«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

ՅԻՍՈՒՍ ՎԱՆԱԿԱՆԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՀԷ ՀԱՆԴԵՐՁԵԱԼ ԿԵԱՆՔԻՆ ՀԱՄԱՐ

-Ո՜վ Ռոնտա. ի՞նչ է իրաւունքը:

-Իրաւունքը աշխարհիկ հասկացողութիւն մըն է: Մարդ ինչքան աշխարհիկ ըլլայ, այդքան իրաւունք կ՚ունենայ: Իսկ հոգեւորը կ՚ընդունի իր իրաւունքը: Վանականը միայն պարտականութիւններ ունի եւ ո՛չ՝ իրաւունքներ: Անհրաժեշտ ալ չէ, որ վանականը մէկէ մը կամ կողմէ մը պահանջներ ունենայ:

Այն որ վանականը, որ ամէն ինչ ձգեց ի սէր Յիսուսի, կը փորձէ իրաւունքներ շօշափել կեանքին մէջ՝ սխալ արարք է: Ատոր մէջ անարգանք կան նաեւ ուղղուած Յիսուսի ու վանականութեան: Աշխարհիկները բազմաթիւ իրաւունքներ ունին, սակայն հոգեւոր իրաւունքները, եւ մանաւանդ վանականինը, Յիսուս զանոնք հանդերձեալ կեանքին համար կը պահէ:

Իրաւունքներ պահանջելը արդիներուն գործն է ամէն օր: Որոշ արդի վանականներ չեն գիտեր, թէ ինչո՞ւ վանական դարձած են, եւ կամ ի՞նչ կ՚ըսէ վանականութիւնը, ու այդ պատճառով իրենց իրաւունքները կը պահանջեն: Տարօրինակ տրամաբանութիւն է, աշխարհիկ ոգի, մարդկային արդարութիւն: Այս մարդկային արդարութիւնը եւրոպական ոգիէն սերմանուեցաւ (օտար մեր աւանդութենէն) ու մուտք գործեց վանականութեան մէջ:

Մեր դարուն, կը նկատենք որ այդ եւրոպական ոգին վանական կեանքին մէջն է. չե՛մ վիրաւորած զինք ու չե՛մ ուզեր, որ վիրաւորէ զիս: Չե՛մ անիրաւած զինք, ուրեմն ես լաւ վիճակի մէջ եմ: Ոմանք կ՚ըսեն. գործս կատարեցի եւ աւարտեցի ու օգնեցի, ատոր համար ես խուցս կ՚երթամ հոգեւորներուն համար, քանի որ միւս գործերը չեն հետաքրքրեր զիս: Ուրիշով չի՛ հետաքրքրուիր, արդեօք հիւա՞նդ է, գլխացաւ ունի՞, կրնա՞յ աշխատիլ, հսկումէն ետք յոգնութիւնը յաղաթահարա՞ծ է զինք՝ որ այսպէս կամաց-կամաց կ՚աշխատի: Կամ կ՚ըսեն. ուտելիքի այս բաժինը ի՛մս է, ի՛մ իրաւունքս է, առանց նկատի ունենալու կողքի տկարը, կամ ան՝ որ ուտելիքի աւելի մեծ բաժին մը կը սպառէ:

Այդպիսիները, հակառակ անոր որ հոգեւոր մթնոլորտի մէջ են, սակայն աշխարհիկ մտայնութեամբ կը վարուին:

Գիտես ի՞նչ կը նշանակէ տեսնել հոգեւոր մարդիկ, որոնք հարցերը աշխարհիկ հասկացողութեամբ կը դիմակայեն: Որոշ վանականներ վանականի հագուստ կը հագնին, պահք կը պահեն, կ՚աղօթեն, կը ծառայեն, կ՚աշխատին, սակայն հարցերը աշխարհիկ հայեացքով կը դիմակայեն, փոխանակ հոգեւորապէս դիմակայելու: Անոնք աշխարհիկ արդարութեան ազդեցութեան տակ են, եւ ապարդիւն է, որ անոնց հետ հոգեւորապէս հասկացողութեան հասնին: Անոնք կ՚ուզեն, որ իրենց հաշիւները իրենք իրենց տեսնեն… տրտունջք ունիմ արդի մտածելակերպին վերաբերեալ, որ կարգ մը արդի վանականներուն մօտ կը տեսնեմ:

Մարդկային արդարութիւն. հոգեւոր կեանքին մէջ ինչպէ՞ս մարդկային արդարութիւն կ՚ըլլայ:

Մարդկային արդարութիւնը աշխարհիկ կեանքին մէջ յաջողելու նախապայմաններ չի՛ տրամադրեր, հապա ինչքա՞ն աւելի հոգեւոր կեանքին մէջ: Երբ Միութեան Վանքին մէջ էի, զոհաբերութիւնն էր ամենէն վսեմ նպատակը, որուն կը փորձէին հասնիլ բոլորը: Զոհաբերութեան այս ոգին կը տիրէր աշխատանքի, սնունդի եւ ամէն ինչի մէջ: Իւրաքանչիւրը իր եղբօր մասին կը մտածէր, այդ պատճառով կարծէք, թէ անոնք դրախտի մէջ կ՚ապրէին: Մէկը ինքզինք ուտելիքէն կը զրկէր, որպէսզի զայն տար իր եղբօր, առանց մտածելու իր մարմինի տկարութեան մասին: Կը զոհաբերէր: Վանականը երբ ուրիշէն կը պահանջէ որ չանիրաւեն զինք, եւ երբ իր հանգիստի ու չյոգնելու մասին կը մտածէ վախնալով, որ ապարդիւն կ՚անցնի իր յոգնութիւնը, ատով ան ինքզինք կը զրկէ հանդերձեալ կեանքէն ու աստուածային վարձատրութենէն՝ չհաւատալով Աստուծոյ գոյութեան ու վերջին դատաստանին:

Վանականը եթէ աշխատի, իր աշխատանքը ապարդիւն պիտի չանցնի: Միայն անասուններուն յոգնութիւնը ապարդիւն կը մնայ: Այդ խեղճ անասունները մեր պատճառով կը յոգնին ու մեզի համար կը զոհաբերուին: Սարսափեցնող բան: Վայրի անասունները երբ որդորդներէն կը վիրաւորուին, անկարող կը դառնան վազելու, որով մեծ անասունները կը յարձակին անոր վրայ, բզիկ-բզիկ կ՚ընեն ու կ՚ուտեն զայն: Իսկ մարդը, եթէ այս բանը չհասկնայ, ապա՝ մարդ չէ, որովհետեւ Աստուած անոր միտք տուաւ, որպէսզի ճիշդ ձեւով վարուի ու միջոց գտնէ եւ վարպետութեամբ աշխատի:

-Հետեւաբար, ո՜վ Ռոնտա. կ՚ուզես որ մեր սիրտը տրոփէ, որով միւսներուն սիրով ու հանգստութեա՞մբ ողողենք:

-Այո՛. երբ մտադիր կ՚ըլլաս ուրիշը հանգստացնել ու դուն քեզ անկեղծութեամբ Աստուծոյ կը յանձնես, ապա յոգնութիւն պիտի չզգաս: Սակայն, եթէ յոգնիս ու բողոքես այդ յոգնութեան համար, այդպիսով ուրիշը կը կորսնցնես: Յիսուս պատրաստ չէ անիմաստ բանի մը համար վարձատրել: Անիմաստութեան համար ապտակը կայ:

Այդ պատճառով ուշադիր եղիր այս հարցին ինչքան որ կրնաս: Ա՛յս է հոգեւոր գործը, որ պարտաւոր ես կատարել: Ճգնութեան գործերը պիտի չօգնեն, եթէ մարդ այս գործը չընէ, ու այդ ատեն բոլոր պահքերն ու երկրպագութիւնները անիմաստ պիտի ըլլան: Չեմ ըսեր, որ պէտք չէ պահք պահել ու երկրպագութիւն ընել, այլ՝ յստակ կերպով կ՚ըսեմ միայն ատոնց չապաւինիլ ու կարծել, թէ ատոնք հոգեւոր կեանք կ՚ապահովեն:

ՈՒՐԻՇ ԱՒԵՏԱՐԱՆ ՄԸ ՀՆԱՐԱԾ ԵՆ

-Ո՜վ Ռոնտա. մարդ ե՞րբ արդար կ՚ըլլայ:

-Արդար մարդը, ըստ մարդկային հասկացողութեան, ան է՝ որ արդարութեամբ կը դատէ մարդոց մէջ: Իսկ կատարելութիւնը այն է, որ մարդ արդար ըլլայ ըստ աստուածային արդարութեան եւ ո՛չ թէ ըստ մարդկային արդարութեան, եւ այդ ատեն է, որ Աստուած կ՚օրհնէ զինք: Երբ գործերուս մէջ անձնասիրութիւնս ու շահս կը ձգեմ, ապա կը ստիպեմ Աստուծոյ -եւ կրնամ այս բանը ըսել-, աստուածային շնորհքը ուղարկելու: Մարդկային արդարութեան մէջ -ինչքան ալ նպաստէ կատարելութեան հասնելու-, մարդկային գործօն մըն է: Մարդկային արդարութիւնը հոգեւոր մարդուն մէջ օտար մարմին մըն է, որ Սուրբ Հոգին կը փորձէ վռտնել զայն: Իսկ աստուածային արդարութիւնը հոգեւոր մաքրութիւնն ու աստուածային լուսաւորութիւնը կ՚ապահովէ:

-Ո՜վ Ռոնտա. եթէ ոեւէ մէկը անիրաւուի, իսկ ես տեղեկացնեմ անոր, թէ աստուածային արդարութիւն կայ, ատով օգնած կ՚ըլլա՞մ անոր:

-Ո՛չ. աւելի լաւ է, որ ըսես անոր. հոգեւոր հարցերը Աւետարանի ոգիով քննէ: Եթէ ըսես անոր. աստուածային արդարութիւն կայ, կը գիտակցի, թէ անիրաւուած է ու կը զգուշանայ որեւէ մէկ գործ ընել անիրաւացի կերպով:

Իրականութեան մէջ հոգիս կը ցաւի: Ծանօթացայ մէկու մը, ով միշտ եկեղեցի կը յաճախէ, պահք կը պահէ կանոնաւոր կերպով ու կ՚աղօթէ: Հարուստ էր եւ հինգ յարկաբաժին ունէր, ամուսնացած էր, սակայն զաւակներ չունէր. հակառակ այս պարագային, ո՛չ մէկ ղրուշ տուած է ոեւէ մէկ աղքատի: Ըսի անոր.

-Բազմաթիւ աղքատ հարազատներ ունիս, ինչո՞ւ անոնց բան չես տար: Ի՞նչ պիտի ընես այդ դրամներով: Բարիք ըրէ ամուրիներուն ու որբերուն:

Գիտե՞ս ինչ էր անոր պատասխանը.

-Կ՚ուզես որ քրոջմէս տան վարձք չվերցնե՞մ:

Հանգստութիւնս կորսնցուցի երբ լսեցի զինք: Ա՛յս է մարդկային արդարութեան հասկացողութիւնը: Սովածները զաւակներս չեն ու ո՛չ մէկ ազգականական կապ ունին հետս, ապա ինչո՞ւ անոնց պատասխանատուութիւնը վերցնեմ: Այդպիսիները, կը փորձեն հանգստութիւն փնտռել իրենց անձնական ձեւերով, սակայն իսկական հանգիստը պիտի չունենան: Անոնք կ՚անգիտանան ծանր իրավիճակները իրենց աշխարհիկ տրամաբանութեամբ ու մարդկային արդարութեամբ. ու այսքանէն ետք ինչպէ՞ս հոգեւոր որեւէ մէկ բան զգան:

Ոմանք տուն ձեռք կը ձգեն, միւս կողմէ սակայն կը բողոքեն մարդու մը՝ որ տան ամսական վարձքը չէ վճարած իրենց: Ինչպէ՞ս կը բացատրես այս բանը:

-Ո՜վ Ռոնտա. մարդկային արդարութի՞ւնն է:

-Ո՛չ, ասիկա մարդկային արդարութիւն չէ: Աջ ձեռքով հսկայ գումար կու տան, իսկ ձախ ձեռքով մէկը ոստիկանութիւն կը տանին՝ մի քանի ղրուշի համար: Ինչպէ՞ս կը բացատրես ասիկա:

-Թերեւս անոնց ուղեղները լաւ չեն:

-Ո՛չ, լա՛ւ են:

-Ո՜վ Ռոնտա. թերեւս հպարտութեամբ կու տան՝ իրենք զիրենք հաճոյացնելու համար:

-Ա՛յդ է ճիշդը: Ահագին հպարտութեամբ կու տան, ու այդ կ՚ընեն, որպէսզի իրենց անձերը փառաւորուին եւ ո՛չ թէ՝ Աստուած փառաւորուի: Կրնայ ըլլալ իրենց ամբողջ ունեցուածքը տան, սակայն իրենց տուածը պակասաւոր է, որովհետեւ անոր կը պակսի սէ՛րը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 15

10 դեկտեմբեր 2020, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2020