ՏՆԱՐԳԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՑԱՒ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԸԼԼԱԼՈՒ ԱՆՏԵՍՈՒԱԾ ԴԱՐՊԱՍԸ

Դարու բոլոր մարդոց պէս կեանքի եւ քաղաքկրթութեան հեւքը ինծի ալ արգիլած էր բնութեան կշռոյթով շնչել:

Սարսափազդու ժահրը, պետական որոշումով, ուրիշներու պէս զիս ալ տնարգելութեան դատապարտեց: Պարտադրուած, փոխանակ դէպի փողոց նայելու, անցորդներ եւ երթեւեկող ինքնաշարժները դիտելու, սովորութիւն դարձաւ առաւօտուն պատուհանին առջեւ կանգնիլ, ծագող արեւին հետ ըլլալ, սպասել գարնան արթնցող հողին բարիքները, երփներանգ ծաղիկներ, որթատունկին պայթող ծիլերը, կանաչի խոստումով խնձորենին եւ թզենին, նորահարսի պէս սպիտակ հագնող կեռասենին:

Իրարու յաջորդեցին ծաղիկները: Բազմադէմ եւ բազմագոյն ծաղիկներ, քաղաքաբնակ տգէտիս համար անանուն ծաղիկներ: Ձնծաղիկէն, կակաչէն եւ նարկիսէն ետք, ծիածանի գոյներով ծաղիկներ: Դիմեցի համացանցին: Գարնան ծաղիկները անուններ ունէին: Դիմեցի հայերէնով համացանցին անոնց հայերէն անունները գիտնալու: Ծաղիկները հոն էին, պատկերներ, իրենց օտար անուններով, կամ պարզապէս տառադարձուած: Դիմեցի Գուիտոն Լուսինեանի բառարանին, հոն ալ նոյն ծաղիկներուն հայերէնները օտար բառերուն յարմարցուած էին:

Տգէտ եւ իր հայրենի տարածքէն դուրս ապրող եւ աշխարհը օտարի աչքով դիտելու վարժուած քաղաքացիի պէս, ծառերուն եւ ծաղիկներուն մեծ մասին անունները չեմ գիտեր, չեմ լսած, չենք գործածեր: Չեմ գիտեր, թէ Հայաստանի մէջ ապրողը իմ կացութեա՞նս մէջ կը գտնուի, թէ իր հարազատ լեզուի բառերով կը ճանչնայ գարնան կեանքը աւետող այդ ծաղիկները: Հայ հայրենի գրող կինը, օր մը, յուզիչ տողերով խօսած էր «եասաման»ներու մասին: Անծանօթ ծաղիկ մը: Հետաքրքրուեցայ: Ծաղիկը ցոյց տուին: Դիմեցի բառարանին եւ գտայ հայերէն եղրեւանին: Պարտէզի այս կամ այն անկիւնը բուսած աւետաբեր ծաղիկները օտա՞ր եղած են մեր հայրերուն, անոնք այդ ծաղիկները չե՞ն տեսած:

Բանաստեղծ Մեծարենց կը խօսէր «ցանկապատի շուքին բուսած վայրի ծաղիկ»ին, կը հարցնէր թէ անոր անունը «մասո՞ւր էր, թէ կակաչ»... Սպառողական ընկերութեան գերի դարձած քաղաքաբնակը ո՞ր մասուրը կը տեսնէ, կակաչը կը տեսնէ ծաղկավաճառէն գնելով:

Պարտէզին մէջ ինքնիրեն բուսած ծաղիկ մը կայ, աւանդութիւն դարձած է, որ ֆրանսացիները մայիս 1-ին այդ ծաղիկը իրարու նուիրեն, ես ալ, ուրիշներու պէս, կ՚ըսեմ՝ muguet: Կրկին դիմեցի բառարանի օգնութեան, գտայ՝ քօղահեղձ:

ՔՕՂԱՀԵՂՁ

Եթէ Աշխէն-Միւրիէլին քօղահեղձի շիւղ մը նուիրեմ, պիտի զարմանայ, զիս գիտոսիկ պիտի համարէ: Եւ այսպէս, պարտէզի դեղին, մանիշակագոյն ծաղիկները իրենց անուններով պիտի չկոչեմ, որպէսզի զանոնք իւրացնեմ: Բոյսերու անուններ ալ կան, զորս փոխ առած ենք թրքերէնէ, որոնք իրենց կարգին պարսկերէնէ առնուած են, ինչպէս ռեհանը, որ Գրիգոր Զօհրապի գողտրիկ պատմուածքով այնքա՜ն հարազատ դարձած է: Միչդեռ ունինք անոր չգործածուող հայերէնը. շահասպրամ: Ինչո՞ւ շրջանառութեան չի դրուիր Ղեւոնդ Ալիշանի 1896-ին լոյս տեսած ՀԱՅ ԲՈՒՍԱԿ գիրքը, ուր նկարագրուած են Հայաստանի 3400-է աւելի բոյսերը: Նոր սերունդները Ալիշան պիտի չըլլան, բայց միթէ՞ կարելի չէ անոնց սորվեցնել գէթ մեր կեանքին եւ առօրեային մաս կազմող ծաղիկներուն անունները, ծաղիկներ՝ որոնք միայն վարդ, շուշան, մեխակ, կակաչ չեն... կամ ձնծաղիկ, անմոռուկ, թրաշուշան, անթառամ չեն... Ինչո՞ւ նոյնը չընել պտուղներու, բանջարեղէններու եւ ծառերու համար: Խօսուած, գրուած եւ ուսուցուած լեզու մը, որ շրջապատի կեանքին անուն չի տար, դատապարտուած է մաշումի: Երբեմն ալ անհեթեթութիւնը կը վերածենք սովորութեան, ոչ միայն բառը փոխ կ՚առնենք, այլ բառացի թարգմանութիւն կ՚ընենք, ինչպէս գարնան առաջին պտուղներէն զկեռը կամ զղեարը կը կոչենք նոր աշխարհ՝ թարգմանութիւնը ենիտիւնեայի...

Չենք գործածեր այս մէկ բառը, չենք գործածեր այն միւս բառը, եւ լեզուն կը մերկանայ, կը դադրի հաղորդակցական եւ հաղորդութեան գործիք ըլլալէ: Եւ հազուագիւտ դարձող հայերէն ընթերցողը կ՚ըսէ. «Ձեր գրած հայերէնը բարձր է, չեմ հասկնար», կամ որպէս պահանջատէր կը հրամայէ. «Պա՛րզ գրեցէք, որ հասկնանք»:

Հայաստան հարցը լուծած են. հազարաւոր օտար բառեր որդեգրուած են խօսակցական եւ մամուլի լեզուին մէջ: Իսկ քաղաքական գործիչները անխնայ կը գործածեն հայերէնի հետ ոչ մէկ առընչութիւն ունեցող միջազգային կոչուած բառեր: Եւ բարեկամ դասախօս ծանօթս կ՚ըսէ՝ որ լեզուն կը յառաջդիմէ... Պսակաձեւ ժահրը յուաշարար է: Ընկեր-բարեկամ չենք տեսներ: Գարնան արթնցող պարտէզը փոխանակ առանձնութեան-մեկուսացման բալասան ըլլալու, ցաւ կը պատճառէ, քանի որ գարնան ուրախութիւնը իմ հարազատութեամբս չեմ կրնար դիմաւորել: Քիչ առաջ, թաղարներու մէջ ծոթրինի եւ գինձի սերմեր ցանեցի: Ոչ thym եւ ոչ ալ coriandre, ոչ զաաթար, ոչ քըզպարա, նոյնիսկ եթէ հնաոճ պիտի համարուիմ:

Այս ալ բողոք է, ըմբոստացում, révolte... Կամ անզօրութեան պահու մենախօսութիւն... Վաղը Զատիկ է: Իւրաքանչիւրի երդիքին տակ Պատարագ պիտի մատուցուի եւ քարոզ հնչէ, քանի որ մեկուսացուածները եկեղեցի չեն կրնար երթալ:

Այս ալ ծէս է պատարագուող հայերէնի համար: Պատարագ. զոհաբերութիւն:

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Շաբաթ, Մայիս 16, 2020