«ԿԱՆՔ, ԿԸ ՄՆԱՆՔ»

Երեւի հայ «ըլլալու» եւ «մնալու» հրամայականը քիչ մը ամէն տեղ ինքզինք զգալի կը դարձնէ աշխարհի ամբողջ տարածքին: Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքը բացառութիւն պիտի չկազմէ: Եթէ քաղաքին գեղեցկութիւնը կը զգլխէ ու կ՚անցնի ամէն երեւակայութիւն, կը սքանչանաս եւ երեւի քիչ մըն ալ կը «նախանձիս» այն բոլորին, որոնք կ՚ապրին այդ գեղեցկութեան մէջ, բայց այդ քաղաքին մէջ առկայ է նաեւ հայկական գեղեցկութիւնը: Եւ իմ աշխատանքային ու ասպարէզային կեանքիս եւ անոր ամբողջ միջազգային պարունակին ընդմէջէն անկարելի է, որ ազգայինը, հայկականը չփնտռեմ, չգտնեմ ու չտեսնեմ… Բայց նաեւ չհպարտանամ անոր՝ հայկականին գեղեցկութեամբ: Եթէ ասիկա ինքնութեան կանչ է, բայց նաեւ մշակութային հիմք մըն է, առանց որուն՝ պիտի պարպուի իմ եւ ոեւէ մարդու ներաշխարհը:

Սիտնի, Աւստրալիա, Յունիս-Յուլիս 2017: Եթէ կը մասնակցիմ միջազգային մեր կազմակերպութեան աշխատանքային մէկ համագումարին, ուր աւելի քան հարիւր երկիրներէ եկած էին մօտաւորապէս 220 ներկայացուցիչներ, բայց նաեւ մէկ-մէկ կ՚ուզեմ քակել հայկական իրականութիւնը՝ հանդիպելով հայուն՝ հեռաւոր (գէթ՝ ինծի համար) Աւստրալիոյ մէջ: Ոչ հայ գործակիցներս վարժուած են իմ այս սովորութեանս: «Քանի՞ հայու հանդիպեցար այս անգամ», կը հարցնեն ինծի՝ առանց ուշացնելու իրենց դիպուկ սրամիտ կատակը:

Հայկազուն Եպսկ. Նաճարեանին հետ ծանօթութիւն ունիմ այն օրէն, երբ 1990-ական թուականներէն սկսեալ յաճախակիօրէն կ՚այցելէի Էջմիածին, ուր կը փորձէինք հիմը դնել աստուածաշնչային ընկերութեան մեր գրասենեակին: Հալէպ ծնած, Պէյրութ մեծցած ու տակաւին բազմաթիւ երկիրներու մէջ ապրած՝ ան իր հոգեւոր-եկեղեցական առաջնորդութեան ընդմէջէն միշտ ալ եղած է հաստատ՝ իր ինքնութեան եւ կոչումին: «Չեմ գիտեր՝ ո՛ր երկրին հետ առընչել իմ կեանքս», իրեն յատուկ կատակ-տրամադրութեամբ մը սրբազանը իր առաքելութեան կեանքին ճամբան կը ներկայացնէր: Բայց սրբազանին համար Քրիստոսի եւ Հայ Եկեղեցւոյ ծառայութիւնը ամէն բանէ վեր է, եւ ան այսօր իր կարեւոր ներդրումը կը բերէ Հայ Եկեղեցւոյ առաջնորդութեան մէջ՝ Աւստրալիոյ հայկական գաղութին համար:

Նշան Պասմաճեանը դիւանապետն է: Ծանօթութիւնս իրեն հետ կը սկսի Տուպայիէն: Իր մէջ տեսած եմ հայ մարդուն տոկուն նկարագիրը, որ իր մէջ սրսկուած է Քեսապէն՝ իր ծննդավայրէն: «Կուսակցական պատկանելիութիւնս եւ անոր սկզբունքները դարձուցի կեանքի ձեւ», կ՚ըսէ Նշան: «Եւ քրիստոնէութիւնը ծառայութեան եւ սիրոյ սկզբունքներուն լաւագոյն վարդապետութիւնն է, իսկ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին՝ այդ սկզբունքներուն կիրարկման գործելադաշտը», կ՚աւելցնէ ան: Այս բոլորին համադրումով՝ Նշանը «երջանիկ» հայն է, որ հեռաւոր Աւստրալիոյ մէջ կը շարունակէ իր ազգային կեանքը:

