ՆԱԽԿԻՆ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՊԵՏՐՈՍ ՔԻՐԱԶԵԱՆ. «ԱՌԱՋՈՒԱՆ ՀԱԼԷՊԸ ՄՈՌՑԷՔ»

Երեւանի սրտին վրայ, մեթրոյի «Հանրապետութեան» կայարանի ճիշդ կողքը՝ կայ «թաղամաս» մը, ուր խանութներ ունին տասնեակ հալէպահայեր։ Երեւանի քաղաքապետարանի տնօրինութեան եւ ընծայած դիւրութիւններուն շնորհիւ հալէպահայ մեր հայրենակիցները հիմնած են իրենց «օճախներ»ը, ուր կը վաճառեն տնային ապրանքատեսակներ, հագուստեղէն, մինչեւ իսկ արեւելեան, բայց մանաւանդ հալէպեան ուտելիքներ։

Այդ խանութներէն մին կը տնօրինէ հալէպահայ Պետրոս Քիրազեան, որ շնորհիւ իր աշխատասիրութեան կարողացած է ստեղծել հալէպեան ուտեստներու փնտռուած հաստատութիւն մը։

Պետրոս Քիրազեան վերջերս այցելութիւն տուած էր Հալէպ ու այդ առթիւ անոր հետ ունեցայ հետաքրքրական հարցազրոյց մը։

-Պրն. Քիրազեան, երկար տարիներ բացակայութենէ վերջ, շաբաթներ առաջ Հալէպ վերադարձաք: Ի՞նչ տրամադրութիւններ կը տիրէ այնտեղ, ի՞նչ շօշափեցիք:

-Այս իմ երկրորդ այցն էր Հալէպ, առաջին այցս եղած էր երկու տարի առաջ՝ 2017 թուականին։ Իմ այս այցելութեան ընթացքին նկատեցի, որ ժողովուրդին տրամադրութիւնը առաջուընէ լաւ է:

-Ի՞նչ զգացում ունեցաք, երբ Դամասկոսէն դէպի Հալէպ ճամբայ ելաք:

-Դամասկոսէն Հալէպ ճանապարհին անընդհատ անցարգելներու կը հանդիպէինք, շուրջ երեսուն զինուորական անցարգել կար, ինչ որ լաւ երեւոյթ է, որովհետեւ ինչքան շատ ըլլան անցարգելները, ապահովական առումով աւելի լաւ է ժողովուրդին համար: Սակայն ցաւալին այն էր, որ վարորդները այդ անցարգելներէն իւրաքանչիւրին քանի մը հարիւր սուրիական տալով կ՚անցնէին, առանց քննուելու կամ խուզարկուելու: Այս երեւոյթին երկու տարի առաջ ալ հանդիպեցայ, այս անգամ քիչ մը աւելի օրինաւոր էր, բայց նորէն դրամ տալով անցնողներ կային, ինչ որ շատ վատ է, քանի այդպէսով ով ի՛նչ ապրանք կ՚ուզէ կը մտցնէ քաղաք, իրենց համար նշանակութիւն չունի, կարեւորը այդ 200 կամ 500 դրամն է: Իսկ ինչ կը վերաբերի ահաբեկիչ խմբաւորումներուն, զինեալներ ընդհանրապէս չկային ճամբան, ապահով էր:

-Ի՞նչ տպաւորութիւն ունեցաք, երբ Հալէպ մուտք գործեցիք: Մէկ տարիէ ի վեր արդէն բացակայ էիք, ի՞նչ զգացում ունեցաք այդ պահուն։

-Կրնամ ըսել, որ բաղդատմամբ անցեալ տարուան, աւելի լաւ էր վիճակը: Համեմատած անցեալ այցիս, ճամբաները աւելի մաքուր էին, դասաւորուած: Ելեկտրական հոսանքի մատակարարումը աւելի լաւ է, առաջ օրական միայն 2-3 ժամ հոսանք կու տային, ներկայիս բարելաւուած է: Ջուրը, որ ժողովուրդին համար ամենաէականն է, բնականոն կերպով կը տրուի։

Սակայն, ինչ կը վերաբերի շրջապատին, այսօր ըստ իս, այլազգիներուն մէջ ապրիլը շատ դժուար եղած է: Նոյնիսկ ամենամօտիկ դրացիդ, որուն հետ տարիներ ապրած ես, կը զգաս, որ հայուն եւ քրիստոնեային տարբեր աչքով սկսած է նայիլ: Կը լսես այս ինչ դրացիդ ընդդիմադիր եղած է, կամ մահացած է, կամ վիրաւորուած է, ըլլայ պետութեան ինքնապաշտպանական հրթիռներուն պատճառով, կամ ահաբեկիչներու, ընդդիմադիրներու պատճառով, որուն հետեւանքով ալ ժողովուրդին մէջ թաքուն ոխ մը յառաջացած է, մանաւանդ այլազգիներուն մէջ: Թէեւ նախապէս լաւ դրացի էինք, իրարու հետ կ՚աշխատէինք, եղբօր պէս էինք. հիմա զգոյշ պէտք է ըլլալ. այս կէտը բնաւ լաւ չէր:

Ապա այն հանգամանքը, որ հայերու մեծամասնութիւնը իրենց տուները վաճառքի դրած են, արդէն յուսախաբ կ՚ընէ: Հայերու տուներուն 90 առ հարիւրը վաճառքի են, այդ մէկը կ՚երեւի դուրսը դրուած յայտարարութիւններէն, անշարժ գոյքի գործակալներու գրասենեակներէն, նաեւ ժողովուրդէն կը լսես. «Միայն ծախենք, վերջանայ: Հիմա գործ ալ չկայ, շուկան շատ տկար է»:

Իմ հոն գտնուած ընթացքիս, գիշերով երկու անգամ ձայներ լսեցինք պայթումի, կրակոցի։ Այդ դէպքերը տեղի կ՚ունենային քաղաքէն դուրս, սակայն մտահոգիչ էին։ Երեկոյեան ժամը 6-7-էն վերջ փողոցները, ճամբաները ամբողջութեամբ մութ են, լոյս չկայ, վախ կ՚ապրիս ամայութենէն եւ մութէն: Միւս կողմէ, այդ այլազգի պզտիկները, որոնք պատերազմի սկիզբը 10 տարեկան էին եւ հիմա դարձած են 18 տարեկան, շատ անդաստիարակ մեծցած են, հայհոյանքը բերաննին, ամէն մէկը մի քանի հոգիով խումբ կազմած, ճիշդ յանցագործ խումբերու նման եղած են, իրենց խօսակցութիւնն ու պահուածքը շատ վատ է, յանկարծ քրիստոնեայ աղջիկ մը չտեսնեն, անպայման խօսք մը պիտի նետեն: Բայց հոն մնացողները վարժուած են այս մթնոլորտին, կ՚ըսեն. «Ոչ մէկ խնդիր կայ, շատ հանգիստ ենք, շատ լաւ ենք»:

Ես այս վատ կողմերը նկատեցի, իրենց համար կրնայ ըլլալ պարզ սովորական երեւոյթներ են։

-Այսինքն նախկին Հալէպը փնտռեցի՞ք:

-Առաջուան Հալէպը լրիւ մոռցէք։ Հոն մնացած հայերն ալ զզուած են այլեւս, բայց այն որ միջոց չունի դուրս ելլելու, ուզէ-չուզէ պիտի մնայ, համակերպի: Շատ դժուար է, չենք կրնար այպանել զիրենք, բայց ես մէկ խօսք կ՚ուզեմ ըսել. հոն, ուր այլազգի կայ, հայը գործ չունի այլեւս: Իմ կարծիքս այս է:

-Բայց մենք դարերով ապրած ենք արաբներու, իսլամներու հետ: Ծոցի արաբական երկիրներուն մէջ ալ հայեր կ՚աշխատին այսօր:

-Ճիշդ է, առաջ շատ լաւ էր, եղբայրական մթնոլորտ կար, հիմա լրիւ տարբեր է: Ծոցի երկիրներու մէջ ալ աշխատանքի բերումով շատ հայեր կան, այո, բայց սխալ է։ «Հայուն փուշը, ոչ՝ այլազգին նուշը», ես այս համոզումը ունիմ այլեւս:

-Իսկ չէք կարծե՞ր, որ Հալէպի մէջ ձեր նկատած յոռի երեւոյթները կրնան սրբագրուիլ, շտկուիլ։

-Այո՛, պէտք է սրբագրուի, եւ կը շտկուի, բայց երկար տարիներ կը պահանջէ: Մարդոց մէջ ոխ աճած է այլեւս, ամէն տունէ զոհ կայ, կարծես երկու կողմի պատերազմ է, ընդդիմադիրներու եւ՝ պետութեան ու ժողովուրդի:

-Իսկ ընդդիմադիրները չեն պարտուա՞ծ, ձեր կարծիքով:

