ՄՈՌՑՈՒԱԾ ԵՒ ԱՆՏԵՍՈՒԱԾ ՕՐԻՆԱԿԸ

Աւագ հինգշաբթի օրը Աւագ շաբթուան մէջ ամենէն ծանրաբեռնուած օրը կը համարուի, նկատի ունենալով, որ այդ օրը լեցուն է եկեղեցական արարողութիւններով, որոնց միջոցով հաւատացեալ մարդը վերահասու կը դառնայ Տէր Յիսուսի աշխարհի վրայ ապրած վերջի օրերուն ունեցած փորձութիւններուն եւ անց ու դարձերուն:

Այսպէս, Աւագ հինգշաբթի առաւօտեան կը մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, որ յիշատակն է Յիսուս Քրիստոսի Վերնատան մէջ կատարած Վերջին Ընթրիքին եւ այդ ընթրիքի ընթացքին Պատարագի՝ Սուրբ Հաղորդութեան հաստատումին: Այսօրուան Պատարագը ժամանակի ընթացքին զանազան անուանումներ ստացած է, ինչպէս՝

«Ընթրեաց Պատարագ»:

«Գոհաբանութեան Պատարագ»: Եւ՝

«Հաղորդութեան Պատարագ»:

Օրուան երկրորդ կէսը երեկոյեան կը կատարուի Ոտնլուայի կարգը, որ Հայ Եկեղեցւոյ ամենէն խորհրդաւոր արարողութիւններէն մէկն է:

Իսկ գիշերը կը կատարուի Խաւարման կարգը, որ յիշատակութիւնն է Տէր Յիսուսի մատնութեան, չարչարանքներուն եւ խաչելութեան:

Այս գրութեամբ պիտի անդրադառնանք Ոտնլուայի կարգին, որ ինչպէս վերը նշեցի, մեր Եկեղեցւոյ ամենէն խորհրդաւոր արարողութիւնն է:

Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ այսպէս կը կարդանք.

«Զատիկի տօնին նախօրեակին, Յիսուս գիտնալով թէ հասած է ժամը, երբ այս աշխարհէն Իր Հօրը քով պիտի երթայ, սիրեց անոնք որոնք այս աշխարհի մէջ իրեն հետեւորդ էին եւ ծայր աստիճան սիրեց զանոնք:

Երբ Յիսուս եւ Իր աշակերտները ընթրիք կ՚ընէին, սատանան արդէն իսկ Իսկարիոտացի Սիմոնի որդիին՝ Յուդայի մտքին մէջ դրած էր Յիսուսը մատնելու խորհուրդը: Յիսուս գիտնալով հանդերձ որ Հայրը ամէն իշխանութիւն տուած է Իրեն եւ թէ Ինք Աստուծմէ եկած է եւ Աստուծոյ կ՚երթայ, ելաւ սեղանէն, մէկ կողմ դրաւ Իր վրայի հագուստը եւ ղենջակ մը առնելով՝ մէջքին կապեց: Ապա ջուր առնելով՝ լեցուց կոնքին մէջ եւ սկսաւ աշակերտներուն ոտքերը լուալ եւ մէջքին կապած ղենջակով սրբել: Երբ եկաւ Սիմոն Պետրոսի մօտ, անիկա ըսաւ.

-Տէ՛ր, Դո՞ւն իմ ոտքերս պիտի լուաս:

Յիսուս պատասխանեց.

-Ինչ որ կ՚ընեմ՝ դուն հիմա չես հասկնար, բայց յետոյ պիտի հասկնաս:

Պետրոս ըսաւ.

-Երբե՛ք Դուն իմ ոտքերս պիտի չլուաս:

Յիսուս պատասխանեց.

-Եթէ ոտքերդ չլուամ՝ Ինծի հետ բաժին պիտի չունենաս:

-Տէ՛ր,- ըսաւ Սիմոն Պետրոս,- ուրեմն ո՛չ միայն ոտքերս լուայ, այլ նաեւ ձեռքերս եւ գլուխս:

Յիսուս պատասխանեց.

-Ան որ լուացուած է՝ մաքուր կ՚ըլլայ, հետեւաբար միայն ոտքերը լուալ պէտք է: Դուք մաքուր էք, բայց ո՛չ բոլորդ:

Քանի Յիսուս գիտէր, թէ ո՛վ պիտի մատնէր զԻնք, ահա թէ ինչո՛ւ ըսաւ՝ «դուք մաքուր էք, բայց ո՛չ բոլորդ»:

Յիսուս Իր աշակերտներուն ոտքերը լուալէ ետք՝ հագաւ Իր հագուստները եւ կրկին սեղան բազմեցաւ: Ապա հարցուց.

