ՏԵՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ 21-ՐԴ ԴԱՐ (Ա.)

Ներկայ բաց եւ համընդգրկուն աշխարհին մէջ որեւէ երկիր կրնայ համարուիլ աշխարհի կեդրոն: Եւ տուեալ երկրի կեդրոն ըլլալու խնդիրը ո՛չ թէ ածանցուած է զարգացուածութեան, հարստութեան, արտադրողականութեան եւ աւելի յառաջադէմ հասկացողութիւններու հետ, այլ այդ երկրին տրուած կամ տրուելիք կարեւորութենէն: Միեւնոյն ժամանակ, տուեալ երկիրը կրնայ յայտնուիլ ուշադրութեան կեդրոնին եւ յարաբերաբար (չըսելու համար պատահաբար) լուսարձակի տակ ո՛չ միայն միջազգային մեծ մետիայի տէրերու որոշմամբ եւ ուղղադրումով, այլ՝ ուրիշ հանգամանքներէ մեկնած:

Այո՛, աշխարհը ունի որոշում կայացնող կէտեր, որոնք աւելի գերակայ են միւսերէն. օրինակ՝ Փենթակոնի եւ CNN ընկերութեան առած որոշումները աւելի ծանրակշիռ են եւ ունին կատարուելու ներուժը, ուժականութիւնը, տարածքը, կամակատարումը, միջոցն ու հնարաւորութիւնները (եւ բնականաբար այդ որոշումներն ու անոնց գործունէութեան դաշտը աւելի համաշխարհային են)՝ քան Ափրիկէի կամ Հարաւային Ամերիկայի երկիրներու մէջ առնուած որոշումները։ Անոնք, այո՛, շատ յաճախ աւելի համամարդկային ուղեգիծ ու բովանդակութիւն կրնան ունենալ եւ իրենց մէջ կրնան կրել ազնիւ կամեցողութիւն՝ օգնելու զանազան երկիրներու, կազմակերպութիւններու եւ անհատներու, բայց միջոցը, կարողականութիւնը եւ շատ մը բաներ չունին:

Ուրեմն երկրի մը մէջ ներքին կամ արտաքին որեւէ հակամարտութիւն աշխարհի որեւէ անկիւնի մէջ կրնայ աւելի համաշխարհայնացուիլ եւ դառնալ հասու՝ քան նախկին դարերուն: Եւ այդ համաշխարհայնացումը կամ միջազգայնացումը իրերու եւ իրադարձութիւններու փոխկապակցուած են եւ սա արդիւնքն է բաց ու գերզարգացած աշխարհի: Այդ գերզարգացածութեան պատճառներէն մին է մետիան, որ ամէնուր է եւ կը ծածկէ գրեթէ բոլոր երկիրներու ամենայն մանրամասնութիւնները: Ի զուր չէ ըսուած, թէ ներկայիս, հակառակ աւելի ռազմականացած աշխարհին, յանցագործութիւններն ու ոտնձգութիւնները, բռնարարքներն ու խախտումները կրնան աւելի երեւելի դառնալ հանրութեան, ուստի եթէ միջազգային օրէնքը գործէ, ապա յանցագործ երկիրներուն դէմ կրնան աւելի պատժամիջոցներ կիրառուիլ։

Հարկ է նշել, որ երկիրներու իրական բարի գործերն ու արարքները նոյնպէս դիւրաւ, արագ ու անմիջականօրէն կրնան տարածուիլ։ Միջազգային մետիայով տուեալ երկիրները աւելի մեծ անուն, վարկ ու նշանաւորութիւն կ՚ապահովեն (ինչ որ ներկայիս արդար կամ անարդար միջոցներով բոլոր երկիրները կ՚ուզեն ձեռք ձգել այս աշխարհին մէջ):

Ներկայ ժամանակներուն եսակեդրոնութիւնն ու այսպէս ըսած՝ միջազգային ծածկոյթը (առանց խորանալու բոլորի հետապնդման համար թեքնոլոժիի գործադրման նպատակներուն մէջ) տեսակ մը մարդկութեան այն զգացումը տուաւ, որ իւրաքանչիւրը անդադար կը դիտուի, ուստի անոր ներկայացումները ձեւով մը սպասելի են ու փափաքելի բոլորէն:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2023