ՊԱՀԵԼ ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾԵՐԸ

Հայկական լրահոսին մէջ, վերջին շրջանին կարեւոր տեղ զբաղեցուց Հայաստանի օրհներգի փոփոխութեան նիւթը։ Թէկուզ եւ առաջին անգամը չէ, որ հայաշխարհը «ոտքի կ՚ելլէ» մերժելու, կամ ալ ողջունելու համար քայլերգի փոփոխութեան վերաբերեալ ընթացք առած խօսակցութիւնը, բայց եւ այնպէս, այս անգամ լսելի դարձած հակազդեցութիւնը բաւականին բուռն էր։

Այսօրուան յօդուածիս հիմնական նիւթը քայլերգը փոխելու կամ չփոխելու վերաբերեալ հանրութեան ներկայացնելիք տեսակէտս չէ, ոչ ալ քայլերգը փոխել ուզողները պախարակելը, կամ այդ առաջարկին դէմ բուռն կերպով արտայայտուողները զուսպ մնալու հրաւիրելը։

Այդ իմ գործս չէ։

Պէյրութի, Լոնտոնի կամ Արցախի ամենէն հեռաւոր սահմանային կէտին վրայ պատահած է, որ լսած եմ այդ քայլերգը եւ ինչպէս իմ կողքին եղողները զգաստ կերպով ոտքի կանգնած ու մինչեւ վերջին խազը երգած են այդ օրհներգը։

Նոյնը պիտի ընեմ, եթէ պատահի, որ վաղը, կամ հեռաւոր ապագային Հայաստանի իշխանութիւնները զանազան պատճառաբանութիւններ ներկայացնելով՝ այդ քայլերգի փոխելու առաջարկը իրականացնեն։

Խնդրի էութիւնը հոս չէ։ Հոս չէ նաեւ զանազան հիմունքներով «հին» համարուած քայլերգը պաշտպանողներուն մօտեցումը։

Իմ ըսածս այլ բան է։

Ես կը խօսիմ յաճախ երեւելի չդարձող, սակայն լռութեամբ պահպանուող եւ նոյնիսկ կիրառուող «անգիր օրէնքներ»ու մասին, որոնք իրենց մէջ կը պարունակեն «կարմիր գիծեր»։

Այդ կարմիր գիծերուն ամենէն կարեւորներէն է մեր ժողովուրդի, հայրենիքի ու ազգի միասնութեան գաղափարը։

Կը հաւատամ, որ մեր էութեան, մեր պայքարի եւ յաղթանակներու ամենէն մեծ ու էական գրաւականն է այդ միասնութիւնը, առանց որուն ալ մենք դատապարտուած ենք պարտութեան։

Գալով օրհներգի փոփոխութեան նիւթին, պէտք է այստեղ անպայման յստակեցնել, որ այսօրուան իշխանութիւնները եւ յատկապէս իշխող կուսակցութեան վերնախաւը տակաւին լրջօրէն չէ մտածած քայլերգի փոփոխութեան օրակարգը քննարկման դնել։

Պարզ անոր համար, որ անոնք բոլորն ալ (կամ գուցէ մեծամասնութիւնը) համոզուած են, որ յատկապէս այս փուլին աւելորդ ու անհիմն է խօսիլ քայլերգի կամ այլ ազգային խորհրդանիշներու փոփոխութեան մասին։

ՍՓԻՒՌՔԷՆ «ԲՈՒՌՆ» ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի օրհներգը փոփոխութեան ենթարկելու մասին Երեւանէն լսուած խօսքերէն ետք, նիւթը շատ մեծ արձագանգ կը գտնէր սփիւռքի մէջ։ Սփիւռքահայութեան մեծ տոկոսը (այստեղ պէտք է նկատի առնել համացանցի ընկերային էջերու հարթակը) կտրականապէս դէմ կ՚արտայայտուէր օրհներգի փոփոխութեան։ Սփիւռքի այս կեցուածքը լսելի կը դառնար նաեւ Հայաստանի մէջ եւ ամէն պարագայի տակ, ինչ ալ ըլլան տարակարծութիւնները կամ տեսակէտներու տարբերութիւնները, Հայաստանէն դուրս ապրող մեր հայրենակիցներուն տեսակէտ արտայայտելու դրոյթը բոլոր իմաստներով ողջունելի է։

