ԳԱՐԵԳԻՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ՝ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԲԱՆԻԲՈՒՆ ՋԱՀԱԿԻՐԸ

«Ձեռնադրիչ եպիսկոպոսը երբ դարձաւ ինծի եւ միւռոնի սրուակը ձեռքին «օրհնեսցի օծցի եւ սրբեսցի ճակատ (ու միւռոնաթոյր բթամատը դնելով ճակտիս) Տ. Գարեգին Քահանային» ըսաւ, սիրտս հրճուանքով խայտաց, որովհետեւ ի՛նք Գարեգին Կաթողիկոս Յովսէփեանց ա՛լ ինծի հետ պիտի ըլլար “զամենայն աւուրս կենդանութեան իմոյ”։

Սկզբնական այդ բերկրանքը, սակայն, մինչեւ երեկոյ արդէն երեկոյացած էր։ Մանաւանդ յետմիջօրէին, երբ ես ինծի հետ էի քառասունքի խուցիս մենութեանը մէջ, սկսայ սարսափիլ այդ մեծ անունին իմ վրայ դրած ծանրութենէն։ Ինչպէ՞ս պիտի կարենայի այդ անունին իրմով շահած մեծութիւնը պատուով տանիլ ուսերուս վրայ։ Ինչպէ՞ս պիտի յաջողէի այդ անունին իրմէ ճառագայթած լոյսին ստուեր չբերել, գէթ լոյսին լուսեղինութիւնը պահել»։

Այսպիսի մտորումներու մէջ խորասուզուած նորընծայ Գարեգին Աբեղայ ինքզինքին հարց կու տար։ Միթէ պիտի կարենա՞ր իրեն շնորհուած Գարեգին անմահացած անունը իր բարձրութեան ու լուսեղինութեան մէջ անարատ պահել։ Պիտի կարենա՞ր իր կարողութիւնները լաւագոյնս դրսեւորել եւ ի գործ ածել իր կենսընթացին։ Արդեօք պիտի կարենա՞ր Գարեգին Կաթողիկոսի հարթած ուղիէն ընթանալ՝ շարունակելով ու պահպանելով Հայ Եկեղեցին, հայ լեզուն ու հայ մշակոյթը։

Զինք ճանչցողներն իսկ կը վկայեն, թէ Գարեգին Աբեղան, Վարդապետը, Եպիսկոպոսը եւ ապա Կաթողիկոսը, Գարեգին Յովսէփեանց Կաթողիկոսի հոգեւոր կերպարին մէջ, հայ ոգեկանութեան անվթար ու անեղծ բեկորին եւ մշակոյթի ամբողջանուէր ազդեցութիւնը կրեց իր համակ կեանքի ընթացքին։ Ան ո՛չ միայն անոր անունը ժառանգեց, այլեւ՝ ճաճանչող լո՛յսը դարձաւ հայ մշակոյթին ու գիրին՝ զայն դարձնելով իր կեանքի աւիշն ու կենսանիւթը։

Արդարեւ, Դպրեվանքեան շունչով կոփուած, ինչպէս նաեւ Գարեգին Յովսէփեանց Կաթողիկոսի ոգեշնչող անձնաւորութեան հմայքին տակ, Դերենիկ Եպիսկոպոսի մեթոտիկ աշխատանքի թելադրութիւններով, Բիւզանդ Եղիայեանի բազմահմուտ ուսուցչութեան ներքեւ, Շահան Պէրպէրեանի առինքնող եւ վեհացնող գրաւչութեամբ տոգորուած՝ պատանի Նշանի աշխարհայեացքին ու մտահորիզինին վրայ անոնք իրենց ուղենշային դրոշմն ունեցան։ Շահան Ռ. Պէրպէրեանը որպէս փիլիսոփայութեան ուսուցիչ, մտաւորական եւ արուեստագէտ՝ անջնջելի հետք թողուց պատանի Նշանի հոգեմտաւոր ու հոգեիմացական կերտուածքին վրայ՝ զինք մղելու մշտական հաղորդակցութեան մէջ մնալու բնազանցական եւ անդրանցնական իրականութեանց վերացական աշխարհին եւ արուեստներուն հետ։

