ԼՈՒՍԻՆԷ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ. «ՄԵՆՔ ՉՍՏԵՂԾԵՑԻՆՔ ԿՈՒՌ, ՀԶՕՐ ԵՐԿԻՐ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՉԿԱՐ ԱՅԴՊԻՍԻ ՆՊԱՏԱԿ»

Հայաստանի ներքին իրադարձութիւններուն շուրջ կարծիքը շօշափեցինք հրապարակախօս ու լրագրող Լուսինէ Յովհաննիսեանի։ Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր հարցազրոյցին սղագրութիւնը։

*

-2021 թուականը փակեցինք մեծ անորոշութիւններով. Արցախի պատերազմին թողած «հետքեր»ով ու ապագայի հանդէպ մեծ հարցադրումներով...։ Ի վերջոյ, որպէս Հայաստանի քաղաքացի ի՞նչ մտորումներով դիմաւորեցիք նոր՝ 2022 թուականը։

-Նոր թուականը դիմաւորելու յատուկ արարողակարգ չունիմ, արդէն երկրորդ տարին է, որ արարողակարգերը խաթարուած են։ Այս տարին տարբեր է միւսներէն, որովհետեւ անընդհատ անձնական, առօրէական բաներու մասին մտածելու փոխարէն՝ անընդհատ «ի՞նչ վիճակի մէջ ենք եւ ի՞նչ ընելն է ճիշդ» հարցումը իմ ուղեղիս մէջն է իր բոլոր հնարաւոր շարադասութիւններով։ Առաւելագոյնը, ինչ որ կ՚ուզեմ այսօր՝ Հադրութի, Շուշիի վերադարձն է, Արցախի կարգավիճակի ճշդումը առանց պատերազմի։ Սա երազանք է, սա տեղի չի կրնար ունենալ։ Դժբախտաբար մեր զոհուած տղաներուն վերադարձուիլը անհնար է։ Ուրեմն, առաւելագոյն երազանքները անիրական են։ Մնացեալ միտքերը կը շրջանառուին՝ անընդհատ փոփոխութեան ենթարկուելով։ Ես չունիմ այն հին կայուն վիճակը, երբ գիտէի ինչ կ՚ուզեմ։ Նախ՝ որովհետեւ ես ունիմ զաւակներ, որոնց ապրումները, միտքերը, Հայաստանի վաղուայ, նոյնինքն վաղուայ, ուղիղ իմաստով վաղուայ, այլ ոչ՝ ապագայի հետ կապուած, ինծի համար ուղղորդող են, ես մինակ չեմ ստեղծեր իմ զգացածը, մինակ չեմ փնտռեր ու գտներ, որ մէկը ճիշդն է, քանի որ կան իրենք եւ իրենք աւելի երկար պիտի ապրին այն երկրին մէջ, որ պիտի մնայ։ Իմ միտքերը փոփոխական են, ծայրայեղ փոփոխական, եւ այդ պատճառով աւելի շատ կը լռեմ, քան՝ կը խօսիմ։ Ես առաւօտեան կ՚արթննամ «միայն թէ ոչ պատերազմ» միտքով, երեկոյեան կը լսեմ՝ «այսպէս հնարաւոր չէ ապրիլ» միտքը անոնցմէ, որոնք պիտի կրեն իրենց վրայ «այսպէս չապրելու» ահաւորութիւնը։

-Շատեր կը զարմանան Հայաստանի մեծ հանրութեան կամ հասարակութեան դատումներէն: Մասնաւորապէս, ներքին քաղաքական առօրեային մէջ Հայաստանի քաղաքացիին դրսեւորած տեսակէտներուն առընթեր։ Ի՞նչ են խորքային պատճառները այսօրուան իրավիճակին եւ առկայ ընթացքը դէպի ո՞ւր կրնայ տանիլ մեզ։

