«ՍԱԱԹԻ ՕՆՆԻԿ»

Փողոցի ծայրին աջ դարձող, կամ ալ շիտակ գացող ուրիշ թրամվայներու գիծին դիմաց, սրճարանի մը ետեւ, ներս քաշուած եռանկիւն տարածութեան մը վրայ միակ խանութ մը կար, որուն լոյսերը ամէն անգամ առջեւէն անցնելուս, ես միշտ մարած կը տեսնէի եւ ապակիէ թափանցիկ հաստ դուռին գոց ըլլալն ալ, հեռուէն դիւրին կը հաստատուէր...: Խանութը դուրսէն սրճագոյն էր: Ճակատին, ոսկեգոյն տառերով գրուած «Սաաթի Օննիկ»ը, ես շատ անգամներ կարդացած էի եւ ուրիշ շատ առիթներով ալ, փայլուն ցուցափեղկերուն առջեւ կեցած՝ ինքզինքիս շատ անգամներ հարց տուած էի, թէ ո՞վ էր այդ Օննիկ ժամագործը:

Անունէն յայտնի էր անոր հայ ըլլալը, բայց դէմքով զինք չէի ճանչնար եւ կ՚ուզէի գոնէ մէկ անգամ խանութին դուռը բաց տեսնել, որպէսզի հետը ծանօթանայի...:

-Զարմանալի էր, թաղին մէջ հայ խանութպաններ չկային, այս Օննիկը ինչպէ՞ս եկած եւ մեր կողմերը խանութ բացած էր,- կը խորհէի, եւ ամէն անգամ երբ մօրս տուած պարապ ամանը ձեռքս բռնած, տան մօտիկ շաքարեղէգի ռուպ ծախող մարդուն խանութը երթայի, վերադարձի ճամբուս վրայ ետեւի փողոցի ամբողջ շրջանը կ՚ընէի, որպէսզի «Սաաթի Օննիկ»ին հայ տիրոջ ծանօթանայի...: Բայց երբ հոն հասնէի եւ խանութին ապակիէ դուռը փակ տեսնէի, առջեւը կեցած, ճարահատ, միայն ցուցափեղկերուն ետեւ շարուած ժամացոյցերը, արծաթէ շղթաները եւ զարդերը կը դիտէի, որոնք հօրս ունեցածներուն շատ կը նմանէին:

Հայրս ալ ունէր այդ զարդեղէններէն: Սակայն ճիշդ չեմ գիտեր ի՛նչ պատճառով, ատենէ մը ի վեր, իր գրպանի կլոր ժամացոյցը եւ տաբատի առջեւի պզտիկ գրպանէն կախուող շղթաները, այլեւս չէր գործածեր: Բայց ես գիտէի, թէ ան դեռ կը գուրգուրար այդ ունեցածներուն վրայ եւ որպէսզի տան մէջ իր չգտնուած ժամերուն ես անոնց հետ չխաղայի, ժամացոյցը, շղթաները եւ շատ ատեններ առաջուայ իր ունեցած ծոպաւոր կարմիր ֆէսը, հագուստներու պահարանին աջ կողմի ամենաբարձր դարանին վրայ, խաւաքարտէ կլոր եւ բարձր տուփի մը մէջ կը պահէր:

Ինծի արգիլուած էր անոնց մօտենալ, բայց երբ առիթ ըլլար եւ մայրս ալ տան մէջ գործով զբաղած ըլլար, ես կը սիրէի հօրս ֆէսը գլխուս վրայ ականջներէս վար իջեցնել, ետեւի ծոպերը աջ-ձախ շարժելով խաղալ եւ ժամացոյցի շղթաներն ալ օդին մէջ արագ արագ դարձնելով, ցուցամատիս վրայ փաթթել ու քակել...: Բայց ես չէի սիրեր որեւէ շղթայով խաղալ: Յատկապէս կը նախընտրէի հօրս ունեցածներուն երկար եւ բարակները, որոնք թեթեւ ըլլալով, արագ կը փաթթուէին մատիս եւ խաղերն ալ աւելի հաճելի կը դարձնէին ինծի....:

Սակայն այս չէր ամէնը եւ պահարանի դարանին վրայ ես դեռ միշտ հօրս դեղին սաթէ համրիչն ալ կը փնտռէի, որուն փայլուն եւ մեծ հատիկները, կը սիրէի մեծերու ըրածին պէս, թելին վրայ մէկիկ-մէկիկ սահեցնել եւ մէկ ձեռքէս միւսին անցնել...:

Ասկէ զատ պահարանի բաց դրան առջեւ ալ, երբ կարճ վայրկեան մը մէկ ոտքս միւսին վրայ նետէի, ինքզինքս մեծցած կը սեպէի եւ մեծ մարդու չափ ալ կարեւոր կը զգայի...:

Բայց օրեր կ՚ըլլային, որ զանազան պատճառներով ես աւելի ժամանակ կ՚ունենայի պահարանին դարանը խուզարկելու եւ այդ պատճառով ալ, ուրիշ անգամներու գտածներովս չէի գոհանար: Այն ատեն դարանին դժուարահաս մէկ անկիւնը հրուած փայտէ պզտիկ տուփիկը կը փնտռէի, որուն մէջի երեք կամ չորս գոյներով աշխատուած մետայլները ես արդէն տեսած էի եւ գիտէի, որ իրարու վրայ կը ծալուէին, կամ ալ կլոր օղակներով չորս անկիւններէն իրարու միացած՝ տաբատներու առջեւի ժամացոյցի պզտիկ գրպանէն կախուած կը գործածուէր...:

Ես կ՚ուզէի որ հայրս օր մը այդ մետայլները ինծի նուիրէր:

Ձեռքիս մէջ բռնած՝ կամ ալ երբեմն կարճ տաբատիս առջեւ կախած՝ ինչե՜ր ըսես չէի երեւակայեր այդ պահուն...:

Մետայլները հրապուրիչ էին, ուրիշ տեղեր անոնց նմանը չէի տեսած եւ մինչեւ իսկ «Սաաթի Օննիկ»ին ցուցափեղկերուն մէջ ալ այդ մետայլներէն չէին գտնուեր: Սակայն միայն անոնք չէին որ զիս կը հրապուրէին եւ անոնցմէ զատ, ժամագործի խանութէն դուրս, դեռ ուրիշ բան ալ կար, որ երեւակայութիւնս կը գրգռէր ու միտքով գրեթէ միշտ ուրիշ աշխարհներ կը փոխադրէր զիս:

ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ
Հատուած՝ հեղինակին Besame Mucho գրութենէն
Քափինաս, Պրազիլ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2020