Դպրեվանքը եւս իր որոշադրիչ ու կենսական տեղն ու դերը ունեցաւ պատանի Նշանի հոգեմտաւոր պատրաստման ու կազմաւորման մէջ։ Իրեն համար Դպրեվանքը, կեանքի եղանակ մը, հաղորդութեան ընթացք մը, ներքին լիցքաւորումի եւ հասունացումի կենսալի միջոց մըն էր, ուր իմացական եւ հոգեւոր գործօններ եկան ու ընդելուզուեցան անոր ողջ էութեանը եւ հոգեխառնութեանը հետ, որոնց շնորհիւ ան դարձաւ հանդիսարան նոր տարածքներու, բացուեցաւ նոր ու լայն հորիզոններու եւ ուզեց որ այդ բոլորը առուակուի հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Գարեգին Ա. Կաթողիկոս իր «Խորհէ եւ Մտիր» գիրքին մէջ Դպրեվանքին մասին կը վկայէ՝ ըսելով. «Մեր Եկեղեցւոյ զարթօնքին նախապայմանն է Անթիլիասի նման Դպրեվանքներու բարգաւաճումը. մեր Եկեղեցւոյ վերակենդանութեան, յառաջդիմութեան ու զարգացման նախասկիզբն է հոգեւոր եւ ազգային սպասաւորութեան զինուորագրեալներու կազմաւորման նուիրուած կեդրոններու աճումը, բարձրացումը, իբրեւ հովանաւոր ու պտղալի ծառ մեր ազգային կեանքի անդաստաններու կեդրոնին մէջ, իր ճիւղերը չորսդին լայնօրէն, շնորհալիօրէն տարածող։ Դպրեվանքը ունի որպէս եկեղեցականին դաստիարակութեան վառարանը, որուն կրակէն եւ ջերմութենէն անցնող մարդը կը դառնայ հաղորդական եւ հաղորդիչ այն ոգեղէն արժէքներուն, որոնց մէջ կայ թաքնուած գաղտնիքը մեր ժողովուրդի անմահութեան եւ որոնցմով դարբնուած է անեղծանելի մետաղը անոր տոկունութեան եւ անբեկանելիութեան»։

 Գարեգին Բ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ ապա Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի քարոզխօսութեանց, իր մասին կատարուած վկայութեանց եւ տպագրած գիր-քերուն վրայ հիմնուելով՝ կրնանք հաւաստիացնել, թէ ան՝ Ա) Տիպար քրիստոնեայ եւ ճշմարիտ հովուապետ մըն էր, ինչպէս նաեւ՝ Բ) Հարազատ ու իսկատիպ հայ մը։

Ա) Տիպար քրիստոնեան եւ ճշմարիտ հովուապետը

Գարեգին Ա. Կաթողիկոս իր դեռատի հասակէն սկսեալ մինչեւ կաթողիկոսական բարձրագոյն աստիճան «Յարդը գնաց, ցորենը մնաց» գաղափարաբանութեամբ ապ-րեցաւ իր կեանքը ու զայն կենսաւորեց իր ամբողջ կեանքի ընթացքին։ Անոր համար կեանքը սէր էր, իսկ գործը անձնուիրում, ընծայաբերում՝ ինչպէս կ՚ըսէր իր օծակից եղբայրը՝ Արտաւազդ Արք. Թրթռեանը մեզի՝ աշակերտներուս։ Ան վերոյիշեալ գաղափարականը ոգի դարձուցած, աւելի քան կէս դար, դժուարին հոլովոյթի եւ պայմաններու մէջ, հոգեւորականի իր կեանքի երկնատուր իմաստութեան շնորհքով՝ ցորենը յարդէն բաժնեց եւ ցորենաբոյր իր խօսքը կենսահաղորդ նշխարի պէս, որպէս տիպար քրիստոնեայ ու ճշմարիտ հովուապետ փոխանցեց իր հօտին։

