ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Գ.

Իսկ որ կ՚ըսէ. «Արդէն իսկ դատապարտուած է». երեք է իմացումը:

Նախ՝ որովհետեւ մեղաւորները մեղանչելով է, որ դատապարտութեան տակ կը մտնեն, ինչպէս Ադամը պտուղը ուտելով մահկանացու եղաւ, թէեւ իննհարիւր երեսուն տարի ապրեցաւ, սակայն մահով գրաւուած էր, այդպէս ալ մեղաւորներու պարագային իմացիր: Այդպէս ալ արդարները արդէն իսկ յոյսով կը փառաւորուին, որովհետեւ կենաց գիրքին մէջ արդէն իսկ գրուած են:

Երկրորդ՝ «Արդէն իսկ դատապարտուած է», այսինքն՝ որովհետեւ ինքն իր վրայ դատապարտութեան պատճառը ունի, որ է՝ անհաւատութիւնը, ինչպէս կ՚ըսուի, թէ մարդ մը մեռած է՝ երբ իր վրայ յայտնապէս մահուան պատճառը ունի:

Երրորդ՝ անհաւատը արդէն իսկ դատապարտուած է, որովհետեւ ինչպէս որ հաւատացեալը բոլոր շնորհները ինքն իր վրայ ստացած ունի՝ մեղքերու թողութիւնը, որդեգրութիւնը, հաղորդութիւնը եւ միւս բաները, իսկ անհաւատը՝ արդէն իսկ զրկուած է ասոնցմէ, այդ պատճաով կ՚ըսէ.

Խօսք. «Աստուծոյ Միածին Որդիին չհաւատալուն համար» (Յհ 3.18):

Մեկնութիւն. Դարձեալ գիտելի է, թէ անհաւատները թէեւ արդէն, այսինքն՝ հիմա դատապարտութեան պատճառը ունին, սակայն չեն դատապարտուիր մինչեւ Քրիստոսի յաջորդ գալուստը: Այնտեղ դատաստան չեն ընդունիր, այլ՝ դատապարտութիւն, ինչպէս Սողոմոնը կ՚ըսէ. «Ասոր համար ամբարիշտները դատաստանի մէջ պիտի չկրնան կենալ» (Սղ 1.5): Իսկ Պօղոսը կ՚ըսէ. «Անոնք որոնք առանց Աստուծոյ Օրէնքը ճանչնալու մեղանչեցին՝ առանց այդ Օրէնքին պիտի պատժուին» (Հռ 2.12), որովհետեւ անոնց դատապարտութեան պատճառը պիտի չքննուի դատաստանի ժամանակ, այլ անոնց՝ որոնք միայն հաւատք ունին, սակայն ո՛չ գործեր, դատաստանի պիտի գան ու յանդիմանուին: Ասոնցմէ ոմանք պիտի կորսուին իսկ ոմանք՝ ոչ: Ասոր որպէս օրինակ կը մէջբերէ ժամանակաւոր իշխանները, որոնք իրենց քաղաքին յանցաւորները ըստ օրէնքներու խրատին կը սպաննեն եւ անոր դատապարտութեան վճիռը անոնց դիմաց կը ցուցնեն, իսկ թշնամիները, որոնք դուրսէն կը հակառակին, երբ կը բռնուին, տանջանքներով կը սպաննեն, որովհետեւ պէտք չէ օրէնքով սպաննել, ան՝ որ օրէնքին տակ չէ:

Խօսք. «Եւ դատապարտութիւնը այս է» (Յհ 3.19):

Մեկնութիւն. Այսինքն՝ անհաւատներուն դատապարտութեան պատճառը: Դարձեալ՝ այդ պատճառով կը կրեն դատաստանն ու հատուցումը: Դարձեալ, դատաստանին սկիզբը այստեղ է, իսկ կատարումը՝ այնտեղ:

ԹԷ ՔՐԻՍՏՈՍ ԼՈՅՍ Է

Խօսք. «Լոյսը աշխարհ եկաւ» (Յհ 3.19):

