ՍԱՂԻՄԱՀԱՅ ՅԱԿՈԲ ՓԱՆՈՍԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԻՆԾԻ ՀԱՄԱՐ ՄՇՏԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔ Է»

Արաբ-իսրայէլեան խնդիրը բաւական խճճուած եւ բազմաթիւ շերտեր ունեցող տագնապ մըն է: Սոյն հարցին մասին գրելու համար կան հիմնական աղբիւրներ, որոնք սակայն միշտ չէ, որ արդարացի եւ անաչառ կերպով հանրութեան կը ներկայացնեն Իսրայէլի եւ յատկապէս Երուսաղէմի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը: Այդ բացը լրացնելու լաւագոյն միջոցներէն է լսել Երուսաղէմի առօրեային ծանօթ եւ զայն ապրող մարդոց կարծիքը: Ու յաճախ կարեւոր ալ չէ, որ այդ մարդիկը յայտնի համալսարաններ աւարտած վերլուծաբաններ ըլլան: Սաղիմահայ Յակոբ Փանոսեանին հետ զրուցելու պահուս շատ յստակ կը դառնար, որ Երուսաղէմ ծնած ու հոն ապրած այս հայորդին ոչ միայն բաւարար տեղեկութիւններ ունի պաղեստինեան հարցին, Երուսաղէմի ընդհանուր իրավիճակին եւ արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան մասին, այլ ունի կարողութիւնը տուեալ հարցերուն հանդէպ խորքային մօտեցում մը ունենալու: Բացի լրատուութեան միջոցներէ, տուեալ քաղաքին մէջ ապրող խօսակիցէ մը աւելի իրաւացի եւ աւելի ճշգրիտ տեղեկութիւններ ստանալու հաւանականութիւնը միշտ կը կարեւորուի։ Իսկ այս պարագային մեր հարցումներուն պատասխանողը քանի մը տարիէ ի վեր, կամ նոյնիսկ պարագաներու բերումով Երուսաղէմ ապրող մէկը չէ: Այլ այդ Սուրբ Քաղաքին մէջ ծնած ու հոն ապրած, այդ քաղաքի կենսագրութեան, գոյներուն, պայքարներուն, հոն տեղի ունեցող դէպքերուն եւ ընթացող գործընթացներուն ծանօթ մէկը: Յակոբ Փանոսեան նաեւ անոնցմէ մին է, որ խոհուն մարդու մը աչքերով կը նայի հայկական Երուսաղէմին շուրջ պատահող դէպքերուն: Լաւ գիտէ վերջին երեսունհինգ տարիներու ընթացքին եղած կարեւոր դէպքերը ու հիմնուելով իր կեանքի փորձառութեան վրայ, գիտէ նաեւ կարեւոր շեշտադրումներ ընել մօտ ապագայի մասին: Ճիշդ է ան տեսանող մը չէ (ու մենք առաւելաբար կը խուսափինք իրենք զիրենք տեսանողի դերին մէջ դրած մարդոց հետ զրուցելու), բայց եւ այնպէս, ան Երուսաղէմը գիտէ «ներսէն»: Անցնող շաբաթներուն Փանոսեան կը գտնուէր Երեւան եւ այդ առիթը օգտագործելով ունեցանք ստորեւ ներկայացուած շահաւէտ հարցազրոյցը:

Պէտք է ըսել նաեւ, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողը շատ մեծ դիւրութեամբ պիտի նկատէ ու հաղորդակից դառնայ այն միտքին, որ որեւէ տագնապի մասին շատ յաճախ մասնագիտական մօտեցում ունենալը հիմնարար նախադրեալ մը չէ, քաղաքի մը տուեալ պարագային՝ Երուսաղէմի մասին առողջ, բազմակողմանի եւ անաչառ մօտեցում փոխանցելու համար: Յակոբ Փանոսեան այդ անաչառութիւնը կրողներէն մին է ու կ՚արժէ լսել անոր մօտեցումներն ու օգտուիլ անոր փոխանցած տեղեկութիւններէն: Իմ խօսակցիս հետ տարբեր թեմաներու մասին խօսելու ընթացքին ու յաճախ, երբ խօսք կ՚երթար Երուսաղէմի Հայոց վանքին ու այդ դարաւոր համալիրի շուրջ ձեւաւորուած կեանքին մասին՝ Փանոսեան կը նախընտրէր լռութեամբ անցնիլ այն հարցերը, որոնց ընդմէջէն այս տողերը գրողը կը փորձէր յաւելեալ լոյս սփռել սաղիմահայութիւնը յուզող հարցերուն վրայ:

Ու այդպէս աւելի ճիշդ եղաւ չգրել այն հարցերուն մասին, որոնց շուրջ խօսիլը ըստ Փանոսեանի, ոչինչ պիտի փոխէր համայնքին կեանքէն ներս: Պարզ է, որ սաղիմահայութիւնը այսօր ունի բազում խնդիրներ, որոնք կարիք ունին լուծումներու: Համայնքային կեանքէ ներս առկայ հարցերուն ամենէն մտահոգիչը համայնքի թիւին ընդհանուր նուազումն է: Այդ նուազումը կախեալ չէ միայն արտագաղթի երեւոյթէն, այլ համայնքին մէջ նոր ընտանիքներ չկազմուելու հարցէն: Ամէնամեայ դրութեամբ եւ շատ բնականոն ընթացքով համայնքը կ՚ապրի տերեւաթափ ու այդ երեւոյթը հաւասարկշռելու կարեւորագոյն գործօնը նոր ընտանիքներու կազմութիւնն է, ինչ որ մեծ թերացում կ՚արձանագրէ: Հարցը ունի մանաւանդ տնտեսական երեսակ, որովհետեւ այսօրուան դրութեամբ Երուսաղէմի կամ անոր շուրջ եղած հատուածներուն մէջ բաւական «թանկ հաճոյք» է բնակարաններ վարձակալելու հարցը: Տակաւին չենք խօսիր նոր կամ օգտագործուած բնակարան մը իւրացնելու մասին, որ հայկական համայնքի երիտասարդ խաւին համար «երազային» պարագայ մըն է: Ու բնականաբար, եթէ այս հարցը լուծուի, եթէ երիտասարդներուն առիթ տրուի, որ իրենց դրամական միջոցներուն համեմատ բնակարաններ ձեռք ձգեն, ապա վստահաբար շատ արագօրէն սաղիմահայութիւնը պիտի օժտուի նոր ընտանիքներով:

Ինչպէս տարբեր խնդիրներու, այս պարագային եւս հայութիւնը կը նախընտրէ «մեծ գաղափարներ»ով տարուիլ, բայց մոռնալ էականն ու հիմնականը: Միջին Արեւելքի քարտէսին վրայ Երուսաղէմը ունի իր յատուկ դիրքն ու դերը, Երուսաղէմը կը համարուի մարդկութեան օրրան ու ասոր զուգահեռ շատ բնական է, որ հայութիւնը փորձէ ամէն գնով այդ պատմական տարածքներուն վրայ իր ունեցած մարդագրական պատկերը պահպանել:

Մտավախութիւն կայ, որ յառաջիկայ տարիներուն սաղիմահայութիւնը կորսնցնէ իր ունեցած թուային քանակը ու պատահի նաեւ այն, որ համայնքին մէջ գոյատեւէ ու մնայ միայն վանական համալիրը՝ իր միաբանութեամբ ու պատրիարքով:

Բայց ինչ օգուտ այդ բոլորը, եթէ այդ համայնքը դատարկուի իր պարունակէն ու հոն մնացած մեծահասակները կեանքի բնութեան անյեղլի օրէնքներուն ենթարկուելով հեռանան մեր աշխարհէն:

Պարագան բաւական մտահոգիչ է եւ արժանի՝ նպատակային եւ արագ լուծումներու, որոնց մէկ օրինակին մասին խօսած է խօսակիցս սաղիմահայ՝ Յակոբ Փանոսեան:

-Յարգելի Պրն. Փանոսեան, ի՞նչ առիթով է, որ կ՚այցելէք Հայաստան:

-Ճիշդը եթէ ըսեմ, առանձնապէս յատուկ պատճառ մը չկար Հայաստան գալու, բայց մեզի համար ամէն յարմար առիթի հայրենիքի մէջ գտնուիլը դարձած է տեսակ մը աւանդութիւն: Երբ Երուսաղէմ էի, ծանօթներէ իմացայ, որ շուտով սկիզբ պիտի առնեն Թել Աւիւ-Երեւան ուղիղ թռիչքները: Այդ պահուն կնոջս ըսի. «Այն օրը, երբ Թել Աւիւ-Երեւան առաջին թռիչքը պիտի կատարուի, ես այդ օդանաւին մէջը պիտի ըլլամ»: Այդպէս ալ կատար-ւեցաւ: Խորքին մէջ ուրիշ զգացողութիւն մը ունեցայ, երբ մեզի Թել Աւիւէն Երեւան փոխադրող օդանաւի ուղեկցորդուհիները հայերէն կը խօսէին եւ հայերէն կը բացատրէին թռիչքի վերաբերեալ հարցերը: Իրօք ուրիշ զգացողութիւն էր: Թռիչքը իրականացաւ Մայիսի 18-ին:

-Լրատուական դաշտին մէջ յաճախ Երուսաղէմի մասին իրերամերժ տեղեկութիւններ կը հրապարակուին: Պիտի ուզէինք, որ դուք որպէս Երուսաղէմի մէջ ծնած եւ ներկայիս ալ հոն ապրող հայ, մեր ընթերցողներուն քաղաքի ընդհանուր իրավիճակի մասին տեղեկութիւններ փոխանցէք:

-Երուսաղէմի մէջ մասնաւորապէս վերջին տարիներուն մեծ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան: Այսօր քաղաքը առաջուան վիճակը չունի: Հին Երուսաղէմի մէջ կրօնական ծայրայեղութեան մթնոլորտ կը տիրէ: Բաւական մեծ աճ արձանագրած է հրեաներու թիւը: Այս բոլորէն զատ ու յատկապէս Երուսաղէմ եկող ուխտագնացներու թիւի աճին հետեւանքով քաղաքը անհանդարտ վիճակ մը ունի: Ամէնօրեայ խճողումներ, երթեւեկութիւն, մարդկային հոսքեր, կրօնական տարբեր արարողութիւններ կատարող բազմութիւններու տեղաշարժ դարձած են յաճախակի երեւոյթներ: Երուսաղէմը առաջուան կեանքը չունի այլեւս: Ու այս բոլորին հետ միասին մենք որպէս հայեր, ստիպուած ենք քայլ պահել եւ յարմարուիլ նոր պայմաններուն: Այս բոլորը կը պարտադրեն, որ մարդիկ ստիպուած ըլլան իրենց կեանքի ձեւը փոխելու:

-Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել ապահովական վիճակի մասին:

-Բաւական դժուար հարցում մը ուղղեցիք, որովհետեւ Երուսաղէմի մէջ մարդս բնաւ ալ ապահովագրուած չէ: Կրնայ որեւէ պահու դէպք մը պատահիլ եւ ոեւէ անձ կրնայ այդ պատահարի զոհերէն մէկը դառնալ: Վերջին տարիներուն տեղի ունեցան ապահովական բազմաթիւ միջադէպեր ու բարեբախտաբար, այդ դէպքերու ընթացքին զոհերու մէջ հայեր չեղան: Այստեղ կ՚ուզեմ ըսել, որ մենք՝ հայերս, կամ աւելի ճիշդ կ՚ըլլայ ըսել Երուսաղէմի բնակիչներս վարժուեցանք այս կեանքին: Երեւի այս ալ յատուկ յատկութիւն մըն է, որ մարդ ապրի այսքան վտանգուած քաղաքի մը մէջ եւ վարժուի հոն ընթացող տարբեր եւ յաճախ վտանգաւոր զարգացումներուն:

-Պրն. Փանոսեան, խօսեցաք քաղաքի խճողուած ըլլալու մասին: Արդեօք կարելի՞ է յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցել մեր ընթերցողներուն:

-Հին Երուսաղէմը գլխաւոր եօթ դռներ ունի: Եւ քաղաքին մէջ ապրող երկու գլխաւոր համայնքները՝ պաղեստինցիներն ու հրեաները, իրենց յատուկ դռները ունին: Օրինակ, հրեաներուն համար նախատեսուած է «Պապ ալ Խալիլ»ը, որուն հայերս կու տանք «Պոմպէոսի դուռ» անուանումը, իսկ արաբներուն համար նախատեսուած է յատուկ դուռ մը, որ «Պապ ալ Ամուտ» կը կոչուի: Եւ այս դռներով քաղաք մտնողները շատ հեշտութեամբ կը հասնին իրենց սրբավայրը՝ հրեաներու պարագային՝ Լացի պատը, արաբներու պարագային՝ «Ալ Աքսա» մզկիթը: Ու կարծէք քաղաքը այնպէս մը կառուցուած է, որ երկու թշնամացած համայնքները երբեք իրարու չհանդիպին, եւ իւրաքանչիւրը կարենայ քաղաքին մէջ շրջագայիլ իր «սեփական» ճանապարհով:

-Ձեր կարծիքով, այս ճանապարհներու բաժանումը որոշ նպատակ մը կը հետապնդէ:

-Ճիշդ այդպէս: Իմ համեստ կարծիքով, Երուսաղէմը օր մը անպայման պիտի բաժնուի, եւ այսօր առկայ բաժանումը վստահ եմ, որ օր մը պիտի վերածուի օրինական բաժանումի: Վստահ եմ, որ պիտի օրինականացուի:

-Շուրջ ամիս մըն է իսրայէլեան բանտերու մէջ գտնուող հարիւրաւոր քաղաքային բանտարկեալներ հացադուլի մը դիմած են։ Ի՞նչ կը մտածէք այս մասին: Արդեօք հացադուլը հիմք պիտի ծառայէ՞ որպէսզի երկրին մէջ նոր յեղափոխութիւն մը՝ «Ինթիֆատա» մը սկիզբ առնէ:

-Չեմ կարծեր: Կը կարծեմ փոքր ընդհարումներ կրնան ըլլալ քաղաքի շուրջ եղող տարբեր շփման գիծերուն մէջ, սակայն ընդհանուր առմամբ բացառ-ւած է: Կրնայ ըլլալ, որ քաղաքի ծայրամասերը կարգ մը միջադէպեր ըլլան, բայց շատ բացայայտ է, որ ո՛չ պաղեստինցիները, ո՛չ ալ իսրայէլացիները նոր պատերազմի մը երթալու «տրամադրութիւն» ունին: Ի վերջոյ երկու ժողովուրդներն ալ յոգնած են պատերազմներէ: Այստեղ փակագիծ մը բանալով ըսեմ, որ ասկէ ամիսներ առաջ, երբ իրավիճակը աւելի լարուած էր պաղեստինցիներու կողմէ եղած դանակահարութիւններու հետեւանքով, իրավիճակը շարունակեց մնալ վերահսկելի: Հետեւաբար այսօրուան դրութեամբ սպասելի չէ, որ արաբ-իսրայէլեան նոր պատերազմ սկիզբ առնէ:

-Բաւական կարեւոր մատնանը-շումներ կատարեցիք: Արդեօք արաբ-իսրայէլեան հակամարտութիւնը մօ՞տ է լուծման մը հասնելու հանգրուանին:

-Կը կարծեմ, որ հեռու չէ այն օրը, երբ արաբ-իսրայէլեան հակամարտութիւնը պիտի հանգուցալուծուի: Եւ բոլոր հարցերը կարելի պիտի ըլլայ լուծել հիմնուելով Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահներէն Պիլ Քլինթընի պատրաստած «երկու տէրութեանց լուծում» ծրագրով:

-Ի՞նչ վիճակի մէջ է Երուսաղէմի հայ համայնքը: Յաճախ տեղեկութիւններ շրջան կ՚ընեն, որ հայութեան թիւը Երուսաղէմի մէջ կը նօսրանայ: Արդեօք ճի՞շդ են:

-Խնդիրը այդպէս չէ: Երուսաղէմի հայութեան նօսրացումը կապ ունի ոչ թէ այլ գաղութներու նման՝ արտագաղթի երեւոյթին հետ, այլ պարզ անոր համար, որ Երուսաղէմի մէջ դժբախտաբար քիչ է ամուսնացող եւ ընտանիք կազմող հայ երիտասրդներու թիւը: Համայնքը սկսած է ծերանալ: Պատկերացուցէք համայնք մը, ուր ամէն տարի տասնեակ մարդիկ կը մահանան, ու ատոր փոխարէն նոր ծնունդներ տեղի չեն ունենար: Ատոր պատճառով է նաեւ, որ համայնքի թիւը օրըստօրէ կը նուազի:

-Ձեր կարծիքով ի՞նչն է պատճառը, որ Երուսաղէմի մէջ երիտասարդութիւնը կը հրաժարի ամուսնանալէ:

-Գլխաւոր պատճառը բնակարանի խնդիրն է ու երիտասարդութիւնը իր ստացած աշխատավարձերով չի կրնար բնակարաններ ձեռք ձգել:

-Այս առումով համայնքի պատասխանատուները ընդհանուր լուծումներու մասին երբեւէ մտածա՞ծ են:

-Վերջին տարիներուն այս խնդիրը դարձած է համայնքը յուզող գլխաւոր հարցերէն մին, ու ատոր համար նաեւ վերջերս խօսակցութիւն եղաւ Պատրիարքարանի սեփականութիւնը հանդիսացող եւ հայոց վանքին կից գտնը-ւող հողատարածքին վրայ բնակարանային համալիր մը կառուցելու մասին: Այդ հողը Պատրիարքարանը որոշ ժամկէտով վարձու տուած էր եւ այսօր այդ վարձակալութեան ժամկէտի աւարտէն ետք կը մտածուի բնակարաններու ծրագիրը վերականգնեցնել: Ներկայիս մեզ յուզող առաջնահերթ խնդիրը քաղաքապետարանի կողմէ արտօնագիր ստանալու հարցն է: Թէպէտեւ բարդ խնդիր մըն է, բայց ես լաւատես եմ, որ մեր Պատրիարքութիւնը իր կարելին պիտի ընէ՝ կարգադրելու կապակցութեամբ համայնքին համար խիստ անհրաժեշտութիւն համար-ւող այդ բնակարաններու ծրագիրը:

-Դուք անդամ էք Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՄԱԿ)։ Ի՞նչ կարելի է ըսել ՌԱԿ-ի Երուսաղէմի մէջ տարած ընդհանուր գործունէութեան մասին:

-Մեր կուսակցութիւնը որպէս աւանդական կուսակցութիւն, շատ կարեւոր դեր ունի սաղիմահայութեան կեանքէն ներս։ Այս մէկը կ՚ըսեմ առանց յոխորտալու կամ համայնքին մէջ գործող այլ միութիւնները անտեսելու: Որպէս երկար տարիներու փորձառութիւն ունեցող կուսակցութիւն, մենք ունինք համապատասխան քաղաքական ընկերային եւ երիտասարդական գործունէութիւն: Շատ դրական կապեր կը պահպանենք Երուսաղէմի Պատրիարքութեան եւ յատկապէս պատրիարք սրբազանին հետ: Մեր շրջանակի անդամներու մշտական խորհրդածութեան եւ քննարկումներու հիմնական օրակարգն է՝ ստեղծել այնպիսի միջոցներ, որոնց շնորհիւ կարելի ըլլայ յաջող եւ ամուր սերունդ մը ստեղծել: Այս առումով ալ մեր առջեւ դրուած գերագոյն խնդիրն է համայնքի անդամներու թիւին աճին ապահովումը:

-Ձեր կարծիքով, Հայաստան-Իսրայէլ յարաբերութիւնները ինչպէ՞ս կարելի է զարգացնել:

-Հայաստանը շատ գրաւիչ կողմեր ունի, բնականաբար ես նկատի ունիմ զբօսաշրջութեան ոլորտը ու կը կարծեմ, որ յատկապէս այդ ոլորտին մէջ պէտք է կարեւոր քայլերու ձեռնարկել, որպէսզի կարենանք կապերու եւ յարաբերութիւններու նոր փուլի մը սկսիլ: Կարեւոր հետաքրքրութիւն կայ նաեւ պաղեստինցիներու կողմէ: Ես այս օրերուն լսեցի, որ այս ամառ մեծ թիւով պաղեստինցի արաբներ մտադիր են Հա-յաստան գալ որպէս զբօսաշրջիկ: Այս կէտին՝ մեր պետութիւնը կարելի բոլոր միջոցները պէտք է ի գործ դնէ, որպէսզի առաւել զարգանայ այդ ոլորտը:

-Այս այցելութեան աւարտին ի՞նչ են ձեր ընդհանուր տպաւորութիւնները:

-Հայաստանը ինծի համար մշտական արժէք է: Ինչ ալ պատահի Հայաստանը մեր երկիրն է: Ճիշդ է, որ կան բազմապիսի դժուարութիւններ, բայց եւ այնպէս արդար չէ խօսիլ միայն Հայաստանի դժուար եւ տխուր կողմերուն մասին: Բոլոր երկիրներն ալ դժուարութիւններ ունին, բայց կարեւորը այդ ամէնը յաղթահարելն է: Ու ես կը հաւատամ, որ մեր երկիրը անպայման պիտի յաղթահարէ այդ բոլոր դժուարութիւնները եւ դառնայ օրինակելի եւ զարգացած, ինչպէս նաեւ գրաւիչ երկիր մը: Ասիկա մեր հաւատքն է եւ այս նպատակին համար պէտք է պայքարինք բոլորս:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունիս 17, 2017