Երջանկայիշատակ Գարեգին Կաթողիկոսի համար քրիստոնէութիւնը, Քրիստոսի ապրած եւ քարոզած ճշմարտութիւնը գերագոյն կրօնքն էր ոչ տեսական, գաղափարական, հայեցողական մօտեցումով եւ իմացութեամբ, այլ՝ կեանքին մէջ ապրուած ներզօր գոյութենականութեամբ։ Քրիստոնէական հաւատքը իր կեանքին ուղեցոյցն ու զսպանակիչ ուժը դարձած էր։ Իսկ քրիստոսահիմն եւ առաքելաւանդ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին, Գարեգին Վեհափառի համար քրիստոնէութիւնը մարմնաւորող եւ անոր շնչաւորեալ եւ գործարանաւորեալ արտայայտութիւն տուող նուիրագործուած հաստատութիւնն էր։ Եկեղեցին իրեն համար քրիստոնէական կեանքին նկարագիր տուող իրականութիւն էր։ Ինք սոսկ Եկեղեցիին չէր պատկաներ, այլ Եկեղեցին կ՚ապրէր։ Եկեղեցւոյ առաքեա՛լն էր ան, ոչ թէ լոկ պաշտօնով, այլ ամբողջ էութեամբ, հոգեխառնութեամբ ու ապրումով։ Եկեղեցին իր նեղ ու լայն առումներով՝ իր կեա՛նքն իսկ էր, Աւետարանին աստուածային վարդապետանոցի շաւիղէն սկսեալ մինչեւ բարձունքը խաչամատոյց Գողգոթային, որ անխուսափելի ճանապարհն է ամէն ճշմարիտ քրիստոնեայի ու մանաւանդ հոգեւորականի։ Ահա թէ ինչո՛ւ համեստ ու խոնարհ, յաղթաքայլ, գործեց անանձանական ծառայութեամբ, թափանցեց ժողովուրդին սրտէն ու ողջ էութեանը ներս՝ դառնալով Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան ազգակերտ պատգամներն ու կենսաւորիչ աղօթքները իր հոգիին եւ հաւատքին ու գիտակցութեան, տեսիլքին ու ուխտին մէջ համաձուլած երկնառաք բացառիկ եւ սքանչելի հովիւ մը։

Երբ կը խօսէր Հայ Եկեղեցւոյ մասին, կը խօսէր իր անձին ընդերքային խորերէն ժայթքող ուժգնութեամբ եւ տրոփուն, սրտայոյզ իրաւութեամբ։ Անոր պատգամները ու յորդորները ուղիղ, անմիջական, շեշտակի, բառին բովանդակ առումովը՝ սրտաբուխ ճշմարտօրէն սրտի՛ խօսք էին, ճշմարիտ մարդուն հարազատ արտացոլացումը, սրտէ՛ն աղբիւրացած։ Իսկ այդ աղբիւրը միայն քաղցրութիւն կը ծորէր, միայն սէր եւ ներողամտութիւն կ՚արտահոսէր, միայն արդարութիւն եւ ճշմարտութիւն կը բարբառէր, միայն հաւատք, Աստուած ու Աւետարան, եղբայրասիրութիւն ու իրերօգնութիւն կը պատգամէր, ինչպէս կ՚ըսէր Գրիգոր Շահինեան՝ մեր մանակավարժութեան դասապահի ընթացքին։ Իր յաղթ կուրծքէն եւ աստուածախօս շրթներէն դուրս եկած բառերը կը թնդային եւ կը թնդացնէին սրտերը, հաւատքի խօսքին ամբողջ վաւերականութեամբը։ Պատմութեամբ ճշմարտուած նուիրական իրողութիւնները կ՚ուզէր դրոշմել հայ գիտակցութեան մէջ, երբ հանդիսաւորապէս եւ պատգամաշեշտ ձեւով բայց անձնադրոշմ ոգիով կը յայտարարէր. «Մեր ազգի՝ Հայկազնեան ժողովուրդի համար, դարերու ընթացքով աւանդականացած, նուիրականացած միութեան գետինը, ամրութեան կռուանը Հայց. Եկեղեցին է, Հօր Աստուծոյ առաջնորդութեան, Քրիստոսի ներկայութեան եւ Ս. Հոգիի ներգործութեան կողքին մեր հայրերու ոգին, մեր դարաւոր ոգեղէն արժանիքները իր մէջ պարփակող ու մեզի պարզող այդ Սուրբ, Մի, Ընդհարական, Առաքելական, եւ Ազգային Հաստատութիւնը։ Այսօր ինչ որ ունինք իբրեւ ազգ, զայն մեծաւ մասամբ կը պարտինք այդ նուիրական, սրբազան հաստատութեան՝ դարերով ջախջախուած, աւերակ-ւած, բայց միշտ կենդանի եւ կենդանարար մնացող։ Ու այս՝ անոր համար որ մեր Եկեղեցին հոգին է եղած մեր ժողովուրդին, ու ժողովուրդը, իր կարգին, մարմինն անոր։ Առանց առաջնոյն, երկրորդն՝ անատակ կեանքի։ Առանց վերջնոյն, առաջինը՝ անընդունակ ստեղծագործութեան։ Հայութիւնը՝ ծնունդը երկուքին ներդաշնակութեան։ Մեր ոսկեղնիկ մատենագրին՝ Եղիշէի պատկերաւոր բացատրութեամբ, քրիստոնէութիւնը մեզի համար չէր եղած ու երբեք չեղաւ զգեստ, այլ դարձաւ ու մնաց հարազատ գոյնը մեր մորթին՝ անբաժանալի մարմնէն»։

