ՀԱՅԸ ՀԱՅ Է ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ՃԱՆԱՉՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՄԲ

Ազգի մը գոյութիւնը եւ ինքնութիւնը պայմանաւորուած է հողով, հայրենիքով, պետականութեամբ եւ իր սեփական լեզուով ու մշակոյթով։ Ամէն ազգ իրաւունքը ունի իր իւրայատուկ ինքնութիւնը պահելու:

Իսկ այս իրաւունքը ունի իր փոխադարձ պարտաւորութիւնները։

Ազգի մը հիմքը լեզուն է: Անիկա միակ տարրն է, որ տարբերութիւն կը դնէ ազգերու միջեւ։ Ամէն ազգ կենդանի է իր լեզուով: Լեզուն կը մաշի եւ կը մահանայ երբ չգործածուի: Լեզուին մահը ազգին մահն է։ Շատ մը ազգեր պատմութեան մէջ եկած ու գացած են, անոնք կորսնցուցած են իրենց ինքնութիւնը եւ դադրած են ազգ ըլլալէ, պարզապէս իրենց լեզուն չգործածելնուն պատճառաւ։ Մեր մեծ գրագէտներէն Յովհանննէս Թումանեան ըսած է.

«Լեզուն է ամէն մէկ ժողովուրդի ազգային գոյութեան ամենախոշոր փաստը, ինքնուրոյնութեան ու հանճարի ամենէն խոշոր դրոշմը, պատմութեան ու հեռաւոր անցեալի կախարդական բանալին, հոգեկան կարողութիւններու ամենաճոխ գանձարանը, հոգին ու հոգեբանութիւնը»։

Ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ. կ՚ուզե՞նք հայ մնալ, կ՚ուզե՞նք ապրիլ իբրեւ հայ, ի՞նչ տեսակ հայ պատրաստել եւ ի՞նչ միջոցներով։ Հարցադրումներ, որոնք պէտք է լուսաբանուին:

Հայ ըլլալ կը նշանակէ ապրիլ հայեցի դաստիարակութեամբ եւ խօսիլ հայ լեզուն։ Հայ ըլլալը պէտք չէ բնորոշել ծիներով, այլ՝ հոգիով եւ միտքով։ «Ծագումով հայ» մտայնութիւնը ընդհանրացած է եւ շատ մը տեղեր կը հիմնաւորուի: Հայրենասիրութիւնը եւ Հայաստան տրուած այցելութիւնները առանձնաբար պէտք չէ շփոթել հայ ըլլալուն հետ։ Ասոնք հայ ըլլալու նախադրեալներուն մաս կը կազմեն։

Հայ ըլլալը Հայաստանի մէջ բնական երեւոյթ է։ Հոն անհատը կը ծնի հայ հողի վրայ, կը մեծնայ հայ միջավայրի մէջ, կ՚ապրի հայ վարժարանի մէջ, կը գործէ հայ հաստատութեան մէջ: Հոն պետական լեզուն հայերէն է, հանրապետութեան նախագահէն մինչեւ ամենէն պարզ պաշտօնեան կը խօսին հայերէն, ռատիոժամը եւ հեռատեսիլը հայերէն կը խօսին, ի վերջոյ ամէն բան հայկականութիւն կը բուրէ, հակառակ որ շատ մը ժխտական երեւոյթներ անպակաս են:

Նոյնը չէ վիճակը հայ սփիւռքի մէջ։ Հայը կ՚ապրի հեռու հայրենիքէն, ցիր ու ցան, տարբեր տարբեր երկիրներու մէջ, բազմացեղ, բազմալեզու, բազմակրօն եւ բազմամշակութային միջավայրերու մէջ։ Սփիւռքի մէջ հայը ենթակայ է հսկայական դժուարութիւններու եւ կաշկանդումներու։ Օտարացումի ճամբան բաց է եւ հեշտ՝ յաճախելով օտար վարժարաններ, սորվելով օտար լեզուներ, մոռնալով հայ լեզուն, իւրացնելով օտար բարքեր, սովորութիւններ, կենցաղ, հիմնելով խառն ամուսնութիւններ եւ կազմելով ոչ-ամբողջական հայ ընտանիքներ։

