«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

ՍԻՐՏԻ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆԸ

-Ո՜վ Ռոնտա. մարդ ինչպէ՞ս կրնայ վերատիրանալ իր նախկին վիճակին՝ որ մեղանչումէն առաջ ունէր:

-Պէտք է սիրտը մաքրուի, որով վտիտութիւն ձեռք կը բերէ, ինչպէս նաեւ անկեղծութիւն, ուղիղութիւն, ազնուութիւն, խոնարհութիւն, արդարութիւն, ներողամտութիւն եւ զոհաբերութիւն: Այդ ատեն մարդ կրնայ Աստուծոյ հետ յարաբերութիւն ստեղծել, որով աստուածային շնորհը կը հանգչի իր վրայ: Մարմնական մաքրութիւնը առանձինն օգուտ չունի, եթէ հոգեկան մաքրութիւնը ընկերակից չունենայ իրեն, քանի որ Աստուած հանգիստ պիտի չըլլայ խորամանկութենէն, հպարտութենէն ու վատութենէն… Հետեւաբար, ջանա՛ հոգեկան մաքրութիւն ձեռք ձգել: Այստեղէն կը սկսի պայքարդ:

-Ո՜վ Ռոնտա. կարելի՞ է վատ սովորութիւն մը մէկ անգամէն վանել:

-Նախ եւ առաջ, մարդը պէտք է հասկնայ որ այդ սովորութիւնը կը վնասէ իրեն եւ պէտք է պայքարի, որպէսզի վանէ զայն, ու այս մէկը զօրաւոր եւ անկոտրում կամք կը պահանջէ: Ինչպէս որ պարանը, որ թոյլին կապուած է հորէն ջուր հանելու համար, կամաց-կամաց հորի բերանին անցք կը բանայ, այդպէս ալ իւրաքանչիւր վատ սովորութիւն անցք կը բանայ սիրտին մէջ, ուրկէ դժուարութեամբ միայն դուրս կու գայ: Հետեւաբար, մարդ պէտք է շատ ուշադիր ըլլայ եւ հեռանայ վատ սովորութիւններէն, որոնք հսկայ աշխատանք, ահաւոր խոնարհութիւն ու զօրաւոր կամք կը պահանջեն հեռանալու համար ատոնցմէ: Հայր Դիխինը անգամ մը ըսաւ ինծի. «Լաւ սովորութիւնը առաքինութիւնն է, իսկ վատ սովորութիւնը՝ մեղքը»:

Մարդ երբ կը պայքարի ու կը շարունակէ ինկած մնալ առանց իր վիճակի բարելաւումին, ատոր պատճառը իր եսասիրութիւնն ու իր անձնական շահի նախասիրութիւնն է: Իսկ երբ խոնարհութիւնն ու սէրը կը բացակային, աստուածային միջամտութիւնը կ՚ուշանայ եւ կը խանգարուի: Այս պարագային, մարդը չ՚օգներ Աստուծոյ, որպէսզի Աստուած ալ օգնէ իրեն:

Իսկ եթէ հպարտ մարդը որոշ բանի մը հասնի Աստուծոյ օգնութեամբ, ապա կը սկսի ինքզինք գովել ու սիգանալ, կարծելով թէ իր անձնական ուժով այդ բանին հասաւ եւ ո՛չ թէ Աստուծոյ օգնութեամբ, որով աւելի մեծ խնդրի մէջ կ՚իյնայ:

ՄԵՂՔԻ ԽԱՒԱՐԷՆ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

-Մեծ մեղքերը կ՚ապականե՞ն Մկրտութիւնը:

-Ընդհանրապէս ծանր մեղքերը կ՚ապականեն Մկրտութիւնը եւ այդ ատեն աստուածային շնորհքը կը հեռանայ այդ մարդէն: Վստահաբար չի՛ լքեր զինք, ինչպէս նաեւ իր պահապան հրեշտակն ալ չի՛ լքեր զինք: Կը յիշե՞ս, թէ սատանան ի՛նչ ըսաւ հեթանոսներու քուրմին այն վանականին մասին, որ ուզեց իր աղջկան հետ ամուսնանալ.