Ողջունելի է ոչ անոր համար, որ Հայաստանի ներկայիս որդեգրած օրհներգը լաւագոյն ընտրութիւնը եղած պետական քայլերգ մըն է, այլ անոր համար, որ որեւէ նիւթի շուրջ քննարկումներ կատարելու ձեւաչափը ողջունելի է։

Սփիւռքահայութեան այն հատուածները, որոնք Հայաստանի առօրեայով «կ՚ապրին», մեծ ափսոսանքներով հակադարձեցին Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ալէն Սիմոնեանի քայլերգը փոխելու մասին կատարած յայտարարութիւններուն՝ նկատել տալով եւ առաջ քշելով այն միտքը, թէ կարելի չէ երկրի խորհրդանիշներուն հետ «խաղալ»։

Թերեւս շատեր պիտի առարկեն եւ ըսեն, որ Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնները «յեղափոխական» իշխանութիւններ են ու այդ պատճառով ալ անոնց համար թոյլատրելի են այնպիսի քայլեր, որոնք այլոց համար (կամ նախկին իշխանութիւններուն համար) պիտի համարուէին անընդունելի, սակայն իրականութեան մէջ այդպէս չէ։

Այդպէս չէ, որովհետեւ մեր երկրի ղեկը ստանձնած որեւէ ղեկավարութիւն պարտաւոր է հաշուի նստիլ անցեալ շրջաններուն ընթացքին պատահած իրադարձութիւններուն, դէպքերուն եւ նուաճումներուն հետ։

Այսպէս, որքանով ճիշդ է պատմութիւն «կտրած», պատերազմի դաշտին մէջ իր մկրտութիւնը ստացած եւ հազարաւոր նուիրեալներու շուրթերէն հնչած քայլերգը փոփոխութեան ենթարկել, պարզ անոր համար, որ նոյն այդ քայլերգը ամենալաւ կամ ամենայաջող օրհներգը չէ։

Կամ, ինչ հիմունքներով երկրի դրօշակը փոխելու մասին խօսիլ, անտեսելով այն փաստը, որ նոյն այդ դրօշակը դարձած է խորհրդանիշը ամբողջ սերունդի մը։

Հոս է, որ կը սխալէր Ալէն Սիմոնեան, որուն սխալին կամ «սայթաքում»ին դիմաց ընթացք կ՚առնէր բաւական բուռն հակազդեցութիւններու ալիք մը։

Այդ ալիքը այսօր մեր ետին է, ու հարկաւոր է, որ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները դաս քաղեն եղածներէն։ Դաս քաղեն հասկնալու համար, թէ ի՛նչ պատճառներով է, որ սփիւռքը այդպէս կտրական կերպով կը մերժէ քայլերգի, դրօշակի կամ զինանշանի փոփոխութեան որեւէ առաջարկ, որմէ ալ հնչէ այդ առաջարկը։

Ի վերջոյ կան նրբութիւններ, որոնց հանդէպ պէտք է ըլլալ աւլի շրջահայեաց, աւելի զգուշաւոր եւ աւելի հեռատես։ Չմոռնանք, որ Հայաստանին ու հայութեան համար այսօր ամենէն կարեւոր տուեալը միասնութեան օղակներու ամրացումն է։

Կիսուելու, տարակարծութիւնները մեծցնելու եւ հակադարձելու ունակութիւնները միշտ ալ ընդգծելի եղած են մեր ժողովուրդին համար։ Ընդգծելի՝ վատ իմաստով եւ մեր միասնական մօտեցումները ցրուելու ու անշուշտ ի չիք դարձնելու առումով։

Այստեղ է նաեւ, որ Հայաստանի մարմինները պարտաւոր են լաւագոյնս հասկնալ եւ ըմբռնել սփիւռքի հոգեկերտուածքը։

Անշուշտ պէտք չէ մոռնալ, որ սփիւռքի հայութեան աշխոյժ խաւերուն կողմէ հնչած գնահատականները ոչ միշտ մարսելի կամ տանելի դրոյթներ են, սակայն ամէն պարագայի երբեք պէտք չէ անտես առնել, թէ հայութեան կարեւոր մէկ տոկոսը, որ այսօր սփռուած է աշխարհով մէկ՝ մեծ գին կը վճարէ իր հայկական արմատները եւ ինքնութիւնը պահել-պահպանելու եւ նոր սերունդներ մէջտեղ բերելու առումով։

