«ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ ՉԷ, ԲԱՅՑ ԿԱՆ ՄԵԾ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ»

Երեւանի մէջ կայ կարծիք, թէ վերջին օրերու դէպքերը՝ մասնաւորապէս Արցախի որոշ բնակավայրերու ուղղութեամբ, նախօրօք «ձեռք բերուած» համաձայնութիւններու հետեւանքն են։ Անոնց մասին Երեւան կը շարունակէ պաշտօնապէս լռութիւն պահել։ Մինչ Երեւանի մէջ որդեկորոյս քաղաքացիներ, պատերազմի ընթացքին որդիներ տուած, նաեւ անյայտ կորսնցուցած հայաստանցիներ բողոքի հաւաքներ կը կատարեն, անդին Արցախի՝ մասնաւորապէս Հադրութի երկու պատմական շրջաններուն մէջ պատահեցան ռազմական գործողութիւններ, որոնց հետեւանքով Հին Թաղեր եւ Խծաբերդ գիւղերը անցան Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ։ Ճիշդ է, որ Ռուսաստանի խաղաղապահ ուժերը շատ արագ արձագանգեցին դէպքերուն, բայց եւ այնպէս, հայկական կողմը ունեցաւ վիրաւորներ ու ամենատխուրը, անշուշտ, հայ զինուորներու նոր խումբ մը ինկաւ գերութեան մէջ։

Երկդիի զարգացումներու մասին կը պատմեն այս դէպքերը, որովհետեւ Հայաստանի քաղաքական իշխանութիւնները զանազան հանգամանքներու բերումով, կարծես, մատնուած են իրենց «ձեռքերը լուալու» վիճակին։ Նոյնը կ՚երեւի կարելի է ըսել Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի բանբերին՝ Մանէ Գէորգեանի կողմէ հնչած յայտարարութիւններուն մասին Արցախի այդ զարգացումներէն անմիջապէս վերջ եւ հանրութիւնը հեռու պահելու համար իրավիճակը ճիշդ գնահատելու հնարաւորութենէն՝ ան յայտարարեց, որ իրենք՝ որպէս իշխանութիւն, պատահածներուն վերաբերեալ կապ հաստատած են ռուսական կողմին հետ եւ պատմած՝ ամէն ինչ։ Այս կէտին վրայ նաեւ ի յայտ կու գայ, որ Փաշինեան եւ իր լծակիցները ինչքան անբան են, ինչքան սպառած եւ անդամալուծուած։ Ատրպէյճան նոր յարձակումներ կ՚իրականացնէ, գերիներ կը վերցնէ, տարածք կը նուաճէ, սահմաններ կը գծէ, իսկ Երեւան միմիայն դիտողի դերով հանդէս կու գայ։ Խնդիրը, անշուշտ, Հայաստանի պարտուած ըլլալուն մէջ չի պարփակուիր միայն, այլեւ՝ կը հատէ մանաւանդ արդէն իսկ սպառած, միջազգայնօրէն թուլացած, նաեւ «անտէր» դարձած իշխանութեան մը անճարակութեան մասին կը մատնէ։ Այս վիճակէն դուրս գալու համար Հայաստանի իշխանութիւնները ունին մէկ ընելիք, որն ալ հրաժարական տալն է՝ մանաւանդ, որ ներքին իմաստով ալ չունին կշիռ եւ ձայնի տէր քաղաքական գործընկերներ։ Անշուշտ, յոյսը ժողովուրդն է, որ ինչպէս երէկ, այսօր ալ կայ մէկ մտավախութիւն եւ այդ մէկը անցեալի իշխանութիւններու վերադարձի հաւանականութիւնն է։ Այդ նոյն մարդիկ կը մոռնան, թէ այսքան փոքր ըլլալու բերումով Հայաստան չունի քաղաքական մեծ երանգապնակ մը, որպէսզի առիթ տրուի այլ ընտրութիւն մը կատարելու այժմու՝ արդէն սպառած ուժին եւ անցեալի մէջ երկիրը ղեկավարած ուժերուն միջեւ։

Այս մօտեցումը, անշուշտ, բաւական վտանգաւոր է, որովհետեւ ժամանակի սլաքները ընդհանրապէս կ՚ընթանան Հայաստանի դէմ, Հայաստանի ժողովուրդին դէմ եւ մնացածը փրկելու համար անհրաժեշտ է, որ ժողովուրդ-իշխանութիւն առանցքը գործէ շատ արագ յանուն երկրի փրկութեան։

Ամէն պարագայի, Հայաստանի անվտանգութեան խնդիրը ամենէն աւելի ջուրի երես ելաւ 10 դեկտեմբերին Պաքուի մէջ կազմակերպուած զօրահանդէսին ժամանակ, երբ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ բացայայտ կերպով յայտարարեց, որ իր երկրին կը պատկանին Հայաստանի որոշ շրջաններ՝ ներառեալ մայրաքաղաք «Իրեւան»ը։ Այդ յայտարարութիւնները, անշուշտ, ապակառուցողական խօսքեր էին, նաեւ ագուցուած՝ Ատրպէյճանէ ներս ստեղծուած «յաղթական» մթնոլորտին հետ։ Ի դէպ, առաջին անգամ չէր, որ Պաքուէն այդ ոճով յայտարարութիւններ կը հնչէին, բայց եւ այնպէս, այս ծանր փուլին նման խօսքերու արձագանգը աւելիով վատթարացուց Երեւանի առկայ «խառնաշփոթ» իրավիճակը։