-Հայաստանի հասարակութեան հետ պատահած աղէտը մագնիսարձագանգային նկարումներու պէս հերթով բացայայտած է հասարակութեան եւ ժողովուրդի մտաւոր-հոգեբանական բոլոր շերտերը եւ եզրագիծերը։ Ես հիմա ալ անկեղծօրէն չեմ ըսեր, թէ ինչ շերտեր են անոնք, որովհետեւ չեմ ուզեր բարձրաձայն ըսել, բայց քանի մը հատը թուարկեմ․ կայ տգիտութեան խնդիր, թէեւ՝ պատերազմի ժամանակ հերոսութիւն կը գործէին թէ՛ կրթուածները, թէ՛ քիչ կրթուածները։ Բայց պատերազմէն յետոյ եւ պատերազմէն առաջ այս հանգամանքը շատ որոշիչ է։ Մենք ունինք հարիւրաւոր պատմութիւններ, թէ ինչպէս իրենք զոհուելով ընկերը փրկած է, բայց խաղաղ պայմաններու մէջ, ոեւէ մէկը մեզի այնպէս չ՚ատեր, ինչպէս մենք զմեզ, մասնաւորապէս՝ հայաստանցի-ղարաբաղցի հակադրութիւնը ու այդ երկուքին մէջ լաւի ու վատի տարբերակումը, ինչ որ ապուշութիւն է որեւէ գիտութեան տեսանկիւնէն, բայց ապուշութիւնը միշտ անմեղ յանցանք չէ, ան երբեմն կը դառնայ ճակատագրական, ինչպէս այսօր։ «Թուրքիա» հարիւրամեայ առասպելական սարսափը, Հայաստանի ու Արցախի համար մէկ օրուայ մէջ դարձաւ բացարձակ իրականութիւն, տեսանելի եւ շօշափելի իրողութիւն։ Պարզուեցաւ, որ Թուրքիան իրական է։ Այս անսպասելի ցնցումէն Հայաստան չի կրնար արտաբերել որեւէ սթափ բան այդ երկրին կամ անոր հետ շփման ձեւերու շուրջ, նաեւ կան իշխանութիւններու անսթափ, ոչ-բանական մտաշիթերը, որոնց կը հանդիպիս հատուածաբար մամուլին մէջ եւ արագ չես կողմնորոշուիր, թէ արդեօք կատակ է՞, զառանցա՞նք, վրիպա՞կ, թէ դաւաճանութիւն։ Եւ այս հոգեբանական անընդհատ դարձող անիւին մէջ Հայաստանի ժողովուրդը «հիմա թուրքը կու գայ ու կը մորթէ Երեւանի կեդրոնին մէջ» ու «Հա, ինչ վատ է, որ Թուրքիոյ հետ առեւտուր կ՚ընենք» ընդլայնուած քննարկման այս երկու նժարներուն վրայ է, որոնք մեծ ճոխութեամբ կը ճօճուին։ Մենք քիչ մը խախտուած ենք, մենք շատ անգրագէտ ենք, եւ վերջապէս՝ մենք կրնայինք թոյլ տալ մեզի այս երկու ճոխութիւնը, եթէ տունը «մեծ» ըլլար, այսինքն՝ իշխանութիւն, որուն վստահէինք հոգեկան խաթարումը, անգրագէտ ըլլալը եւ մենք զմեզ ամբողջապէս։ Իսկ թէ դէպի ո՛ւր կը տանի մեզ այսօրուայ ընթացքը՝ ես եւ մեծ մասը, իմ կարծիքով միայն կրնանք ենթադրել։

-Շատեր սկսած են հաւատալ, որ այսօր հայութեան համար սփիւռքի գոյութիւնը դարձած է «It’s a must» վիճակ մը։ Այլ խօսքով՝ սփիւռքին որպէս կազմակերպուած միաւոր, դեռ երկար պէտք պիտի ունենայ հայութիւնն ու Հայաստանը։ Համաձայն է՞ք այդ մօտեցումին, իսկ եթէ ոչ, ինչո՞ւ։

