ՈՒՍ-ՑՑԻՉ

Դասընկերներէս մին յիսնամեակ մը առաջ «բառարան» մը յօրինեց (չակերտեցի, քանի որ մի քանի տասնեակ իսկ չէր), ուր չէր մոռցած «ուսուցիչ» բառը, զոր տարբաղադրելով ըրած էր ուս-ցցիչ. այսինքն՝ դժգոհ ստացած գումարէն:

Որեւէ հարց եթէ ամբողջութեան մէջ չքննուի, անպայման թերի կողմ մը կամ կողմեր պիտի ունենայ: Ապրողն ու դիտողը նոյն պարագաներու տակ չեն ի հարկէ: Ոչ թէ նոյն, այլ իրարմէ շա՜տ տարբեր, որքան ալ դիտողը ապրողի դերին մէջ ինքզինք զգայ: Ամէն ժամանակ իրեն յատուկ քերականութիւնը ունի: «Խորհրդածութեան» դասընթացքի հետեւելու համար պէտք է տանէի սպիտակ թաշկինակ, պտուղ եւ այդքան: Ասոնք՝ իբրեւ խորհրդանիշ, քանզի  Հնդկաստանի անտառներու միստիկը ի՞նչ բանի պէտք պիտի ունենար. ինքնաշարժի՞, կահաւորուած տա՞ն, թէ ինչ որ մեզի համար արդ անհրաժեշտ կը նկատենք, հուսկ պիտի վճարէինք գումար մը:

Այլ առիթով եւ այլ տեղ ալ հնդիկ երկրաչափի մը  հետ խօսակցութիւնս դէպի եոկայի դարձնելով հարց տուի, թէ ինք կ՚ուսուցանէ՞: Պատասխանը եղաւ դրական, ուստի շարունակելով հատուցումի մասին հարցուցի, ըսաւ՝ «ԱՆՎՃԱՐ»:

«Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ իմանալ զբանս հանճարոյ»: Կ՚ուզէի հոն հասնիլ: Գագաթներ ու ես ալ իմ կարգիս բաշխել ու տալ բոլորի՛ն ձրի: Եւ սակայն օրերու ընթացքը տարբեր պիտի ըլլար: Իմ մտացածին սէրս, ուսուցչութիւնը պիտի չկարենայի իրագործել: Քանի՜-քանի՜ անցարգելներ պէտք էր, որ անցնէի, քանզի հաստատութիւններ (էսթապլիշմընթ) պէտք էր յաղթահարէի: Հաստատութիւններն ու զանազան կառոյցներ ունէին իրենց անձնագիրերը: Եթէ պետական պաշտօնէութիւն էր, յարանուանական եւ այլ անձնագիր պէտք էր, եւ շարքը կ՚երկարի՝ կուսակցական, միութենական կամ այլ: Վերջապէս ամէն հաստատութիւն ունէր իր կանոնագիրքը եւ ոչ միայն այդքան, այլ կար նաեւ անձնական գործօնը՝ խնամի, ծանօթ, բարեկամ…

Ժամանակն ու տարիներու փորձառութեան դասերը անմոռանալի իրենց դրոշմը կը հաստատեն, երբ ապրիս ամբողջ էութեամբդ:

Տարիները թաւալեցան ու տղուս ըսի, որ եթէ ուսուցչական կամ շարժումի մը կապուածութեամբ օրապահիկդ պիտի շահիս, նկատի ունեցիր, որ պատերազմի դաշտ կը մեկնիս ԿԱՄԱՒՈՐ: Այլապէս ասպարէզդ փոխէ՛: (Հոս կանգ առնենք):

Դասաւանդող ուսուցիչներէս ա՛յդ եւս ստացած էի իրենց երբեմն-երբեմն ունեցած պոռթկումներուն միջոցաւ: Ուսուցիչներս գլխաւոր երկու մասի կը բաժնեմ. դասատու եւ դաստիարակ: Առաջինները իրենց քառակուսի արմատներով զբաղած են, իսկ երկրորդ տեսակը՝ դասին հետ նաեւ դասեր կեանքէն ու նայած նիւթին՝ կեանքը իր ամբողջութեան մէջ համընդհանուր պարունակով:

«Գիր սիրի, Ղալամ սիրի, Տաֆթար սիրի»: Հիմա դարը «յառաջդիմած» է: Ջնջած է ամէն սահման ու սահմանում ու հասած է տնտեսութեան մակարդակին, ուր հազուադէպ են վեհութիւն ու մարդկայնականութիւն: Այս է նոր իրավիճակը: «Բարոյական» բառը չեմ ուզեր գործածել, քանզի բառեր կան, որոնք անսգիւտ են եւ անյարիր քաղաքական դաշտին:

Կեանքն ամբողջ դարձած է անտառապատ, ու ապրելու համար պէտք է ունենալ կամաւորի ոգի: Առ այդ, պէտք է պատրաստուի ու զինուի մեր նոր սերունդը:

«ԿԱ՛Մ ՎԱՀԱՆՈՎ, ԿԱ՛Մ ՎԱՀԱՆԻՆ»:

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երեքշաբթի, Մարտ 19, 2019