ԱՐԴԵՕՔ Ո՞Ր ՕՐՈՒԱՆ ԿԸ ՍՊԱՍԵՆՔ

Այս օրերուն աշխարհի տարածքին ամէն ինչ բարդ է ու գրեթէ աննախատեսելի: Ո՛չ ոք գիտէ, թէ վաղուան լոյսին հետ ի՜նչ ուրուականներ պիտի ծնին կամ կրնան ծնիլ: Աշխարհի մեծերու դէմքերուն վրայ դժոխքի եւ ատելութեան ու թշնամանքի կնիքը շատ յստակ տեսանելի է:

Հապա՞ մենք: Մեր կեանքն ալ դարձած է ամէնօրեայ սուր ճակատամարտ: Ազգովին զոհ ենք աննպաստ պայմաններու: Ա՜լ մանրուքներով զբաղելու ատենն ու ժամանակը շատոնց անցած է: Վերջապէս, պէտք է գիտնանք, որ միասնաբար պատասխանատու ենք պատմութեան առջեւ: Պատասխանատու կեցուածք, եթէ կ՚ուզէք: Չենք կրնար ամէն բան բախտի ձգել: Չենք կրնար այսպէս զիրար ատելով ապրիլ եւ յառաջանալ:

Այս կը նշանակէ չկորսնցնել միութիւնն ու միասնական ոգին: Այլեւս հաւատալու չենք մեզի պարտադրուած զինադադարներու կամ դաշնակիցներու կեղծ խոստումներուն: Անոնք կը նմանին այն մերկացած ծառերուն, որոնք ժամանակ մը վերջ կրնան դարձեալ ծաղկիլ: Խաբուսիկ իրավիճակ:

Լուրջ եւ խոհեմ, առողջ մտածողութեամբ, գիտակից, հեռատես եւ արթուն ղեկավարութիւն է պէտք, թէ՛ սփիւռքի եւ թէ հայրենիքի մէջ: Չեմ գիտեր ինչո՞ւ նման «բաներ» լուրջի չենք առած: Կարծես տարբեր մոլորակի մէջ կ՚ապրինք: Ազգովին թէեւ ընդհանրապէս դժգոհ եղած ենք իրարմէ, բայց ալ պէտք է գիտակցինք: Զիրար չխաբենք: Էական է գիտնալ, թէ այսօր մենք ո՞ւր կեցած ենք իբրեւ ազգ ե՛ւ ժողովուրդ ե՛ւ հայրենիք: Հարկ է մենք մեզի հարց տանք: Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր դիրքը, մեր կեցուածքը, մեր ապագան: Լաւ նայինք մեր շուրջը եւ տեղեկանանք, թէ որքա՞ն է մեր ազգային գիտակցութեան չափանիշը: Արդեօք «բան» մը սորվա՞ծ ենք ուրիշներէն, օտարներու «գարուններէն» եւ ազգերու ու յատկապէս մեր պատմութիւններէն: Ունինք ներքին եւ արտաքին հիւանդութիւններ, որոնց վախը աւելի զոհ կը խլէ, քան մանրէն:

Երբ մենք այս օրերուն հասանք, արդէն մեզմէ անկախ հասունցած էին դէպքերը: Անոր համար ներկայիս ազգովին կ՚ապրինք մեր պատմութեան ամենէն վտանգաւոր եւ վճռական պահերը: Այս մասին պէտք է գիտակցինք: Լրջանանք:

Հայու ոգին դարձեալ դժուար պայքարի մէջ է: Բայց ո՞վ է մտիկ ընողը: Ահա թէ ինչո՛ւ կ՚այպանենք այս 21-րդ դարը, որ դարձած է ամեհի եւ խստաբարոյ եւ որ ունի ջղային տրոփում: Հակասական եւ անհաւասար:

Աշխարհի զանազան եւ բազմազան ժողովուրդներու նման մենք ալ ինքնակամ, յօժարակամ, ճակատագրի հովերէն քշուած, մեծ երկիրներու քաղաքական խաղերուն զոհեր դարձած ենք:

Յստակ է: Այս բոլորը մենք բոլորս ալ գիտենք, եւ մեր մէջ կը սրտդողինք ու մենք մեր մէջ ալ կը յուսահատինք, ու խելայեղօրէն լուծում մը կը փնտռենք, ինչպէս նաեւ լուծում ապահովող զարկերակ։ Բայց, չենք գտներ: Չկան, կ՚ըսենք: Ասոնց կողքին, մեր այս հայկական աղմուկին մէջ, բացակայ են նաեւ մեր հաւաքական կամքն ու տեսիլքը։ Որովհետեւ ամէն մէկս դարձած ենք անձնասէր եւ անհաղորդ։ Լոյսէն եւ իրականութենէն վախցող ու խոյս տուող էակներ դարձած ենք։ Դիմակաւոր։ Տգեղ եւ զազրելի։ Վախկոտ: Կարծես ձուկերու միամտութիւննը ժառանգած ըլլայինք:

Էհ, վերջը ո՞ւր պիտի հասնինք:

Հաւատացէ՛ք, որքան տկար կը զգամ ինքզինքս եւ նոյնքան ալ փոքր, հրէշային այս մեծութիւն ունեցող հարցումին եւ անկէ սպասելիք պատասխանիս առջեւ: Մոռցած ենք ապրող եւ շնչող հաւաքականութիւն ըլլալնիս: Ցաւալի է այս մէկը: Հիւանդոտ եւ ատելութեամբ լեցուն մտքերով կը շարունակենք մեր կեանքը, շուարած եւ սարսափած: Կարծես ժամանակաւոր սկսած ենք ապրիլ մեր մայր հողին վրայ: Օտար քամիներուն անձնատուր եղած ըլլալ կը թուինք: Մեր դէմքերուն վրայ տակաւին նստած է ատելութեան, զիրար չհանդուրժելու, դժկամութեան ծանր եւ սեւ ստուերը: Եւ չենք անդարադառնար, որ մեր իսկ նման վարմունքով եւ ձեւերով պղծած ենք մեր ծանր վէրքի եւ սուգին նուիրականութիւնը:

Մեզի հրամցուած խաբկանքին ու մխիթարութեան հաւատացած ենք: Մէկ խօսքով զոհ ենք համաշխարհային հաշիւներու: Այս մէկուն պէտք է հաւատանք: Անոր համար մեզի բաժին ինկած են ցնցումներ, որոնք մեր կեանքը դարձուցած են անհրապոյր:

Եւ տակաւին՝ մեր օրերը, բացի յոյսէն եւ խաղաղութենէն, իրենց հետ ամէն առաւօտ ուրիշ «բաներ» ալ կը բերեն: Ամէն օր մեր բառերը, աղօթքի հեւք ունին: Հաւատքի փնտռտուքի եւ յոյսի տեսակ մը աղաղակ: Մոռցած ենք, որ մեր երկիրը իր յստակ եւ մաքուր առաքելութիւնը ունի: Մեր մտքերը հինցած են, եւ հին ներկի նման կորսնցուցած են իրենց գոյնն ու փայլքը: Ու այս մէկը հայուն վայել չէ: Երբեք:

Անհրապոյր ժամեր կ՚ապրինք: Ամէն վայրկեան տխրութիւն եւ վէրք: Իրականութիւնը իբրեւ յանձնառութիւնը ընդունիլը քաջութեան համազօր է, ըսած են մեր մեծերը: Ահա մեր ներկայի  իրականութիւնը: Իրավիճակը: Սթափումի ճիգ պէտք է, որպէսզի վաղուան մեր ինքնութիւնը չմաշի: Այս մէկը իբրեւ յորդոր, իբրեւ աղաչական խրատ, միշտ եւ ամէն առիթով կրկնած ենք:

Ճիշդ է, որ ազգովին մտահոգ ենք: Ո՛չ մէկ կասկած: Սգաւոր ալ ենք: Վկայ վերջին այս պատերազմէն ստացած մեր բաժինը: Ուստի անյապաղ կարիքը ունինք ճկուն եւ պատասխանատու ղեկավարներու, որոնք մեր բոլոր ցաւերուն եւ կարիքներուն մօտէն ծանօթ են: Որոնք, իրենց «ես»էն առաջ, ազգային «մենք» ի մասին կը մտածեն: Հայութեան շարքերը ներգրաւող եւ հայութիւնը միաւորող նախագիծով մարդոց անմիջական կարիքը ունինք, իմաստուն քաղաքականութեամբ եւ հայու ինքնութիւնը ապահովող փայլուն ապագայի ծրագիրներով:

Մեզի համար էական է նոր կեանքով ապրիլը: Մենք պէտք է, որ վերածնինք: Ամբողջ ու ուժով եւ միակամ: Մնանք հայկականութեան ակունքներուն, նոր կեանքով, սիրոյ եւ մխիթարանքի ապաստարաններով, որպէսզի իբրեւ ազգ, շարունակենք մեր ազգային երթը գիտակից աշխարհի պատմութեան մէջ:

Ճիշդ է դժուար է կշռել տարողութիւնն ու ծանրութիւնը անհաւատալի եւ սրբազան կորուստներուն: Խունկ եւ աղօթք: Բայց պէտք է ականջ տալ նաեւ կեանքի թաքուն ձայներուն: Եւ քանի որ այս օրերուն ալ դէպքերը սկսած են վազել մեր ճակատագրի ետեւէն, ուստի ամէն բան բախտին եւ օտարի քմահաճոյքին պէտք չէ ձգել:

Յստակ է, թէ մեր կեանքը ամէն տեղ սկսած է հիւծել մեր մարմինը: Կ՚ապրինք յուզուած, ընդվզումներով եւ նոյնիսկ անիծելով անյայտը: Բայց չմոռնանք, որ մեր անկախ եւ ազատ երկրի գոյութեան մէջն է մեր հոգեկան հիմքը: Ահա թէ ինչու միասին եւ միակամ լուսաւոր Հայաստան մը կառուցելու հրամայականը:

Դարերէն մեզի հասած պատգամ մըն է: Արդեօք ո՞ր օրուան կը սպասենք: Դո՛ւք ձեզի հարց տուէք:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2020