ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԴԷՊԻ… ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Առաջին անգամ արտահերթ ընտրութիւններ…

Բաւական հանգիստ մթնոլորտի մը մէջ Հայաստան մուտք գործեց արտահերթ ընտրութիւններու նախընտրական փուլը։

Ի դէպ, այս առաջին անգամն է, որ Հայաստան պիտի կայացնէ արտահերթ ընտրութիւններ, իբրեւ անմիջական արդիւնք անցեալ ապրիլին երկրին մէջ տեղի ունեցայ «թաւշեայ յեղափոխութեան»։

ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ԴԱՇԻՆՔՆԵՐ ԵՒ ՑՈՒՑԱԿՆԵՐ

Չորեքշաբթի, նոյեմբերի 14-ին, յայտնի դարձաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի՝ 9 դեկտեմբերին կայանալիք արտահերթ ընտրութիւններու նախընտրական ամբողջ պատկերը:

Քաղաքական ուժերը օրէնքի պահանջով Կեդրոնական ընտրական յանձ-նաժողով ներկայացուցին ընտրութիւններուն մասնակցելու համար անհրաժեշտ փաստաթուղթերն ու նախընտրական ցուցակները:

Ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին քաղաքական 11 ուժեր, որոնցմէ երկուքը մասնակցութիւն պիտի բերէ կուսակցութիւններու դաշինքի ձեւաչափով։

«Իմ քայլը» դաշինքին մաս կը կազմեն վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնն ու «Առաքելութիւն» կուսակցութիւնը:

Դաշինքի հնգեակի մէջ են Նիկոլ Փաշինեան, առաջին փոխ-վարչապետի պաշտօնակատար Արարատ Միրզոյեան, պատգամաւոր Լենա Նազարեան, փոխ-վարչապետի պաշտօնակատար Տիգրան Աւինեան եւ Կրթութեան ու գիտութեան նախարարի պաշտօնակատար Արայիկ Յարութիւնեան:

«Մենք» դաշինքը, որուն մաս կը կազմեն «Ազատ դեմոկրատներ» եւ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնները, որոնք ներկայացուցած են 144 անձերէ բաղկացած ցուցակ մը։

Առաջին դիրքի վրայ է «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան նախագահ Արամ Սարգսեան, իսկ յաջորդ երկու կարգերը կը գրասեն «Ազատ դեմոկրատներ»ու ներկայացուցիչները՝ նախագահ Խաչատուր Քոքոբելեան, փոխ-նախագահ Անժելա Խաչատրեան։ Չորրորդ տեղը կը զբաղեցնէ Արդարադատութեան նախարարի պաշտօնակատար Արտակ Զէյնալեան, իսկ հինգերորդ տեղը՝ Պորիս Նազարեան:

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան 175 անձերէ բաղկացեալ ցուցակը կը գլխաւորէ կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեան: Անոր կը յաջորդեն Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Միքայէլ Մելքումեան, Արթուր Գրիգորեան, պատգամաւոր Նաիրա Զօհրապեան, իսկ հինգերորդ տեղը կը զբաղեցնէ պատգամաւոր Տիգրան Ուրիխանեան։

ՀՅԴ-ի նախընտրական ցուցակի մէջ ներառուած է 152 անձ: Դաշնակցութեան ցուցակը կը գլխաւորէ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան: Երկրորդ կարգի վրայ է՝ ՀՅԴ-ի Հայաստանի Գերագոյն մարնի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան, երրորդ՝ Արթուր Խաչատրեան, չորրորդ՝ ՀՅԴ-ի պատգամաւոր Արմենուհի Կիւրեղեան, իսկ հինգերորդ՝ պատգամաւոր Սպարտակ Սէյրանեան:

«Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան ցուցակը կը գլխաւորէ քաղաքական այս ուժին նախագահը՝ պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեան: Անոր կը յաջորդէ ընկերային ապահովութեան նախարարի հրաժարական ներկայացուցած պաշտօնակատար Մանէ Թանտիլեան, երրորդ կարգը՝ 1in.am կայքի խմբագիր Արման Պապաճանեան, չորրորդ հորիզոնականի վրայ է պատգամաւոր Գէորգ Գորգիսեան, իսկ հինգերորդ հորիզոնականը՝ Տարօն Սիմոնեան։

ՀՀԿ-ի նախընտրական ցուցակը կը գլխաւորէ պաշտպանութեան նախկին նախարար Վիգէն Սարգսեան: ՀՀԿ-ի ցուցակը բաղկացած է 125 անձերէ: Ցուցակի երկրորդ հորիզոնականին վրայ է արդարադատութեան նախկին նախարար, Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Արփինէ Յովհաննիսեան, երրորդ՝ վերլուծաբան Դաւիթ Շահնազարեան, չորրորդ եւ հինգերորդ հորիզոնականները՝ պատգամաւորներ Վահրամ Պաղտասարեան եւ Արմէն Աշոտեան:

