ԵԳԻՊՏՈՍ. ՊԱՅԹՈՒՄՆԵՐ, ՈՐՈՆՑ ԹԻՐԱԽԸ ՄԻԱՅՆ ՂԸՊՏԻՆԵՐԸ ՉԵՆ

- «Մենք ա­մէն ինչ պի­տի ը­նենք պահ­պա­նե­լու հա­մար մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րը»

Ա­հա­բեկ­չու­թե­նէն ժա­մեր անց Քի­րիլ­լոս Պա­հիժ ա­նու­նով ղըպ­տի քա­ղա­քա­ցին իր ըն­կեր­նե­րուն հետ շի­րիմ­ներ կը փո­րէր Թան­թա քա­ղա­քի «Մար Ժըր­ժէոս» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ զո­հուած­նե­րը թա­ղե­լու հա­մար: Պա­հիժ դէպ­քին մա­սին խօ­սած էր «Ռէօյ­թըրզ»ին ու ը­սած. «Ի­րա­վի­ճա­կը ան­տա­նե­լի է ու յետ այ­սու մենք ա­մէն ինչ պի­տի ը­նենք պահ­պա­նե­լու հա­մար մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, ո­րոնք ան­ցեալ տա­րուան Դեկ­տեմ­բե­րէն ի վեր դար­ձած են Ի­ՇԻՊ-ի գլխա­ւոր թի­րա­խը»:

Խոր­քին մէջ ան­ցեալ Կի­րա­կի օ­րը «Ա­րիւ­նա­լի Ծաղ­կա­զարդ»ի մը վե­րա­ծած պայ­թում­նե­րը սպա­սե­լի էին: Դեկ­տեմ­բե­րին անձ­նաս­պան մը մուտք գոր­ծած էր ղըպ­տի­նե­րու Գա­հի­րէի գլխա­ւոր ե­կե­ղե­ցին եւ ինք­զինք պայ­թեց­նե­լով պատ­ճառ դար­ձած էր քսան ան­ձե­րու սպան­ու­թեան: Ու այդ ա­հա­բեկ­չու­թե­նէն չորս ա­միս անց, այս ան­գամ եր­կու ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ կը ցնցէին բա­ւա­կան լուրջ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու ա­ռջեւ կանգ­նած եր­կի­րը: Նա­խա­գահ Ապ­տըլ Ֆա­թթահ Ալ Սի­սի, որ խստօ­րէն կը դա­տա­պար­տէր ե­ղած ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը, դէպ­քէն ժա­մեր անց երկ­րի ա­պա­հո­վա­կան մար­մին­նե­րէն կը պա­հան­ջէր ամ­բող­ջա­կան վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ առ­նել կրօ­նա­կան կա­ռոյց­ներն ու կա­րե­ւոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը: Սի­սի ա­ւե­լի ուշ կը յայ­տա­րա­րէր, որ նկա­տի ու­նե­նա­լով երկ­րի ընդ­հա­նուր ի­րա­վի­ճա­կը՝ ե­րեք ամ­սուան հա­մար «ար­տա­կարգ դրու­թիւն» պի­տի հաս­տա­տուի:

Խոր­քին մէջ ի՞նչ էր տե­ղի ու­նե­ցա­ծը: Եւ ին­չո՞ւ ա­հա­բե­կիչ­նե­րը թի­րախ կը դարձ­նէին երկ­րի 10 առ հա­րիւ­րը ներ­կա­յաց­նող ղըպ­տի հա­մայն­քի ա­ղօ­թա­վայ­րե­րը:

Ե­թէ Ե­գիպ­տո­սի անց­նող քսան տա­րուան ան­ցու­դար­ձե­րը քննենք, ա­պա յստա­կօ­րէն կ­­՚ու­րուագ­ծուի, որ մօ­տիկ ան­ցեա­լին «Իս­լամ եղ­բայր­ներ» շար­ժու­մի զի­նուո­րա­կան թե­ւե­րը, իսկ վեր­ջին մէկ տա­րուան ըն­թաց­քին Սի­նա­յի մէջ ե­րե­ւե­լի ներ­կա­յու­թիւն ու­նե­ցող «Ան­սար պէյթ ալ մաք­տէս» զի­նեալ խմբա­ւոր­ման կա­րե­ւոր նպա­տակ­նե­րէն մին է 90 մի­լիոն բնակ­չու­թիւն ու­նե­ցող Ե­գիպ­տո­սի մէջ իս­լամ-քրիս­տո­նեայ լա­րուա­ծու­թիւն ստեղ­ծել ու հող պատ­րաս­տել, որ փոք­րա­մաս­նու­թիւն հա­մա­րուող քրիս­տո­նեայ հա­մայն­քը բա­խու­մի եր­թայ տե­ղա­ցի իս­լամ­նե­րուն հետ:

Այս­տեղ պէտք չէ ան­տե­սել, որ երկ­րի ընտ­րուած նա­խա­գահ Մու­համ­մէտ Ալ Մուր­սին (2012թ.) իշ­խա­նու­թեան կը հաս­նէր իր ձեռ­քե­րուն ու­նե­նա­լով «իս­լա­մա­կան եր­կիր» մը կեր­տե­լու ե­րա­զը: Մուր­սի եւ ա­նոր իշ­խա­նա­խում­բը գոր­ծե­լով ան­նե­րե­լի սխալ­ներ կը դառ­նա­յին մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան թի­րախ, բայց մա­նա­ւանդ ներ­քին ճնշում­նե­րու եւ երկ­րի բա­նա­կի ղե­կա­վա­րու­թեան մի­ջամ­տու­թեամբ ա­նոնք կը յայտ­նուէին բան­տի ճա­ղե­րու ե­տին:

«Քա­ղա­քա­կան իս­լամ»ի հար­ցը Ե­գիպ­տո­սի գոր­ծող նա­խա­գա­հին հա­մար ցայ­սօր ալ կը շա­րու­նա­կէ մնալ երկ­րին հա­մար թիւ մէկ խնդիր ու հա­կա­ռակ Մուր­սիի եւ ա­նոր հա­մա­խոհ­նե­րու բան­տար­կու­թեան՝ ե­րե­ւե­լի է, որ այդ քա­ղա­քա­կան գի­ծին հե­տե­ւորդ­նե­րու թի­ւը ներ­կա­յիս ալ քիչ չէ:

Կայ նաեւ նա­խա­գահ Սի­սիի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան թղթած­րա­րը, ո­րուն հա­մար սիւն­նի աշ­խար­հի միւս խա­ղա­ցող­նե­րը (Քա­թար եւ յատ­կա­պէս Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա) հաշտ աչ­քով չեն դի­տեր շրջա­նա­յին հար­ցե­րու, բայց մա­նա­ւանդ Սու­րիոյ տագ­նա­պին վե­րա­բե­րեալ ա­նոր կե­ցուածք­նե­րը:

- Եր­կու պայ­թում­նե­րը

Կի­րա­կի, 9 Ապ­րի­լի ա­ռա­ւօ­տուն, Թան­թա­յի ղըպ­տի քա­ղա­քա­ցի­նե­րը կ­­՚ուղ­ղուէին քա­ղա­քի գլխա­ւոր «Մար Ժըր­ժէոս» (Սուրբ Գէորգ) ե­կե­ղե­ցին, մաս­նակ­ցե­լու հա­մար քրիս­տո­նեայ ե­կե­ղեց­ւոյ գլխա­ւոր տօ­նին՝ Սուրբ Զա­տկի Կի­րա­կիին նա­խոր­դող՝ Ծաղ­կա­զար­դի կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն: Ըն­թացք ա­ռած կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կ­­՚ըն­դհա­տ-ւէր հզօր պայ­թու­մին պատ­ճա­ռով: Պայ­թու­մին հե­տե­ւան­քով կը զո­հուէին տաս­նեակ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ եւ մէ­կէ ա­ւե­լի լրա­տուա­կան գոր­ծա­կա­լու­թիւն­ներ կը ցու­ցադ­րէին զո­հե­րուն «բզիկ-բզիկ» ե­ղած մար­մին­նե­րուն մա­սե­րը: Դէպ­քէն ժա­մեր անց շրջա­նա­ռու­թեան մէջ կը դրուէին տար­բեր վար­կած­ներ, ըստ ո­րոնց պայ­թու­մը կը կա­տա­րուէր անձ­նաս­պա­նի մը շնոր­հիւ:

Մինչ լրա­տուա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­ներ Թան­թա­յի լու­րը կը փո­խան­ցէին, ան­դին Ա­ղեք­սանդ­րիոյ մէջ տօ­նա­կան պա­տա­րագ մա­տու­ցող ղըպ­տի­նե­րու Թա­ւատ­րոս պա­պը կը փրկուէր ստոյգ մա­հէ:

Նոյն անձ­նաս­պա­նա­կան մե­թո­տով տե­ղի ու­նե­ցած պայ­թու­մի զո­հե­րուն թի­ւը նուազ էր Թան­թա­յի պայ­թու­մի զո­հե­րու թի­ւէն։ Մինչ Թան­թա­յի մէջ կը զո­հուէին քսա­նեօթ ան­ձեր, ան­դին Ա­ղեք­սանդ­րիոյ Մար­կո­սեան տա­ճա­րին մէջ զո­հե­րուն թիւն էր տաս­նեօթ: Ու­շագ­րաւ եւ վտան­գա­ւոր էր, որ ա­հա­բե­կիչ­նե­րը նպա­տակ դրած էին սպան­նել ղըպ­տի­նե­րու պա­պը: Եւ այս­տեղ պէտք է նշել, որ ե­թէ գնդա­պետ Ի­մատ Ալ Ռա­քաի­պի չմօ­տե­նար ան­ձաս­պա­նին ու չփոր­ձէր ա­նոր «դէ­մը առ­նել», ա­պա կան­խա­տե­սե­լի էր որ անձ­նաս­պա­նը կրնար յա­ռա­ջա­նալ եւ ինք­զինք պայ­թեց­նել պա­տա­րա­գի սուրբ սե­ղա­նին մօտ:

Մնա­ցեա­լը յստակ է: Ա­ղեք­սանդ­րիոյ ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը կա­տա­րող­նե­րը ի­րենց առ­ջեւ դրած էին մէկ նպա­տակ: Ա­նոնց հիմ­նա­կան նպա­տակն էր ի­րենց ա­րար­քին զոհ դարձ­նել ղըպ­տի­նե­րու պա­պը: Նպա­տա­կը ե­թէ յա­ջո­ղէր, ա­պա այդ սպան­ու­թիւ­նը կրնար ներ­քին-քա­ղա­քա­ցիա­կան բա­խում­նե­րու հող ստեղ­ծել: Հող ստեղ­ծել կ­­՚ը­սեմ, ո­րով­հե­տեւ մին­չեւ այս պա­հը Ե­գիպ­տո­սի ղըպ­տի­նե­րը զէնք բարձ­րաձ­նե­լու մա­սին չեն խօ­սած: Ու մէ­կէ ա­ւե­լի ղըպ­տի կրօ­նա­ւոր կամ աշ­խար­հիկ բան­բեր­ներ յայ­տա­րա­րած են, թէ ի­րենք պա­տի­ւով կը կրեն Քրիս­տո­սի խա­չը ու պատ­րաստ են ի­րենց հա­ւատ­քին հա­մար ալ նա­հա­տա­կուիլ:

- Ո­րով­հե­տեւ քրիս­տո­նէու­թիւ­նը վկա­յու­թեան կրօն է. Հայր Ռուայս Ե­րու­սա­ղէմ­ցի

Լի­բա­նա­նի մէջ ղըպ­տի հա­մայն­քի նրկա­յա­ցու­ցիչ Հայր Ռուայս Ե­րու­սա­ղէմ­ցի ա­հա­բեկ­չա­կան դէպ­քե­րուն մա­սին խօ­սե­լով յայտ­նած է. «Ինչ որ ալ ըլ­լայ, անհ­նար է հա­րուա­ծել Ե­գիպ­տո­սի միաս­նու­թիւ­նը: Մենք մեր հայ­րե­նի­քի կող­քին եւ մեր հա­ւատ­քի կող­քին ենք»: Ղըպ­տի կրօ­նա­ւո­րը նաեւ դրա­կան ար­տա­յայ­տուած է Ե­գիպ­տո­սի ա­պա­հո­վա­կան մար­մին­նե­րուն մա­սին։ «Մեր ա­պա­հո­վա­կան մար­մին­նե­րը ա­մէն ճիգ ի գործ դրած են կան­խե­լու հա­մար այ­սօ­րի­նակ յար­ձա­կում­նե­րը: Թե­րաց­ման մա­սին խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ան­հիմն են, ո­րով­հե­տեւ Կի­րա­կի, Ապ­րի­լի 9-ին ե­ղած եր­կու ա­հա­բեկ­չու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին ալ ոս­տի­կան­ներ եւ սպա­ներ զո­հուե­ցան», ը­սած է ան: «Մե­զի հա­մար քրիս­տո­նէա­կան հա­ւա­տամ­քը ան­փո­խա­րի­նե­լի է ու Ե­գիպ­տո­սի ղըպտ­նե­րը ինչ­պէս ե­րէկ, այ­սօր եւ վաղն ալ պատ­րաստ են ի­րենց կեան­քով վկա­յել, ո­րով­հե­տեւ քրիս­տո­նէու­թիւ­նը ինք­նին վկա­յու­թեան կրօն է», եզ­րա­փա­կած է Հայր Ռուայս Ե­րու­սա­ղէմ­ցի:

- Քա­ղա­քա­կան ընդ­հա­նուր պատ­կեր

Պայ­թում­նե­րէն ժա­մեր ետք Ե­գիպ­տո­սի Նա­խա­գահ Սի­սի հրա­մա­նա­գիր մը ստո­րագ­րե­լով բա­նա­կէն կը պա­հան­ջէր տա­րա­ծուիլ երկ­րի բո­լոր կա­րե­ւոր կա­ռոյց­նե­րուն շուրջ: Ան ա­ւե­լի ուշ կը հրա­պա­րա­կէր հրա­մա­նա­գիր, ո­րուն հիմ­քով Ե­գիպ­տո­սի մէջ պի­տի հաս­տա­տուէր «ար­տա­կարգ դրու­թիւն»:

Նշեմ, որ ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէր, որ Ե­գիպ­տոս գոր­ծի կը դնէր «ար­տա­կարգ դրու­թեան» կար­գա­վի­ճա­կը: Ա­ռա­ջին ան­գամ այդ օ­րէն­քը գոր­ծի դրուած էր նա­խա­գահ Էն­վեր Սե­տա­թի դէմ գոր­ծուած ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նէն ետք (1981թ.) ու այդ օ­րե­րուն էր նաեւ, որ հրա­պա­րա­կուած օ­րէն­քը կը հաս­տա­տէր, թէ պե­տու­թիւ­նը այդ գոր­ծե­լաո­ճին դի­մած է «սա­լա­ֆիստ» խմբա­ւո­րում­նե­րուն դէմ պայ­քա­րե­լու նպա­տա­կով: Ցայ­սօր յստակ չէ, թէ հաս­տա­տուած «ար­տա­կարգ դրու­թիւն»ը ե՛րբ կրնայ վեր­ցուիլ, սա­կայն ե­րե­ւե­լի է, որ եր­կի­րը ցնծաց, պայ­թում­նե­րը դիւ­րին «մար­սուե­լիք» դէպ­քեր չեն:

Նա­խա­գահ Սի­սի, որ վեր­ջերս Ո­ւա­շինկ­թըն այ­ցե­լած էր, այ­սօր յայտ­նուած է բա­ւա­կան նուրբ դրու­թեան մը առ­ջեւ: Ու ճիշդ է. հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ա­հա­բե­կիչ­նե­րը չեն յա­ջո­ղած ի­րենց «գլխա­ւոր» նպա­տա­կը ի­րա­կա­նաց­նել, սա­կայն ե­րե­ւե­լի է, որ երկ­րին մէջ ա­հա­բեկ­չու­թեան վտան­գը չէ վե­րա­ցած ու կրնայ ո­րե­ւէ պա­հու դար­ձեալ իր գլու­խը ցցել:

Ե­գիպ­տո­սի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը եւ յատ­կա­պէս նա­խա­գահ Սի­սի, բա­ցի ան­կէ, որ ու­նին «ներ­քին թշնա­մի­ներ», ո­րոնք տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով եւ մաս­նա­ւո­րա­պէս Սի­նա նա­հան­գին մէջ բա­նա­կին դէմ «ցաւց­նող» գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ կը կա­տա­րեն, կայ նաեւ Ե­գիպ­տո­սի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ընդ­հա­նուր պատ­կե­րը, որ ինչ­պէս վե­րը նշե­ցինք, բնաւ ալ հաշտ աչ­քով չի դի­տուիր սիւն­նի աշ­խար­հի «մե­ծե­րուն» կող­մէ:

Շատ խո­րունկ հա­յեացք ու­նե­նա­լու կա­րիք չկայ ըմբռ­նե­լու հա­մար, որ Սի­սի այ­սօր յայտ­նուած է «կա­րե­ւոր ընտ­րանք» կա­տա­րե­լու «հար­կադ­րանք»ին տակ: Մին­չեւ այս հանգ­րուա­նը երկ­րի բա­նա­կին հա­ւա­տա­րիմ այս զօ­րա­վա­րը տար­բեր հան­գա­մանք­նե­րու բե­րու­մով յա­ջո­ղե­ցաւ իր իշ­խա­նու­թեան ընդ­հա­նուր հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը պա­հել։ Բայց եւ այն­պէս, կան կա­րե­ւոր նա­խան­շան­ներ, ո­րոնք կը խօ­սին ջրբա­ժա­նի մը մա­սին:

Ու այս ա­ռու­մով պի­տի կա­րո­ղա­նա՞յ Ե­գիպ­տո­սի նա­խա­գա­հը կա­րե­ւոր «ցատք» մը կա­տա­րել, կամ պի­տի ստի­պուի՞ «մոխ­րա­գոյն» քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէն դուրս նե­տուե­լով «սեւ կամ սպի­տակ» քա­րե­րով շար­ժիլ:

Ա­մե­նա­բար­դը վերջ­նա­կան կողմ­նո­րո­շու­մով հան­դէս գալն է: Ու այդ պա­րա­գա­յին է նաեւ, որ կրնայ Ե­գիպ­տո­սի «փան­տո­րա­յի» կար­միր տու­փը բա­ցուիլ:

Այդ տու­փին մէջ կան նաեւ ղըպ­տի­նե­րու հար­ցին պէս տաս­նեակ­ներ, ո­րոնք կրնան «հզօր» Ե­գիպ­տո­սը հիմ­նո­վին նե­տել ցնցում­նե­րու եւ վտանգ­նե­րու գիր­կը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Երեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2017