ԲԱՅՑ

«Ես սեւ եմ, բայց գեղեցիկ» (ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ 1: 5): Ինչո՞ւ «ԲԱՅՑ» եւ ոչ թէ «ԵՒ»: Անցնինք:

Երբ ճամփեզրին նետահար անձ մը տեսնես, մօտենաս անոր ձեւով մը օգտակար ըլլալու, նախ նետը կ՚անջատես մարմնէն, արիւնը կը դադրեցնես եւ այլ բուժական խը-նամքներ տանելէ ետք կը հարցուփորձես զոհը, հաւանական պատճառին, պատճառներուն մասին եւ այլ հարցումներ, ստուգելու եղելութիւնը: Ներկան անցեալին շարունակութիւնն ու արդիւնքն է միանգամայն (Պուտտիստական):

Կան իմաստուններ, որոնց խորհուրդներէն մին՝ մոռնալ անցեալը որպէսզի կարենաս յառաջանալ, քանի որ անցեալը կը կաշկանդէ յառաջընթացը. ի հարկէ խօսքը ժխտական անցեալի մասին է: Այլապէս պէտք է աւելի ոգեւորուելով հրահրել զայն՝ յաղթանակէ յաղթանակ անցնելու: Սակայն երբ խնդիրը կը կայանայ ժխտական անցեալի պարունակին՝ որ տակաւին կ՚ապրի մէջդ, այդ արդէն եղած է առօրեային մէկ մասը, բաժնեկիցը, ինքնաբերաբար կ՚արգելակէ յառաջխաղացը։ Այսինքն եթէ անցեալը պատմական է, անոր հոգեբանական ու մտածողութեան ազդեցութիւնը, որմէ՝ ապրելակերպը կը դառնայ տիրական ու օրերու հետ միաձոյլ: «Մարմնի վէրքը՝ արտաբացուած դանակէ՝ ի՜նչ արցունքներ դառնակայլակ կը քամէ: Սրտի վէրքը, ո՜հ դառնագոյն է, Աստուած»: Սրտի վէրքը որ ամբողջ անցեալ մը ունի. գոնէ հինգ հարիւր տարուան, կը բնորոշուի տեղահանութեամբ՝ Ափրիկէէն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, գերեվարութեամբ եւ մասամբք նորին: Աւելցնենք Գոյնը… ահա նշանը որ բացատրութեան չի կարօտիր: Կայ ամբողջ պատմութիւն մը դարերու:

Գործընկերներէս մին ափրիկեցի էր. երբեմն կ՚արծարծուէր սեւ-ճերմակի նիւթը, ի հարկէ զգայնոտութիւն մը անջնջելի։ Կ՚ուզէի քիչ մը ամոքել։ Ունէի, վաղուց պահած էի հետաքրքրական ըլլալուն եւ իմ մտայնութեան (մարդասիրական) հաշւոյն. THE ENGLISH DIGEST ամսաթերթի 1955-ի հոկտեմբերի թիւն էր։ Պատճէնահանեցի օրինակ մը իրեն տրամադրելու, իբրեւ սփոփանքի փորձ մը գէթ իմ կողմէս ու գրութեան պարունակին: Յօդուածին խորագիրն էր «Երբ սպիտակ աղջիկ մը կ՚ամուսնանայ սեւի մը հետ»: Կը սկսէր.- «սեւ, սպիտակ, կամ դեղին, հոմօ-սափիէն են. եզրակացնելով՝ «Մենք, արեւմտեան աշխարհի մէջ առաջամարտիկները եղանք արդի գիտութեան ամէն ճիւղի մէջ. պէտք է առնուազն քաջութիւն ունենանք մեր գիտական յայտնաբերումներու հետ փշրել հաստատուած եւ փառաբանուած ենթադրութիւնները մեր գերակայութեան մասին»: Թէ՝ մեր գոյնի նախապաշարումները իրողութեան մէջ անհիմն են: Եւ այս՝ ինչ որ գրուած է 1955-ին, սակայն օգուտը ի՞նչ է երբ անցորդ մը, դառնալով իրեն՝ (գործընկերոջս) ըսաւ.- «Այս շան գոյնը եւ քու գոյնդ նոյնն են»: Կարծես սպիտակ շուն կը պակսի փողոցներու մէջ: Այսքանը ինչ պատահեցաւ իմ ներկայութեան: Ես ալ հայ ըլլալով՝ չհամարձակեցայ (որուն համար ցարդ կը ցաւիմ) յարմար պատասխան մը տալ անցորդին որ օտար էր…

Գործընկերս լուռ էր. կռնակը տուաւ պատին ու ծխախոտին ծուխը՝ երկինքին:

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Շաբաթ, Յունիս 13, 2020