-Սփիւռքի մասին մեր դատողութիւնները հիմնուած են սովետական պատրաստ դատողութիւններուն, յետանկախացման շրջանի գործիչներու, անհատներու տարբեր վերաձեւակերպումներու, կիսկատար կատակերգական հեգնական ձեւակերպումներու, լրատուականներու պարբերաբար հաղորդուող զգայուն կամ հայրենամեծար գրութիւններու ու լուսաբանական զեկոյցներու վրայ։ Իրականութեան մէջ մենք գաղափար չունինք սփիւռքի մասին, որովհետեւ մենք շփում չունինք, մենք գիտենք միայն Հայաստան եկած սուրիահայերը, պարսկահայերը ու շրջագայութեան եկող ամերիակահայերը եւ զուտ կենցաղային մակարդակով։ Հայաստանի հասարակութիւնը չի պատկերացներ սփիւռք կառոյցը, անոր շերտերը, անոր շահը, երազանքը, ցանկութիւնը եւ միտքը։ Եւ, ի վերջոյ սփիւռքը փոփոխութիւն կրած է սերնդային առումով, նոր սերունդը շատ հեռացած է նախորդներու հռետորաբանութենէն ու զգացումներէն։ Սփիւռքը իմանալու կարիք կայ, որմէ յետոյ կ՚իմանանք ի՛նչ ունինք եւ ո՛վ են անոնք ու ի՛նչ ուժ են։ Սփիւռքը այսօր այլեւս չունի նախկին հայրենաբաղձ գրութիւններու, երգերու, կրթօճախներու փառաբանման տրամադրութիւնը՝ ըստ իս, սփիւռքը վերաձեւուած է տարածքային առումով, նաեւ շատ հայաշատ օճախներ այլեւս չկան կամ շատ նուազած ու կը շարունակեն նուազիլ։ Փոփոխութիւններու ընթացքին նաեւ սփիւռքի հայերու վերաբերմունքը Հայաստանի եւ հայաստանցիի հանդէպ սկսած է փոխուիլ։ Այս ամէնուն հետեւանքով, մենք իրօք չենք գիտեր, թէ ինչ է սփիւռքը այսօր։ Սփիւռքը այսօր պարզապէս սովորութիւն է, մինչդեռ հզօրագոյն բան կրնայ դառնալ։

-Որպէս գրող, հրապարակախօս ի՞նչ ըսելիքներ ունիք՝ մանաւանդ, որ հրապարակախօսութեամբ հանդէս եկող գրողները կ՚ունենան նաեւ «պատգամ» մը, ըսելիք մը: Առնուազն ընթերցող հասարակութիւնը այդ ըսելիքին կը սպասէ։

-Ես զիս բաւարար խելացի կամ իմաստուն չեմ համարեր պատգամ ունենալու համար։ Ես ինքս մոլորուած եմ։

-Շատեր կը դիտարկեն, որ անցնող զարգացումները, երեսուն տարուան անկախ Հայաստանի քաղաքական-ընկերային «կենսագրութիւն»ը տեղ մը ցոյց կու տայ, որ հայութիւնը ո՛չ միայն ձախողեցաւ կուռ, ուժեղ եւ հզօր երկիր մը կերտելու մէջ եւ այդ ձախողումին ակունքներուն մէջ էր անշուշտ այն մօտեցումը, որ մենք՝ հայերս «ծերացած ազգեր»ու շարքին ենք։ Կա՞յ այդպիսի բան։

-Ի հարկէ, հին ենք, գուցէ յոգնած ենք, հնարաւոր է։ Այդ չապացուցուելիք բան է։ Մենք նաեւ պատմութեան աւելի կարճ՝ վերջին կտրուածքով սպառած ենք, բայց սպառած ենք՝ եօթանասունականներուն ու անկէ առաջ ծնածներս, ինչո՞ւ մեր սպառած ըլլալը փաթթենք սերունդի մը վրայ, որ մեզի հետ քիչ ընդհանուր գիծ ունի։ Մենք չստեղծեցինք կուռ, հզօր երկիր, որովհետեւ չկար այդպիսի նպատակ։ Կար խօսքի չընդհատուող փառատօն, սեփական ու մերձաւորներու բարեկեցութիւնը հոգալու անդուլ մրցավազք։ Յետոյ եկաւ աղէտը՝ մարդու եւ յետոյ պատերազմի տեսքով։ Կեանքը կը պարտադրէ, որ մարդը արագօրէն փոխակերպուի պարտադրուած դժուարութիւններուն տակ։ Կ՚ապրինք՝ կը տեսնենք։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունուար 17, 2022