ԳԱՆՁԸ ՊԱՀԵԼ, ԶԱՐԳԱՑՆԵԼ ՈՒ ՓՈԽԱՆՑԵԼ

Դիմատետրի էջերուն վրայ, վերջերս, կը պսպղան ձեռարուեստի նմոյշներ. Կիլիկիոյ շրջանի՝ Այնթապ, Սվաս, Մարաշ, նաեւ Վան, Ուրֆա, ասեղնագործութեան նուրբ երանգները, գեղեցիկ հիւսուածքը ուշադրութեան կը հրաւիրեն ակնդիրը:

Ենթագիտակցութիւնդ քեզ ակամայ կը փոխադրէ ծննդավայր՝ Հալէպ, ուր ՍՕԽ-ի դարմանատան կից համեստ վաճառասրահ մը գոյութիւն ունէր, որ դարձեալ այս գեղեցկութիւնը կը սփռէր, կը կանչէր կարծես, խուլ կանչով մը հինէն եկած. գաւառներու մէջ հայ մամիկներու հիւսած ձեռակերտը կար հոն ու նորերը կու գային զարդարել այդ հին արժէքը, նոր դրոշմներով, նորամուծութիւններով հինին նորի տեսք կու տային:

Կը շարունակես թերթել ՀՕՄ-ի Երեւանեան մասնաճիւղերէն մէկուն էջը, որ կ՚առընչուի ՀՕՄարուեստին, ուրկէ կը սփռուին հինի լոյսով շողացող այս պատկերները: Գործերը կը տեսնես՝ մանր, կերպասներու վրայ համրուած հեռաւորութիւններով շարուած ասեղնահարուածներ, որքա՜ն համաչափ, գեղեցիկ եւ որքա՜ն նման Հալէպի այդ վաճառասրահի արտադրութեան, ուր կը գտնէինք մեր նուէրներու ճաշակներուն գոհացումը՝ հիւրասիրութեան ափսէներ, սեղանի սփռոցներ, թաշկինակի ամաններ..., ու կը տեսնես ժպիտները պատկերներուն մէջ գոյացող դէմքերուն, յոգնութեան արգասիքը քաղողի բաւարարուածութիւնը կը նշմարես ժպիտներուն ետին թաքնուած, բայց նաեւ մարմաջը կը տեսնես՝ հոն եղած փայլքին շողը արձագանգելու կամեցողութեամբ լի: Ծանօթ դէմքեր ալ կ՚երեւին պատկերներէն. ծանօթ, հալէպցի ու երթալ, անձամբ տեսնել կ՚ուզես, լսել թափուած ջանքը այս շնորհակալ աշխատանքին:

... Եւ՝ «Մշակոյթը որ կայ անձերու չի պատկանիր, ազգին կը պատկանի. պէտք է անիկա նոր սերունդին փոխանցել, չպահել զայն անհատներու շրջանակէն ներս» ընկերուհի Լիզա Պապօղլեան կը մէջբերէ ՀՕՄարուեստի այս գողտրիկ վաճառասրահին մէջ մեր հանդիպման ընթացքին, ապա՝ «ՀՕՄ-ի շրջանային վարչութեան աջակցութեամբ այս յանձնախումբը յառաջացաւ, հաւատքով նախաձեռնեցինք այս առաքելութեան, եւ լաւագոյնը, բարձրորակը մատուցելու ձգտում մը առկայ է իւրաքանչիւրիս մէջ»:

«Այս աշխատանքը հինգ տարի առաջ սուրիահայ ընկերուհիներու կամաւորութեամբ սկսաւ. դասընթացքներ կազմակերպեցինք, որոնց կը մասնակցէին տեղացի, իրաքահայ, պարսկահայ եւ սուրիահայ կիներ: Մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացաւ ժամանակի ընթացքին եւ հետզհետէ զարգացան դասընթացքները: Մենք մեր բերածը, գիտցածը, մեզի աւանդուածը մատուցեցինք եւ քաղեցինք տեղացի կիներու արուեստի պաշարէն գիտելիքներ ու հմուտներու օգնութեամբ կը փոխանցենք սորվիլ փափաքողներուն: Կիլիկեան շրջանի ձեռարուեստի ցանկին վրայ աւելցան գորգագործութիւնը, թաղիքագործութիւնը, լցակարը, մանրանկարչութիւնը... այսպէս փոխանակում մը տեղի կ՚ունենայ», ուրախութեամբ տեղեկացուց ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի՝ Համեստ Սասունեան-Պէօճիւքեան, որ նաեւ անդրադարձաւ դասընթացքներու նախաքայլերուն մասին, թէ ինչպէս կոմիտէութիւնը տեղ տրամադրած էր իրենց դասընթացքները կազմակերպելու համար, թէ ինչպէս դրամաշնորհներու դիմումներուն ձեռնարկած էին եւ քայլ առ քայլ ոտքի կանգնեցուցած այս նուիրեալ աշխատանքը:

Շաղախում մը նկատելի է վաճառասրահին մէջ, ձեռարուեստի նմոյշներ նոյնիսկ զարդարած են պարզ եւ նրբագեղ վզնոցներ գոյներու գեղեցիկ համադրումով: Շալեր գծագրուած են հինէն հասած նախշերով, այբուբենով. մի քանի գաւառի ձեռարուեստի փոքրիկ նմոյշներ հաւաքուած են մէկ սփռոցի վրայ..., բայց հոն, հոն հինը կը փայլի Վանի ասեղնագործութեամբ ու իր ծոպերը արձակած շողը կը տարածէ նորերուն վրայ:

Ուշագրաւ են նաեւ կլոր, փայտեայ ափսէները, որոնք ձեռագործներու թագուհիի՝ ասեղնագործի նմոյշով մը զարդարուած են, իսկ այս ափսէները սուրիահայ ատաղձագործ տղամարդոց ձեռակերտն են:

«20-25 սուրիահայ աշխատող կիներ ունինք,- կը շարունակէ ատենապետուհին,- որոնք իրենց աշխատանքները կը յանձնեն մեզի, հոս կ՚ամբողջանան ու կատարելութեան կը հասնին, կը պատրաստուին ցուցադրութեան, վաճառքի...»:

Գանձը պահելու, զայն զարգացնելու, հարստացնելու ու նորովի մատուցելու միտում մը նկատելի է, միաւորում մը նաեւ՝ պատմական Հայաստանի ձեռարուեստը արեւելահայաստանի ձեռարուեստին..., ու խօսքը կ՚ընթանայ ապագայ ծրագիրներուն մասին՝ ««Mobil» ձեռարուեստի կիրարկում մը կը մտածենք, մարզերու մէջ միօրեայ դասընթացքներու կազմակերպութեան ծրագրի մը իրագործման ուղղութեամբ աշխատանք կը տանինք,- կը նշէ ատենապետուհին,- մեր փափաքն է միօրեայ այցելութիւններով բացայայտել թաքուն գանձեր եւ սորվեցնել եղած հարստութիւնը բոլորին»:

Յուշեր կը թակեն ներկաներուն մտահորիզոնները, ՀՕՄարուեստի այս վաճառասրահի բացման օրուան՝ 9 փետրուար 2019-ին առընչուող, երբ վարչապետին տիկինը՝ Աննա Յակոբեան, ներկայ գտնուած էր: Ատենապետուհին կը յիշէ՝ «Սվասի գործով լրիւ հաւաքածոյ մը վերցուց Տիկին Աննան, տեղեկացուցի իրեն, որ Լիբանանի Առաջին տիկինը երբ պիտի ճամբորդէ, կ՚այցելէ Լիբանանի ԼՕԽ-ի ձեռարուեստի վաճառասրահը ու հոնկէ կը վերցնէ իր նուէրները, Տիկին Աննան յայտնեց, որ այդ է նաեւ իր մտածումը...»:

ՀՕՄարուեստի այս կեդրոնէն ներս նաեւ տեղի կ՚ունեանան դասընթացքները, ձեռագործ հիւսուածքներու՝ գորգագործութիւն, թաղիքագործութիւն, Մարաշի գործ, Սվասի, Այնթապի, ասեղնագործ, նաեւ փուչիկներով զարդարանք, սերամիքի վրայ զարդանախշերու գծագրութիւն, մանրանկարչութիւն, թղթարուեստ (paper art)... միօրեայ կամ մի քանի դասի տեւողութեամբ: Առ այժմ կեդրոնը ունեցած է 350 աւարտողներ, նոյնիսկ հեռակայ՝ առցանց մասնակցութիւններ, տեղի ունեցած են դասընթացքներուն ընթացքին: Իսկ արտադրութիւնը այժմ դուրսէն պատուէրներով ալ կը սպառի, սփիւռքահայոց հետաքրքրութիւնը նկատելի է:

Գիտակցութեամբ ու նուիրումով զինուած մեղուաջան, քաջալերելի աշխատանք մըն է, որ կը տարուի, զոհողութիւն մը ի սէր ազգային մշակոյթին՝ «ՀՕՄուհին նպատակասլաց է իր առաքելութեան մէջ, կ՚իրագործէ ինչ որ կը ձեռնարկէ» կ՚երզրակացնէ ատենապետուհին:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Մարտ 15, 2019