Հայը ընդհանրապէս կ՚ապրի հայութենէ հեռու, հայկական իրականութենէ շատ հեռու:

Ուրեմն մտահոգուելո՞ւ ենք հայ սփիւռքով. այո՛, մտահոգուելու ենք։ Սփիւռքը առողջ կը մնայ եւ կը գոյատեւէ միայն ու միայն հայեցի դաստիարակութեամբ եւ հայ լեզուի պահպանումով ու ճշգրիտ գործածութեամբ։

Բայց ի՞նչ է հայեցի դաստիարակութիւնը։

Հայեցի դաստիարակութիւնը հայ անհատին մէջ գիտակից, վաւերական եւ ամբողջական հայը կազմաւորելու հոգեմտաւոր գործընթացն է: Անիկա սփիւռքի օտար եւ օտարացնող պայմաններուն մէջ հայը հայ պահելու եւ հայ մարդը իրաւացի հայ դարձնելու ճիգերու ամբողջութիւնն է։

Հայեցի դաստիարակութիւնը պէտք է ուղղուի բոլոր հայ անհատներուն, այսինքն՝ հայ ծնողքին, տարեցին, երիտասարդին, ի մասնաւորի՝ կազմաւորուող նոր սերունդին, ո՛ւր որ ալ գտնուին անոնք։

Անոր կռուանները պէտք է ըլլան հայ ընտանիքը, հայ դպրոցը, Հայ Եկեղեցին, հայ կազմակերպութիւնները, միութիւնները եւ կեդրոնները, ինչպէս նաեւ հայ մամուլը եւ լսատեսողական միջոցները։

Այս բոլորին միջոցով կազմաւորուող նոր սերունդին կ՚ապահովուի հայեցի մթնոլորտ եւ հայաշունչ դաստիարակութիւն, այսինքն ան կը սորվի հայ լեզուն եւ կը վարժուի գործածել զայն մաքուր եւ ճշգրիտ:

Ան կը սորվի հայոց պատմութիւնը եւ իրազեկ կը դառնայ հայ ժողովուրդի սխրագործութիւններուն, յաղթանակներուն եւ պարտութիւններուն:

Ան կը ծանօթանայ մեր մշակութային եւ հոգեմտաւոր հարստութիւններուն: Ան կը հրահրուի ազգային պատկանելիութեան խոր գիտակցութեամբ եւ ազգային իրաւունքներու հիմնաւորուած պահանջատիրութեամբ։

Ըսինք՝ պէտք է մտահոգուիլ հայ սփիւռքով, սակայն տեղին է ըսել, որ հայ սփիւռքը որոշ չափով կազմակերպուած է։ Ամէն գաղութ ունի իր հոգեմտաւոր կառոյցները՝ դպրոցներ, եկեղեցիներ, քաղաքական, մշակութային, ընկերային, մարզական կազմակերպութիւններ, միութիւններ ու հիմնարկներ։ Այս կառոյցները իրենց կարելին ու անկարելին կ՚ընեն անսահման զոհողութիւններով ու ճիգերով, որպէսզի փոխանցուի հայեցի դաստիարակութիւնը եւ կատարուի հայ լեզուի ուսուցումը, տարածումը եւ պահպանումը։

Սփիւռքը ունի որոշ քաղաքական հասունութիւն: Հոն կը գործեն շատ մը հայկական քաղաքական եւ ակադեմական կազմակերպութիւններ, որոնք կը հետապնդեն հայ դատը եւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներն ու պահանջատիրութիւնը միջազգային բեմերու վրայ։

Սփիւռքի հայութիւնը ընդհանրապէս կ՚ապրի բարօր կեանք մը եւ շատ մը հայեր հասած են նիւթապէս նախանձելի իրավիճակի։

