ՏԻԿԻՆ ՍՈՆԱՅԻՆ ՏՂԱՆ

Ձուկը բերի՞ սառնարանէն, միսը, հաւը, կանաչեղէնը, պանիրը..., անգամ մըն ալ ստուգեմ ամէն ինչ. հոս, քարին վրայ շարեմ ու սկսիմ պատրաստել մի առ մի:

Տղաս հաւը սխտորով կը սիրէր, ձուկը՝ տապկուած, փիլաւը՝ բրինձով ու առատ կանաչեղէն կ՚ուտէր:

Արդեօք հիմա նո՞յնն է քիմքին համը, փոխուե՞ր է արդեօք աղի ու շաքարի զգացողութիւնը քիմքին. օրե՛րը երբեմն կը փոխեն համի ճաշակը, հապա տարինե՞րը: Բայց ես պիտի պատրաստեմ եօթ տարի առաջուան սիրածները, կարօտ կայ չէ՞, նոյնիսկ համի ու հոտի:

Է՜հ, եօթ երկար տարիներ անցան մեկնումին, ինչե՜ր փոխուած կրնան ըլլալ եօթ տարի առանձին ապրելով: Վստահ հիմա աւելի ինքնուրոյն է, աւելի ինքնավստահ, որոշումները հաստատ, քայլերը կշռուած:

Յղկուած է հիմա վստահ մենութեան մէջ, ինքնիրեն մտածելով, ինքնիրեն զգալով ու ապրելով միայն ինքնիրեն հետ:

Բայց ամէն մարդ մինակ է, չէ՞. կան բազմութեան մէջ ապրող մինակներ, կան հասարակութեան, ընկերութեան մէջ շնչող մինակներ, ընտանիքի մէջ մինակներ...:

Ամէն ինչի մէջ լաւը տեսնենք: Աւելի լաւ չէ՞ կարողանալ ինքնուրոյն վարել մենութեան ղեկը եւ ստիպուած չըլլալ շրջապատուիլ այլերով, ուր ամէն ինչ դժուար ըլլայ անհատին մենութեան համար:

Գնաց տղաս, եօթ տարի առաջ. այն օրը սպաննեցի մէջս «ոչ»ը, «մայր»ը ու չըսի՝ «մի՛ երթար», քանի տեսայ իր կրակոտ աչքերուն մէջ խանձող փափաքը. փափաք՝ հեռանալու, մենանալու, ինքնուրոյն ոտքի կանգնելու, ինքնուրոյն իյնալ-ելլելու, կեանքը ճանչնալու ու իր տեղը անոր մէջ որոնելու:

Գնաց: Գիտէի սակայն, որ պիտի վերադառնայ, ինչպէ՞ս, չեմ գիտեր: Ո՛չ, ո՛չ գիտեմ. այնպէս ինչպէս օր մը փորձեց անակնկալ ընել ինծի ու առանց լուրի այցելութեան եկաւ: Քովս ծանօթ մը կար այդ օրը ու դրան զանգը երբ լսեցի, ըսի՝ «տղաս եկաւ, ելլեմ դուռը բանամ», այդպիսով ձագուկիս անակնկալը փճացուցի: Ահա թէ ինչպէ՞ս եւ ուրկէ՞ գիտեմ:

Նոյնը չէ տղաս. ամէն անգամ երբ հեռաձայնով խօսէի, կը նկատէի փոփոխութիւնը ձայնին ելեւէջներուն, երբեմն նաեւ ոճին, միայն նոյնը կ՚ըլլար երբ ցաւ մը ապրած ըլլար, հիասթափութիւն մը, ձախողութիւն մը. ասոնք են միայն, որ մարդուն մէջ մանուկը կը սթափեցնեն ու ան, քանի՛ տարեկան ալ ըլլայ, կը փնտռէ գիրկ մը լալու, սփոփուելու, մխիթարուելու, մենութենէն պահ մը ելլելու:

Գիտէի, որ պիտի վերադառնայ այն ատեն, երբ յաղթէ իր ներսի «ոչ»երուն, երբ «ոչ»երէն «այո»ներուն տանող սողոսկուն անցք մը գտնէ, այդ անցքերէն անցնիլ կարողանայ, սողայ անոնց մէջ, նեղութենէն չգանգատի, ու այդ ընթացքին որոշէ իր ուղին՝ ինքնուրոյն, ինքնավստահ. հաւատայ այդ ուղիին ու նեղութիւնը չտեսնէ անոր եւ մանաւանդ ետ երբեք չնայի, բայց մերթ ընդ մերթ հարկաւ յիշէ իր փորձառութիւնները, որոնք սիւներն են այս ուղիին:

Բրինձի հատիկները մէկիկ-մէկիկ կը գլորին հաւու արգանակին մէջ ու Տիկին Սոնա մէկ կողմէն զոյգ մը պնակ եւ զոյգ մը գաւաթ կը շարէ սեղանին եւ քնքշութեամբ ու սիրով կը համեմէ ամէն բոյր, ամէն համ, ամէն դգալի հարուած...

Բայց այս պարոյկը ի՞նչ է, ինչո՞ւ չորս դիս կը պտտի, կը մտմտայ ինքնիրեն եւ չ՚ուզեր պարոյկին հարցումը կարդալ, քանի գիտէ որ եօթ տարուան մենութեան վարժութիւնը ինչ հետեւանքներ կրնայ բերել կամ ազատութեան թեւերը նորէն աճեցնել:

Տիկին Սոնա կը զգա՞ր արդեօք իր իսկ մէջի փոփոխութիւնը, իր իսկ մենութեան վարժութիւնը...

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունուար 17, 2020