Բ) Հարազատ ու իսկատիպ հայը

Մշակոյթի սէրն ու ապրումը Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի անձին մէջ սրբազան կիրք մըն էին, անմար կրակ մը, որոնք ջերմացուցին իր հոգին եւ իր հոգիին հետ հոգիները բոլոր անոնց, որոնք հանդիպեցան իրեն եւ գրաւուեցան իրմով։ Ուր որ ալ գտնուեցաւ, ներշնչեց իր խօսքին հմայքով։ Զինեց ու կռանեց հայ ոգիով։ Ոգեշնչեց ու գօտեպնդեց ազգային երազի հեռանկարներով ու տեսիլքներով։ Ջրդեղեց ու խորաքանդակեց հայրենիքի յաւերժական ապրումներով ու տենչով՝ այնպէս ինչպէս սնած ու տեսած էր Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսի մէջ։ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի համար մշակոյթի հասկացողութիւնը սոսկ անցեալէն եկող ժառանգութիւն մը չէր, այլ ոգեղէն ձգտում մըն էր, մտքի սլացք մը, սրտի տրոփիւն մը, հոգիի ճախրանք մը։ Երանելի Վեհափառ Հայրապետը հայ մշակոյթի հասկացութիւնը ըմբռնած էր որպէս հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ նիւթին, ժամանակին ու ժամանակաւորին վրայ տարուող յաղթանակ մը, արդի՛ւնք ա՛յն գոյութենական ճիգին, որ մարդ ի գործ դնէ իր հոգեկան անմահութիւնը շինելու համար, ինչպէս նաեւ ապրեցնելու իր կեանքին մէջ իր ժառանգած ու ստեղծագործած անկորնչելի արժէքները, այնքան ատեն կ՚ապրի պատմութեան քառուղիներուն վրայ։

Հայ գիրի եւ մշակոյթի նուիրականութեան մասին Նորին Սրբութեան կատարած անմոռանալի խօսքերը՝ վստահաբար պիտի մնան հայ ժողովուրդի սրտին ու հոգւոյն մէջ։ Ահա թէ ի՛նչ կը բարբառի ան հայ մշակոյթի մասին. «Հայ ժողովուրդը, մանաւանդ Սփիւռքի տարածքին վրայ բացաստանի մը նման, այլատեսակ ազդեցութիւններու ենթակայ՝ գունաթափումի ամենէն սպառնալից այս վտանգին մղձաւանջը կ՚ապրի։ Հայաստանի հողի ընդերքներէն կազմաւորող ու վերաժայթքող աւիշէն կտրուած սփիւռքահայ մարդը, իր արմատներուն իսկ մէջ ցնցուած՝ իր գոյութիւնը ինքնօրէն պահելու համար հազարատեսակ պատուաստումներու կ՚ենթար-կըւի։ Առաւել քան անհրաժեշտ՝ կենսապայմա՛ն է իրեն համար իր հարազատ սեփական մշակոյթին ակունքներուն հետ իր հաւատարիմ հաղորդութիւնը։ Մեր գոյատեւման եւ մեր ինքնութեան արժեւորման տեսակէտէն դիտուած՝ այդ ակունքներէն հոսող ոգիին եւ անով կազմուած ստեղծարար շաղախին ուժովը եւ ներկայ կեանքի տրոփներուն կշռոյթովը նոր զանգումներու, իրագործումներու հրամայական պարտաւորութիւնը պէ՛տք է դառնայ մեր ամէնօրեայ մտահոգութիւնն ու ճիգը»։