Եթէ պահ մը ընդունինք, որ սփիւռքը Հայաստանի կարեւոր մէկ մասնիկն ու «գործընկեր»ն է, ապա ատոր համար է նաեւ, որ Հայաստանը պարտաւոր է լսել սփիւռքի տեսակէտները։ Ոչ թէ ստիպողութեամբ կամ ճնշումներով կամ փոխ-յարաբերութիւններուն մէջ սեպ խրելով, այլեւ հասկացողութեամբ ու միշտ հաշուի առնելով, որ ի վերջոյ սփիւռքի տէրն ու տիրականը ՄԱՅՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆն է։

ԳՈՐԾԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

Հիմա գործի ժամանակն է ու զանազան ճակատներու վրայ, Հայաստանի ժողովուրդին ջախջախիչ մեծամասնութեան տէր դարձած այսօրուան իշխանութիւնները հազարումէկ ընելիք ունին։

Ընելիք ունին ներքին ճակատին վրայ. բարեկարգումներ, փոփոխութիւններ, դրական եռանդ, նոր ծրագրեր ու աշխատատեղիներ։

Ընելիքներ ունին արտաքին ճակատին վրայ. Արցախի բանակցութիւններ, Իրանի հետ նոր գործընաթցներու սկիզբ, Ռուսաստանի հետ առկայ գործակցութեան ամրացում, եւրոպացիներուն հետ դրական պայմանագրերու ձեռքբերում եւ նոյնիսկ ամերիկացիներուն հետ նոր ոճով «խօսելու» կարեւորութիւն։

Ահա այս մեծ բեռան տակ է իշխանութիւնը, ու բոլորս քաջ գիտենք, որ եթէ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ այս իշխանութիւնները իրենց առած դրական քայլերը երեւելի չդարձնեն, ապա շատ հաւանական է, որ Երեւանը դարձեալ ականտեսը կը դառնայ բողոքի նոր ալիքի։

Շատ հաւանաբար կ՚ըսեմ, որովհետեւ այստեղ հաշուի պէտք է առնել ժամանակի գործօնը ու չմոռնալ, որ այսօր հայրենի ժողովուրդի մեծամասնութիւնը թէ՛ յիշողութեամբ եւ թէ էութեամբ չէ մոռցած անցեալ իշխանութիւններուն սխալ քաղաքականութիւնը։

Հայաստանցի ժողովուրդին «լեզուն այրած է». լեզուն այրած է կաթը մածուն կարծելով եւ առանց փչելու խմել փորձելով...

Ու այս պատկերը շատ հաւանաբար կ՚օգնէ, որ հայաստանցիներու մեծ տոկոսը նախքան քայլ մը առնելը հազար անգամ մտածէ ու յետոյ «փողոց դուրս գայ»։

Այսօր այս իրավիճակն է Հայաստանի մէջ ու լաւ պիտի ըլլայ, որ մեզմէ շատերուն համար անփորձ համարուող իշխանութիւնները սխալ քայլեր չառնեն,սայթաքումներ չկատարեն ու թոյլ չտան, որ հասարակութիւնը անգամ մը եւս հիսաթափութիւն ապրի։

Հիասթափութիւնը ի վերջոյ ամենավատ հարուածը կրնայ դառնալ հասարակութեան մը համար, որ վառ յոյսերով փողոց իջաւ, «թաւշեայ յեղափոխութիւն» ըրաւ եւ այսօր օրն ի բուն կը սպասէ, որ այդ յեղափոխութիւնը իր արդիւնքները տայ։

Եթէ այս անգամ ժողովուրդի յոյսը «իյնայ», այդ պարագային ո՛չ հին օրհներգը, ո՛չ Արամ Խաչատուրեանի երաժշտութիւնը եւ ոչ ալ Ռազմիկ Դաւոյեանի բանաստեղծութիւնը կրնան փրկել մեծ յոյսերով Հայաստանի նոր գարունին սպասող հայութիւնը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Փետրուար 18, 2019