ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

ՍԳԱ­ԼՈՒ ՏԱ­ՐՕ­ՐԻ­ՆԱԿ Ե­ՂԱ­ՆԱԿ ՄԸ…

Շէօր­լի Կիպ­սըն եւ իր ա­մու­սի­նը Հե­րի­սըն կը բնա­կին մայ­րա­քա­ղաք Ո­ւա­շինկ­թը­նի հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան շրջա­նը։ 1997 թուականին, ա­նոնց քսանեօթ տա­րե­կան ոս­տի­կան մանչ զա­ւա­կը՝ Պրա­յն, ոս­տի­կա­նա­կան իր ինք­նա­շար­ժին մէջ նստած՝ կը սպան­նուի, են­թար­կուե­լով դա­րա­նի մը (ambush): Ան՝ եր­թե­ւե­կի կար­միր լոյ­սին կը սպա­սէր, ան­տե­ղեակ շուր­ջի ան­ցու­դար­ձե­րէն…

Իր զաւ­կին ա­նակն­կալ մա­հը մտա­ծել կու տայ ա­նոր, թէ ինչ­պէ՞ս պի­տի դի­մագ­րա­ւէ գա­լիք տօ­նա­կան օ­րե­րը։ Ու­րեմն  կ՚ո­րո­շէ որ իր զաւ­կին սի­րած կե­րա­կուր­նե­րը պատ­րաս­տել եւ ա­նոր ոս­տի­կան գոր­ծա­կից­նե­րը հրա­ւի­րել, որ­պէս­զի միա­սին ընթ­րեն։ Եւ ա­հա այս­պէս Դեկ­տեմ­բեր ամ­սուան երկ­րորդ Չո­րեք­շաբ­թին կը դառ­նայ հո­գե­ճա­շի ա­ւան­դա­կան օ­րը։

Ա­ռա­ջին տա­րին հրա­ւէ­րին կ՚ան­սան տասնհինգ ոս­տի­կան­ներ, երկ­րորդ տա­րին՝ հարիւր, եր­րորդ տա­րին՝ երեք հա­րիւր ու այս­պէս շա­րու­նա­կա­բար հիւ­րե­րու թի­ւը կ՚ա­ճի, քա­ջա­լե­րե­լով սգա­ցող մայ­րը՝ ո­րուն միակ նպա­տա­կը կը հան­դի­սա­նայ վառ պա­հել նա­հա­տակ իր որ­դիին յի­շա­տա­կը։

Ան­ցեալ Դեկ­տեմ­բե­րին՝ երբ եօթանա­սուն տա­րե­կա­նը կը թե­ւա­կո­խէ Շէօր­լի, ան կ՚ո­րո­շէ հանգս­տեալ կո­չուիլ եւ չորս հարիւրէ ա­ւե­լի հրա­ւի­րեալ­նե­րու հո­գե­ճաշ պատ­րաս­տե­լէ ետք, ող­ջերթ կը մաղ­թէ բո­լո­րին։ Սա­կայն մեծ ա­նակն­կալ մը կը սպա­սէր ի­րեն, երբ առ ի ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն, ի­րեն կը նուի­րեն տանհինգ հրա­ւի­րա­տոմ­սեր՝ մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ գտնուող African-American Museum of History and Culture թան­գա­րա­նին։

Հոս պէտք է ան­մի­ջա­պէս ա­ւելց­նել, որ այս թան­գա­րա­նի մուտ­քի տոմ­սե­րը շատ դժուար է ձեռք ձգել, նկա­տե­լով որ ա­նոնք սպա­ռած կ՚ըլ­լան ա­միս­ներ ա­ռաջ։ Իսկ երկ­րորդ ա­նակն­կա­լը, որ կը սպա­սէր ի­րեն հե­տե­ւեալն է։ Երբ Շէօր­լի վեր­ջին ընթ­րի­քի քսանչորս հնդկա­հա­ւե­րը գնե­լու կ՚եր­թայ, շու­կա­յի մուտ­քին զինք կը դի­մա­ւո­րեն ոս­տի­կա­նա­կան ջո­կա­տի պա­տուոյ պա­հակ­նե­րը…

ԾԱ­ԽՈՒ ԺԱ՞ՅՌ­…

Հայ­կա­կան ա­սա­ցուած­քը՝ որ թրքե­րէն լե­զուով հա­սած է մե­զի, կ՚ը­սէ «Ե­թէ գնո­ղը կոյր է, ծա­խո­ղը յան­ցանք չու­նի։» Այ­սինքն՝ ե­թէ ապ­րան­քը ա­նո­րակ է, սա­կայն մար­դիկ կը գնեն զայն, յան­ցա­ւո­րը գնողն է եւ ոչ թէ ծա­խո­ղը։

Վա­ճա­ռա­կա­նու­թեան մէջ, ծա­խո­ղը պէտք է ճար­պիկ ըլ­լայ, այ­լա­պէս գոր­ծը յա­ջող չ՚ընթա­նար։ Ա­մե­րի­կեան ա­սա­ցուածքն ալ կ՚ը­սէ, «Ճար­պիկ ծա­խո­ղը, Էս­քի­մո­յին սառ կրնայ ծա­խել…»

Ին­չո՞ւ այս նե­րա­ծա­կա­նը, թոյլ տուէք բա­ցատ­րեմ։ Ար­դա­րեւ, վեր­ջերս շու­կա­յի վրայ ծա­խու դրուած է՝ նշա­նա­ւոր Nor­dstrom վա­ճա­ռա­տան կող­մէ, 7.5-ով 11.5 սան­թի­մեթր մե­ծու­թեամբ ժայռ մը, կա­շիէ պար­կի մը մէջ պարփա­կուած։ Իսկ այս ապ­րան­քին գին ո­րո­շուած է միայն 85 տո­լար։

Պէտք է գիտ­նալ, որ վե­րո­յի­շեալ վա­ճա­ռա­տու­նը կը պատ­կա­նի վա­ճա­ռա­կա­նա­կան օ­ղա­կի մը, որ կը տա­րա­ծուի Ա­մե­րի­կա­յի մէկ ա­փէն միւ­սը։

Կը խոր­հի՞ք, թէ գնող պի­տի չըլ­լայ, շատ կը սխա­լիք։ Ար­դա­րեւ, գնող­նե­րը հա­մա­ցան­ցի վրայ ի­րար ան­ցած են, շու­տով ձեռք ձգե­լու հա­մար այս «ար­ժէ­քա­ւոր» ի­րը։ Ու­րեմն ի­րա­ւունք ու­նէի՞ վե­րո­յի­շեալ նե­րա­ծա­կան­նե­րով յօ­դուածիս սկսե­լու։

Հե­տաքրք­րա­կան է գիտ­նալ, որ այս ժայ­ռե­րը կու գան Լոս Ան­ճե­լը­սի շրջա­նէն, իսկ կա­շին տե­ղա­կան ար­տադ­րու­թիւն է, եւ ոչ թէ դուր­սէն նե­րա­ծուած։ Երբ յա­ճա­խորդ­նե­րէն ո­մանք գան­գա­տած են, թէ 85 տո­լա­րը սուղ է՝ գետ­նէն հա­ւա­քուած ժայ­ռի մը հա­մար, վա­ճա­ռա­տան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն մին յայտ­նած է՝ թէ քիչ մը ա­ժանն ալ ու­նին, ո­րուն գի­նը միայն 65 տո­լար կ՚ար­ժէ։

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2017