Այս բոլորին հետ մէկտեղ, հայ լեզուին հանդէպ անտարբերութիւնը օրէ-օր աւելի զգալի կ՚ըլլայ եւ կը դառնայ հիմնական ու համայնական մտահոգութիւն, ինչպէս կը մատնանշէ Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Այո՛, հայ լեզուն կը նահանջէ ամէն տեղ, տարբեր կերպերով ու ամէն իմաստով։ Կը նահանջէ հայ լեզուն՝ երբ հայ ընտանիքներէն կը հեռանայ Մաշտոցի մեծասքանչը, երբ հայ դպրոցներու մէջ աշակերտներ օտար լեզու կը խօսին, երբ հայ մամուլի էջերուն վրայ կ՚աղաւաղուի հայ լեզուն, երբ մեր գմբէթներուն տակ մեր հայրերուն աղօթքները օտար լեզուով կը հնչեն: Հայ լեզուէն հեռացում կը նշանակէ հայութենէ հեռացում»։

Թող Արամ Ա. Կաթողիկոսին մտահոգութիւնը դառնայ իւրաքանչիւր հայու մտահոգութիւնը, որովհետեւ ինչպէս կ՚ըսէ ան. «Հայ լեզուն հայ ինքնութեան աղբիւրն է, հայ մշակոյթի առանցքը, հայ հաւատքին պահապանը եւ հայ ազգի գոյութեան երաշխիքը. որպէսզի չնահանջէ հայ լեզուն՝ անիկա միշտ պէտք է գործածուի, սակայն ճշգրտօրէն առանց աղաւաղումներու, առանց օտար բառամթերքի եւ լեզուական ոճի»։ Վեհափառը շարունակելով՝ կ՚ըսէ. «Հայ լեզուն կենդանի կը մնայ միայն ու միայն երբ ամէն օր կը գործածենք զայն՝ խօսելով, կարդալով, գրելով եւ մտիկ ընելով»։

Հայոց պատմութեան մէջ առաջին եզակի իրադարձութիւնը պատահեցաւ 301-ին, երբ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը հռչակուեցաւ պետական կրօնք: Հայ ժողովուրդը իւրացուց քրիստոնէութիւնը եւ ապրեցաւ այս նոր վարդապետութեան հաւատքով ու ըմբռնումներով։ Քրիստոնէութիւնը շուտով տարածուեցաւ Հայաստանի բոլոր շրջաններուն մէջ՝ շնորհիւ մեծ թիւով քարոզիչ հաւատացեալներու: Այս մէկը կատարուեցաւ հսկայական դժուարութիւններով, որովհետեւ հայը չունէր իր ինքնուրոյն գրաւոր լեզուն, այլ կը գործածէր իր դրացի երկիրներու գրաւոր լեզուները։ Հայը ունէր միայն բանաւոր լեզու։ Հայ ժողովուրդի բանիմաստ, հեռատես եւ անմահանուն կրօնական ու աշխարհական անձնաւորութիւնները՝ Մեսրոպ Մաշտոց, Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոս եւ Վռամշապուհ թագաւոր գիտցան, որ հայ ազգի ինքնութեան եւ գոյատեւման հիմնական կռուանը իր սեփական եւ իւրայատուկ լեզուն ունենալն էր։ Երկարատեւ եւ տքնաջան աշխատանքէ ետք, 404-ին, իրականացաւ հայոց պատմութեան մէջ երկրորդ եզակի իրադարձութիւնը՝ հայ գիրերու ստեղծումը։ Մեսրոպ Մաշտոցի գիւտարարութեամբ, հայ ժողովուրդը ժառանգեց հրաշագործ եւ սրբատառ հայ այբուբենը: Հայը սկսաւ խօսելու Աստուծոյ հետ եւ հասկցաւ քրիստոնէութիւնը իր սեփական գիրերու լեզուով։ Մեսրոպ Մաշտոցի գիրերով հայ ժողովուրդի խօսակցական լեզուն դարձաւ գրաւոր լեզու, որ իր պատկառելի տեղը ունեցաւ համայն աշխարհի լեզուներու կողքին։