Վերապատուելի Գրիգոր Եումուշաքեանի հետ եղած ենք դասընկերներ եւ գործակիցներ՝ Պէյրութի օրերէն, եւ ան այսօր Սիտնիի Միացեալ աւետարանական եկեղեցւոյ հովուական ծառայութեան մէջ է: Եթէ տեղական եկեղեցւոյ մէջ է ան, բայց հայկականը միշտ ալ ցայտուն է իր կեանքին մէջ: Վերապատուելի Եումուշաքեան մեծ աշխատանք տարաւ, որպէսզի հայոց եղեռնը ընդունուի Աւստրալիոյ Միացեալ աւետարանական եկեղեցւոյ կողմէ, որ կը նկատուի երկրին երրորդ մեծագոյն եկեղեցական-կրօնական համայնքը:

Տքթ. Յարութիւն Ճէպէճեան հոգեբոյժ է: Աղեքսանդրիայէն գաղթած է Սիտնի: Ընտանեկան հարազատներ ենք, եւ անոր առաջին անգամ կը ծանօթանայի եւ կը հանդիպէի… Սիտնիի մէջ: Մեր երկուքին մեծ ծնողները Այնթապէն տեղահանուած են: Իր ընտանիքը հասած է Եգիպտոս, իսկ իմ պարագաներս՝ Հալէպ-Պէյրութ: Ընտանեկան-ազգականական մեր կապը պիտի հաստատուէր Աւստրալիոյ մէջ: Եւ ինչպէ՞ս չապրիլ տառապանքին ահաւորութիւնը այն իմաստով, որ հայ ընտանիքներ ոչ միայն նահատակուեցան, այլ նաեւ անջատուեցան… Եւ «զրկուեցան» իրարու հետ ըլլալու եւ միասին ապրելու տեսլականէն… Բայց այս (չ)ապրուած  կեանքերուն եւ անոնց «կորսուած» ու  «կարօտի» հաղորդակցութեան օրերուն պահանջատիրութիւնը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ:

Էտի Տեմիրճեան ծնած է Սիտնի: Ան տնօրէնն է Համազգայինի Արշակ եւ Սոֆի Գոլստըն հայկական վարժարանին: Գեղեցիկ անտառներով շրջապատուած եւ դպրոցական շէնքի բոլոր արդիական յարմարութիւններով օժտուած այս վարժարանը հայեցի դաստիարակութիւն կը ջամբէ աւելի քան 320 աշակերտներու: Եթէ եղած է ժամանակ, որ աշակերտներուն թիւը նուազած է, բայց այսօր արդէն սկսած է կամաց-կամաց աւելնալ: «Ամէն աշխատանք եւ կարելիութիւն կը ստեղծենք, որպէսզի հայ ընտանիքներ իրենց զաւակները հայկական վարժարան ուղարկեն», Էտին է խօսողը:

Եւ նայելով դպրոցին, արդիական շրջափակին,  կարելիութիւններուն, հանդարտ մթնոլորտին եւ կրթական մակարդակին՝ հարց տուի. «Ինչո՞ւ հայ ծնողները իրենց զաւակները հայկական դպրոց չղրկեն»:

Մանուկ Տեմիրճեան Պէյրութի տղան է: Ան Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Ալեքսանտր դպրոցի տնօրէնն է: 41 աշակերտներով փոքր «գումարտակ»ով մը Մանուկը կը պայքարի դպրոցը պահելու… «Մեր միութեան կեդրոնական ղեկավարութիւնը ուզեց դպրոցը փակել տնտեսական պատճառներով»,  ըսաւ Մանուկ՝ աւելցնելով. «Շատ զօրաւոր կերպով դէմ կեցանք»: Եւ զարմանալի չէ… Մանուկը ապրած է Լիբանանի պատերազմը եւ անոր արհաւիրքը: «Թրծուած» է կեանքի դժուար պայմաններուն դէմ պայքարելու եւ մարտնչելու ոգիով: «Վերջապէս համաձայնեցանք, որ մեր ղեկավարութիւնը տնտեսական օժանդակութիւնը պիտի կասեցնէ, եւ մենք մեր գլխուն ճարը պիտի նայինք»,  եզրափակեց Մանուկ: Իսկ «գլխուն ճարը» նայի՞լը… Մանուկ դիմած է պետական օժանդակութեան, եւ այսօր դպրոցը կը ստանայ նպաստ եւ կը շարունակէ իր հայակերտումի առաքելութիւնը:

Եւ հարց պէտք է տալ: Ի՞նչն է սփիւռքեան մեր հայկական իրականութեան մեծագոյն եւ կարեւոր հիմնահարցը: Եթէ «հայապահպանումն» է եւ անոր հետ՝ «պահանջատիրութիւնը», բայց այս սրբազան առաքելութիւնները ի՞նչ նժարի վրայ պիտի դրուին: Նիւթական պարտաւորութի՞ւնը, թէ՞ հայկական ամբողջական մշակոյթի ապահովութիւնը եւ շարունակականութիւնը: Ու տակաւին, պէտք չէ՞ մտածել չորրորդ հայ սերունդին մասին, որ կը մեծնայ… Հապա՞ հինգերորդը… հայ մատղաշ մանուկներու սերունդը: Կարելի՞ է այս սերունդներու հայ «մեծնալու» հոլովոյթը սակարկութեան դնել:

Այս իմաստով իւրաքանչիւր հայկական հանդիպում օղակ մըն էր՝ տեսնելու հայկական կեանքի մեծ խճանկարը Սիտնիի մէջ: Վարուժան Իսկենտերեան կու գայ Երուսաղէմէն, ան Արցախի  նախկին ներկայացուցիչն է Աւստրալիոյ մէջ: Գայլար Միքայէլեան Իրանէն է եւ՝ Արցախի այժմու ներկայացուցիչը: Գօգօ Սողոմոնեան կու գայ Եգիպտոսէն եւ ստանձնած է Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատուութիւնը: Հենրիէթ Անդրէասեան Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչն է եւ կու գայ Իրանէն: Վիգէն Գարօղլեան Հալէպէն է եւ աշխոյժ մասնակցութիւն ունի Համազգայինի մշակութային գործունէութիւններու կազմակերպումին մէջ: Սէմ Արոյեան կու գայ Հալէպէն, իսկ անոր կինը՝ Լիւսին, Եգիպտոսէն: Ճորճը եւ Լենան՝ Քեսապէն եւ Հալէպէն: Եւ այս բոլորին դիմաց անպայմանօրէն հարց կու տաս: Ինչո՞ւ հայը այսքան պէտք էր տեղափոխուէր ու տարածուէր… Ու տակաւին, ապրէր իր հողէն հեռու եւ մէկէ աւելի ոստաններու մէջ:

Բայց իւրաքանչիւր հայկական հանդիպումիս կարելի էր տեսնել նուիրուածութիւնը: Հայապահպանումին եւ հայ մշակոյթին համար նուիրական ծառայութիւնը: Ծառայութիւն մը, որ պիտի ապահովէ հայուն շարունակականութիւնը: Եւ իւրաքանչիւր հայու մէջ, որ հանդիպեցայ, կրցայ տեսնել, թէ ինչպէ՛ս իր սրտին մէջ ճզմած ու շալկած է այս քաղցր լուծը… Ու կ՚ապրի այս քաղցր լուծը ապրեցնելու հրամայականով:

Հայկական Արշակ եւ Սոֆի Գոլստըն վարժարանի բակին մէջ կար արձան մը, որուն վրայ արձանագրուած էր՝ «Կանք, կը մնանք»:

Եւ Աւստրալիոյ իւրաքանչիւր հայկական կեանքին, որ հանդիպեցայ, եւ իր բոլոր տարբերութիւններուն մէջէն ունէր մէկ նուիրական պատմութիւն:

«Կանք, կը մնանք»:

Այս ալ հայկական սփիւռքի բարդ իրավիճակին ու անոր բոլոր տարբերութիւններուն մէջէն դուրս ցցուող հասարակ յայտարարն է, որ կը միացնէ մեզ բոլորս:

Եւ եթէ Մեծ եղեռնէն ետք հայը «ստիպուած» եղաւ տարածուելու աշխարհով մէկ եւ քանի մը անգամ, բայց նոյն հայը  տակաւին ունի ապրող առաքելութիւն:

Եւ այս իմաստով, եթէ հայը կը յիշէ տառապանքը, քանի որ ան «կայ»: Եւ եթէ կը «պահանջէ», քանի նոյն հայը պիտի «մնայ»:

«Կանք, կը մնանք»: Սիտնի եւ տակաւին աշխարհով մէկ:

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 15, 2017