«Քրիստոնեայ-ժողովրդական վերածնունդ» կուսակցութեան ցուցակը կը գլխաւորէ կուսակցութեան նախագահ, քաղաքագէտ Լեւոն Շիրինեան: Ցուցակի երկրորդն է Մարիամ Մանուկեան, իսկ երրորդը՝ Գէորգ Յովսէփեան:

«Սասնայ ծռեր» կուսակցութեան նախընտրական ցուցակը կը գլխաւորէ Վարուժան Աւետիսեան, երկրորդ տեղը կը գրաւէ քաղաքագէտ Ստեփան Գրիգորեան, երրորդը՝ Գարեգին Չուքասզեան։

«Օրինաց երկիր» կուսակցութեան ցուցակը կը գլխաւորէ կուսակցութեան նախագահ Արթուր Պաղտասարեան: Անոր կը յաջորդեն նախկին պատգամաւորներ Մհեր Շահկելտեան, Հեղինէ Պիշարեան, Իշխան Խաչատրեան ու Հայկ Յովհաննիսեան:

«Քաղաքացիի որոշում» սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութեան ցուցակի առաջին կարգին վրայ է Սուրէն Սահակեան, երկրորդ՝ Արտակ Կիրակոսեան, երրորդ՝ Ռուզաննա Տոռոզեան, չորրորդ՝ Արեգ Թադէոսեան:

«Ազգային առաջընթաց» կուսակցութեան ցուցակը կը գլխաւորէ Լուսինէ Հարոյեան:

ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԻՐԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ԿԱՐԳԸ

26 նոյեմբերէն սկիզբ պիտի առնէ նախընտրական քարոզարշաւը: 12 օր շարունակ քաղաքական ուժերը հնարաւորութիւն պիտի ունենան ներկայացնելու իրենց նախընտրական ծրագիրը, պատգամաւորի թեկնածուները պիտի հանդիպին ընտրողներու հետ, որպէսզի արժանանան անոնց քուէներուն:

Պատգամաւոր կը դառնան այն ուժերը, որոնք յաղթահարած են նուազագոյն ձայներու շեմը: Կուսակցութիւններու համար ձայներու նուազագոյն շեմը 5 տոկոսն է, իսկ դաշինքները պէտք է հաւաքեն ամենաքիչը 7 տոկոս:

Քանի որ խորհրդարանը մերժեց Ընտրական օրէնսգրքի բարեփոխումները, արտահերթ ընտրութիւնները կ՚իրականացուին նախորդ Ընտրական օրէնսգրքի կանոններով:

2018-ի 7-րդ գումարման Ազգային ժողովը կը ձեւաւորուի հարիւր տոկոսով համամասնական ընտրական համակարգով՝ բաղկացած երկու աստիճանէ՝ համապետական կամ տարածքային:

Ըստ Սահմանադրութեան՝ Ազգային ժողովը կ՚ընտրուի 5 տարի ժամկէտով եւ պէտք է ունենայ առնուազն 101 պատգամաւոր: Խորհրդարանի կէսը պիտի կազմուի համապետական ցուցակով, իսկ միւս կէսը՝ տարածքային, կամ ինչպէս ընդունուած է ըսել, ռէյթինկային (վարկանշային) ցուցակով: Սահմանադրութիւնը չէ նշած պատգամաւորներու թիւի վերին շեմը, որ կը նշանակէ, թէ Ազգային ժողովին անդամ կրնայ ըլլալ 101-էն աւելի պատգամաւոր:

Այդ կախեալ է խորհրդարանի մէջ ձեւաւորուելիք այսպէս կոչուած կայուն մեծամասնութենէն: Եթէ քաղաքական ուժերէն որեւէ մէկը ունենայ 54 տոկոս ձայն կամ ալ առաժամեայ միութիւն կազմելու միջոցով մանդատներու թիւը ըլլայ 54 տոկոս, ապա կը ձեւաւորուի կայուն մեծամասնութիւն: Իսկ եթէ կուսակցութիւններէն մէկը հաւաքած է ոչ թէ կայուն, այլ պարզ մեծամասնութիւն՝ 50 տոկոս + 1 ձայն, անոր կը բաշխուին լրացուցիչ պատգամաւորական տեղեր՝ կայուն մեծամասնութեան հասնելու համար:

Եթէ ընտրութիւններու ու յետագայ քաղաքական բանակցութիւններու որպէս արդիւնք չձեւաւորուի կայուն մեծամասնութիւն, ապա ընտրութիւններէն ետք՝ 28 օրուան ընթացքին, տեղի կ՚ունենայ ընտրութիւններու երկրորդ փուլը: Ան կ՚իրականացուի երկու կուսակցութիւններու կամ դաշինքներու միջեւ, որոնք ստացած էին առաւելագոյն թիւով վաւեր ձայներ:

ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳԸ

Խորհրդարանի 54 տոկոս ներկայացուածութիւն ունեցող քաղաքական ուժը կամ քաղաքական ուժերու միութիւնը կը ներկայացնէ վարչապետի իր թեկնածուն: Միաժամանակ, նոր խորհրդարանը 7 տարի ժամկէտով կ՚ընտրէ երկրին նախագահը, որ իր կարգին կը նշանակէ Ազգային ժողովի մեծամասնութեան կողմէ ընտրուած վարչապետը:

Նորընտիր վարչապետը կը ձեւաւորէ կառավարութիւնը:

ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻՆ ՄԷՋ

Փոխուած Սահմանադրութեամբ՝ խորհրդարանական համակարգին մէջ ընդդիմութեան վերապահուած է սահմանադրական հիմնարկի կարգավիճակ, տրուած են լիազօրութիւններ, որոնք գոյութիւն չունէին հին Սահմանադրութեամբ։

Փոխուած Սահմանադրութեամբ՝ ընդդիմութեան հնարաւորութիւն տրուած է մասնակցիլ հանրային-քաղաքական կարեւորագոյն որոշումներու կայացման՝ սահմանադրական օրէնքներու ընդունում, պետական պաշտօնեաներու նշանակում, տրուած են նաեւ նոր վերահսկողական լծակներ յանձնաժողովներու մէջ եւ հնարաւորութիւն՝ քննիչ յանձնաժողովներ ստեղծելու։

Սահմանադրութեան 104-րդ յօդուածի առաջին մասով՝ Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալներէն մին պէտք է ըլլայ ընդդիմութեան անդամ։

ՔՈՒԷԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳԸ

9 դեկտեմբերին ընտրողին պիտի տրամադրուի մէկ ծրար եւ 11 քուէաթերթիկ: Ամէն քուէաթերթիկ կը պարունակէ մէկ կուսակցութեան եւ անոր կողմէ առաջադրուած թեկնածուներու մասին տեղեկութիւն։ Անոր մէկ երեսին պիտի ըլլայ կուսակցութեան անուանումը, իսկ միւսին՝ տուեալ տարածքի մէջ այդ կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած տարածքային կամ ռէյթինկային (վարկանշային) թեկնածուներուն անունները:

Քուէախցիկի մէջ ընտրողը կը վերցնէ այն քուէաթերթիկը, որուն վրայ նշուած է իր նախընտրած կուսակցութեան անունը։ Եթէ ընտրողը իր ընտրած քուէաթերթիկը առանց նշումներ ընելու տեղադրէ ծրարին մէջ, ապա կը համարուի, որ ան իր ձայնը տուած է միայն քուէաթերթիկի մէջ նշուած կուսակցութեան եւ անոր համապետական ցուցակին: Եթէ ընտրողը կը փափաքի նաեւ քուէարկել տուեալ կուսակցութեան տարածքային ցուցակի մէջ առաջադրուած իր նախընտրելի թեկնածուի օգտին, ապա քուէաթերթիկի երկրորդ էջին վրայ կը կատարէ համապատասխան նշումը: Արգիլուած է որեւէ նշում ընել քուէաթերթիկի առաջին էջին վրայ, հակառակ պարագային քուէաթերթիկը կը համարուի անվաւեր։

Քուէաթերթիկը առանց ծալլելու ծրարի մէջ տեղադրելէ ետք ընտրողը կը մօտենայ քուէատուփին։ Յանձնաժողովի անդամը առանց քուէարկութեան ծրարը վերցնելու անոր վրայ կ՚ամրացնէ ինքնկպչուն դրոշմանիշ։ Ընտրողը յանձնաժողովի անդամին կը տրամադրէ յատուկ կտրօն, իսկ ծրարը կը նետէ քուէատուփին մէջ:

6-ՐԴ ԳՈՒՄԱՐՄԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ԿԱԶՄԸ

6-րդ գումարման Ազգային ժողովին, որ արձակուեցաւ իրաւունքի ուժով, 2 ապրիլ 2017-ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներով խորհրդարանի մէջ ներկայացուած էր 4 քաղաքական ուժով՝ ՀՀԿ, «Ծառուկեան» դաշինք, «Ելք» դաշինք եւ ՀՅԴ:

ՀՀԿ-ն ստացած էր 771 հազար 249 ձայն (49.19 %),

«Ծառուկեան» դաշինքը՝ 428 հազար 965 ձայն (27.36 %),

«Ելք» դաշինքը՝ 122 հազար 49 ձայն (7.78%),

ՀՅԴ-ն՝ 103 հազար 173 ձայն (6.58 %):

Հետեւաբար ՀՀԿ-ն ստացած էր 55 ձայն, «Ծառուկեան» դաշինքը՝ 30 ձայն, «Ելք» դաշինքը՝ 9 ձայն, իսկ ՀՅԴ-ն՝ 7 ձայն:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՒԵԼԻ ՎԵՐՋ

Այս յօդուածով ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողներուս ներկայացուցած եղայ յառաջիկայ դեկտեմբերին կայացուելիք արտահերթ ընտրութիւններուն ընդհանուր ձեւաչափն ու այդ ընտրութիւններուն մասնկացելիք քաղաքական ուժերուն ընդհանուր պատկերը։

Ապահով եմ, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի իմ այս սիւնակով տակաւին առիթ պիտի ունենամ մեր ընթերցողներու լայն հանրութեան հետ կիսուիլ Հայաստանի ներքաղաքական ընդհանուր իրավիճակին մասին վերլուծութիւններս։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2018