Մեկնութիւն. Քրիստոս մարդեղութեամբ աշխարհ եկաւ՝ ներգործելով մարդոց փրկութիւնը:

Խօսք. «Բայց մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին» (Յհ 3.19):

Մեկնութիւն. Այսինքն՝ անհաւատութեան խաւարը [աւելի] լաւ համարեցին, քան՝ հաւատքի լոյսը:

Չորս կերպով կը լուսաւորէր. նախ՝ հաւատքով, երկրորդ՝ բարի գործերով, երրորդ՝ քարոզութեամբ, չորրորդ՝ հրաշքներով: Իսկ անոնք անհաւատութեամբ, չարութեամբ, ստութեամբ եւ հակառակութեամբ կ՚ընդդիմանային, անոնց նման՝ որոնք խաւարը լոյսէն աւելի կը սիրեն:

Խօսք. «Որովհետեւ չարութիւն կը գործէին» (Յհ 3.19):

Մեկնութիւն. Պատճառը կ՚ըսէ զՔրիստոս ատելուն, որոհետեւ դպիրները եւ օրէնսգէտները կը ճանչնային զԻնք, թէ ճշմարիտ Քրիստոսն է, ինչպէս Մատթէոսը կ՚ըսէ. «Ասիկա է Ժառանգորդը» (Մտ 21.38), այլ որովհետեւ Քրիստոս յայտնապէս կը յանդիմանէր զանոնք, նախանձեցան Անոր եւ կուրցան ճանաչումէն, որ Քրիստոսի համար էր, ինչպէս Արիստոտէլը կ՚ըսէ. «Միտքին ախտը կը խեղաթիւրէ բանաւորութեան դատաստանը», այդպէս ալ հրեաները ատելութեամբ եւ նախանձով հալածեցին զՔրիստոս: Այս մէկը Քրիստոս օրինակով ցոյց կու տայ, ըսելով.

Խօսք. «Ով որ չար գործ կը կատարէ՝ կ՚ատէ լոյսը» (Յհ 3.20):

Մեկնութիւն. երեքն են, որոնք լոյսը կ՚ատեն. նախ՝ կոյրերը, երկրորդ՝ տկար աչքովները, երրորդ՝ չարագործները, ինչպէս՝ գողերն ու շնացողները, եւ ուրիշներ:

Խօսք. «Եւ լոյսին չի գար» (Յհ 3.20):

Մեկնութիւն. Այսինքն՝ իր չարութիւնը յայտնապէս չի գործեր:

Խօսք. «Որպէսզի իր գործերը չյայտնուին» (Յհ 3.20):

Մեկնութիւն. Այսինքն՝ որպէսզի իրենց չար գործերուն համար չպատժուին: Սակայն Ես ո՛չ թէ դատաստանով կը պատժէի զանոնք, ինչպէս լոյսը, թէեւ անոնք այդպէս կը կարծէին, այլ՝ մաքսաւորներուն եւ մեղաւորներուն հետ կ՚ուտէի եւ կը խմէի, եւ Իմ լուծս քաղցրացուցի ու ո՛չ թէ աչք աչքի դէմ, այլ՝ բոլորին շնորհեցի:

Խօսք. «Սակայն ով որ կը կատարէ ինչ որ ճշմարիտ է՝ լոյսին կու գայ» (Յհ 3.21):

Մեկնութիւն. Այսինքն՝ ով որ Աստուծոյ հաճելի բարի գործեր կը կատարէ, լոյսին կու գայ, այսինքն՝ իր գործերը յայտնապէս կը կատարէ: Դարձեալ, Քրիստոս լոյս է, ինչպէս ըսաւ. «[Բանն] էր ճշմարիտ Լոյսը» (Յհ 1.9), եւ թէ՝ «մահուան աշխարհին ու շուքին մէջ ապրողներուն վրայ լոյս ծագեցաւ» (Մտ 4.16): Եւ գործերը յայտնապէս կատարելուն պատճառները ցոյց կու տայ, ըսելով.