Գարեգին Վեհափառը միայն չսահմանափակուեցաւ խօսելով, այլեւ իր համակ կեանքին մէկ մասնիկը յատկացուց հայ գիրքին։ Ան ո՛չ միայն ակօսներ բացաւ հայ մտքի եւ հոգիի դաշտերուն մէջ, այլեւ՝ շարժում, կեանք, ոգի, արիւն ներարկեց եկեղեցական, ազգայնական ու մշակութային բնագաւառներէն ներս, ինչպէս կ՚ըսէր Աբրահամ Ալիքեան սարկաւագներուս՝ բնութեան մէջ շրջագայութեան ընթացքին։ Գարեգին Կաթողիկոսի համար հայ գիրքը հայ անհատի հոգեմտաւոր աշխարհին արտացոլացումն ու անոր շարունակական ինքնակերտումի ամենակարեւոր ազդակներէն մէկն էր, որուն շնորհիւ իր հոգին դարձուց սնուցիչ ընդունարան ստեղծագործ ոգիի եւ իմացական ու բնազանցական արտայայտութիւններու։

Հայ գիրքին շնորհիւ ծանօթացաւ ու լիապէս ըմբոշխնեց հայ գրականութիւնը։ Կեանքի կոչեց եւ ի լոյս ընծայեց մեր ազգի ռահվիրաներու՝ իմաստաբան եւ շնորհագիր Եզնիկ Կողբացիի, հայրենապաշտ Մովսէս Խորենացիի, տիեզերախնդիր եւ տրամաբան Անանիա Շիրակացիի, հոգեսոյզ եւ ներհայեաց Գրիգոր Նարեկացիի, աղօթամրմունջ եւ մեղեդիաբարբառ Ներսէս Շնորհալիի, մելամաղձոտ եւ հեզաշունչ Միսաք Մեծարենցի, հայրենախանձ եւ ռամկախօս Խաչատուր Աբովեանի, մտամրրիկ եւ յորդաբուխ Յակոբ Օշականի, խորահայեաց եւ կշռադատ Վահան Թէքէեանի, բարձրաթռիչ եւ լուսերգակ Դանիէլ Վարուժանի, ազատատենչ Աւետիս Ահարոնեանի, իրապաշտ եւ ռահագը-նաց Գրիգոր Զոհրապի, արթնաշեփոր եւ մարտունակ Րաֆֆիի անկորնչելի գանձերը՝ զանոնք հաղորդ դարձնելով հայկայ ժողովուրդին։ Կազմակերպեց հայ գիրքին նուիրուած ցուցահանդէսներ ու փառատօններ՝ երկարաձիգ ու հայանպաստ աւանդութեան մը հիմը դնելով, որոնք հայ ժողովուրդին ոգեղէն հաց մատակարարող մշակութային տօնակատարութեանց վերածուեցան։ Պահ մը ականջ տանք Գարեգին անմահանուն Հայրապետին՝ լսելով անոր հայրախօսիկ յորդորը հայ գիրքին մասին. «Սրբութեան, նուիրականութեան օծումն ունի իր մէջ հայ գիրքը։ Գիրքը գիրքէն աւելի բան մըն է հայուն համար, մանաւանդ Սփիւռքի անհող ու անլաստ հայութեան համար։ Հայրենի՛ք է հայ գիրքը։ Վարդանանց բանակ են հայ տառերը, Խորենացիական պատգամ են հայ պատգամախօս մատեանները, Նարեկեան աղօթք են հայ բանաստեղծութիւնները, երգի բարձրացած Շնորհալեան մեղեդիներ են քնարական հոգեխօս քերթուածները։ Զգո՛յշ եղիր, հայ մարդ, երբ կը նայիս հայ գիրին ու հայ գիրքին։ Մաքրէ՛ ձեռքերդ երբ կը մօտենաս անոնց եւ կամ երբ գրիչ կը շարժես։ Սրբէ՛ աչքերդ երբ կը նայիս ու կը կարդաս զանոնք։ Ընտրէ՛ ցորենը որոմէն եւ գիտցիր այնպիսի հայ գիրքի հետ բարեկամանալ, մտերմանալ որ քեզ կը բարձրացնէ, կը մօտեցնէ Աստուծոյ, կը շաղախէ հայրերուդ ոգիին հետ, կը լուսաւորէ ճամբադ եւ քեզ կ՚առաջնորդէ դէպի պայծառ հորիզոններ»։