Դարեր շարունակ հայ ժողովուրդը ենթարկուեցաւ ամէն տեսակի վայրագութիւններու. կորսնցուցինք հող, պետականութիւն, անկախութիւն եւ մշակութային ու նիւթական հսկայ հարստութիւն: Մեր թշնամիները փորձեցին խլել նաեւ մեր լեզուն, սակայն անոնք ձախողեցան եւ հայ լեզուն մնաց հաստատուն, ինչպէս կ՚ըսէ Պարոյր Սեւակ իր «Մայրենի լեզու» բանաստեղծութեան մէջ։ (…)

Հայ լեզուն դարեր շարունակ գոյատեւեց եւ բնաւ չխաւարեցաւ, այլ եղաւ լուսեղէն անմար կրակ, շնորհիւ հայ ժողովուրդի խոր գիտակցութեան եւ համոզումին, որ իր սեփական լեզուին գործածութիւնը եւ պահպանումը իր ինքնութեան եւ գոյութեան միակ լաստն էր։

Մենք, հայ լեզուով հպարտանալու շատ պատճառներ ունինք: Հայ լեզուն մեր սեփական լեզուն է: Միայն մենք կը գործածենք զայն: Անիկա համայնական լեզու մը չէ այլ լեզուներու նման։

Չմոռնանք որ աշխարհի վրայ հայ ազգը միակն է, որ կը տօնէ իր սեփական գիրերու ստեղծումին տարեդարձը եւ միայն հայ ժողովուրդն է, որ իր գիրերու գիւտարարները հռչակած է սուրբեր՝ Սուրբ Մեսրոպ եւ Սուրբ Սահակ։

Հարկ է, որ գիտնանք եւ սորվինք օտար լեզուներ՝ քայլ պահելու համաշխարհային ամէն տեսակի շարժումներուն հետ, տեղեակ ըլլալու եւ հետեւելու գիտութեան արագընթաց նուաճումներուն եւ միջազգային քաղաքական ու դիւանագիտական բոլոր իրադարձութիւններուն, պաշտպանելու համար մեր ազգային իրաւունքները օտար բեմերու վրայ եւ ապրելու այլ ժողովուրդներու հետ իրերհասկացողութեամբ եւ համախոհութեամբ: Սակայն այս բոլորը ընելու համար նախ մենք բաւարար չափով հայ պէտք է ըլլանք, այսինքն՝ պէտք է ունենաննք բաւարար չափով հայեցի դաստիարակութիւն եւ պէտք է գիտնանք մեր մեծասքանչ լեզուն։ Մեր ականջներուն մէջ շարունակ պէտք է հնչէ Երուանդ Շահազիզի խօսքը. «Շատ լեզուներու իմացութեամբ հպարտանալու իրաւունք չունի անձ մը, եթէ չի գիտեր իր մայրենի լեզուն»։

Եթէ որոշած ենք մնալ հայ եւ չձուլուիլ սփիւռքի մէջ, ականջ դնենք Յովհաննէս Շիրազի խօսքին.

«Ծովին ձուլուել թէ չես ուզում, հայ սփիւռք,

Պիտի պաշտես մեր հայ լեզուն մշտակուռք»:

Մենք սփիւռքի մէջ միայն հայ լեզուով եւ հայեցի դաստիարակութեամբ պիտի տարբերինք մեր օտար շրջապատէն։ Սփիւռքի կարգ մը շրջաններու մէջ շատոնց արդէն, որոշ չափով նոյնացած ենք օտարներուն հետ զանազան բնագաւառներու մէջ։ «Ծնունդով հայ», «ժառանգականութեամբ հայ» եւ կամ «ծագումով հայ» ըսելով պէտք չէ ապրինք, այլ մեր արեան կանչով, համոզումով եւ գիտակցութեամբ պէտք է ըլլանք իրաւացի եւ վաւերական հայեր։

Սփիւռքը պէտք է մնայ առողջ՝ իր հայկական դիմագիծով, իր սեփական լեզուով, հոգեմտաւոր եւ մշակութային արժէքներով, որպէսզի պահէ իր ինքնութիւնը, հետապնդէ հայ դատն ու ազգային պահանջատիրութիւնը՝ մեծ ուժականութեամբ եւ հետեւողականութեամբ եւ սատարէ հայ ազգի միասնականութեան ու հայրենիքի հզօրացման։

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2019