ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ… ԽԱՉԵԱԼԸ

Ան, որ խաչին վրայ մեռաւ, մեռաւ մեզի համար. մեզի համար, որպէսզի հաւատանք եւ հաւատքը ամուր պահելով՝ կառչինք փրկութեան յոյսէն։

Այսօր Աւագ ուրբաթ է։ Համայն քրիստոնեայ աշխարհին համար սեւով երիզուած այս օրը սուգի եւ տխրութեան օր է, որովհետեւ այս օրուան աւարտին Տէր Յիսուս Քրիստոս խաչը հանուելէ ետք իր վերջին շունչը կը փչէ եւ կենդանութենէն, կեանքէն, ապրելէն ու ապրումէն կը փոխադրուի դէպի անէութեան, լռութեան եւ մահուան աշխարհ։ Կէտ մը, որ մինչեւ հիմա թաքնախորհուրդ կը մնայ… եթէ Յիսուս Քրիստոս մահուան դուռէն դուրս չգար ու մահուան դէմ յաղթանակ չտանէր։

Իր բոլոր բաղադրիչներուն մէջ, քրիստոնէութիւնը երկու տեսակի կեանքերու մասին կը խօսի։ Մին յարաշարժ, անհանգիստ եւ դառնութիւններով ու պայքարներով լեցուն մերօրեայ կեանքն է, որուն աղը ըլլալու կոչուած ենք մենք՝ քրիստոնեաներս, իսկ միւսը՝ հանդերձեալ, աներեւելի եւ մեզի համար անյայտ ու թաքնախորհուրդ միւս կեանքն է։ Քրիստոս այս երկու «կեանք»երու հատման կէտին վրայ կանգնած փրկիչն է, որ կը միացնէ մեր այսօրը եւ կամուրջ կը դառնայ մեզի՝ հասկնալու եւ մտնելու համար յաւիտենական կեանքին մէջ։ Խորքին մէջ այնքան բարդ եւ, միեւնոյն ժամանակ, այնքան պարզ է քրիստոնէական ընկալումը, որու մասին մտածելու եւ խորհելու ժամանակ մենք կարիքն ունինք ըլլալու պարզ, երեխայի նման միամիտ ու քաղցր եւ իմաստուն մարդու նման խոհուն ու հեռատես։ Ի՞նչ կ՚ուզէր Քրիստոս ի վերջոյ եւ ի՞նչ է անոր ներհուն պատգամը այսօր։

Դէպի ո՞ւր կը տանի մեզ իր ուսուցումը եւ ի՞նչ ակօսներ կը բանայ մեր առջեւ անոր վարդապետութիւնը։

Հարկ է այսօր, մեծ տագնապներու, պատերազմներու, մահերու, տարաժամերու եւ հիւանդութեան ա՛յս օրերուն, երբ ամբողջ աշխարհ «կը տնքայ» երեւելի եւ աներեւոյթ ցաւերու գիրկին մէջ, հա՞րկ է մտածել միւս՝ հեռուն մնացած եւ հեռուն «զարդարող» հանդերձեալ կեանքին մասին։ Կամ աւելի հե՞շտ է արդեօք անտեսել ամբողջ գալիքը, մեծ մահերը, կորուստները, ցաւերը եւ կարօտը ու տրուիլ այսօրուան խանդ ու ծիծաղին։

Մտածելու տեղիք կու տայ այս բոլորը, անշուշտ, բայց, մտածելէ աւելի՝ հասկնալու դրոյթ մըն է, որովհետեւ Քրիստոս ինքնին միջնորդ է մեզի համար։ Հարկ է անոր ձեռքէն բռնենք, հարկ է չվախնանք, հարկ է մեր սրտի պատուհանները լայն բանանք, զգալու համար ԱՆՈՐ ներկայութիւնը մեր ապրումին, մեր արեւային ժամացոյցին, մեր պատուհանին եւ մեր կասկածոտ հոգիին մէջ։ Ու այն ատեն, երբ լայն բանանք այդ պատուհանները՝ պիտի հասկնանք, որ մահուան ճանապարհը ընդամէնը սկիզբն է բոլոր սկիզբներուն, որովհետեւ, ինչպէս որ գիրքին մէջ ալ նշուած է, «ան՝ որ ինծի կը հաւատայ, ապա յաւիտենական կեանքով պիտի ապրի»։

Ու այս առաւօտ, երբ Աւագ ուրբաթ օրուան բոլոր տխուր շարականները երգուին, արեւելքի բոլոր հզօր մեղեդիները լռեն եւ այս մոլորակի բոլոր ցաւատանջ մարդիկ հանդարտին՝ յիշենք պահ մը, որ ան մեռաւ մեզի համար, մեռաւ խաչին վրայ, որպէսզի ան, որ իրեն հաւատայ, յաւիտենական կեանք ունենայ...

Աւագ ուրբաթ է այսօր՝ աւագը եւ հզօրը բոլոր ուրբաթներուն։

Ամէն։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Ապրիլ 15, 2022