ԱԿՆԱՐԿ 41 - ՀԻԱՍԹԱՓՈՒԹԻՒՆ ԵՒ Ո՛Չ ԲԱՐՈՅԱԼՔՈՒՄ

Ազգովին կ՚ապրինք հանգրուան մը, ուր ամէն ինչ գլուխն ի վայր շրջուած է: 2020 թուականին մեր կրած ամօթալի պարտութիւնը եւ այդ պարտութենէն ետք տեղի ունեցած զարգացումները, կարծէք հարուած հարուածի ետեւէ եկան հիասթափեցնելու, յուսախաբ դարձնելու մեզմէ շա՜տ շատերուն:

Խօսքս, բնականաբար, ընդհանուրին չի՛ վերաբերիր, որովհետեւ ինչպէս մեր հայկական իրականութիւնը բաժնուած է տարբեր-տարբեր հատուածներու, այդպէս ալ որպէս անհատ կամ հաւաքական մարդիկ, բաժնուած ենք տարբեր խումբերու: Պիտի ըսէք բայց բազմազանութիւնը անհրաժեշտ է ազգի մը գոյութեան, բարօրութեան ու յառաջխաղացին: Արդար եւ իրաւ: Սակայն, այս ճշմարտութիւնը կամ արդէն իսկ համամարդկային օրէնքի վերածուած երեւոյթը մեր ազգին չի՛ վերաբերիր.

Չի՛ վերաբերիր՝

Որովհետեւ «մէկս միւսին կոխած տեղը չի՛ ուզեր», ինչպէս մեր առօրեայ՝ ժողովրդային խօսակցութիւններու ընթացքին կ՚ըսենք:

Որովհետեւ մենք մեր կարծիքէն բացի եւ մեր կարծիքէն դուրս պատրաստակամութիւն չունինք ո՛չ մէկ այլ կարծիք լսելու:

Որովհետեւ մենք մեզ աւելի բարձր կը դասենք քան մեր պատկանած հաստատութիւնը, կուսակցութիւնը, միութիւնը, եւ այլն:

Որովհետեւ վերը յիշատակուած կառոյցները աւելի բարձր ու առաջնային կը դասենք քան ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ:

Որովհետեւ Հայաստանը մեզմէ շատերուն համար ո՛չ թէ Հայրենիք է, այլ՝ հիւրատուն, ժամանցի վայր, պսակադրութեան եւ մկրտութեան յարմար միջավայր:

Որովհետեւ սփիւռքի գաղթօճախները շա՜տ աւելի մեծ արժէք կը ներկայացնեն մեզի, քան մեր երկիրը, մեր Հայրենիքը:

Որովհետեւ սփիւռքը վերածած ենք ՆՊԱՏԱԿԻ եւ ո՛չ միջոցի կամ պայմաններու եւ պարագաներու ստեղծած, յառաջ բերած երեւոյթի, որ մնայուն կամ հեռանկարային արժէք չի՛ կրնար ունենալ (այդ ալ մեր սխալ մտածողութեան պատճառն է, որովհետեւ սփիւռք հասկացողութիւնը մենք վերածած ենք հայրենիք հասկացողութեան, այն ինչ սփիւռք մը՝ ցանկացած սփիւռք, հայկական կամ այլ ազգերու ու ժողովուրդներու երբեք հայրենիքի չի՛ վերածուիր):

Որովհետեւ մենք գաղափարներ, համոզումներ, սկզբունքներ ու արժէքներ կրող ըլլալէ դարձած ենք այդ արժէքներով պարզապէս շպարուող:

Որովհետեւ ազգային գաղափարախօսութիւնը եւ պետականամէտ մտածողութիւնը վերածուած են սեղաններու շուրջ կամ բեմերու վրայ արտասանուած լոզունգներու եւ ո՛չ աւելին:

Որովհետեւ Կրթութեան նախարարութեան ղեկին գտնուած անձնաւորութիւնը կրնայ առանց ամօթի յայտարարել, թէ ծնողները չե՛ն որ պիտի որոշեն թէ ի՛նչ պիտի սորվին զաւակները դպրոցներէն ներս:

Որովհետեւ մեր ներկայի լրագրութիւնը վերածուած է գարշահոտ ճահիճի մը, ուրկէ միայն ատելութեան, թշնամութեան, հակառակասիրութեան քարոզի ձայներ ու կոչեր կը լսուին:

Որովհետեւ մեր հոգեւորականութեան ստուար զանգուածը վերածուած են վաճառականներու, դրամաշորթերու, մամոնայապաշտներու:

Որովհետեւ մեր ներկայի իշխանութիւնները մեր ժողովուրդին վրայ իրենց ապիկար գործունէութեան պատճառով բերած են Ժողովողի Իմաստուն Հեղինակին տուած վայը, թէ՝ «վա՜յ քեզի, երկի՛ր, երբ քու թագաւորդ մանուկ է ու իշխաններդ մինչեւ առտուն կերուխում կ՚ընեն» (Ժղ 10.16):

Մէկ խօսքով յայտնուած ենք ո՛չ նախանձելի վիճակի մը եւ դժբախտաբար դեռ եւս ելքը կ՚ուշանայ այս տարտարոսէն, ինչի մէջ յայտնուած ենք: Բնականաբար, շատեր հիմա պիտի գան ըսելու, թէ այդքան ալ վատ կամ ծանր չէ իրավիճակը… չեմ հակադարձեր, որովհետեւ մեր օրերուն տարբեր կարծիք յայտնելը ձեւով մը վերածուած է մահացու իններոդ մեղքի (իններորդ կ՚ըսեմ, նկատի ունենալով որ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը անտարբերութիւնը ութերորդ մահացու մեղք համարած է), որով նման իրավիճակի մը մէջ կարծիք արտայայտելը, գրելը, խօսիլը, քննարկելը վերածուած են պարզապէս ժամավաճառի:

31 հոկտեմբեր 2023-ին հետեւեալ գրութիւնը տեղադրեցի դիմատետրի էջիս.

