Սփիւռքի Ներդրումները Հայաստանի Մէջ եւ Անոնց Բարելաւման Խթանումը

Կա­սա­կա­ծէ վեր է, որ Սփիւռ­քա­հայ գոր­ծա­րար­նե­րը մեծ ներդ­րում ու­նե­ցած են Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թիւ­նը բա­րե­լաւ­ման եւ տար­բեր ո­լորտ­նե­րու զար­գաց­ման կա­րե­ւոր գոր­ծին մէջ. Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան շուն­չը զգա­լէն քա­նի մը տա­րի ետք, ա­նոնք սկսան մտա­ծել Հայ­րե­նի­քի մէջ բա­րե­գոր­ծա­կան, շա­հու­թա­բեր եւ այլ ծրա­գիր­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լու հար­ցին շուրջ։ Աշ­խար­հի ազ­դե­ցիկ հա­յեր, ո­րոնք աշ­խար­հի մէջ ար­դէն յայտ­նի են ի­րենց ու­նե­ցած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով, ձեռք մեկ­նե­ցին մայր հայ­րե­նի­քին՝ ի­րենց ի­րա­կա­նա­ցու­ցած լուրջ ներդ­րում­նե­րով։ Նմա­նօ­րի­նակ յայտ­նի դէմ­քեր են՝

Գըրգ Գըր­գո­րեան, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու խո­շո­րա­գոյն  ըն­կե­րու­թիւն­նե­րէն մէ­կուն՝ Tracinda Corporation­-ի հիմ­նա­դիր նա­խա­գահն էր: 1978-ին Time ամ­սա­գի­րը Գըրգ Գըր­գո­րեա­նը անուա­նեց երկ­րի ա­մե­նա­յա­ջո­ղակ ձեռ­նար­կա­տէր: Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­նոր նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ նո­րո­գուե­ցան ե­րե­սուն­չորս մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն­ներ, բազ­մա­թիւ դպրոց­ներ, 435 քի­լօ­մեթր ճա­նա­պարհ եւ փա­պու­ղի­ներ, 45 մի­լիոն տո­լար յատ­կա­ցուց Կիւմ­րիի երկ­րա­շա­ժէն ա­ւե­րուած բնա­կա­րան­նե­րու վե­րա­կա­ռուց­ման՝ կա­ռու­ցե­լով 149 շէնք։

Է­տուար­տօ Էռ­նե­կեան, American International Airports եւ Aeropuertos Argentina 2000 ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու նա­խա­գահ: Ա­նոր մի­ջոց­նե­րով (200 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լար) վե­րա­կանգ­նուած է Զուարթ­նոց օ­դա­կա­յա­նը: 2007-ին Էռ­նե­կեա­ն գ­նեց Conversbank-ի ար­ժե­թուղ­­թե­րը: Ան քա­նի մը մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լար յատ­կա­ցու­ցած է Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի տար­բեր հիմ­նադ­րամ­նե­րուն եւ մի­լո­նա­ւոր տո­լար­նե­րու ներդ­րում­ներ ու­նի նաեւ խա­ղո­ղա­գոր­ծու­թեան ո­լոր­տէն ներս։

Յով­նա­նեան­նե­րու ըն­տա­նիք (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), 1988-ի երկ­րա­շար­ժէն ետք Գէորգն ու ա­նոր եղ­բայր­նե­րը մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան բեռ­ներ ու­ղար­կած են Հա­յաս­տան՝ երկ­րա­շար­ժէն տու­ժած­նե­րու օգ­նու­թեան հա­մար: 1991-ին Գէորգ Յով­նա­նեան Նիւ Եոր­քի մէջ Հա­յաս­տա­նին նուի­րած է կա­ռոյց մը, ուր կը գոր­ծէ ՄԱԿ-ի հա­յաս­տա­նեան պաշ­տօ­նա­կան պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը: 2006-ին Գէորգ Յով­նա­նեան 2 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լար նուի­րած է Հայ­կա­կան օգ­նու­թեան ֆոն­տին: Յով­նա­նեան եղ­բայր­նե­րը բնա­կա­րա­նա­շի­նու­թեան ո­լոր­տի կա­րե­ւո­րա­գոյն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն են Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն մին­չեւ Հա­յաս­տան: Եղ­բայր­նե­րը Հա­յաս­տա­նի մէջ, «Վա­հագ­նի թա­ղա­մաս»ին մի­ջո­ցով, զարկ տուած են ա­մե­րի­կեան ո­ճի ա­րուար­ձան­նե­րու զար­գաց­ման:

Ճե­րարտ Գա­ֆէս­ճեան (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ) – West Publishing­-ի հրա­տա­րակ­չու­թեան փոխ­-նա­խա­գահ ու նա­խա­գահ­նե­րու խոր­հուր­դի ան­դամ: Գա­ֆէս­ճեա­նը Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ հայ­կա­կան Սփիւռ­քի գոր­ծու­նեայ ան­դամ է: 2003-ին ան 20 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լար նուի­րած է Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ թան­գա­րա­նա­յին շէն­քի գնման եւ վե­րա­նո­րոգ­ման հա­մար: «Գա­ֆէս­ճեան» Հայ­կա­կան օգ­նու­թեան ֆոն­տի կա­րե­ւո­րա­գոյն բա­րե­րար­նե­րէն մէկն է: Ան նաեւ նա­խա­ձեռ­նած է Ե­րե­ւա­նի «Քաս­քատ»ի վե­րա­կա­ռու­ցու­մը, ո­րուն հա­մար ներդ­րած է 25 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լար:

Վա­չէ Մա­նու­կեան (Մեծն Բրի­տա­նիա) - MARS HOLDING դե­ղա­գոր­ծա­կան ըն­կե­րու­թեան հիմ­նա­դիր-նա­խա­գահ: Անգ­լիա տե­ղա­փո­խուե­լէն ետք ան զբա­ղե­ցու­ցած է HSBC դ­­րա­մա­տան գլխա­ւոր տնօ­րէ­նի խորհր­դա­կա­նի պաշ­տօ­նը: Մա­նու­կեան հիմ­նա­դիրն է «Մա­նու­կեան եւ Հա­յաս­տան» բա­րե­գոր­ծա­կան ֆոն­տին, ո­րուն գան­ձատր­ման նոր­հիւ Լոն­տո­նի մէջ վե­րա­նո­րո­գուած է Ս. Ե­ղի­շէ ե­կե­ղե­ցին: Մա­նու­կեան նաեւ կ՚ա­ջակ­ցի Մեծն Բրի­տա­նիո­յ հա­յե­րու մշա­կու­թա­յին եւ կրթա­կան տար­բեր ծրա­գիր­նե­րուն, կը կազ­մա­կեր­պէ հայ­կա­կան խո­շոր ցու­ցադ­րու­թիւն­ներ, կը գան­ձատ­րէ հա­յոց հին պատ­մու­թեան մա­սին գիր­քե­րու տպագ­րու­թիւն­ներն ու հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րը: Մա­նու­կեան Նորք-Մա­րա­շի սրտա­բա­նա­կան կեդ­րո­նի հո­վա­նա­ւոր­նե­րէն մէկն է: Ա­նոր հիմ­նադ­րած ֆոն­տե­րը ոչ միայն ա­ջակ­ցու­թիւն ցոյց կու տան հայ­կա­կան ազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն, այ­լեւ մեծ ներդ­րում­ներ կը կա­տա­րեն Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի շա­հե­րու լոպ­իիս­տա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն:

Իզ­միր­լեան­նե­րու ըն­տա­նիք (Պա­հա­մեան կղզի­ներ) - Քա­րայի­պեան ա­ւա­զա­նի եր­կիր­նե­րու պատ­մու­թեան խո­շո­րա­գոյն ա­ռող­ջա­րան-հանգս­տեան տան` Պա­հա­մեան կղզի­նե­րու մէջ գտնուող Baha Mar­-ի հիմ­նա­դիր-նա­խա­գա­հը: Սար­գիս Իզ­միր­լեան Զուի­ցե­րիոյ մէջ հիմ­նադ­րած է հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ա­ջակ­ցու­թեան ֆոն­տը, ո­րուն գան­ձատր­մամբ ար­դէն կա­ռու­ցուած են բազ­մա­թիւ հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­ներ, դպրոց­ներ ու մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն­ներ: Բա­ցի այդ, Իզ­միր­լեան­նե­րու ըն­տա­նի­քը տա­րե­կան գու­մար կը յատ­կաց­նէ «Հա­յաս­տան» հա­մա­հայ­կա­կան ֆոն­տին եւ Հա­մա­հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան միու­թեան: Իզ­միր­լեան­նե­րու ըն­տա­նի­քին ա­ջակ­ցու­թեամբ վե­րա­բա­ցուած է «Իզ­միր­լեան» բժշկա­կան հաս­տա­տու­թիւ­նը եւ Ս. Ներ­սէս Մեծ գի­տա-բժշ­­կա­կան կեդ­րո­նը:

Լե­ւոն Հայ­րա­պե­տեան (Ռու­սաս­տան)– Հայ բա­րե­գործ: Ա­նոր ֆի­նան­սա­կան ա­ջակ­ցու­թեան շնոր­հիւ Ար­ցա­խի մէջ կազ­մա­կեր­պուած է 700 զոյ­գի հար­սա­նի­քը: Լե­ւոն Հայ­րա­պե­տեան հիմ­նադ­րած է յա­տուկ ֆոնտ, որ կ՚ա­ջակ­ցի Ար­ցա­խի ե­րի­տա­սարդ ըն­տա­նիք­նե­րուն, մաս­նա­ւո­րա­պէս ա­ռա­ջին ե­րա­խա­յի ծնուն­դին  2 հա­զար ա­մե­րի­կեան տո­լար, երկ­րոր­դին` 3 հա­զար, եր­րոր­դին` 5 հա­զար, իսկ չոր­րոր­դին 10 հա­զա­րի չա­փով օգ­նու­թիւն կը տրա­մադ­րուի: Ա­նոր մի­ջոց­նե­րով վե­րա­կանգ­նուած են քա­նի մը գիւ­ղեր, Ար­ցա­խի զար­գաց­ման հա­մար, ընդ­հա­նուր առ­մամբ, յատ­կա­ցու­ցած է 3 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լար:

Ռու­բէն Վար­դա­նեան (Ռու­սաս­տան)- Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ի­րա­կա­նա­ցու­ցած խո­շոր ներդ­րու­մա­յին ծրա­գիր­նե­րէն են` ստեղ­ծու­մը Դի­լի­ջա­նի մի­ջազ­գա­յին դպրո­ցի (United World College Dilijan, Dilijan International School), ուր ու­սու­ցու­մը կ’ի­րա­կա­նա­ցուի մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ` անգ­լիա­կան մի­ջին դպրոց եւ գի­շե­րօ­թիկ դպրոց, Cambridge IGCSE եւ IB Diploma ա­կա­դե­մա­կան ծրա­գիր­նե­րով: Դպրո­ցին կա­տա­րուած ներդ­րում­նե­րուն ծա­ւա­լը կը կազ­մէ 150 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լար:

«Տա­թե­ւի վե­րած­նունդ» նա­խա­գի­ծը, ո­րուն ծի­րէն ներս կա­ռու­ցուած է «Տա­թե­ւեր» ճո­պա­նու­ղին: Կա­ռու­ցուած է աւստ­րա-զուի­ցա­րա­կան Dopplemayer/Garaventa ըն­կե­րու­թեան կող­մէ: Ցու­ցա­նիշ հա­մա­րուող՝ ինն ամ­սուան ըն­թաց­քին կա­ռու­ցուած ճո­պա­նու­ղին, ա­մե­նաեր­կարն է աշ­խար­հի մէջ (5752 մեթր) եւ նե­րա­ռուած է «Կի­նէս»ի ցու­ցա­նիշ­նե­րու գիր­քին մէջ:

Ներդ­րում­նե­րու շար­քը կա­րե­լի է շա­րու­նա­կել՝ Թիւ­ֆէն­կեան ըն­կե­րու­թիւ­նը հիւ­րա­նո­ցա­յին եւ այլ ո­լորտ­նե­րու մէջ։ Սփիւռ­քա­հա­յե­րու շնոր­հիւ նաեւ զար­գա­ցաւ ա­դա­ման­դա­գոր­ծու­թիւ­նը, ոս­կեր­չու­թիւնն ու ժա­մա­գոր­ծու­թիւ­նը։

Այ­նուա­մե­նայ­նիւ այս շար­քը ինչ­քան ալ եր­կա­րի, դեռ բա­ւա­րար չէ։ Այ­սօր, ա­ռա­ւել քան եր­բե­ւէ, պէտք է հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցող իւ­րա­քան­չիւր սփիւռ­քա­հայ փոր­ձէ Հա­յաս­տա­նի մէջ ներդ­րում ու­նե­նալ՝ իր նա­խընտ­րած ո­լոր­տէն ներս։ Մա­նա­ւանդ, երբ Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան կը հա­ւաս­տիաց­նէ՝ ը­սե­լով. «՚Երկ­րին մէջ անհ­րա­ժեշտ է հաս­տա­տել նոր տնտե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ եւ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պատ­րաստ է  ստանձ­նել  Հա­յաս­տա­նի մէջ ներդ­րու­մա­յին աշ­խու­ժու­թիւ­նը խթա­նո­ղի գոր­ծա­ռոյ­թը, աշ­խա­տիլ մի­ջազ­գա­յին ներդ­րող­նե­րու հետ` ա­պա­ցու­ցե­լու հա­մար, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ պիզ­նե­սով զբա­ղիլն ու ներդ­րում­ներ կա­տա­րե­լը ա­պա­հով են, անվ­տանգ եւ, պար­զա­պէս, շա­հա­ւէտ: Սփիւռ­քի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի տնտե­սա­կան կեան­քին մենք կ՚ու­զենք տես­նել ա­ռա­ւել աշ­խոյժ ու նպա­տա­կա­յին, կ՚ու­զենք, որ մաս­նա­կից դառ­նաք մեր ծրագ­րե­րուն` ոչ միայն բա­րե­սի­րա­կան ու ներդ­րու­մա­յին նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով, այ­լեւ կա­ռա­վար­ման նոր մշա­կոյթ բե­րե­լու ա­ռու­մով, Սփիւռ­քի մեր լա­ւա­գոյն մաս­նա­գէտ­նե­րու գի­տե­լիք­ներն ու նե­րու­ժը հա­մա­հայ­կա­կան նպա­տակ­նե­րուն ծա­ռա­յեց­նե­լու ա­ռու­մո­վ»:

ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 17, 2016