ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՄԷՆՈՒՐԵՔ

Բոլորիս հասարակաց վախը մահն է։ Մահը սարսափի դիմակով կը ցնցէ բոլոր աշխարհը։ Ան ունի բազմաթիւ դիմակներ. ինչպէս՝ քաղցկեղ, երթեւեկի արկած, երկրաշարժ, հրդեհ, ջրհեղեղ, սպանութիւն եւ այլն։ Նոյնիսկ անկողնին մէջ քունի ընթացքին մահանալը կը սարսռեցէ մեզ։ Միայն մէկէն ազատիլը մեզ չ՚երաշխաւորեր, որ միւսներէն փրկուեած ենք։ Իրականութեան մէջ մենք կը վախնանք մահու ամէն տեսակէն, որովհետեւ մահը աւազակ մըն է, որ երբեմն կը գողնայ մեր ամենաթանկագինը, մեր ձեռքբերումները… Ան մեր ամենասարսափելի մղձաւանջն է եւ մահուան վախը արմատացած է մեր սրտերու եւ հոգիներու մէջ։ 

Ո՞վ ինքզինք թոյլ չէ զգացած իր սիրելիի գերեզմանին առջեւ՝ յատկապէս երբ հողը այսքան «հմուտ» է իր մէջ առած մարմինը ինքզինքին նմանցնելու։ Գերեզմանի դիմաց մեր բոլոր յոյզերը կը դաւաճանեն մեզ, սիրտը կը մատնուի տխուր ու յոռետեսական միտքերու եւ յիշողութիւնները մեզ կը հարուածեն արցունքներու հեղեղով։

Աշխարհ ամբողջ մարդկութեան համար մահը սպասելու հանգրուան մըն է։ Այդ միջոցին, մեր ձանձրոյթը փարատելու համար կը զբաղինք բաներով մը, բայց գիտենք, թէ մահը ի վերջոյ պիտի գայ, իր ժամադրութեան պիտի չուշանայ եւ պիտի խլէ եւ պիտի տանի իր խաւարին մէջ։ Սակայն մահը միայն չի նշանակեր մեր կեանքի վերջը։ Մահուան բնազդը մեր կեանքի իւրաքանչիւր պահը բնորոշող ամենահզօր զգացումն է։ Կեանքի ամենամեծ առեղծուածն է, թէ ան անպարտելի է։ Կեանքը կը հոսի դէպի յաւերժութիւն՝ անընդհատ թարմանալով մահով։ 

Այնուամենայնիւ, մահը վերջ մը չէ։ Կեանքի մէջ մահուան կողքին կայ նաեւ յարութիւնը։ Զօր օրինակ՝ բնութիւնը իւրաքանչիւր եղանակով յարութիւն կ՚առնէ։ Մարդիկ, կենդանիներ գարնան նոր շունչով մը կ՚անդրադառնան բնութեան, անոր գեղեցկութիւններուն, հրաշքներուն։ Գարնան բնութիւնը ամբողջութեամբ կ՚արթննայ, «յարութիւն կ՚առնէ», կը թօթափի մահուան քունէն եւ շարժման կ՚անցնի աւելի՛ աշխոյժ, աւելի եռանդուն, աւելի ոգեւոր…

Փորձենք դիտել բնութիւնը գարնան. դաշտեր կը զարդարուին կանաչ խոտերով, գեղեցիկ ծաղիկներով, մաս մը կենդանիներ կը վերադառնան գաղթէն. կը վերադառնան իրենց լքած նախկին բոյները, ոմանք ալ կ՚արթննան ձմրան քունէն…

Գարնանամուտը բնութեան մէջ հրաշագեղ պահեր կը պարգեւէ մեզի։ Դաշտերը կրկին կը կանաչապատուին, ծառերը դարձեալ կը ծաղկին։ Կեանքը կը վերանորոգուի, մինչ բնութիւնը, ամէն քայլափոխին մեզի կ՚ընկերակցի իր խոհերով ու խորհուրդներով։ Այս վերափոխումը, վերակերտումը հոգեկան աշխարհին մէջ կը բանայ լուսամուտ մը, որուն յոյսը կ՚ողողէ մեր ներաշխարհը յարութեան պատգամով։ Երբ կը խօսինք Յիսուսի յարութեան մասին, պահ մը խորհինք նաեւ մեր իւրաքանչիւրին կեանքը։ Ամէն առաւօտ երբ մեր աչքերը բանանք ու դիմաւորենք նոր օր մը, մեզի համար յարութիւն մը չէ՞։ Երբ նայինք բնութեան, ապա կը տեսնենք, թէ յարութեան հասկացութիւնը «կառուցուած» է մեր էքօհամակարգի խորքին. մոլորակներու պտոյտները, եղանակներու փոփոխութիւնը… Կաղինը երբ գետին իյնայ, հողին խառնուելով ժամանակի ընթացքին կը վերածուի կաղնիի։ Կաղնին չի նմանիր կաղնենիին, որմէ յառաջացած էր։ Բայց կաղնիի մը բոլոր բաղադրիչները կը պարունակէ կաղինը։

Յիսուսի Սուրբ Յարութեան պատգամը կ՚աւետէ կեանքի յաւիտենականութիւնը, նաեւ կը նշանակէ կեանքին գերեզմանի մէջ չվերջանալը։ Յիսուս Քրիստոս իր յարութիւնով կ՚ազատէ մարդիկ մահու սարսափէն ու զանոնք կ՚առաջնորդէ սիրոյ, իր նմաններու հանդէպ յարգանքի, հանդուրժողութեան, համբերութեան, անձնանուիրումի… 

Տօնական բարձր տրամադրութիւնով համակուած՝ այս տարի եւս արժանացանք Սուրբ Յարութեան աւետիսով զիրար ողջունելու շնորհին։ Առօրեայի անյաղթահարելի դժուարութիւնները, անել թուացող լաբիւրինթոսները, մոլորութիւնները մէկդի դնելով դիմաւորեցինք Յիսուսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնը։ Ս. Յարութեան պատգամը մեզ կը մղէ մեր կեանքերուն մէջ տեղ մը վերապահել յոյսի ու լաւատեսութեան համար։

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2022