Ամէն պարագայի տակ, այս համայնապատկերին վրայ ուշագրաւ կը համարուին ռուս վերլուծաբան Թարասովի տեսակէտները՝ ըստ որոնց Հայաստան այսօր վտանգուած չէ։

Թարասով, որու կարծիքները կը մէջբերենք այս յօդուածի շարունակութեան, համոզուած է, թէ տարածքաշրջանէ ներս կրնան տեղի ունենալ բաւական ծանր զարգացումներ՝ գլխաւորութեամբ Իրանի եւ մասնակցութեամբ Ռուսաստանի։ Այդ գործողութիւնները միտուած պիտի ըլլան Թուրքիան նեղ կացութեան մը մատնելու։ Տեսակէտը՝ տեսակէտ, սակայն իրականութիւնները այլ են՝ մանաւանդ, որ վերջին տարիներու իրադարձութիւնները աւելի քան յստակօրէն եզրագծեցին Մոսկուա-Անգարա «շփման գիծեր»ը։ Այս վերջինները նաեւ կ՚ամրագրեն, որ սոյն երկու տէրութիւնները, առնուազն այսօրուան քաղաքական վերնախաւերով, երբեք ալ պատրաստ չեն մեծ բախումի մը երթալու։ Սուրիոյ եւ մասամբ ալ Լիպիոյ մէջ Էրտողան-Փութին ամուր կապերը ապացուցանեցին, որ բոլոր խնդիրները կրնան լուծուիլ երկխօսութեամբ եւ բարի կամեցողութեամբ։

Սթանիսլաւ Թարասովի կարծիքով, Հայաստանի դէմ նոր տարածքային յաւակնութիւններ չկան։ Ան այս մասին յայտարարած է «Առաջին լրատուական»ին։ Այս կապակցութեամբ Թարասով յայտարարած է. «Տուեալ պահուն Հայաստանի դէմ նոր տարածքային յաւակնութիւններու մասին խօսք չի կրնար ըլլալ։ Այստեղ շատ լուրջ աշխարհաքաղաքական «խաղ» մը կը հասուննայ։ Դուք գիտէք, որ Էրտողանի յայտնի ելոյթէն ետք Անգարայի եւ Թեհրանի միջեւ գայթակղեցուցիչ վէճ մը բռնկեցաւ։ Իրան Թուրքիոյ հասցէին մեղադրանքներ հնչեցուց՝ տարածքային յաւակնութիւններու վերաբերեալ։ Հարցը հետեւեալն է. Թեհրանի մէջ լուրջ մտահոգութիւններ կը յառաջանան, թէ երբ Ատրպէյճան լուծեց իր պատմական առաջադրանքը՝ Հայաստանի վերահսկողութեան տակ գտնուող իր տարածքներուն վերստին տիրանալով, յաջորդ քայլը կրնայ աշխարհաքաղաքական այլ ուղղութիւն մը ունենալ՝ դէպի Իրան։ Նոյնիսկ եթէ այդ խօսքերուն ետեւը յստակ ոչինչ կայ, մենք կը տեսնենք, որ փանթուրքիստական յաւակնութիւնները բաւական լուրջ են։ Իրան դէմ կ՚արտայայտուէր Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս միայն ռուս խաղաղապահներու տեղակայման, սակայն այժմ կ՚աջակցի այդ որոշման։ Իրանին պէտք է ռուսական ռազմական ներկայութիւնը եւ հակառակը՝ պէտք չէ Թուրքիոյ դիրքերու ամրապնդումը։ Իրան կը յուսայ, թէ Ռուսաստանի շնորհիւ կը չէզոքանայ թրքական ռազմական ներկայութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ։ Ես կը կարծեմ, թէ յառաջիկայ «խաղեր»ը պիտի ըլլան այս ուղղութեամբ եւ ոչ Հայաստանի։ Հաշուի առնենք այլ պարագայ մը։ Ատրպէյճան իր անունով կը խօսի տարածքային յաւակնութիւններու մասին, կը խօսի նաեւ Պարսկաստանի պատմութեան մասին։ Թեհրան առ այժմ լուռ կը մնայ, կ՚արձագանգէ միայն Անգարայի յայտարարութիւններուն։ Բայց ես չեմ բացառեր, որ յառաջիկային Թեհրանի ուշադրութիւնը ուղղուի նաեւ դէպի Պաքու»։

Ինչ կը վերաբերի Հադրութի շուրջ պատահածներուն, ըստ ռուս վերլուծաբանի, այդ բոլորը մնացորդային դրսեւորումներ են։ Հադրութը այլեւս դուրս է Հայաստանի վերահսկողութենէն։ Այո՛, այնտեղ կան հայկական ստորաբաժանումներ, որոնք դիմադրութիւն ցոյց կու տան, բայց աւելորդ արիւնահեղութիւն պէտք չէ։ Աւելի վաղ պէտք էր կռուիլ։ Պատահածները մանր բռնկումներ են, տեղւոյն վրայ լուծումներ կը ստանան ու որեւէ հետեւանք չեն կրնար ունենալ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 19, 2020