրական աշխատանքներով: Որեւէ յատուկ մեթոտ մը, եղանակ մը ունի՞ք գրելու:

-Առաջին պատասխանիս մէջ երկրորդ հարցումին պատասխանն ալ կայ. այդ սովորական օրերու արանքին, եթէ յաջողիմ, ժամ թռցնել եւ զբաղիլ գրականութեամբ: Երբեմն փողոցը քալելու ատեն կը ծնի տողը, ստիպուած կ՚ըլլամ ծոցատետրիս մէջ զայն գրառելու կամ ձայնագրելու, որպէսզի չմոռնամ: Կենցաղային խնդիրներու, օրուան ապրուստը ճարելու վազքիս մէջ շաբաթներով ժամանակ չեմ գտներ գոնէ մէկ բառ գրելու: Ա՛յս է հայ գրողին ճակատագիրը թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ սփիւռքի մէջ: Զահրատը, որ աշխարհի մեծագոյն բանաստեղծներէն է, ծորակներ նորոգող էր եւ ծորակներու վաճառախանութով զբաղած էր: Ամբողջ աշխարհին մէջ հայերէն տպագրուող գիրքը եկամուտ չի բերեր գրողին, եւ ան ստիպուած է ուրիշ աշխատանք մը կատարելու՝ հաց ուտելու համար: Իսկ ամբողջ օրը գրականութեամբ զբաղիլը, գրողի լիարժէք կեանքով ապրիլը բաղձալի երազ մըն է միայն:

Ես միշտ ձգտած եմ գրական մամուլին մէջ աշխատելու կամ մշակոյթ լուսաբանելու, որպէսզի գրականութեան մօտ մնամ, իսկ այդ աշխատանքին համար քիչ կը վճարեն: Պաշտօններու չեմ ձգտած, այսինքն՝ չեմ դաւաճանած գիրին, իսկ սա կը նշանակէ ոչ միայն քեզ, այլեւ ընտանիքդ զրկել շատ մը բաներէ: Գիրքերս ամբողջացուցած եւ աւարտին հասցուցած եմ, յատկապէս երբ գործազուրկ եղած եմ, ինչ որ պարբերաբար կը պատահի. կա՛մ թերթը կը փակուի, կա՛մ մէկ ուրիշ պատճառ կ՚ըլլայ: Հիմա ալ համաճարակին պատճառով գործազուրկ եմ եւ գրեթէ ամէն օր կը գրեմ: Սովորաբար դժուար եւ դանդաղ կը գրեմ, օրուան մէջ մի քանի տող, երբեմն մէկ տող, մէկ բառ, քանի որ երկար կը տքնիմ. միշտ խուսափած եմ հեշտագրութենէ: Երանելի վիճակ է. կը գրեմ, կը կարդամ, նռնենիներս կը ջրեմ, կատուներս կը կերակրեմ, որովհետեւ գործազուրկ եմ: Առջեւս միշտ մեծ փորձութիւն դրուած է. կա՛մ Աստուծոյ կը ծառայեմ, կա՛մ սատանային:

Բ.

-Ի՞նչն է պատճառը, որ այսօրուան մշակուող գրականութիւնը, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս, ըստ արժանւոյն չի գնահատուիր. ճշմարիտ տաղանդներու չգոյութի՞ւնը, հանրութեան անտարբերութի՞ւնը, թէ՞ այլ պատճառներ կան:

-Իւրաքանչիւր ազգի մէկ առաւելութիւն տրուած է. հայերուս առաւելութիւնը ստեղծագործ միտքն է եւ ոչ միայն արուեստի ու մշակոյթի, այլեւ գիտութեան, առեւտուրի ու կենցաղի մէջ: Տաղանդներու պակաս մենք երբեք չենք ունեցած, այսօր ալ չունինք: Իսկ հանրութի՞ւնը... Եթէ մարդը ճամպրուկները կապած է ու կ՚արտագաղթէ, իրեն համար այլեւս իր երկրին մէջ արժէքներ չկան, ան «թքած ունի» իր շուրջը կատարուող նիւթական եւ ոգեղէն երեւոյթներուն վրայ: Արտերկիր հասնելով՝ զբաղած է իր կեցութեան եւ բարօրութեան հարցերը լուծելով, ուրիշ որեւէ բան զինք չի հետաքրքրեր: Մարդը հացի խնդիր պէտք չէ ունենայ, որպէսզի կարենայ արուեստով հետաքրքրուիլ: Ներկայիս ամբողջ աշխարհին մէջ հացի մրցավազք կայ, ոչ թէ գրականութեան: Այսօր քաղաքական գործիչը կը ճանչնան, ոչ թէ արուեստագէտը: Իսկ բարեկեցիկ երկրի մը մէջ կը ճանչնան ստեղծագործողը եւ չեն գիտեր, թէ ո՛վ է ընկերային հարցերու նախարարը: Ուրեմն հզօր, հարուստ պետութիւն պէտք է ունենանք, ապահով հասարակութիւն:

Սակայն յետգրութեան պէս ըսեմ, որ հին աշխարհէն սկսած՝ արուեստով հետաքրքրուած են ապահով մարդիկ, մեծահարուստներ, ազնուականներ, անո՛նք ստեղծած ու վայելած են արժէքները: Ներկայիս մեծահարուստը ազնուական չէ, եւ իր կրթութեան ու դաստիարակութեան չափանիշները տարբեր են, հաճոյքի միջոցները նոյնպէս ուրիշ են, անոնք յայտնի են իրենց տգիտութեամբ: Քաղաքական գործիչները նոյնպէս տգէտ են գոնէ վերջին տասնամեակներուն, գիրքի մարդիկ չեն:

-Ձեր կարծիքով՝ ինչո՞ւ գրաքննադատութիւնը կը թերանայ այսօր իր պարտականութեան մէջ: Կրնա՞ք պատճառ մը թուել եւ խօսիլ անոր մասին:

-Գրաքննադատը զբաղած է իր ընտանիքին հոգերով, դասախօսելով, գիտական աստիճան ստանալով եւ այլն, ան ժամանակ չունի եկամուտ չբերող գրաքննադատական յօդուածներ գրելու: Այդուհանդերձ նմոյշներ կ՚ըլլան գիտաժողովներու ժամանակ կամ որեւէ միջոցառումի ծիրէն ներս: Սակայն տպագրուող գիրքը չ՚արժեւորուիր որպէս լաւ կամ վատ: Գրաքննադատը գիրք ալ չի գներ, գրողը պէտք է նուիրէ իրեն: Մէկ խօսքով՝ տխուր է վիճակը այս ասպարէզին մէջ:

-Վերջերս տարածուած արտայայտութիւն է, թէ «հայ ժամանակակից գրականութիւնը ամէն ձեւով կը զիջի դասականին»: Համամի՞տ էք: Ինչո՞ւ:

-Ժամանակը կը ծնի իր անհրաժեշտ գրողները, նկարիչները, երաժիշտները եւ այլն, որոնք կը յաջողին բաւարար կերպով արժեւորել նոյնինքն ժամանակը: Եթէ անոնք այդ չափով կը ստեղծեն, ուրեմն ա՛յդ չափը անհրաժեշտ եւ պահանջ է ժամանակին համար: Երբեք չհամեմատենք ժամանակակիցները դասականներուն հետ, միշտ ալ շահողը դասականը պիտի ըլլայ, քանի որ դեռ ժամանակակիցը դասական չէ դարձած: Նոյն թերարժեւորող հայեացքով նայած են դասականներուն՝ իրենց ժամանակին: Նորը միշտ ալ դժուար կը հարթէ իր ճամբան: Բացի այդ՝ մենք կը սիրենք օտար հեղինակները կարդալ, անոնցմով հիանալ: Եթէ ամերիկեան գրող է, ուրեմն հրաշալի է, եթէ հայ գրող է, ուրեմն վատ է: Սա՛ է մեր չափանիշը: Մենք չենք լսեր մեզի հետ երկխօսիլ ձգտող արդի հայ գրողը: Մենք օտարին միջակը մեր գերազանցէն բարձր կը դասենք, որովհետեւ չենք ուզեր ընդունիլ, որ մերը գերազանց է: Այդ մասին ժամանակին դեռ Կոմիտասը ըսած է:

Ոչ միայն ընթերցողը չի հանդուրժեր գրողը, այլեւ գրողը ի՛նք չի հանդուրժեր իր գրչընկերը: «Ժամանակակից գրականութիւն չկայ» ըսողները գոնէ մէկ ժամանակակից գիրքի ծանօթ չեն: Կ՚ըսեն՝ գիտենք, որ չկայ, ինչո՞ւ փնտռենք: Լաւագոյն պարագային կ՚ըսեն՝ մեր չափանիշը բարձր է, մենք դասականները կը կարդանք: Մարդիկ կը սիրեն դասականներու ստուերին տակ թաքնուիլ՝ բարձրարժէք երեւալու համար:

Գ.

-Ի՞նչ միջոցներու կարելի է ձեռնարկել խթանելու համար գիրքերու վաճառքը թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ մայր հայրենիքի մէջ:

-Կը դժուարանամ այս հարցումին պատասխանել, քանի որ հայ ժամանակակից գրականութիւն գրեթէ չեն գներ: Ընթերցող ու գիրք գնող պէտք է ըլլայ, ժամանակն ու անոր մէջ ստեղծուած գրականութիւնը սիրողներ:

-Նկատի ունենալով, որ ընկերային որոշ ցանցեր, ինչպէս՝ «Ֆէյսպուք»ը եւ «Ինսթակրամ»ը, կրնան եկամուտի լուրջ աղբիւր հանդիսանալ հայ գրողին համար՝ լաւ չ՚ը՞լլար, որ ան եւս օգտուի անոնց ընձեռած հնարաւորութիւններէն: Ի՞նչ կը խորհիք այս մասին:

-«Ֆէյսպուք»ի շնորհիւ ժամանակակից գրողը աւելի ճանչցուեցաւ, քանի որ անոր գիրքերը 300-400 օրինակ կը տպագրուին, եւ գրողը, յատկապէս մի քանի տարի առաջ, զանոնք հիմնականօրէն կը նուիրէր իր ընկերներուն եւ ծանօթներուն: Վերջին տարիներուն է, որ Երեւանի մէջ բացուած են մի քանի գրախանութներ, եւ գիրքերու վաճառքի առումով քիչ մը շարժ կը նկատուի, այն ալ մեծ մասամբ եւրոպական գրականութիւն կը գնեն: Ընթերցողը հեղինակին բանաստեղծութիւնը կամ պատմուածքը կը կարդայ «Ֆէյսպուք»ի մէջ եւ կը բաւարարուի այդքանով, քիչ կը պատահի, որ գիրքը գնէ: Սակայն գովազդը «Ֆէյսպուք»ի մէջ որոշ ազդեցութիւն կ՚ունենայ յօգուտ գրավաճառութեան: Հայաստանի գրաշուկան փոքր է, գիրք գնողները քիչ են: Պարզապէս գիրք սիրող մարդիկ պէտք է ըլլան:

-Ինչպէ՞ս կրնայ հայրենի պետութիւնը, իր կարգին, հիմնափոխել գրողին բաժին ինկած դառն իրականութիւնը: Ի՞նչ ակնկալութիւններ ունիք պետական մակարդակի վրայ:

-Շուրջ 30 տարիէ Հայաստանի մէջ ամէն վայրկեան կ՚արժեզրկուի, կը նուաստացուի գրողը, մտաւորականը: Հասարակութիւնը իր անյաջողութիւններուն համար կը մեղադրէ գրողը, մտաւորականը: Եթէ մեղաւորներ պէտք են, այդ մեղաւորը գրողն է, մտաւորականն է: Կարկուտը արտը աւերեց, մեղաւորը գրողն է: Զաւեշտալի է այս: Երբ գրողը գրողին դէմ կը չարանայ, կը հասկնամ, որ գրական նախանձ է, իսկ երբ հողագործը գրողին դէմ կը չարանայ, չեմ հասկնար: Հողագործը բարդոյթ ունի, թէ ես ինչո՞ւ պէտք է խնձոր աճեցնեմ, իսկ ան վէպ գրէ: Դուն ալ լաւ խնձոր կ՚աճեցնես, հպարտ եղի՛ր: Բայց իրեն համար խնձորը արժէք չէ, արժէքը վէպն է, որմէ ինքը չունի, ուստի կը զայրանայ: Այդ նոյն զգացողութիւնը կայ հասարակութեան միւս շերտերուն մէջ:

Այդ թերաժէքութիւնը կու գայ խորհրդային երկրէն, այդ ժամանակ գրողը գրեթէ կուռք էր: Միութեան փլուզումէն ետք առաջին հերթին սկսան ոչնչացնել կուռքերը: Լրատուամիջոցները լծուած էին այդ գործին, անոնք գրողը արժեզրկելով՝ իրենք զիրենք արժեւորուած կը զգային, որ գրողը առանձնայատուկ չէ, առանձնայատուկը իրենք են: Ժամանակի հերոսը դարձաւ ոչ թէ արժէքներ ստեղծողը, այլ թափթփուկը: Իսկ ամբոխը նման պարագաներու չի վարանիր, գերագոյն հաճոյքով իր կճղակներուն տակ կը տրորէ արժէքները: Երբ 90-ականներու սկիզբը փակուեցան Հայաստանի բազմահազար գրախանութները, ամէն գիւղ գրախանութ մը ունէր, ալ չեմ խօսիր քաղաքներուն մասին, ուր գրախանութը ամէն քայլափոխի էր, գիրքերը լեցուցին փողոցը որպէս աղբակոյտ, եւ ամբոխը տարաւ ու վառեց զանոնք օճախին տակ եւ այդպէս սիրտը զովացուց, սրտէն քար ինկաւ՝ առանց գիտակցելու, որ ինքզինք կը վառէ:

Խորհրդային Միութեան փլուզումը սկսաւ հայ մտաւորականներէն՝ Ղարաբաղեան շարժումով: Այդ մտաւորականները իշխանութեան գալով՝ հասկցան, որ մտաւորականը վտանգաւոր է, կրնայ եւ զիրենք ալ իշխանազրկել, եւ սկսան հետեւողականօրէն արժեզրկել մտաւորականը: 30 տարիէ այս երկրին մէջ հեղինակութիւններ չեն բարձրանար, իսկական արժէքներ ստեղծող հեղինակութիւններ, թոյլ չեն տար, վտանգաւոր է: Ես յաճախ կը թաքցնեմ գրող ըլլալս, որովհետեւ բացայայտ կամ խուլ կը մռլտան վրաս՝ չպատճառաբանուած, կամ զաւեշտով կը վերաբերին:

Ես այսօր մամուլով բացայայտօրէն կը քննադատեմ ներկայ իշխանութիւնները, նախորդներն ալ քննադատած եմ, նախորդներուն նախորդերն ալ, միշտ, արդէն 30 տարիէ, իսկ Խորհրդային Միութեան ժամանակ, թէեւ պատանի, բայց նողկանք կը զգայի օրուան համակարգէն: Իմ համոզումս այն է, որ մտաւորականը պէտք չէ իշխանամէտ ըլլայ եւ բացառապէս պէտք է ճշմարտութիւնը ըսէ: Զիս ընթերցողներու որոշ խումբ մը կը ճանչնայ, բայց ես հեղինակութիւն չեմ, եւ իմ խօսքս չի կրնար լայն լսարան ու ազդեցութիւն ունենալ: Նոյնինքն ասոր ձգտած ու հասած են իշխանութիւնները տարիներ շարունակ, որպէսզի իրենց համար գլխացաւանք չստեղծեն:

Ներկայ իշխանութիւնները դպրոցական եւ համալսարանական ծրագիրներէն կը նուազեցնեն հայու ինքնութիւնը կարեւորող դասանիւթերը՝ հայ գրականութիւն, Հայոց պատմութիւն, հայագիտութիւն, Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն եւ այլն: Ես ասոնցմէ ի՞նչ ակնկալեմ: Վէրքիս վրայ աղ մի՛ ցանէք, ժամերով կրնամ հոս գրել ցաւի մասին: Միայն ըսեմ, որ հայը անպարտելի է, հայուն միայն հայը կրնայ յաղթել, ինչ որ դարեր շարունակ ալ կ՚ընենք:

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2020