ԹՈՔԻՈՅԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՆ ՈՒ ՄԵՆՔ

Օգոստոս 8-ին, պատմութեան անցաւ, Թոքիոյի մէջ յուլիս 23-ին սկիզբ առնող համաշխարհային ամառնային Ողիմպիական 32-րդ խաղերը: Այսպէս, երկու եւ աւելի շաբաթներու ընթացքին, ամէն օր հետեւելով ճշդուած յայտագրերուն, հիւրըընկալող Ճաբոնի մեծ ու փոքր եւ գեղեցիկ ու արդիականացուած մարզադաշտերու, լողաւազաններու եւ մարզասրահներու եւ մարզադաշտերու մէջ, աշխարհի բազմազան երկիրներու հազարաւոր մարզիկներ, նոյնիսկ քորոնա համաճարակի պատճառով սահմանուած արգելքին, առանց հանդիսատեսի ներկայութեան, իրարու դէմ մրցեցան: Շատեր յաղթեցին, ու շատ շատեր նաեւ պարտուեցան, եւ ապա սակայն վերջին ձեռնուեցան, գիրկընդխառնուեցան, զիրար շնորհաւորեցին: Անշուշտ յաղթողները առ ի գնահատանք եւ վարձատրութիւն, ստացան իրենց ոսկի, արծաթ կամ պրոնզէ մետայլները, իսկ պարտուողներն ալ մէկ կողմ քաշուելով, յաճախ բարձրաձայն եւ կամ՝ անձայն, արտասուեցան ու նոյնիսկ երկար ափսոսանքով՝ լացին:

Ու բոլորին նման, ես ալ, օրը-օրին, ժամանակիս եւ համբերութեանս ներած չափով, մօտէն եւ հեռուէն հետեւեցայ այդ խաղերուն, հեռատեսիլիս եւ «այ փետիս» որոշ կայանէն եւ կայքերէն սփռուած խաղերուն, անոնց արդիւնքներուն, մրցանակներուն եւ մանաւանդ այս առթիւ, խաղերու մասնագէտ խօսնակներուն, ինծի համար շատ հետաքրքրական նկատուած արտայայտութիւններուն, զեկուցում-մատնանշումներուն եւ թելադրանքներուն:

Պատմաաւանդական դարձած այս խաղերուն պաշտօնական բացումը կատարած էր Ճաբոնի Նարիւհիթօ կայսրը, ներկայութեամբ շատ մը երկիրներու նախագահներու եւ  ներկայացուցիչներուն, որոնց կարգին էր նաեւ մեր հայրենիքի նախագահն ալ:

Ու այս առթիւ, պարզապէս եւ անմեղօրէն պատմութեան յիշողութեան վրայ յենուելով աւելցնեմ, որ այս խաղերը սկսած էին 2700 տարի առաջ Յունաստանի Olympia լերան շրջապատը, իբրեւ կրօնական տօնախմբութիւն՝ նուիրուած Zeuz աստուծոյն: 6 օգոստոսէն մինչեւ 19 հոկտեմբեր երկարող այս խաղերը, սկսած էին 776-393 (Ն.Ք.): Սակայն անկէ ետք, անյայտ պատճառներով դադրած:

1894-ին, այսինքն շուրջ 1503 տարի ետք, ֆրանսացի Փիէռ տը Կուպրիթին գեղեցիկ գաղափարը կ՚ունենայ վերակենդանացնելու այս խաղերը: Ու իր այս ծրագիրը կը ներկայացնէ պատկան մարմիններու: Եւ այսպէս, 1896-ի ապրիլ 6-ին, Յունաստանի մէջ կը կազմակերպուի համաշխարհային առաջին Ողիմպիական խաղերը, որուն բացումը կը կատարէ Ճորճ Ա. թագաւորը եւ որուն այդ օրերուն մասնակցեցան 9 երկիրներու մարզիկներ ու կ՚որոշուի այս մրցախաղերը կազմակերպել ամէն չորս տարին անգամ մը, եւ կամաւոր հիւրընկալող երկրի մը մէջ: 1924-ին «Ամառնային» կոչուած այս մրցախաղերուն վրայ պաշտօնապէս նաեւ կ՚աւելնար «Ձմեռնային»ը՝ դարձեալ ամէն չորս տարին անգամի մը դրութեամբ: Սակայն տեսնուած է, որ ամէն երկիր, իր կարողութեան եւ երբեմն ալ քաղաքական դիրքորոշումներէն մեկնած, յաճախ մերժած է մասնակից դառնալ այս մրցախաղերուն:

Այս առթիւ կարելի է յիշել 1956-ի Սուէզի ջրանցքի պատերազմի պատճառով, Եգիպտոսի, Իրաքի եւ Լիբանանի, այս խաղերուն չմասնակցիլը: Նոյնպէս, նման «ժխտումի արարքին» ականատես եղանք 1976-ի Մոնթրէալի խաղերուն, որուն՝ Ափրիկեան 33 երկիրներ, մերժեցին մասնակիլ: Նաեւ, առ ի բողոք Խորհրդային Միութեան Աֆղանիստան ներխուժումին, 40 երկիրներ, որոնց մէջ Ճաբոնը, Ամերիկան, Չինաստանն ու Գերմանիան, չմասնակցեցան 1979-ի Մոսկուայի մէջ կազմակերպուած ողիմպիական խաղերուն: Նաեւ կրնանք յիշել, որ Համաշխարհային առաջին եւ երկրորդ պատերազմներու պատճառով (1916-1940-1944) ողիմպիական այս խաղերը տեղի չունեցան: Եւ տակաւին, համաճարակ քորոնային պատճառով ալ, 2020-ի խաղերը յետաձգուեցան 2021-ին:

32-րդ մարզախաղերուն, որոնք տեղի ունեցան Թոքիոյի մէջ 2021-ին, մասնակցեցան 206 երկիրներ, 93 տարբեր ազգեր ներկայացնող 11 հազար 656 մարզիկներով, (որոնց տարիքը 12-66 տարիներու մէջ կը տարուբերի), եւ որոնք մրցեցան 44 մարզաձեւերու խաղերուն: Յիշենք, որ յաջորդ Ողիմպիականը տեղի պիտի ունենայ Փարիզ՝ 2024-ին, իսկ անոր պիտի յաջորդէ Լոս Անճելըսը՝ 2028-ին: Իսկ ձմեռնայինը՝ Չինաստան՝ 2022-ին:

***

Արդ, այս բոլորէն ետք, իբրեւ հայեր, կը կարծեմ, որ մեզի համար այս խաղերուն մէջ ամենէն հետաքրքրականը, մեր հայրենիքը ներկայացնող 17 անդամ-մարզիկներու ներկայութիւնն էր: Հաւատացէ՛ք, բոլորովին տարբեր զգացում է, յատկապէս բացման հանդիսութեան աւանդական տողանցքին «մերիններուն» ներկայութիւնը, որ իւրաքանչիւրիս անկասկած մեծ հպարտանք եւ նոյնքան ալ յուզմունք պատճառած էր: 44-օրուայ ծանր եւ արիւնոտ պատերազմէն ետք, գերագոյն զոհողութիւներով եւ հաւատքով եկած էին հայ մարզիկները ու տիրացած՝ 4 մետայլներու:

Արդ, կը հաւատանք, որ նման իրագործումներու եւ ծրագիրներու յաջողութեան համար մեծագոյն խոչընդոտ-բանալին նիւթականն է: Գիտենք, որ հայրենիքը բազմաշերտ, բազմահազար եւ տեսակաւոր ու էական եւ անմիջական «կարիքներու» պէտք ունի: Այո՛, եւ անկասկած: Բայց տակաւին ան «կը շնչէ» շնորհիւ պետական ծրագիրներու ու նաեւ հայրենի եւ սփիւռքի բարերարներու կամեցողութեան, առատաձեռն ու անսակարկ նուիրաբերումներուն:

Կը կարծեմ, որ բոլոր յայտնի կամ անանուն «կարիքներու» կողքին նաեւ էական է զարկ տալ, թեւ ու թիկունք ըլլալ եւ կենալ մեր բոլոր մարզիկներուն, զանոնք հասցնելու համաշխարհային բեմահարթակներու: Ունինք եւ անկասկած օրհնեալ, արթուն ու գիտակից նոր սերունդ մը, որ անպայման կարիքն ու կարօտը ունի մեր բոլորի աջակցութեան, անխտիր: Կրթել, դաստիարակել, մշակել անոնց կամքը, հաւատքը, մարմինն ու հոգին: Այս է պահանջուածը:

Այս տարի ընդհանուր դասաւորման մէջ գրաւած ենք 69-րդ դիրքը: Ի՞նչը կը պակսի այս մէկը դաձնելու առաջին շարքերուն: Բարի նախանձով, եթէ նման զգացում կայ աշխարհի մարդկութեան մօտ, հետեւեցանք մեծ ու փոքր երկիրներու յաղթանակած մետայլներու արարողութեան, անոնց այս առթիւ իրենց երկրի դրօշին ծածանման: Նաեւ՝ մերինին ալ, սակայն միայն չորս անգամ: Երեւակայեցէ՛ք, իւրաքանչիւր յաղթական նկատուած եւ մետայլի արժանացած մարզիկի անուան ծանուցման, նոյնիսկ երկվայրկեաններու համարանքով նաեւ կը յիշուի անոր պատկանած երկրին, ազգին, դրօշակին եւ կամ ժողովուրդին մասին կարգ մը տեղեկութիւններ ալ: Ու խաղերուն հետեւող աշխարհը, ինքնաբերաբար տեղեակ կ՚ըլլայ... այս բոլորին: 

Ամէն առիթներով կը լսենք, կը տեսնենք, կը կարդանք, որ մեր մարզիկները, Եւրոպայի մէջ կայացած կարգ մը մրցախաղերուն մասնակից դառնալով, մետայլներ կը շահին կամ շահած են: Այս մէկը մեծ պատիւ է բոլորիս համար ալ: Հիմա պահն է նաեւ որ անոնք համաշխարհային այս Ողիմպիական խաղերէն ալ մետայլներով վերադառնան: Մտածելու բան է: Համեստ առաջարկ:

Ջուրի, դաշտի կամ գետնի, հողի կամ աւազի վրայ կատարուած այդ մրցախաղերուն, անկասկած կրնանք յաջորդ ողիմպիականին եւ ինչու չէ նաեւ բոլոր ողիմպիականներուն համար ալ պատրաստել մեր մարզիկները:

Կարեւորը ոգին է... հաւատքն ու զոհաբերումը:

Այս տարի միայն չորս մետայլներով գոհացանք: Յոյսով ենք, որ մեր բոլորի նիւթաբարոյական ներդրումով, յաջորդներուն կրկնապատկուի մեր հայ մարզիկներու այս թիւն ու անոնց  ապահոված յաղթանակներու մետայլները: Յուսալը, թէեւ բաւարարաչափ օգուտ է, սակայն էականը, մեր բոլորի անսակարկ քաջալերանքն է:

Մինչ այդ, յաղաթանակած եւ մետայլներ շահած չորս հայորդիներ՝ վարձքերնիդ կատար եւ անպայման մարզիկներուդ յաղթանակը շնորհաւոր՝ Արմենիա-մեր Հայաստան:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2021