Գարեգին Վեհափառի նկարագրի կազմաւորիչ էական տարրերէն մէկն էր նաեւ հայրենասիրութիւնը։ Իր իսկ ըմբռնումով հայրենիքը հող չէր, այլ՝ ան հայութիւնն իսկ էր։ Հայութիւնը՝ իր ոգեկան ամբողջ հարստութեամբ, պայքարներով, մաքառումներով, հաւատամարտերով, յաղթանակներով ու պարտութիւններով, հալածանքներով ու սխրագործութիւններով։ Ապրիլ 24-ի ոգեկոչման հանդիսութեան մը ընթացքին, նորընձիւղած ու նորափթիթ իր ժողովուրդի զաւակներուն հետ միասին այսպէ՛ս կ՚ուխտէր. «Կ՚ուխտենք ձեր կենսաւորեալ նշխարներուն սուրբ հայելիին դիմաց, մաքրել, զտել, եւ հարազատօրէն ինքնացնել եւ արժանաւորել մեր հայութիւնը ի սպաս Աստուծոյ եւ մարդկութեան համայն աշխարհի։ Կ՚ուխտենք կենդանի պահել մեր պապերուն ինքնութիւնը եւ անոր իւրայատուկ զօրութիւն եւ արտայայտչական շեշտ գեղեցկութիւն ընծայած մեր ոսկեղնիկ լեզուն՝ Մեսրոպեան գիրի անմաշելի հանդերձանքովը շքեղափայլ եւ մեր դպրութեան արժէքներովը հազարագանձ, հայ դպրոցի պայծառակերպող քուրային մէջէն։ Կ՚ուխտենք ամրակուռ կառչած մնալ եւ յարաճուն գնացքով առաջ տանիլ մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հետապնդման գործը, որովհետեւ ձեր նահատակութեան գերագոյն իմաստը ազատութեան եւ արդարութեան որպէս գին ձեր պատարագած կեանքն է, զոր այսօր մենք պիտի շարունակենք մատուցել մեր կեանքով վասն փրկութեան ազգիս հայոց»։

Այդպիսի՛ն եղաւ Գարեգին Կաթողիկոս։ Տիպա՛ր քրիստոնեան, ճշմարի՛տ հովուապետը ու իսկատի՛պ հայը։ Սերունդներ շարունակ Գարեգին Կաթողիկոսի՛ միջոցաւ տեսան ազատ մտածումի ճախրանքը, իրմո՛վ հաստատեցին արդար գործին խիզախումը եւ իրմո՛վ ապրեցան ճշմարտուած կեանքի բերած կենսունակութիւնը։ Ահա թէ ինչո՛ւ ան իր ինքնուրոյնութեամբ դարձաւ ժրաջան մեղուն մտքի փեթակին, աւետաբեր աղաւնին խաղաղութեան աւետումին, անեզր ովկիանը տրամախոհութեան, յաւերժահունչ ուսուցանողը փրկութեան տապանին, մշտարթուն նուիրեալը հայ գիրին, հոգեպարար պատգամաբերը հայկազնեան ցեղին եւ կենսառողջ սիրտը ողջ հայութեան…։

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2017