«Կը հարցնեն.

Վերջերս ինչո՞ւ անդրադարձ չէք կատարեր, չէք գրեր հայութիւնը յուզող հարցերուն մասին։

Հարցումին հարցումով պատասխանեմ՝ ակնկալելով գէթ մի քանի անկեղծ պատասխան.

-Որո՞ւ համար գրեմ,

* հասարակութեան մը, որ շատոնց դադրած է առողջ մտածելակերպ ունենալէ.

* հասարակութեան մը, որու մօտ ընդհանրապէս կը բացակային հոգեւորութիւնը, ազգային գաղափարախօսութիւնը, պետականամէտութիւնը, ազգային ոգին ու արժէքները.

* հասարակութեան մը, որ երբ իշխանութիւններուն ապազգային գործելաոճին անդրադառնաս, քեզ կը պիտակաւորեն որպէս նախկին, ձրիակեր կամ բիցցայակեր.

* հասարակութեան մը, որ երբ որեւէ մէկ կուսակցութեան մարտավարութեան անդրադառնաս, քեզ նիկոլապաշտ կ՚անուանեն.

* հասարակութեան մը, որ երբ եկեղեցւոյ խնդիրներուն մասին բարձրաձայնես, չ՚ուշանար անթիլիասական, Էջմիածինի ստրուկ, նախկին անթիլիասական որակումները.

* հասարակութեան մը, որու անբարոյականացած, սկզբունքներէ եւ արժէքներէ դատարկուած ըլլալու մասին կ՚անդրադառնաս, չեն ուշանար վիրաւորական արտայայտութիւնները.

* հասարակութեան մը, որ երբ փաստերով կ՚ապացուցես, թէ կրթութիւնը, ուսումը սկսած են զիջիլ նիւթին եւ նիւթականին, ապա կը լսես՝ ըհըը.... սկսեց փիլիսոփայել.

* ի վերջոյ հասարակութեան մը, որու մէջ ո՛չ մտաւորականը, ո՛չ գիտնականը, ո՛չ բժիշկը, ո՛չ հոգեւորականը յայտնի են, որովհետեւ ՏԻՎԱՆԻ փափկութիւնը եւ բարձի մը առկայութիւնն է, որով կարելի կ՚ըլլայ չափել այդ բոլորը...

Հիմա պատասխանեցէ՛ք խնդրեմ, այս բոլորէն ետք արժէ՞ հայութիւնը յուզող նիւթերու մասին բարձրաձայնել...

Յ.Գ. Աւելի կը նախընտրեմ գրիչիս, միտքիս ու հոգիիս ստրուկը դառնալ եւ անոնցմով առաջնորդուիլ, քան թէ զուր տեղ ջիղ մաշեցնեմ այդ խնդիրներուն մասին...»:

Գրութիւնս վերնագրած եմ «հիասթափութիւն եւ ո՛չ բարոյալքում», որովհետեւ հաւատացողն եմ, որ հիմա աւելի քան երբեք ժամանակն է աշխատելու, աշխատելու եւ աշխատելու: Իւրաքանչիւր անհատ իր կալուածին մէջ պիտի իր կարելին ընէ, որպէսզի իր ապրումները, Հայրենիքի մասին մտածածն ու երազածը կեանքի կոչէ: Վստահաբար, եթէ մեզմէ իւրաքանչիւրը՝ մտաւորականութիւնը, մշակոյթի գործիչը, ուսուցիչը եւ աշակերտը, դերասանը, պատմաբանը, երգիչը, ճարտարապետը, հոգեբանը, մանկավարժը. բանուորը, հողագործը, հասարակական գործիչը, փաստաբանը, բժիշկը, խմբագիրը, համալսարանի դասախօսը եւ ուսանողը, հոգեւորականը, քաղաքագէտը, դիւանագէտը (պետական գործիչը զանց ըրի, քանի որ մենք պետական գործիչներ դժբախտաբար չունինք…), մէկ խօքով բոլոր բոլորը եթէ իրենց գործով զբաղին եւ իրենց գործը ընեն, ապա մօտիկ ապագային կրնանք մեր մէջքը ուղղել եւ շարունակել մեր գոյապայքարը մարդկութեան պատմութեան շառաւիղին մէջ, հակառակ պարագային արեւամարը որու մէջ հիմա ազգովին կ՚ապրինք, պիտի չյաջողինք կանգնեցնել եւ մենք ալ մեր արեւին հետ յաւիտեան պիտի շիջինք…:

Բարոյալքումի մէջ չե՛նք, այլ՝ հիասթափութեան, իսկ այդ հիասթափութենէն դուրս գալու համար մեզմէ իւրաքանչիւր իր ընելիքը ունի:

Մարտահրաւէրը տրուած է…

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

13 նոյեմբեր 2023, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2023