ՆՈՐ ՁԵՒԱՉԱՓՈՎ ՀՐԱԴԱԴԱՐ

Ռուս փորձագէտ Սթանիսլաւ Դարասով համոզուած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի պարագային հրադադարը նոր ձեւաչափով մը պիտի ըլլայ։ Արցախի մէջ հրադադարի վերաբերեալ միայն մէկ պայմանաւորուածութեամբ պատերազմական գործողութիւնները պիտի չդադրին։ Այսօր կարիքը կայ ռազմական յանձնաժողովներու։ Հակամարտ կողմերը կը բաժնեն այս մօտեցումները։ Իսկ տուեալ պահուն սովորական գործընթաց մըն է, երբ կողմերէն իւրաքանչիւրը կը փորձէ ամրացնել իր դիրքերն ու այդ դիրքերէն բանակցութիւններ վարել։ Մոսկուայի մէջ շաբաթավերջին ընդունուած որոշումներու ծրարը կ՚ենթադրէ ո՛չ միայն հրադադար, այլեւ՝ վերադարձ հիմնական թեզերուն՝ Մատրիտեան սկզբունքներուն եւ այստեղ զարմանալի ոչինչ կայ։

Դարասովի կարծիքով, Ատրպէյճան համաձայնած է այս մօտեցումին (Մատրիտեան սկզբունքներուն վերադառնալու), որովհետեւ բանակցութիւնները կ՚ընթանան նոր բեմագրութիւնով մը։ Ամենայն հաւանականութեամբ նոր ընկալումը պիտի ըլլայ՝ տարածքներ կարգավիճակի դիմաց։ Այսինքն տարածքներ՝ Արցախի կարգավիճակի դիմաց։ Իսկ ինչո՞ւ հիմա պատերազմիլ այդ տարածքներուն համար, արիւն թափել, եթէ անոնք նոր պայմանաւորուածութիւններով կրնան անցնիլ Ատրպէյճանին։ Սա ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի վարկածն է, ինչպէս կ՚ըսէ ֆրանսական կողմը՝ անցում կը կատարուի նախկին ձեւին, բայց բովանդակութիւնը կը փոխուի՝ տարածքներ կարգավիճակի դիմաց ու վերջ։ Թէ ինչպէս կը ստացուի գործնականօրէն՝ ռուս մասնագէտը կը դժուարանայ ենթադրել, բայց հարցը այդպէս դրուած է։ Եթէ չյայտնուին յստակ ռազմական յանձնաժողովներ, մարտերը չեն դադրիր։ Ի վերջոյ դիւանագէտները չեն կասեցներ պատերազմը։ Հաւանական է, որ Մոսկուա նախաձեռնէ ռազմական յանձնաժողովներու Ղարաբաղ ուղարկման։ Ի վերջոյ արդէն բոլորին ծանօթ է, որ շփման նախկին գիծը չկայ, պէտք է նորը գծուի, որպէսզի յստակ ըլլայ, թէ ո՞ւր պէտք է կանգ առնել՝ Ճէպրայի՞լ, թէ այլ վայր մը։

Դարասովի խօսքով, անշուշտ, Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտումը անարգանք չէ Ռուսաստանի դէմ, որու միջնորդութեամբ ձեռք բերուեցաւ հրադադարի համաձայնութիւնը։ Արդարեւ, ընդհանուր թափին մէջ Մոսկուա լաւ կ՚ընկալէ, որ ամէն պատերազմի ժամանակ նման դէպքեր կը պատահին։ Այսօր պատերազմ կ՚ընթանայ, տիկնիկներով խաղալու ժամանակը չէ։ Քաղաքական սխալներ թոյլ տրուած են, բայց այս մասին ալ խօսելու ժամանակը չէ։ «Այժմ իրական պատերազմ կ՚ընթանայ, ենթակառուցուածքներ կ՚ոչնչանան, Ստեփանակերտը կ՚աւերուի եւ այս է հիմնական խնդիրը», դիտել կու տայ ռուս վերլուծաբանը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2020