-Մի՛ աճապարեր. այս մարդը լքած է զԱստուած, սակայն Աստուած չէ՛ լքած զինք տակաւին… (Աֆրեդինոս Ա):

-Ո՜վ Ռոնտա. մարդ կրնա՞յ մեղքի խաւարին մէջ ապրիլ ու չզգայ այդ բանը:

-Ո՛չ: Մարդիկ կը զգան, սակայն ուշադրութիւն չեն դարձներ: Ով որ կ՚ուզէ Յիսուսի լոյսին գալ, պէտք է մեղքի խաւարէն դուրս գայ: Օրինակ՝ մարդ մը, որ սխալմամբ մութ փոսի մը մէջ նետուի, միայն լոյսի շող մը տեսնէ, որ պատի կամ դրվան փոքր անցքէն կը ներթափանցէ, որով կը սկսի ջանալ լայնցնել ու անցքը եւ ատկէ դուրս գալ դէպի լոյսին: Այդպէս ալ, մարդ մը որ ներքին դրական խառնակութիւններով լեցուն է, պիտի ջանայ մեղքի խաւարէն դուրս գալ: Եթէ խոստովանի, որ ճիշդ կերպով չ՚ընթանար եւ թէ իր կատարած գործը սխալ է, ապա Աստուծոյ շնորհքը կը հանգչի անոր վրայ, որպէսզի խոնարհեցնէ զինք, ու ապա բնականոն կերպով կ՚ընթանայ: Իսկ եթէ դրական խառնակութիւն չմտնէ իր մէջ, ապա դժուար թէ այդ մարդը, որ փակուած նեղ տեղ մը բանտարկուած է, օգնութիւն ստանայ, քանի որ կը խրատես անոր ոտքի կանգնիլ, դուռը բանալ եւ դուրս գալ մաքուր օդ շնչելու ու առողջութիւն վերականգնելու համար, սակայն կը մերժէ գործադրել այդ խրատը: Կրնայ ըլլալ անիկա մտածէ. ինչո՞ւ համար ես ներսն եմ. ինչո՞ւ համար չեմ կրնար շնչել. ինչո՞ւ համար թթուածինը սկսաւ պակսիլ. Աստուած ինչո՞ւ համար զիս այստեղ դրաւ իսկ միւսները՝ դուրսը: Սակայն, ականջ չի՛ կախեր խրատին: Ապա ինչպէ՞ս կ՚ուզես օգնել այդ մարդուն, երբ ան չի՛ լսեր ուրիշի մը, որ կարելիութիւն ունի հոգեւորապէս օգնելու իրեն եւ զինք տառապանքէն դուրս բերել:

Մարդը մեղք գործելով դրախտը դժոխքի կը վերածէ: Ծանր մեղքերը որոնք կ՚ապականեն հոգին, կը սկսին չարչարել զինք, կը պայքարի ու իր խաղաղութիւնը կը կորսնցնէ: Հակառակն ալ ճիշդ է.  Աստուծոյ մօտիկ մարդը խորհրդածելով աստուածային իմաստներու մասին կը խորասուզուի անոնց մէջ, վատ բաներ չի՛ մտածեր, որով ներքին խաղաղութեամբ լեցուն դրախտը կ՚ապրի մինչ տակաւին երկրի վրայ է: Այսպիսին կը տարբերի Աստուծմէ հեռու մարդէն անով, որ ինք միշտ հոգեւոր օգնութեան կարիքը կը զգայ, որով աստուածային շնորհքը կը հանգչի իր վրայ, որպէսզի ուղղորդէ իր քայլերը դէպի լոյս, եթէ ծածուկ կ՚ապրէր, մոլորած է, եւ կը սպասէ որեւէ հոգեւոր տեղէ օգնութիւն ստանայ:

ՅԱՆՑԱՆՔԵՐԸ ԸՍՏ ՄՏԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Պէտք է ուշադիր ըլլանք այն յանցանքերուն, որոնք մտադրուած կերպով կը կատարուին, որովհետեւ Աստուած մտադրութիւնները քննող է: Իսկ մեղքը, զոր առանց ուշադրութիւն դարձնելու կը գործես, կրնայ թեթեւ ըլլալ ու կրնայ արդարացուիլ:

Աւելի՛ն. առանց կամեցողութեան կամ մտադրութեան մեր գործած սխալները Աստուած այնպէս կը նախախնամէ, որպէսզի մեր սխալները մեզի համար բարիքի վերածէ, սակայն այս բանը չի նշանակեր, որ պէտք է մեղանչենք, որպէսզի այդ բարիքը կատարուի: Ո՛չ…, այլ՝ երբ ակամայ եւ առանց մտադրութեան կատարուած ըլլայ, այդ ատեն է, որ Աստուած զայն մեր բարիքին համար կը վերածէ: Իսկ եթէ գիտակցաբար յանցանք մը գործեցինք ու ապա զղջացինք, ապա ջերմ աղօթքը թող ընկերակցի մեր զղջումին, որպէսզի մեր կամաւորաբար գործած մեղքի չարիքէն ազատուինք:

-Ո՜վ Ռոնտա. ինչպէ՞ս փրկուեցաւ այն վանականը, որ ամէն օր մեղքի մը մէջ կ՚իյնար տասն տարիներ շարունակ, եւ միաժամանակ կը զղջար:

-Մեղքը յաղթած էր այդ վանականին ու զինք իրեն գերի դարձուցած: Գէշ մտադրութիւն չունէր, այլ՝ օգնութիւն չէր գտած, որով կը մոլորէր դէպի չարիքը, այդ պատճառով ալ արժանացաւ աստուածային օգնականութեան: Պատերազմեցաւ, ցաւեցաւ, իր զղջումը անկեղծ էր, եւ վերջաւորութեան Աստուած փրկեց զինք:

Մարդ կրնայ լաւ մտադրութիւն ունենալ, սակայն չարիքին հակուած ըլլալուն պատճառով եւ սկիզբէն օգնութիւն չունենալուն պատճառով, կը դժուարանայ իր ինկած վիճակէն դուրս գալու: Կը փորձէ՝ կը կանգնի, սակայն դարձեալ կ՚իյնայ: Կը պայքարի, սակայն խեղճ է ու առանձինն չի՛ կրնար պայքարիլ, իսկ երբ աստուածային օգնականութիւնը կը խնդրէ, Աստուած պիտի չձգէ զինք: Կը նմանի մարդու մը, որ որոշ տեղ մը կ՚երթայ եւ մտադրութիւն չունի մեղք գործելու, սակայն քալած ժամանակ փորձութեան մէջ կ՚իյնայ, որով կը մեղանչէ եւ ապա կը զղջայ ու կը կանգնի, դարձեալ կ՚իյնայ ու ապա կը զղջայ, եւ այսպէսով կրնայ միշտ զղջալ մեղանչելէն ետք, որովհետեւ չար մտադրութիւն չունի մեղանչելու:

Իսկ ան որ մտադրուած կերպով կը մեղանչէ, սատանայական ծրագիր կը մշակէ ու սատանային հետ կը գործակցի, որով այդ մեղքը նախապէս մտադրուած կերպով կը գործէ, որով փորձութեան մէջ կ՚իյնայ: Այդպիսին արժանի չէ աստուածային օգնականութեան, այդ պատճառով ալ օգնութիւն պիտի չգտնէ ու վերջաւորութեան առանց զղջալու պիտի մեռնի:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 17

24 դեկտեմբեր 2020, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2021