ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Աղուոր անկեղծութեամբ միշտ կրկնած եմ, թէ անցեալ տարուան ընթացքին  «երկար» հիւանդութենէս հազիւ ապաքինած, այս տարի եկած էի Հայաստան կրկին երկարօրէն վայելելու անոր արեւն ու լոյսը, աշունն ու ժամանակը: Հայրենասիրութեան չեմ կապած սեփական աշխարհս: Անոր համար կը փորձէի միշտ կիսել ամէն ուրախութիւն եւ տխրութիւն: Որովհետեւ հաստատ համոզում ունէի, որ աշխարհի վրայ չկայ մեզի նման ժողովուրդ մը, որ հայրենիքէն հեռու ըլլալով հանդերձ, այնքան կապուած ըլլայ անոր:

Եկած էի հեռաւոր սփիւռքէն, հայրենակիցներուս եւ պապենական հողիս հետ նոր կամուրջ մը նետելու եւ կամ նախկինը նորոգելու, որովհետեւ հո՛ս, մեր աստուածները տարբեր էին: Անոնք թէեւ մտած էին երազներուս աշխարհը, սակայն տակաւին կ՚ապրէին մեր հայրենիքի բարձր լեռներու գագաթներուն եւ կարծես անհամբեր կը սպասէին հայու հոգեկան դիւցազնութեան:

Վերջապէս, կրկին հայրենիք եկած էի, որովհետեւ թէեւ սփիւռքեան ճակատագրին մէջ ինկած կ՚ապրէի, սակայն օրին Հայաստանը դարձուցած էի նաեւ կեանքիս բանալին: Ու ամէն անգամ եւ ամէն առիթով նոյնիսկ ամպերու շղարշին տակ, երբ Արարատը տեսնէի, լուռ երկչոտութիւն մը կը պատէր զիս, որ դարերու խորքէն եկած իր թելերովը դարձեալ իրեն կը քաշէր, ու «կը գրկէր», իբրեւ մէկ հարազատը:

Ու նաեւ համեստօրէն աւելցնեմ, որ մեկնելով տարիքիս «մեծութենէն», եւ նոր հատորի մը լոյս ընծայումէս, այս այցելութեանս արդէն իսկ զանազան միջոցառումներ ծրագրուած էին ինծի համար: Պատմական եւ իմաստաւորեալ: Թարմ եւ պարզ:

***

Առաջին իսկ հերթին, իբրեւ խարբերդցի ծնողքի հարազատ զաւակ, ուզեցի այցելել Հայաստանի Հանրապետութեան Արարատի մարզի Նոր Խարբերդի Մ. Ղազարեանի անուան թիւ 2 միջնակարգ դպրոցը, որուն հետ սերտ կապս, բարեկամութիւնս ու յարգանքս, աւելի քան երկու տասնամեակներէ ի վեր գոյութիւն ունէին: Ու այս անգամ պիտի տեսնէի նորոգուած վարժարանը ու անպայման վարժարանի աշակերտութեան հետ մօտիկէն պիտի հաղորդակցէի: Արդէն բարձրագոյն կարգի աշակերտները ինծի համար անակնկալ մը պատրաստած էին:

Կնոջս հետ մտանք դպրոց: Նորակառոյց եռայարկ շէնք մը: Ժպտերես եւ ծափողջիւններով դիմաւորուեցանք աշակերտներով եւ վարժարանի պատասխանատուներու խումբով: Այցելեցինք դասարան, թանգարան, սրահ, խոհանոց եւ վերջապէս մեզ առաջնորդեցին դպրոցի գրադարանը, ուր հաւաքուած էին մեծ թիւով աշակերտներ իրենց ուսուցիչներու հսկողութեամբ:

Ու ի՜նչ մեծ անակնկալ... ամբողջ գրադարանի երկայնքին շարուած  սեղաններուն վրայ լոյս ընծայած բոլոր հատորներս ցուցադրուած էին: Իսկ սեղաններուն ետին բարձրագոյն կարգերու աշակերտներ նստած զիս կը դիտէին: Հաւանաբար իրենց կեանքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը հանդիպէին սփիւռքահայ գրող-մտաւորականի մը: Վայրկեանին յիշեցի, որ իմ ա՛յդ տարիքինս, միայն բանաստեղծուհի Կապուտիկեանի այցելութիւնը վայելած էի, ուրիշ ոչ մէկ մտաւորականի: Ու բարի գալուստի խօսքերէն ետք, բառեր որոնց ետին թաքնուած էին մեծ ու փոքր գնահատականներով լեցուն ծովեր, անմիջապէս նոր լոյս ընծայած բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյէս, 16 աշակերտ-աշակերտուհիներ քանի մը օրուան ընթացքին, մէկական ոտանաւոր գոց սորվելով իւրաքանչիւրը իր կարգին, սկսան արտասանել: Այս բոլորը՝ այնքան շօշափելի եւ խորունկ: Տպաւորիչ, յուզիչ եւ նոյնքան ալ պատմական: Իմ կարգիս պերճախօս լեզուով եւ ներդաշնակութեամբ, ինքնատիպ եւ հուժկու, հոգիի լիութիւն տուող խօսքերով եւ կեանք ներարկող բառերով արտայայտուեցայ, ձայնիս մէջ յուզումը թանձրացնող ոճով եւ ապրումիս ջերմութեամբ: Հայրենի հողի եւ մայրենիի մասին մտահոգութիւններս յայտնեցի: Երկար խօսեցայ մտքիս մէջ ծփացող քաջալերական խոհերով ու երեւակայութիւնս շոյող լսելի բառերով, որոնք կը կարծեմ արմատներ ունեցան իրենց մատղաշ մտքերուն մէջ: Հաստատապէս այս բոլորէն ետք յուզումով եւ քրտինքով ապրեցայ նոր կեանք տուող մթնոլորտ մը, հարազատ ու քաղցր:

***

Երկրորդ ուխտագնացութիւնս՝ «Յառաջ» արեւմտահայերէնի աշխատանոց-կեդրոնն էր: Մտերիմ զրոյց: Մեծ ցանկութիւն՝ ապրելու եւ վերյիշելու: Հոն պիտի հանդիպէի Երեւանաբնակ հալէպցիներու ու մանաւանդ մեր Քարէն Եփփէ ազգային ճեմարանի հին ու նոր շրջանաւարտներու: Հաւաք մը, որ հին օրերուս գեղեցիկ թարմացումը բերաւ վայրկեաններուս: Ամէն վայրկեան յիշատակներ արթնցան: Հաւաքը նաեւ առիթ տուաւ, որ ժողվեմ ապրումներս մտքի եւ հոգիի թռիչքներով միատեղ: Ու իբրեւ լուսաւոր ներկայութիւն, զիս կապեց սերտօրէն: Երազէ մը արթնցողի նման դիտեցի ու մտիկ ըրի: Խօսեցայ եւ պատմեցի: Հոս, կարօտով եւ սիրով մէկտեղուած էին ճեմարանն ու Հալէպը: Ինքզինքս իմ տանս մէջ կը զգայի: Ապահով եւ տաքուկ: Չէ՞ որ իւրաքանչիւր աշակերտի համար ճեմարանը կեանքի դպրոց ալ եղած էր: Բոլոր ներկաներն ալ վերագտած էին հայրենիքի հողին վրայ ապրելու իրենց հպարտութիւնը: Գեղեցիկ երեւոյթ եւ օրինակելի: Ներշնչող հոգեկան իրականութիւն: Բոլորս ալ մեր մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ ժամանակի եւ կացութիւններու յուշերն ու պատկերները շալկած, հոս արթնցող բաբախումներով իրար փոխանակեցինք: Բոլորին ներկայութիւնը ջերմապէս ողջունելի էր: Կարծես աշխարհը խրախճանքի հրաւիրած ըլլայի, որովհետեւ նոյնքան ուրախ էի: Յիշեցի դէմքեր եւ դէպքեր, որոնք ինծի դիմագիծ տուած էին: Բոլորս հատ-հատ եւ միասին խօսեցանք կարծես, թէ կեանքը նոր սկսած ըլլար: Խօսեցանք ուրախ, կարօտով, երազի ու երազանքի աչքերով, առանց բացառութեան: Խօսեցանք յիշատակներու արձագանգներէն զսպուած եւ յուզուած: Իրարու քով եկած էինք եւ ամէն ձեւով կը փորձէինք մեր հոգիներուն մէջ պահելով բոցավառ գոյներով մեր ճեմարանն ու մեր Հալէպը, իբրեւ մեր կեանքը ջերմացնող: Յուզումէս տխուր էր հոգիս բոլորին պէս, աւերուած տաճարներու նման Անիի: Այդ օր, նոր կեանք մը ապրեցայ, կարճ պատմութեան մը նման:

***

Խաչատուր Աբովեանի անուան Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանն եմ: Կազմակերպուած է 80-ամեակիս նուիրուած յոբելենական հանդիսութիւն մը, որակաւոր ու պատշաճ յայտագրով: Հաւաքուած են ուսանողներ, համալսարանի դասախօսներ, մտերիմներ, դարձեալ հալէպցիներ եւ ճեմարանականներ: Սրահ մուտքիս անակնկալ երկիւղ մը զիս բռնած էր: Իբրեւ մտքի հոսքի տեւական ճամբորդ, մտածումներովս լռութիւնն ու ուրախութիւնը որսացի: Ու ձեռնարկի ամբողջ տեւողութեամբ հայ ուղեղիս իմաստ  տուող իրերայաջորդ գնահատող, քաջալերող, լաւն ու ճիշդը մատնանշող նախադասութիւններով վարակիչ եւ գօտեպնդիչ խանդավառութեամբ արտայայտուող խօսքերը, նախ լուռ եւ յուզուած մտիկ ըրի: Բոլորն ալ շնորհաւորանքի, գնահատանքի եւ քաջալերանքի կողքին կ՚արտայայտէին նաեւ գրաւչութիւնը արեւմտահայ մեր լեզուին, որոնք միաժամանակ թռիչք եւ զօրութիւն տուին երազանքիս: Արտասանուած եւ իմ հասցէիս նշուած բոլոր գնահատականներն ու քաջալերական խօսքերը, խորքին մէջ իմ անձիս նուիրուած մեծարանք մը ըլլալէ աւելի, նաեւ մէկական պատգամներ ալ էին: Յուզումով հաստատեցի, թէ հասցէիս ձօնուած բառերն ու անոնցմէ կազմուած բոլոր խօսքերը, վայրկեանին մրճահարած էին միտքս եւ հոգիս: Բոլորն ալ երակներուս մէջէն խօսած էին: Տաք եւ թարմ:

Սիրոյ, գնահատանքի եւ յարգանքի մթնոլորտով պարուրուած փայփայուած զգացի, յարգանքի շօշափելի արտայայտութիւններուս կողքին: Կեանքիս համը իրապէս որ փոխուած էր, աւելի քաղցրացած:

Ու համեստօրէն փորձեցի լեզուի գեղեցկութեան եւ անոր պահպանման մասին արտայայտուիլ: Խօսեցայ երկու պարզ անկեղծներու նման եւ ուրախութեան հեւքով պահը լեցուցի: Չեմ գիտեր հաւաքական թէ անձնական հրճուանքներ էին  այս բոլորը: Միայն այն գիտեմ, որ այս բոլորը պերճախօս վկայութիւններ էին հայ գրողի նուիրուած, անոր մտքի եւ գրիչի հոսքին հասցէագրուած: Պատշաճ ու երախտապարտ՝ շնորհակալութիւն յայտնեցի, հաստատ եւ եզակի ինքնագոհութեամբ ու աշխարհ մը հետս տուն բերի:

Չեմ գիտեր ի՞նչ էր երջանակութիւնը... սակայն ես դարձեալ զայն ապրեցայ:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երեւան, 10/2023

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 17, 2023