ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇԷՆ ՔԱՂՈՒԱԾՔՆԵՐ

«Պատերազմը պիտի աւարտի, ղեկավարները պիտի ձեռնուին, իսկ ծերունին պիտի մնայ իր նահատակ որդիին սպասումով, այդ կինը՝ իր սիրելի ամուսինին սպասումով, այդ զաւակները՝ իրենց հերոս հօրը: Չեմ գիտեր, թէ ո՞վ ծախեց հայրենիքը, բայց տեսայ, որ ո՞վ վճարեց գինը»:

«Կ՚ըսէ. Ե՞րբ պիտի հանդիպինք:
Կ՚ըսեմ. Տարիէ մը եւ պատերազմէ մը ետք:
Կ՚ըսէ. Ե՞րբ կը վերջանայ պատերազմը:
Կ՚ըսեմ. Երբ հանդիպինք»:

«Զինուորները գոյութեան եւ բացակայութեան հեռաւորութիւնը կը չափեն հրասայլի հեռադիտակով, իսկ մենք մեր մարմիններուն եւ ռումբերուն հեռաւորութիւնը կը չափենք վեցերորդ զգայարանքով»:

«Կոտրեցին քեզ, որքա՜ն կոտրեցին, որ գահը կանգնի սրունքներուդ վրայ: Բաժնեցին քեզ եւ հերքեցին, պահեցին քեզ եւ ձեռքերուդ համար զօրք մը հաստատեցին: Քարի մը մէջ դրին քեզ եւ ըսին. «Մի՛ յանձնուիր», ապա քեզ նետեցին հորի մը մէջ եւ ըսին. «Մի՛ յանձնուիր» եւ երկարեցաւ պատերազմդ, ո՛վ մօրս որդին, հազար տարի, հազար տարի, հազար տարի՝ ցերեկուան մը մէջ, ապա մերժեցին քեզ, քանի անոնք ճառախօսութենէն եւ փախուստէն բացին չեն գիտեր: Հիմա մաշկդ կը կողոպտեն, զգուշացիր անոնց կերպարանքէն եւ ծածկէ պատեանդ: Որքա՜ն առանձին էիր, ո՛վ մօրս զաւակը. զաւակ մը, որ հօրմէն աւելին է: Ո՜րքան առանձին էիր...»:

ՆՈՃԻՆ ԿՈՏՐԵՑԱՒ

Նոճին, մինարէի պէս, կոտրեցաւ
Եւ ճամբուն մէջ, իր նօսրացող
Շուքին վրայ, քնացաւ՝
Կանաչ, մթագոյն,
Ինչպէս որ է:

Ոչ ոք վնասուեցաւ.
Կառքերը սուրալով անցան իր ճիւղերուն վրայէն,
Փոշին փչեց ապակիներուն վրայ...
Նոճին կոտրեցաւ:

Բայց տատրակը իր կողքի տան
Բացայայտ բոյնը չփոխեց: 
Երկու թռչուններ ճախրեցին իր տարածութեան վրայ
Եւ կարգ մը նշաններ փոխանակեցին:

Կին մը իր դրացիին ըսաւ.
«Փոթորիկ տեսա՞ր»:
Ըսաւ. «Ո՛չ, ոչ ալ ամբարձիչ մը»...
Եւ նոճին կոտրեցաւ:

Անցորդները զանգուածը կամ կոյտը տեսնելով ըսին.
«Թերեւս արհամարհանքէն նեղացաւ
Կամ օրերէն ծերացաւ,
Քանի սլացիկ է ընձուղտի պէս
Եւ իմաստէ զրկուած՝ փոշաւելի պէս,
Նոյնիսկ երկու սիրահարի շուք չ՚ըներ»:

Մանուկ մը ըսաւ.
«Անսխալ կը նկարէի զայն,
դիւրին է ուրուագիծը»:
Աղջնակ մը ըսաւ.
«Այսօր երկնքին մէջ պակաս բան մը կայ,
Քանի նոճին կոտրեցաւ»:
Պատանի մը ըսաւ.
«Բայց այսօր երկինքը ամբողջական կ՚երեւի,
Քանի նոճին կոտրեցաւ»:

Ես ինծի ըսի.
«Ո՛չ անորոշութիւն կայ, ոչ ալ յստակութիւն.
Նոճին կոտրեցաւ,
Այս է պատահածը»:

ԱՆՏԵՍՈՒԱԾ ԾԱՌԸ ԱՅՍՊԷՍ ԸՍԱՒ.

Օդէն դուրս
Կամ ընդարձակ անտառին մէջ
Իմ հայրենիքն է:
Թռչունները կը զգա՞ն,
Որ ես իրենց կը պատկանիմ.
Հայրենիք մը... կամ ճամբորդութի՞ւն,
Կը սպասեմ...

Կոտակ ճիւղերու աշնան
Կամ երկար արմատներու գարնան մէջ է
Ժամանակս:
Եղնիկը կը զգա՞յ,
Որ ես իրեն կը պատկանիմ.
Մարմին մը... կամ բո՞յս,
Կը սպասեմ...

Երկնքին մէջ,
Որ աչքերուն միջեւ կը պտըտի՝
Կապոյր, կանաչ, կամ ոսկեգոյն,
Մարմինս է:
Սիրուածները կը զգա՞ն,
Որ իրենց կը պատկանիմ:
Պատշգամ մը... կամ լուսի՞ն,
Ես կը սպասեմ...

Չորութեան մէջ, որ հովը կը հատէ,
Չքաւորները գիտե՞ն,
Որ ես հովին աղբիւրն եմ.
Կը զգա՞ն արդեօք,
Որ իրենց կը պատկանիմ.
Դաշոյն մը... կամ անձրե՞ւ,
Կը սպասեմ...

Օդէն դուրս
Կամ ընդարձակ անտառին մէջ՝
Կ՚անտեսէր զիս սիրածս,
Բայց ես
Հրաժեշտ չտուի կորսուած ճիւղերուս.
Ծառին մարմարին մէջ
Կը սպասեմ...

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2020