Խօսք. «Որպէսզի յայտնի ըլլայ թէ իր գործերը Աստուծոյ կամքին համաձայն գործուած են» (Յհ 3.21):

Մեկնութիւն. Նախ՝ որովհետեւ Քրիստոս Աստուած է, որ ցոյց կու տայ Աստուծոյ գործուած գործերը: Դարձեալ, բարի մարդիկը իրենց գործերը փառասիրութեամբ չեն յայտներ գովութեան համար, այլ՝ Աստուծոյ փառքին եւ եղբօր շինութեան համար, որովհետեւ բոլոր բարի գործերը մարդու զօրութեամբ միայն չեն ըլլար, այլ՝ Աստուծոյ զօրութեամբ, այդ պատճառով կ՚ըսէ, թէ՝ Աստուծոյ կամքին համաձայն գործուած են:

Եւ գիտելի է, թէ Քրիստոս երեք պատճառով կը յիշէ լոյսի եւ խաւարի անունը. նախ՝ որպէսզի անհաւատ հրեաներու մեծ չարութիւնը ցոյց տայ, որովհետեւ Լոյսը՝ եկած էր անոնց մօտ, արհամարհեցին: Երկրորդ՝ որպէսզի ցոյց տայ անոնց յիմար ընտրութիւնը, որովհետեւ յայտնի է, թէ լոյսը պայծառ ու գեղեցիկ է, իսկ խաւարը՝ գարշելի եւ տգեղ: Երրորդ՝ կը ցուցնէ, թէ չար գործերուն վատթարութիւնը միայն բարի մարդոց յայտնի չէ, այլ՝ նաեւ չարերուն, որովհետեւ անոնք ալ գիտեն, թէ գործը չար է, այդ պատճառով ալ կը փափաքին ծածկաբար կատարել այն:

Այստեղ կատարումն է:

Երկրորդ՝ փրկագործութեանը՝ հաւատքի միջոցով, որ ըսաւ. «Ով որ կը հաւատայ Անոր՝ չի դատապարտուիր, այլ՝ յաւիտենական կեանքը կը ստանայ» (տե՛ս Յհ 3.18):

Խօսք. «Այս հանդիպումէն ետք Յիսուս Իր աշակերտներով Հրէաստանի գաւառները գնաց» (Յհ 3.21):

Մեկնութիւն. Երբ Նիկոդեմոսին եւ բազմաթիւ այլ մարդոց ուսուցանեց Երուսաղէմի մէջ, որ Հրէաստանի մայրաքաղաքն է, Յորդանանի կողմերը եկաւ, որովհետեւ այն եւս Հրէաստան է եւ ո՛չ թէ Գալիլիա, որոհետեւ տօնէն ետք, որ Երուսաղէմի մէջ կը կատարուէր, բազմաթիւ մարդիկ հոն կ՚երթային մկրտութեան համար:

Իսկ Ոսկեբերանը չորս պատճառներ կը դնէ. նախ՝ որպէսզի քարոզութիւնը տարածէ, երկրորդ՝ որպէսզի հրաշքներ գործէ, երրորդ՝ որպէսզի օրէնքները Աւետարանի փոխէ, չորրորդ՝ Երրորդութեան կատարեալ հաւատքը ծանուցէ:

Տե՛ս, որովհետեւ անոնց հաւատքը թերի էր, որոնք միայն մէկ Աստուած կ՚ըսեն եւ չեն խոստովանիր Երրորդական անձնաւորութիւնը:

ՏԻՐՈՋ ՄԿՐՏԵԼՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Այնտեղ կը շրջէր ու կը մկրտէր» (Յհ 3.22):

