ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ - 13

Կարծես արտասովոր-սովորութեան մը արարողութեան վերածուեցաւ Հրանդին մասին գրելը։

Այն Հրանդին, որ մինչեւ վերջին կաթիլը արեան հաւատաց իր բառին, գրածին ու մտածումին։

Թէ ի՛նչ կը յուշէ այս հեռու-հեռացումը, քայլերը դէպի Քիեւեան տասնվեցի ութերորդ յարկը, կամ հայիլը պատուհանէն քիչ մը ձեւափոխուած ու հեռացող մեքենաներուն, որոնք հանգիստ ու դադար չունին...

Այս բոլորին մասին տակաւին կը գրեմ օր մը, բայց պահը հիմա Հրանդինն է, այն մարդուն, որուն անկոտրում կամքը եւ գրողի ջիղը ամենէն աւելի ազդեցին մեզմէ շատ-շատերու իմացական որոնումներուն վրայ։

Ուրկէ՞ կը վազէր Հրանդ Տինք կամ անոր ինչի՞ն էր պէտք Իսթանպուլի փիրուզ եզերքները եւ մեծ ճայերը փոխարինել՝ աշխարհին բան մը տալու, աշխարհին ճերմակ աղաւնի մը արձակելու փորձով։

Արկածախնդի՞ր էր Հրանդը, միուղի ճանապարհին դիմացէն եկո՞ղ էր ան, հաշիւ ու հաշուել չգիտցո՞ղ էր։

Ո՞վ էր, ի վերջոյ, ու քանի-քանի անգամներ անոր սրտի զարկերը հասած էին հազարի, երբ վերստին մտածեր էր իր ըսած խօսքերուն, սլացիկ նետի նմանող գաղափարներուն մասին։

Նորէն դարձուցած էր ժապաւէնը, նորէն հարց տուած էր ինք իրեն.

-Ա՜խ, այս բաժինը... կամ այս բառերը պէտք չէ ըսէի... ըսած էր գուցէ։

Եղա՞ծ էր նման բան, խօսած-հարցուցա՞ծ էր շուրջիններուն կամ թէ իրեն համար եղա՞ծ էր պահ մը, որն արդէն լիութեան պահն էր, ուր բոլոր սպիտակները կը հային ամենաբարձր յարկերու պատշգամներէն ու կը թռչին ամբողջ քաղաքով մէկ՝ գտնելու համար իրենց միւս կէսը, ու կը հանդիպին սեւերու մեծ ուրուականին։

Քաղաքը կը մեծնար իր աչքերուն ու կը յիշէր, որ ընդամէնը եկած է այս աշխարհ՝ այդ բառը լսելի դարձնելու, եկած է այս աշխարհ իր խօսքը ըսելու համար։

Պիտի չհաւատար բոլոր տեսակի վարկածներուն, ներսէն պիտի խօսէր, պիտի խօսէր վէրքին մասին, պիտի խօսէր ցաւէն, պիտի խօսէր սիրելու մասին ու երբեք պիտի չըսէր. «Ինծի ի՜նչ. ես պիտի չըլլամ աշխարհ փոխողը»։ Պիտի չմտնէր իր համակարգիչի մեծ ու փոքր պատուհաններուն մէջ ու վերջապէս պիտի չխօսէր խրատ տուողի դիրքերէն։

Ճանչցա՞ն զինք. հասկցա՞ն անոր խօսքը, լսեցի՞ն անոր ձայնը, որ իրենց ալ ձայնն էր...։

Դժուար։

Դժուար ու բարդ երազներու մէջէն կ՚անցնէր անոր սիրտը, եւ հատած քալելէն յոգնած ներբաններուն, իր սրտէն դուրս ինկած վիշտին, իր որբերուն ու մեր մայրերու աչքերուն մէջ մեծ փրկութիւն տեսած մարդու ստուերն էր Հրանդը։

Ու ինք, ես, դուք, մեզմէ շատ-շատեր գուցէ շատ լաւ գիտեն անոր բառին զօրութիւնը, անոր մեր մէջ ըլլալուն, մեզի հետ եւ մեզի համար ապրելուն իրական իմաստը։

Ու դեռ քիչերը թերեւս գիտեն, որ ամէն տեղ Հրանդ Տինք մը կար, թերեւս անյայտ, անծանօթ, չգիտցուած ու անխօս։

Ամէն տեղ հրանդտինքեան վիճակ մը կար, ամէն տեղ՝ ուր կար լարուած ական ու վտանգ, ամէն տեղ՝ ուր կար ատելութեան ցաւ, աններող ըլլալու յամառութիւն, մեղքը չկիսելու եւ հին մեղքին վրայ նորը աւելցնելու ստորնութիւն, հոն կար Հրանդ Տինք մը։

Հրանդ սահմանի եւ սահմաններու թշնամի էր մինչեւ վերջ։ Մարդ, որ կարողացաւ ամբողջ աշխարհ մը իր սրտին մէջ պահել ու յետոյ մեզ ալ կամ մեզմէ շատեր, առնել-տանիլ իր սրտի երակներուն մէջ, բնակեցնել զանոնք այնտեղ, նորոգելու համար աղօթքի եւ սիրոյ բոլոր մատեանները։

Մարդ, որ կարողացաւ այսքան կարճ ատենի մէջ ամենախուլ կարծուած շէներէն նոր սպիտակ ծուխեր հանել, մարդ, որ կարողացաւ բոլորին սիրտ տալ, սէր տալ, տալ բաց ձեռքեր եւ ճերմակ ձեռնոցներ։

Մարդ, որ չատեց, որ մահէն ետք ալ չպոռաց իր դահիճի երեսին, եւ մարդ, որ այսօր ահա այս պահուն, լռութեան մեծ ու խորհրդաւոր այս պահուն, դիմացս իր անուան տառերը կը շարէ…

Կը շարէ իր անունը, իր մաքրութիւնը եւ աղօթքը՝ առանց վիշտի, առանց աղմուկի, եւ կը խօսի ներողութեան, մարդկութեան, մարդու ոգիին, մարդու ժպիտին եւ մարդու անմահութեան մասին։

Մարդ, որ սիրեց մեզ, մարդ, որ սիրեց իր երկիրը, իր երկրացիներն ու հարեւանները։

Ես այդպէս ընկալեցի զինք։

Իր աչքերը գրասեղանիս վրայ են, իր պատկերին մէջ, որ սեւով եզերուած չէ այլեւս, որովհետեւ ան կ՚ապրի ու պիտի ապրի մինչեւ վերջ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունուար 18, 2020