-Պարտուած են, բայց մինչեւ հիմա շրջանը չէ մաքրուած: Այսօր Հալէպէն քիչ մը դուրս, Զահրաա, այդ կողմերը չես կրնար երթալ: Ո՞րն է լաւանալը, եթէ Հալէպէն 10-20 քիլօմեթր դուրս չես կրնար ելլել, վախով ես: Միայն Դամասկոսի ճամբան է, որ հանգիստ կրնաս ճամբորդել, մնացեալ ճամբաներէն վախով կ՚անցնիս, եթէ քիւրտերու կողմը պիտի մտնես, անձնաթուղթդ կ՚առնեն, կը նային, կը ստուգեն, քիչ մը վախնալիք եղեր է միջավայրը: Օրինակ՝ իմ խանութս Ռամուսէի շրջանն է, գացի Ռամուսէ, մարդ չկայ, ժողովուրդ չկայ, դրացիներդ որոնք հոն են, քեզ կը ճանչնան, սակայն ո՛չ դուն իրենց կրնաս վստահիլ, ո՛չ ալ իրենք քեզի կը վստահին, ըսելով՝ որ ասի «Նըսրանի» է։ Մինչդեռ առաջ այս բաները չկային, եղբօր պէս էինք: Խանութներու վարձքերը չորս անգամ աւելցած է. օրինակ, եթէ խանութի մը վարձքը 50 հազար էր, եղած է 200 հազար. դեռ այս գինը խիղճ ունեցողի պարագային, շատեր կան մինչեւ ութ անգամ սղցուցած են, օրէնք չկայ, համաձայնութեան վրայ է:

-Ձեր կարծիքով՝ այս վիճակին մէջ հայութիւնը պիտի կրնա՞յ գոյատեւել:

-Հայութիւնը պէտք է գոյատեւէ, բայց ինչպէ՞ս: Հետզհետէ կը նուազի հայութեան թիւը, այսքան ժողովուրդ, որ Հալէպ կ՚երթայ տունը ծախելու, ինչպէ՞ս հայութիւն պիտի մնայ: Շատ դժուար հարց է:

-Պրն. Քիրազեան, դուք Հայաստան եկաք պատերազմի հետեւանքով եւ եօթ տարիէ ի վեր հաստատուած էք Երեւան: Ի՞նչ տուաւ ձեզի Հայաստանի այդ եօթ տարին:

-Այո, ես եօթ տարիէ ի վեր Հայաստան եմ: Ամենադժուար հանգամանքը այն էր, որ սուրիահայերու մեծամասնութեան նման, պատրաստ եկած չէինք, միայն մեր հագուստնները առած եկած էինք, մտածելով, որ երկու-երեք ամիս կը մնանք ու կը վերադառնանք։ Երկու ամիսը եղաւ մէկ տարի, մէկ տարին եղաւ երկու եւ այսպէս… Ունեցած դրամնիս վերջացաւ, աշխատանքի պարագան հոս դիւրին չէ, օրական 3 հազար դրամով աշխատեցանք եւ շաբաթը երկու օր, ուրիշ գործ չէի գտած: Օրինակ՝ ես Վերնիսաժ սեղան դրի, համեմունք սկսայ վաճառել։ Ինչպէս գիտէք, շաբաթը երկու օր միայն կը գործէ Վերնիսաժը, երկու օրուան մէջ ի՞նչ պիտի ծախեմ, ի՞նչ պիտի շահիմ, որպէսզի ապրիմ: Մենք չորս հոգի ենք, ընտանեօք աշխատած ենք, պայքարած ենք, մինչեւ որ կրցանք բան մը ընել՝ եւ հիմա ինչպէս գիտէք, այս համեմունքի խանութը կը վարենք։

-Հիմա գո՞հ էք, այսքան դժուարութենէ ետք:

-Հիմա, երբ շուկային մէջ ճանչցուեցանք, Վերնիսաժի այդ յաճախորդներն ալ ապրանքիս որակին ծանօթ ըլլալով սկսան մեր մօտ գալ, փառք Աստուծոյ, գոհ ենք: Յետոյ ես թորնաճի (հաստոցի վարպետ) ըլլալով, արհեստիս շնորհիւ նաեւ կրցայ այս գործը մեծցնել, աղալու մեքենաներ պատրաստեցի եւ սկսայ աղալ: Նաեւ Հալէպի մէջ ունիմ ընկերներ, որոնք համեմունքի գործի վրայ են, իրենցմէ բաւական գաղափարներ առի, իրենք ալ օգնեցին, չափեր տուին եւ այլն եւ այդպէսով կամաց-կամաց ոտքի կանգնեցանք: Դժգոհ չենք, զերոյէն սկսած եմ եւ փառք Աստուծոյ հիմա կ՚աշխատիմ:

-Ի՞նչ խօսք ունիք այն սուրիահայերուն, որոնք այսօր Հայաստան կ՚ապրին։

-Խնդիրը այն է, որ լաւ բան չէ, որ Հալէպը առանց հայութեան մնայ, չենք ուզեր այդ բանը ըլլայ, բայց կը կարծեմ, որ Հայաստան հաստատուած հայերը պէտք է ամէն գնով հոս մնան, շէնցնեն իրենց հայրենիքը: Ես, օրինակ, պարտաւորուած լքեցի Հալէպը եւ այլեւս չեմ կրնար հոն կրկին գործի սկսիլ, աշխատիլ: Հոս գոնէ ինչ ալ ըլլայ հայրենիքս է: Ժողովուրդին ալ համբերութիւն կը մաղթեմ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Օգոստոս 16, 2019