-Գիտէ՞ք ինչ ըրի ձեզի: Դուք զիս «Վարդապետ» եւ «Տէր» կը կոչէք, եւ ճիշդ կ՚ըսէք, որովհետեւ իրապէս ալ եմ: Արդ, եթէ Ես՝ Տէր եւ Վարդապետ եմ՝ լուացի ձեր ոտքերը, դուք ալ պարտաւոր էք իրարու ոտքերը լուալ: Ես ձեզի օրինակ մը տուի, որպէսզի դուք ալ իրարու ընէք այն՝ ինչ որ Ես ձեզի ըրի: Լա՛ւ գիտցէք, թէ ծառան իր տիրոջմէ մեծ չէ եւ ոչ ալ ղրկուածը՝ զինք ղրկողէն: Եթէ ասիկա գիտէք, երանելի պիտի ըլլաք՝ եթէ գործադրէք զայն» (Յհ 13.1-17):

Յովհաննէս Աւետարանիչը ա՛յնքան հարազատօրէն ներկայացուցած է Տէր Յիսուսի Իր աշակերտներուն ոտքերը լուալու իրողութիւնը, եւ այդ ընթացքին Իր եւ աշակերտներուն միջեւ տեղի ունեցող խօսակցութիւնը: Նոյն գլուխին շարունակութեան մէջ Յիսուս կը խօսի Իր մատնութեան մասին, ինչպէս նաեւ կու տայ Նոր Պատուիրանը՝ Սիրոյ պատուիրանը: Ինչպէս նաեւ կը խօսի Պետրոսի ուրացումի մասին:

Մեր այս օրուան յօդուածը մոռցուած եւ անտեսուած օրինակը վերնագրեցինք, հիմնուելով Տէր Յիսուսի հետեւեալ խօսքերուն վրայ. «…Արդ, եթէ Ես՝ Տէր եւ Վարդապետ եմ՝ լուացի ձեր ոտքերը, դուք ալ պարտաւոր էք իրարու ոտքերը լուալ: Ես ձեզի օրինակ մը տուի, որպէսզի դուք ալ իրարու ընէք այն՝ ինչ որ Ես ձեզի ըրի: Լա՛ւ գիտցէք, թէ ծառան իր տիրոջմէ մեծ չէ եւ ոչ ալ ղրկուածը՝ զինք ղրկողէն: Եթէ ասիկա գիտէք, երանելի պիտի ըլլաք՝ եթէ գործադրէք զայն» (Յհ 13.14-17):

Յովհաննէս Աւետարանիչին նկարագրութիւնը կարդացինք, թէ ինչպէս Յիսուս Քրիստոս Իր աշակերտներուն ոտքերը լուաց: Արդարեւ, ո՛չ միայն լուաց, այլեւ պատուիրեց, որ աշակերտներն ալ իրարու ոտքերը լուան, ատով աշակերտներուն՝ իրենց նմաններուն նկատմամբ յարգանքի եւ սիրոյ գերագոյն օրինակ մը տալով: Ճի՛շդ է, որ Ինք Աստուած էր, ինչպէս նաեւ Տէր եւ Վարդապետ, ու բնականաբար կարիք չունէր նման բան մը կատարելու, սակայն կատարեց օրինակ հանդիսանալով ո՛չ միայն Իր աշակերտներուն, այլեւ՝ դարերու ընթացքին բոլոր Իրեն հաւատացողներուն:

Օրինակ մը, որ եթէ իրապէս գործադրուէր եւ այսօր ալ գործադրուի, առաջքը պիտի առնէր ու առնէ բազմաթիւ արիւնահեղութիւններու, կոտորածներու եւ թշուառութիւններու:

Օրինակ մը, որ եթէ իրապէս գործադրուէր եւ այսօր ալ գործադրուի, մարդկութիւնը պիտի վերածէր սիրոյ կապով զօդուած հաւաքականութեան մը եւ աշխարհն ալ այդ սիրով միացած հաւաքականութեան անդաստանը:

Օրինակ մը, որ եթէ իրապէս գործադրուէր եւ այսօր ալ գործադրուի, մարդիկը պիտի պահէր ու պահէ իրենց սկզբնական վիճակին մէջ՝ Աստուծոյ պատկերին եւ նմանութեանը համաձայն, որով ատելութիւնները, վրէժխնդրութիւնները, կռիւներն ու անհասկացողութիւնները պիտի չթունաւորէին մարդուն կեանքը:

Ի վերջոյ, օրինակ մը, որ եթէ իրապէս գործադրուէր եւ այսօր ալ գործադրուի, Քրիստոս ամէն օր պիտի չչարչարուէր/ի, ապտակ պիտի չստանար/յ Իր երեսին, թուք պիտի չստանար/յ, փուշէ պսակ պիտի չկրէր/է, խաչ պիտի չհանուէր/ի եւ մեխերով պիտի չմեխուէին Իր ձեռքերն ու ոտքերը, իսկ կողը՝ նիզակով խոցուէր/ի:

Կրնաք հարցնել ինչպէ՞ս թէ Քրիստոս ամէն օր կը չարչարուի, կը խաչուի: Պատասխանը յստակ, սակայն միաժամանակ դժուարհասկնալի է: Մենք մեզ քրիստոնեայ կը կոչենք, չէ՞. շատ բարի. բայց արդեօք քրիստոնեային վայել կեանքով կ՚ապրի՞նք, արդեօք Քրիստոսը մեր կեանքին ուղեցո՞յցն է, արդեօք Քրիստոսին կը նմանի՞նք, մղուելով Իր իսկ խօսքէն, որ կ՚ըսէ. «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի. սիրեցէ՛ք իրար: Ինչպէս Ես ձեզ սիրեցի՝ դուք ալ իրար սիրեցէք: Ձեր իրար սիրելով է, որ մարդիկ պիտի գիտնան, թէ դուք Իմ աշակերտներս [հետեւորդներն] էք» (Յհ 13.34-35): Ահաւասիկ, Տէր Յիսուսի ամէնօրեայ խաչելութեան պատճառը, որ արդիւնք է մեր մէջ սիրոյ պակասին, չըսելու համար սիրոյ ընդհանրապէս բացակայութեան:

Արդարեւ, սէրը մեր էութեան անբաժանելի մէկ մասնիկն է, որու բացակայութեան պարագային մենք կը դատարկուինք մեր ինքնութենէն, մեր էութեանէն:

Սէրը մեզ գեղեցկացնող ա՛յն զօրաւոր զէնքն է, որ հակառակ մեր ունեցած թորոմութեան, ընդունակ է մեզ պարարտացնելու եւ թարմացնելու, կարեւորը մենք տէր կանգնինք անոր:

Սէրը այն միջոցն է, որ մեզ ամրօրէն կը կապէ Աստուծոյ՝ մեզ դարձնելով Իր սիրոյն արժանի եղող զաւակները:

Սէրը այն զէնքն է, որով մարդ կրնայ դիմակայել ամէն տեսակի փորձութիւններու, նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու:

Սէրը այն դեղամիջոցն է, որ մեզ խոնարհ, հնազանդ եւ հեզ կը դարձնէ:

Սէրը այն վահանն է, որ մեզ կը պաշտպանէ դիւային ամէն տեսակի յարձակումներէն:

Ի վերջոյ սէրը այն գրաւականն է, որով համարձակօրէն կրնանք յայտարարել, թէ մենք ո՛չ միայն անուանապէս քրիստոնեաներ ու Քրիստոսի անունը կրողներ ենք, այլեւ՝ գործով եւ մեր կեանքի օրինակով զՔրիստոս պաշտողներ եւ Քրիստոսով ապրողներ ենք:

Հասնելու համար սակայն այդ երանական վիճակին, այսօր՝ աւելի քան երբեք, մենք կարիք ունինք մոռացութենէն եւ անտեսուածութեան գիրկէն կեանքի բերելու Քրիստոսի տուած օրինակը, որ սիրոյ, խոնարհութեան եւ պարզութեան գերագոյն օրինակ մըն է, որու գործադրութեան պարագային մեր այսօրուան կեանքը կը վերածուի դրախտային ու երանական կեանքի:

Քրիստոս անցեալի կամ պատմութեան ընթացքին յայտնուող կերպար մը չէր, որ եկաւ որոշ ժամանակաշրջանի մը մէջ գործեց ու անցաւ: Ո՛չ, Քրիստոս աշխարհի ստեղծագործութնենէն իսկ առաջ էր. «Աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ գոյութիւն ունէր Բանը: Բանը Աստուծոյ հետ էր եւ Բանը Աստուած էր: Անիկա սկիզբէն Աստուծոյ հետ էր: Անով էր, որ Աստուած ամէն ինչ ստեղծեց. առանց Անոր ո՛չ մէկ բան ստեղծեց: Կեանքը Անով սկիզբ առաւ» (Յհ 1.1-4), եւ այդպիսին ըլլալով, Իր տուած պատուիրաններն ու օրէնքները յաւիտենական են, ինչպէս Ի՛նք յաւիտենական է: Աւելին, «նոյնիսկ եթէ երկինքն ու երկիրը անհետանան, խօսքերս պիտի չանհետանան» (Մտ 24.35: Մր 13.31: Ղկ 21.33):

Հետեւաբար, Տէր Յիսուսի՝ «Ես ձեզի օրինակ մը տուի, որպէսզի դուք ալ իրարու ընէք այն՝ ինչ որ Ես ձեզի ըրի» (Յհ 13.15) խօսքին տակ թաքնուած պարզութիւնը, խոնարհութիւնը եւ սէրը վեր հանելով, պինդ կառչինք այդ առաքինութիւններէն, եւ փորձենք մեր պանդխտութեան մնացած օրերը այդ առաքինութիւններով ապրիլ, մեր վրայ ունենալով Քրիստոսի օրինակը, որով սատանան ու իր արբանեակները պիտի ջախջախուին, որովհետեւ սէրը մեզի ուժ, տոկունութիւն եւ ինքնվստահութիւն կու տայ յաղթելու սատանային եւ անոր արբանեակներուն, եւ յայտարարելու, թէ՝ «եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ» (Հռ 8.31):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Երկուշաբթի, 4 ապրիլ 2022, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 14, 2022