ԱԿՆԱՐԿ - 7 - «ԳՐՈՂ» ԴԱՌՆԱԼՈՒ ՄՏԱՅԻՆ ԱԽՏԸ

«Բառը քարի նման է, եթէ իր տեղը չի՛ դրուիր, կը դիմադրէ:
Բառը քարէն աւելի յամառ է. կարելի է քարը տաշել-տաշտշել,
յարմարցնել, բառը, սակայն, միայն ի՛ր տեղը կ՚ուզէ:
Եւ ի՜նչ բառեր կը մեռնին, երբ իրենց տեղը չեն դրուիր…:
Բառը քարի նման է. բառերէն ալ կարելի է տաճար կառուցել.
տաճար, ուր մարդու հոգին կը մաքրուի ու վեհ կը դառնայ,
նաեւ կարելի է բառը պարսատիկի մէջ դնել, եւ դիպուկ ըլլալու
պարագային, բառով՝ մարդ սպաննել: Չմոռնանք, որ բառը քարի նման է, մանաւանդ, մեր քարաստան-Հայաստանի մէջ»

(Վարդգէս Պետրոսեան)

Տարիներէ ի վեր մեր մէջ սկսած է տեղ գտնել երեւոյթ մը, որ արդէն իսկ սկսած է իր ժխտական արդիւնքները ունենալ:

Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ՝ անհատ թէ կառոյց, հաստատութիւն, որ հնարաւորութիւն ունի, որ քիչ մը դրամ ունի, որ կ՚ուզէ գրողի «անուն»ին տիրանալ, սկսած է գիրք գրել ու գիրք տպել…

Պահ մը եթէ ուշադրութեամբ հետեւինք վերջին շուրջ երկու կամ երեք տասնամեակներու ընթացքին լոյս տեսած գիրքերուն եւ անոնց բովանդակութեան, ապա մարդ պիտի շշմի ի տես կատարուած այլանդակութիւններուն:

Այսօր, դժբախտաբար, համացանցին ու համաշխարհայնացումին հրամցուցած «բարիք»ները, մարդս դարձուցած են եսամոլ եւ եսակեդրոն: Այսօրուան մարդը ամէն ինչ ընելու ընդունակ է, որպէսզի ուշադրութիւն գրաւէ եւ բոլորին ուշադրութեան կեդրոնը ըլլայ: Այս հիւանդագին ախտը հագ ու կապէն նաեւ անցած է մարդուն հոգեմտաւոր ներաշխարհէն ներս ալ, եւ մարդը, մի քանի բառ իմանալով, մի քանի գիրք կարդալով, ինքզինք գրող կը կարծէ, եւ եթէ դրամ ալ ունի կամ ընկերներ ունի, որոնք մեկենասութիւն կը ստանձնեն, ապա գրողի բաճկոնով հրապարակ կ՚իջնէ՝ թեւին տակ պսպղուն իր հեղինակած «գիրք»ը…

Ոչ շատ հեռու անցեալին, մեր գրողները բացառիկ եւ արժէքաւոր հատորներ ժառանգ ձգած են մեզի, որով աւելի քան մի քանի սերունդներ այդ գրողներու գրութիւններով սնուած, աճած, յագեցուցած են իրենց գեղաուեստական պապակն ու ծարաւը: Գրութիւններ, որոնք ո՛չ թէ մէկ անգամ կարելի է կարդալ, այլ՝ յաճախ կարելի է ձեռք առնել գիրքը եւ վերընթերցել ու վերընթերցել, նորովի հաճոյք եւ համ ստանալով:

Այսօր, սակայն, վիճակը փոխուած է: Պսպղուն գիրքեր լոյս աշխարհ կու գան՝ ճոռոմ վերնագրերով, ձեռք կ՚առնես, կը թերթատես, ո՛չինչ կը գտնես այնտեղ: Բացի ոչնչութենէն, այդ «գիրք»երուն մէջ կը հանդիպիս այնպիսի բառամթերքի, որ հասկնալու համար նուազագոյնը մի քանի բառարաններ պէտք է ունենաս ձեռքիդ տակ, որպէսզի ձեւով մը կարենաս հասկնալ տուեալ հեղինակին արտայայտած «գոհար» միտքը…

Միտք կ՚ըսեմ, որովհետեւ եթէ ժամանակդ վատնելու տրամադիր ըլլաս ու ամբողջ գիրքը ընթերցես, ապա այնտեղ աջէն ձախէն հաւաքուած ու անկապակից միտքերու պիտի հանդիպիս, ուր ո՛չ մէկ գաղափար, ո՛չ մէկ իմաստ, ո՛չ մէկ նպատակ, բառերու կոյտ մը, անկապակից, անիմաստ, անտեղի, առանց ոճի, առանց նրբութեան: Այս բոլորը կու գան վկայելու այն մասին, թէ տուեալ հեղինակը պարզապէս բան մը ընելու սիրոյն, իր անունը Հայ Դպրութեան անդաստանէն ներս արձանագրելու համար՝ «գիրք» հրապարակած  ու գիրք տպած է…

Այսպիսիները կը մոռնան, աւելի ճիշդ չե՛ն գիտեր, թէ գրելը նուրբ արուեստ մըն է, որ շատ յաճախ մեծ ջանքեր չի՛ պահանջեր, այլ՝ պարզապէս սէր, ջերմութիւն եւ միտքի թռիչք ու հոգիի ազնուութիւն: 

Առիթով մը երբ կը հարցնեն Դանիէլ Վարուժանին, թէ՝ «Լաւ ոճով գրելու համար հա՞րկ է շատ բան գիտնալ: -Ան կը պատասխանէ-, Շատ բան գիտնալով լաւ գրել չի սորվուուիր. ոճը հմտութեան հետ կապ չունի: Շատ գիտուններ կան, որ երբեք գրագէտ պիտի չկրնան ըլլալ, եւ կան փայլուն գրողներ, որ մեծ բան մը չեն գիտեր»: Հետեւաբար, դարձեալ կու գանք մեր վերը գրածին, թէ գրելը նուրբ, աւելին՝ ազնիւ արուեստ մըն է, որ մարդուն ներաշխարհէն ծնունդ կ՚առնէ՝ երթալու համար այլ ներաշխարհի մը, հաղորդակցելու եւ բաժնեկցելու անոր հետ…

Չեմ գիտեր թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ ալ սփիւռքի մէջ ի՛նչ մարմիններ պէտք է զբաղին այս հարցով, սակայն, կը կարծեմ, որ անպայմանօրէն պէտք է նկատի առնուի այս պարագան եւ ձեւ մը գտնուի լուծում մը տալու այս խայտառակ ու այլանդակ վիճակին, յանուն մեր դպրութեան, յանուն մեր մեծանուն ու տաղանդաւոր գրողներու յիշատակին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

2023, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 2, 2023