Հեռու պահել այս լեղի բաժակը Հայաստանէն

Սագօ Արեան կը գրէ Երեւանէն.-

Ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցած դէպ­քը եւ «Սաս­նայ ծռե­ր» ա­նու­նով հան­րու­թեան ներ­կա­յա­ցած զի­նեալ­նե­րու խում­բին կող­մէ Է­րե­բու­նիի ոս­տի­կա­նա­կան-պա­հա­կա­յին կեդ­րո­նին վրայ կա­տա­րուած յար­ձա­կումն ու ա­պա գրա­ւու­մը կը շա­րու­նա­կեն մնալ Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան հիմ­նա­կան ու­շադ­րու­թեան կի­զա­կէտին:

Բո­լո­րը հարց կու տան, թէ ի՞նչ է վի­ճա­կը Ե­րե­ւա­նի մէջ:

Բո­լո­րը մտա­հոգ հա­յեացք­նե­րով կը հե­տե­ւին զար­գա­ցում­նե­րու ըն­թաց­քին, որ ար­դէն Թուր­քիոյ մէջ ե­ղած յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձէն ետք դար­ձած է մի­ջազ­գա­յին լրա­հո­սի հիմ­նա­կան տեղ գրա­ւող դէպք:

Գետ­նի վրայ, բա­ցի Խո­րե­նա­ցի փո­ղո­ցի փա­կու­մէն ու ա­պա Օ­փե­րա­յի շրջա­կայ­քին մէջ ե­ղած ձեր­բա­կա­լու­թիւն­նե­րէն, ընդ­հա­նուր ի­րադ­րու­թիւ­նը կը մնայ խա­ղաղ:

Հա­յաս­տա­նի հան­րու­թիւ­նը մե­ծաւ մա­սամբ կը նա­խընտ­րէ դէպ­քե­րու ըն­թաց­քին հե­տե­ւիլ հա­մա­ցան­ցէն, քան թէ մաս­նակ­ցիլ ե­ղած դէպ­քե­րուն:

Հարց պի­տի տամ: Ի՞նչ կը պատ­գա­մէ այս ան­տար­բե­րու­թիւ­նը:

Պէտք չէ մոռ­նալ, որ զի­նեալ­նե­րը ե­րէկ ա­ռա­ւօ­տուն քա­նիցս կոչ ը­րած էին հան­րու­թեան, որպէսզի թող­նէ ա­մէն ինչ ու փո­ղոց իջ­նե­լով միա­նայ ի­րենց:

Բայց այդ մէ­կը չե­ղաւ:

Ու հա­կա­ռակ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու վրայ ե­ղած խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն եւ դէպ­քը ար­դա­րաց­նել փոր­ձող­նե­րու ստուար թի­ւին, Հա­յաս­տա­նի հան­րու­թիւ­նը տե­ղէն չշար­ժե­ցաւ:

Հան­րու­թեան անդ­րա­դար­ձը եւ ձե­ւով մը «պա­տաս­խա­ն»ը պէտք է ըն­դու­նիլ, որ­պէս պատ­գամ:

Քա­ղա­քա­կան ո­րե­ւէ նպա­տակ հե­տապն­դող զի­նուո­րա­կան անհ­նա­զան­դու­թիւն, կամ պե­տա­կան կա­ռոյ­ցի դէմ ե­ղած գրոհ, ու­նի ար­դիւնք­ներ ստա­նա­լու կարճ ժամ­կէտ­ներ:

Այս ա­ռու­մով, որ­պէս ընդ­դի­մա­դիր ներ­կա­յա­ցող այս խմբա­կը, ո­րուն հիմ­նա­կան նպա­տա­կը Ժի­րայր Սէ­ֆի­լեա­նի բան­տէն ա­զատ ար­ձա­կումն է, ձա­խո­ղած է:

Ձա­խո­ղած է, ո­րով­հե­տեւ ըն­դու­նե­լի չէ ամ­բողջ եր­կի­րը պա­տան­դի ի­րա­վի­ճա­կին մէջ պա­հել:

Կայ նաեւ ա­ւե­լին, ե­թէ պահ մը ըն­դու­նինք, որ ե­ղա­ծը ներ­քին դժգո­հու­թեան կամ առ­կայ կա­ռա­վար­ման ե­ղա­նակ­նե­րուն դէմ առ­կայ դժգո­հու­թեան ար­դիւնք է, ա­պա ո՛ւր է հան­րու­թեան հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը ե­ղա­ծին:

Զի­նեալ­նե­րու ա­րար­քին դի­մաց կայ միայն լռու­թիւն:

Ու այդ լռու­թիւ­նը այս պա­րա­գա­յին մա­նա­ւանդ հա­մա­ձայ­նու­թեան նշան չէ:

Մէկ­դի դնե­լով Սէ­ֆի­լեա­նի ար­դար կամ ա­նար­դար կեր­պով բան­տար­կու­թեան վար­կած­նե­րը, տխուր է նաեւ, որ ինք՝ Ժի­րայր Սէ­ֆի­լեան լուռ է:

Պարզ ալ չէ, թէ ա­նոր լռու­թիւ­նը ար­դիւնք է ճնշում­նե­րու, սա­կայն յստա­կօ­րէն կ­՚ե­րե­ւի, որ իշ­խա­նու­թիւն­ներն ալ չեն ու­զեր Սէ­ֆի­լեա­նի այս խնդրին խառ­նուի­լը կամ կար­ծիք յայտ­նե­լը, մոռ­նա­լով կամ ան­տես առ­նե­լով, որ Է­րե­բու­նիի ի­րա­վի­ճա­կին լուծ­ման հիմ­նա­կան բա­նա­լին այս պա­հուն կը գտնուի պէյ­րու­թա­հայ գոր­ծի­չին մօտ:

Թէ մին­չեւ ե՛րբ կրնայ շա­րու­նա­կուիլ այս վի­ճա­կը՝ պարզ չէ, յստակ է սա­կայն, որ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը պատ­րաստ չեն բռնի ու­ժի դի­մե­լով կար­գի հրա­ւի­րել զի­նեալ­նե­րը եւ ա­նոնց տի­րա­պե­տու­թենէն ա­զա­տել ոս­տի­կա­նա­կան կա­ռոյ­ցը:

Բո­լո­րը կը խօ­սին ա­րիւ­նա­հե­ղու­թեան մը ծանր հե­տե­ւանք­նե­րուն մա­սին:

Բո­լոր կող­մե­րը, որ­պէս օ­րի­նակ կը բե­րեն 2008 թուա­կա­նի Մար­տի 1-ի դէպ­քե­րը:

Հա­յաս­տա­նի հան­րու­թիւ­նը պատ­րաստ չէ ա­րեան ճա­նա­պար­հով տե­ղի ու­նե­նա­լիք ո­րե­ւէ զար­գա­ցու­մի:

Բա­ցի ան­կէ, որ զի­նեալ այս ձե­ւը լու­ծում­ներ պի­տի չբե­րէ երկ­րի խնդիր­նե­րուն, յստակ է նաեւ, որ ա­րար­քը գոր­ծող­նե­րը, հե­ռա­հար եւ լուրջ ու շի­նիչ ծրա­գիր­ներ չու­նին:

Ու­րեմն ինչ­պէ՛ս ը­նել դար­մա­նե­լու հա­մար այս վի­ճա­կը:

Մէ­կէ ա­ւե­լի գոր­ծիչ­ներ կը կա­րե­ւո­րեն խնդի­րը լու­ծել բանակ­ցու­թեանց ճա­նա­պար­հով:

Մէ­կէ ա­ւե­լի ազ­դե­ցիկ ձայ­ներ կը խօ­սին ա­րիւ­նա­հե­ղու­թեան առաջքը առ­նե­լուն մա­սին:

Ինչ ել­քով ալ ա­ւար­տի այս խնդի­րը, վստահ պէտք է ըլ­լալ, որ որեւէ լու­ծում շատ ա­ւե­լի լաւ է, քան մէկ հա­յու ա­րեան կա­թի­լին գե­տին թա­փուի­լը:

Ե­րէ­կուան կրա­կոց­նե­րուն ար­դիւն­քով ոս­տի­կա­նու­թեան սպայ մը զո­հուե­ցաւ ու կան նաեւ վի­րա­ւո­րեալ­ներ:

Այս ա­ռու­մով է նաեւ, որ պէտք է բարձ­րա­ձայն խօ­սիլ խնդրին խա­ղաղ լու­ծում­ներ ա­պա­հո­վե­լու մա­սին:

Այս դառն բա­ժա­կը պէտք է հե­ռու պա­հուի Հա­յաս­տա­նէն ու հա­յու­թենէն:

Ինք՝ Ժի­րայր Սէ­ֆի­լեան պի­տի ըն­դու­նի՞, որ իր դա­տին ու ա­զա­տու­թեան հա­մար մէկ հա­յու ա­րիւն թա­փուի:

Հար­ցու­մը, որ կ՚ուղղուի հռե­տո­րա­կան չէ, այլ հա­մա­հունչ գետ­նի վրայ ըն­թա­ցող զար­գա­ցում­նե­րուն:

Հար­ցու­մէն ու վեր­լու­ծում­նե­րէն ան­դին, այ­սօր ա­ւե­լի քան ո­րե­ւէ ժա­մա­նակ այս լե­ղի բա­ժա­կը պէտք է հե­ռու պա­հուի Հա­յաս­տա­նէն ու հա­յու­թենէն ու այս գոր­ծին մէջ պա­տաս­խա­նա­տու է մեզ­մէ իւ­րաք­ան­չիւ­րը:

Երկուշաբթի, Յուլիս 18, 2016