ԴԱՇԻՆՔՆԵՐ ՈՒ ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐ

Դաշինքներն ու դաշնակից պետութիւններն ու նոյնիսկ խմբաւորումները-կազմակերպութիւնները տարբեր տեսանկիւններէ դիտուող նիւթեր են միջազգային յարաբերութիւններու մէջ: Եթէ հպանցիկ նայինք մարդկային քաղաքական պատմութեան՝ կը նկատենք, որ տեւաբար դաշնակցութեան, դաշնակցելու եւ եթէ այսպէս կոչուած՝ աւելի մեծ «արշին»ով համագործակցելու հակումն ու վարքը դիտարկենք, կրնանք տեսնել, որ միշտ այդ դաշնակցային յարաբերութիւններու նախնական եւ ամենապարզ ձեւն է եւ միշտ ընթացած է զուգահեռ մարդկային հասարակութիւններու պատմութեան հետ: Հին դարերուն դաշինքներու որակը, ուժգնութիւնը, տարածքը, պարունակութիւնը եւ այլ բաներ բանականաբար ուրիշ տարողութիւններով դրսեւորուած են, եւ չեն եղած այս ձեւաչափերու մէջ, ինչ որ կան ներկայիս, պարզ այն պատճառով, որ մարդութեան թիւին հետ պետութիւններու թիւը եւ անոնց կայացման ու յառաջացման հասկացողութիւնները փոխուած են՝ մանաւանդ 20-րդ դարէն սկսեալ:

Եթէ վկայաբերենք, օրինակ, իմ միշտ օրինակի վերածուած Հռովմէական կայսրութիւնը, կը նկատենք, որ դաշնակից ունենալու անոր արժեհամակարգը ինչքան ալ կանգուն էր տուեալ ժամանակաշրջանին, անոր կողքին նուաճումն ու ենթարկեցնելը հիմնական ուղղութիւնը եղած է այնտեղ, այսնիքն, միշտ Հռովմէական կայսրութիւնը փորձած է ընդլայնել իր սահմանները ենթարկեցնելով ոչ թէ դաշնակցելով: Յիշատակելի են հոս նոյնպէս բոլոր միւս կայսրութիւնները, քանի ընդհանուր կայսրութիւններու կենսափիլիսոփայութիւնները եղած են միշտ ընդլայնումն ու նուաճումը: Պատմութեան մէջ, այո, հինաւուրց Եգիպտոսի եւ Խեթական պետութեան միջեւ՝ առաջին մօտաւոր համագործակցութեան պայմանագիրը կրնանք վկայաբերել, որ մօտաւոր դաշնակցայինի հիմք կրնայ հանդիսանալ, ինչպէս նաեւ ուրիշ պայմանագիրներ:

Դաշնակցութիւն մը կամ դաշինք մը մեծ ընկալմամբ իր կայացման համար կարիքն ունի երկու դաշնակցող կողմի եւ ներկայ դարու միջազգային յարաբերութիւններու առանձնայատկութիւնները նկատի ունենալով կրնանք ըսել, որ դաշնակից երկու կողմերը նոյն մակարդակի ուժային ու կարողականութեան մակարդակներ չունին: Որեւէ դաշնակցութիւն նախ կ՚ենթադրէ առաւելաբար պետական կառոյցի կամ պետութեան մը առկայութիւնը եւ հոս է, որ կը յառաջանայ հիմնական հարցը, թէ ինչպէ՞ս երեւան եկած է տուեալ պետութիւնը կամ ինչպէ՞ս ձեռք բերած է իր անկախութիւնը եւ որո՞ւ օգնութեամբ, ի՞նչ նպատակներով, ի՞նչ հանգամանքներու բերումով եւ ո՞ր կողմը կամ կողմերը սատարած են անոր անկախութեան: Այս հարցերու պատասխաններէն մէջտեղ կու գան արդի դաշնակցային համակարգերը, եւ հոս ու ներկայիս չենք կրնար չնկատել Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն եւ Սովետական Միութեան քայքայումէն ետք աշխարհի վերակառուցման ու վերադասաւորման իրողութիւնը:

Որեւէ դաշինքի երկու կողմերը, ինչպէս ըսինք, փոխկապակցուածութեան կողքին պաշտպանուածութեան, կախուածութեան ու փոխլրացումի համակարգեր կը պարզեն եւ միշտ աւելի զօրաւոր կողմը ինքն է թելադրողն ու եղանակ տուողը դաշնակցութեան մը. օրինակ՝ Ճաբոնը չէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցը, որքան ԱՄՆ է Ճաբոնինը եւ շատ նմանատիպութիւններ:

Բնականաբար, տկար կողմի ակնկալիքները աւելի մեծ են քան գերակայ կողմինը, եւ հիմնական առանցքը որեւէ դաշնակցութեան անվտանգութեան ապահովումն է, մանաւանդ խոցելի ու նուազ զօրաւոր կողմին համար: Իսկ պաշտպանուածութիւնն ու յուսալի պաշտպանուած ըլլալը տեւաբար միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ առարկայ եղող բոլոր կողմերուն գերնպատակն է եւ այդ նպատակին հասնելու համար կարիքը կայ, այսպէս կոչուած մեծ հովանաւորի մը, աւելի մեծ թիւ կազմող փոքր կամ աւելի քիչ զօրաւոր պետութիւններու կողմէն:

Դաշնակից կողմերու կողքին որեւէ դաշնակցութեան կայացումը կարիքն ունի նոյնպէս հակառակորդ կամ թշնամի կողմի մը, իսկ հոս է, որ ի յայտ կու գայ անապահով ու յաւերժական թուացող պատերազմով մարդկութեան բնոյթը: Այսինքն, եթէ վերջնական խաղաղական աշխարհ կառուցուած ըլլար, ինքնաբերաբար պէտք չէին դաշինքները եւ արդէն հակառակորդի եւ թշնամիի հասկացողութիւնները անիմաստ: Հետաքրքրական է կարծեմ յիշել, որ գերխաղաղութեան հասնելու ձգտումը նոյն ամենաթէժ պատերազմներու ալ թիրախն է եւ հակասականօրէն բոլոր համակարգերը՝ ըլլան անոնք միաբեւեռ, բազմաբեւեռ կամ երկբեւեռ, բոլորն ալ իրենց գաղափարախօսական էութեամբ ձգտած են եւ կը ձգտին այսպէս կոչուած՝ իրենց խաղաղութիւնը հաստատել:

Դաշնակցային յարաբերութիւններուն մէջ միշտ զօրաւոր կողմը «օրինական լիազօրութիւնը» ունի չկատարելու իր դաշնակցային պարտաւորութիւնները՝ մեկնած նոյնինքն ուժի յարաբերակցութեան ու ինքնին դաշնակցութիւն կատարելու զօրաւոր կողմի թելադրած կանոններէն («եթէ չորդեգրէ մեծը փոքրին, ինքնին փոքրը չկայ» տրամաբանութեամբ):

Պէտք է նշենք, որ մարդկային քաղաքական պատմութեան ընթացքին ամենամեծ դաշինքը կատարուած է մեր ժամանակներուն մէջ, յանձինս ՆԱԹՕ, որ կ՚ընդգրկէ ամենամեծ թիւով երկիրներ եւ որոնց անվտանգութիւնը կ՚ապահովէ հիմնականօրէն ԱՄՆ: Իսկ մեր օրերուն պատմութեան ամենամեծ իրադարձութիւններէն մէկուն ականատեսը կ՚ըլլանք, երբ կը տեսնենք 200 տարուայ չէզոք երկիրները (Ֆինլանտիա եւ Շուէտ) կ՚անդամակցին այս դաշինքին եւ ներկայ մեր ժամանակներու միջազգային համակարգէն ալ կը բխի այդ մէկը, քանի ներկայիս աւելի միաբեւեռ աշխարհ մը կայ իր նոր ենթաբաժանումներով:

Առաւելաբար այն պետութիւնները, որոնք անժամանցելի խնդիրներ ունին իրենց դրացի երկիրներուն հետ եւ կանգնած են գոյութենական վտանգներու առջեւ, տեւական փնտռտուքի մէջ են իրենց անվտանգային դաշտը աւելի ամրագրելու եւ ինչքան ալ մեծ դաշինքներով հաւաստիացուի իրենց կայունութիւնը, բացարձակ վստահութիւններ չունին մեծ ու ամրակուռ ալ երեւցող դաշինքներուն վրայ:

Ինչպէս ըսինք, այն կողմը որ անվտանգութիւն կը պարգեւէ կամ նուազագոյնը կը վանէ (չըսելու ատակ է հրահրելու) բախումներու կայացումը առաւելագոյն շրջաններու մէջ աշխարհին, նոյնինքն ամենամեծ տրամաչափով ինքը կ՚ըլլայ ճարտարապետը միջազգային յարաբերութիւններուն:

Ներկայի աշխարհն է՞ աելի խաղաղականը կամ անցեալ դարերունը, պարզ դիտարկումով կը տեսնենք, որ ներկայիս աշխարհը աւելի մեծ մաշտաբային է իր ամէն ինչով, հակառակ որ աւելի քաղաքակիրթ կրնայ համարուիլ՝ մեկնած իր բացուածութենէն ու թեքնոլոժիք զարգացումէն:

Միւս կողմէ, յաւելենք, որ Լիխտէնշտայնի կամ Զուրիցերիայի պէս երկիրներ կը կարծենք, որ բնաւ չեն մտածած իրենց դաշնակցային կարգավիճակներուն մասին, ինչ որ ընդհանուր պատկերացում մը կու տայ յարաբերական եւրոպական ներանվտանգային ու զարգացած համակարգին մասին:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

10 յուլիս 2022 

Երեքշաբթի, Յուլիս 19, 2022