Մեկնութիւն. Նախ՝ տեսնենք, ի՞նչ է, որ հիմա կ՚ըսէ. «Յիսուս կը մկրտէր», եւ յետոյ կ՚ըսէ. «Ոչ թէ Յիսուս Ի՛նք կը մկրտէր, այլ՝ Իր աշակերտները կը մկրտէին» (տե՛ս Յհ 4.2): Կ՚ըսենք, թէ Յիսուս Ինքնին չէր մկրտեր, այլ՝ աշակերտները Ի՛ր հրամանով կը մկրտէին, այդ պատճառով Իրեն կը յարի մկրտութիւն կատարելը, ինչպէս որ ծառայի մը բոլոր գործերը անոր տիրոջ կը վերաբերին:

Երկրորդ՝ տեսենենք թէ ինչո՞ւ համար Քրիստոս չէր մկրտեր:

Կ՚ըսենք, թէ չորս պատճառով:

Նախ՝ որպէսզի ցոյց տայ, թէ մկրտելը բոլորին գործն է՝ որոնք քահանայութեան իշխանութիւնը ունին, այդ պատճառով Քրիստոս չէր մկրտեր:

Երկրորդ՝ որպէսզի վէճ եւ հակառակութիւն չըլլայ Քրիստոսէ մկրտուածներուն եւ Իր աշակերտներէն [մկրտուածներուն միջեւ]՝ մեծ ու փոքր կարծելով, ինչպէս Կորնթոսի մէջ եղաւ. մէկը կը պարծենար որպէս Պօղոսեան, իսկ միւսը՝ ապօղոսեան եւ Կեփայեան [Պետրոսեան]:

Երրորդ՝ որպէսզի ինչպէս որ երբեմն-երբեմն խոնարհութիւն կը ցուցնէր ճշմարիտ մարդ ըլլալուն պատճառով, այդպէս ալ երբեմն բարձրութիւնը կը ցուցնէր, որովհետեւ Աստուած էր, ինչպէս հիմա աշակերտներուն կը հրամայէ մկրտել, որպէսզի անոնք որոնք կը կարծէին, թէ Յովհաննէսը մեծ էր կան զՔրիստոս, ասով իմանան, թէ Յովհաննէսը միայն Քրիստոսի աշակերտներուն հաւասար էր:

Չորրորդ՝ որովհետեւ Քրիստոս նախ Իր աշակերտները մկրտեց եւ սորվեցուց անոնց, եւ ապա աշակերտները կը մկրտէին, իսկ Քրիստոս՝ միայն վարդապետելով կը պարապէր, ինչպէս որ Պօղոսն ալ քիչ մկրտեց եւ ապա կը քարոզէր, որպէսզի միտքը քարոզելու պատրաստ ըլար միշտ, ինչպէս որ կ՚ըսէ. «Քրիստոս զիս մկրտելու չղրկեց, այլ՝ քարոզելու» (տե՛ս Ա.Կր 1.17):

Խօսք. «Յովհաննէսն ալ Այենոնի մէջ կը մկրտէր» (տե՛ս Յհ 3.23):

Մեկնութիւն. Որ առատ ջուր կը թարգմանուի: Իսկ Սաղիմը Յորդանանին մօտիկ գիւղ մըն է, որու մասին ոմանք կ՚ըսեն, թէ Մելքիսեդեկը այնտեղ թագաւորած է, սակայն սուտ են, որովհետեւ Մելքիսեդեկ Երուսաղէմի մէջ թագաւորեց, ուր Աբրահամ լերան վրայ Իսահակ զոհ մատուցեց, որ յետոյ Լուզ կոչուեցաւ: Յեբուսացիները այնտեղ կը բնակէին, որ Դաւիթը առաւ, մեծցուց, իսկ Սողոմոնը տաճարը այնտեղ շինեց ու Տիրոջ խաչելութիւնն ու յարութիւնը այնտեղ եղաւ, որ նախ Սաղէմ կը կոչուէր, որ է՝ խաղաղութիւն, իսկ հիմա Երուսաղէմ կը կոչուի, որ է՝ խաղաղութեան տեսութիւն, իսկ Սաղիմը մի միայն գիւղ է:

Տեսնենք այն, թէ Յովհաննէս միշտ Յորդանանի մէջ կը մկրտէր, իսկ հիմա ինչո՞ւ համար Այնոն եկաւ:

Կ՚ըսենք, երկու բանի համար. նախ՝ որովհետեւ Քրիստոս տեղ տուաւ իրեն Յորդանանի մէջ մկրտելու: Երկրորդ՝ որովհետեւ կարապետ էր, պէտք էր ամէն տեղ Քրիստոսի մասին քարոզէր:

Խօսք. «Ասիկա կը պատահէր Յովհաննէսի բանտարկութենէն առաջ» (Յհ 3.24):

Մեկնութիւն. Երկու պատճառով կը յիշէ բանտը. նախ՝ ժամանակին համար: Երկրորդ՝ Յովհաննէսի մկրտելուն համար:

Եւ նախ ժամանակին համար գիտելի է, թէ միւս երերք աւետարանիչները Յովհաննէսի մատնութենէն ետք կ՚ըսեն Քրիստոսի քարոզութիւնը, իսկ սա՝ առաջ: Կ՚ըսենք, թէ իրարու հակառակ չեն. նախ՝ որովհետեւ Քրիստոս նախքան Յովհաննէսի բանտ մտնելը ամէն տեղ եւ յայտնապէս չէր քարոզեր, որ ասիկա կ՚ըսէ, իսկ մատնութենէն ետք սկսաւ ամէն տեղ եւ յայտնապէս քարոզել, որ անոնք [միւս աւետարանիչները] կ՚ըսեն:

Դարձեալ, որովհետեւ երեք աւետարանիչները մէկ տարիէն կը պատմեն հրաշքները, որ Յովհաննէսի մատնութենէն ետք են, իսկ Յովհաննէս մէկուկէս տարիէն, որ ատկէ առաջ էր, որ անոնք բնաւ ալ չյիշատակեցին:

Իսկ Յովհաննէսի մկրտելուն մասին գիտելի է, թէ երբ Քրիստոս կը մկրտէր, Յովհաննէսը պէտք է դադրէր, ինչպէս արեգակին ծագելուն արուսեակը կը ծածկուի, սակայն Փրկիչը թոյլ տուաւ Յովհաննէսին երեք պատճառով. նախ՝ որպէսզի Քրիստոսի եւ Յովհաննէսի աշակերտներուն միջեւ հերձուած եւ ատելութիւն չըլլայ: Երկրորդ՝ որովհետեւ նոյն ապաշխարութեան ուղղուած գործ էին թէ՛ առաքեալներուն եւ թէ Յովհաննէսի կատարած մկրտութիւնները: Երրորդ՝ որովհետեւ երկուքին ալ խորհուրդը միակամ էր, որոնք ժողովուրդը կը փութացնէին, յետոյ կատարեալ մկրտութեամբ կը մկրտէին, որ մարդոց համար թողութիւն եւ նորոգութիւն է: Ասիկա կ՚ըսէ Ոսկեբերանը:

Իսկ ուրիշ վարդապետներ երեք պատճառներ կ՚ըսեն. նախ՝ որպէսզի Յովհաննէսի մկրտութիւնը սուտ չկարծեն, թէ երբ Քրիստոս եկաւ, այն ատեն անորը խափանեցաւ, եւ ատով տակաւին Յովհաննէսի վկայութիւնը կ՚ըլլայ: Երկրորդ՝ որովհետեւ անոնք որոնք Յովհաննէսի մօտ կու գային, Քրիստոսին [երթալու] կը հրաւիրէր ու կը յօժարեցնէր: Երրորդ՝ որովհետեւ ասով Քրիստոսի մեծութիւնը յայնտուի, որովհետեւ մինչ Յովհաննէս կը մկրտէր, շատերը Յովհաննէսին ձգեցին ու Քրիստոսի մօտ եկան:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 27

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2019