ՀՌՈՄԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԼՈՆՏՈՆ ԵՒ ՍԹՐԱԹՖՈՐՏ. ԲՈԼՈՐԸ ԿԸ ԽՕՍԻՆ՝ «ՔՈՐՈՆԱՅԻ ԴԱՐԱՇՐՋԱՆ»Ի ՄԱՍԻՆ

Շատեր հարց պիտի տան, թէ ի՞նչ էր պատճառը, որ քորոնա վարակի տարածման ամենամեծ օճախը դարձաւ Իտալիան։ Երկիր, որ մինչ այդ յայտնի էր զարգացած երկիր (անդամ «Մեծն ութնեակ»ին) մը ըլլալու հանգամանքով եւ այդ զարգացումը անշուշտ միայն տնտեսական երեսակին մասին չէր, այլ նաեւ առողջապահական, կրթական, մարզական, ինչպէս նաեւ բազմապիսի ոլորտներու։

Հարցերուն հարցը այն էր, որ իտալացիք, երբ անցնող դեկտեմբերին սկսան լսել Չինաստանի Ուհան քաղաքին մէջ «ծլած» այս մահաբեր վարակի տարածման մասին, երբեք ալ լուրջի չառին առկայ վտանգները ու նոյն կերպով ալ շարունակեցին ապրիլ մինչեւ այն պահը, երբ ամբողջ Իտալիան եւ մասնաւորապէս երկրի հիւսիսային հատուածը դարձաւ քորոնա վարակի ցեխերուն մէջ ընկղմած շրջան։

Բաց աստի, կառավարութիւնը շատ դանդաղ քայլերով փորձեց պայքար մղել այս սպաննիչ վարակին դէմ, ակներեւ դարձաւ նաեւ, որ իտալացիք շատ ալ պատրաստ չեն օգնութեան ձեռք մեկնել իրենց պետութեան։

Անոնք շարունակեցին ապրիլ, ինչպէս որ կ՚ապրէին վարակի յայտնուելէն առաջ եւ այսօր յայտնուած են ցաւալի ու նոյնիսկ համընդհանուր զղջման մթնոլորտի մը մէջ։

Ի դէպ, ամերիկեան «Ֆոքս նիւզ» կայանը, որ քորոնայէն հարուածուած Իտալիոյ մասին բաւական մանրակրկիտ տեղեկատուութիւն մը հեռասփռեց, իմ նշած տուեալներէն զատ յայտարարեց, որ իտալացիներուն մէջ տոկոսային մեծ համեմատութիւն կը կազմէ թիւը վաթսունը անց մարդկանց, որոնք ունին առողջական խնդիրներ, հետեւաբար՝ խոցելի դիմադրողականութիւն։

Եւ մինչ այս տողերը թուղթին կը յանձնեմ, ի յայտ կու գայ, որ Իտալիոյ մէջ քորոնայի հետեւանքով մահացութիւններու թիւը գերազանցած է վարակի «ծննդավայր» Չինաստանի մէջ եղած մահացութիւններուն ընդհանուր թիւը։

Մինչեւ վերջերս քորոնա վարակի ընդհանուր ցուցակին մէջ առաջին դիրքը կը զբաղեցնէր Չինաստանը՝ թէ՛ վարակակիրներ, թէ՛ զոհերու եւ թէ ալ բուժուածներու թիւերով, այսօր արդէն այդ դիրքը կը գրաւէ Իտալիան։

Անշուշտ այստեղ կը խուսափիմ մանրամասն թիւերու ընդհանուր պատկերը ներկայացնելէ, պարզ անոր համար, որ ամէն րոպէ թիւերը կը փոխուին, միայն պէտք է նշել, որ այս նիւթի պատրաստութեան ժամանակ Իտալիոյ մէջ քորոնա վարակին հետեւանքով զոհուածներու թիւը հատած էր 4 հազարը։

Ամէն պարագայի ակնյայտ է, որ Եւրոպայի մէջ «բնաւորուող» եւ «տուն-տեղ» ընող վարակը տակաւին երկար ժամանակով պիտի ազդէ «ծերացած մայրացամաք»ի ամբողջ իրականութեան վրայ։

Վարակը կրնայ հեռանալ, փոխուիլ, յոգնիլ եւ նոյնիսկ բուժման պատուաստին առջեւ տեղի տալ, սակայն նոյն վարակին հետեւանքները տակաւին երկար ժամանակ երեւելի պիտի դառնան եւ այդ հետեւանքներուն մէջ ամենէն առաջնային տեղը կը գրաւէ տնտեսական երեսակը, որուն առաջին «ծիծեռնակներ»ը մենք նկատեցինք Հռոմէն եւ Միլանոյէն շատ հեռու՝ Նիւ Եորքի ելեւմը-տական սակարաններու պաստառներուն վրայ։

ԹԱՐՄ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՆԳԼԻԱՅԷՆ. ԿԸ ՊԱՏՄԷ ՆԱՆԷ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Խօսակիցս, որ իր ձեռքով շարադրած է ներքոգրեալ տողերը՝ կը բնակի Լոնտոնի արեւելքը գտնուող՝ Սթրաթֆորտ քաղաքին մէջ։

Քաղաք, ուր այցելած էի 2016 թուականին, երբ կնոջս՝ Անոյշ Թրուանցին հետ կ՚այցելէի Անգլիա, Օքսֆորտ քաղաքին մէջ մասնակից դառնալու արեւմտահայերէնի հարցերը քննարկող հաւաք-ժողովի մը։

Այդ օրերուն էր, երբ առիթն ունեցայ տեսնել Շէյքսփիրի չքնաղ ծննդավայր՝ Սթարթֆորտ քաղաքը, որ իր նազելաճեմ ոտքերը երկարած է Էյվըն գետի ծայրերուն։

Գեղեցիկ, գողտրիկ, խաղաղ եւ բանաստեղծական քաղաք էր Սթրաթֆորտը, որուն մէջ կ՚ապրէին մեր մտերիմ ընկերները՝ Նանէ Յովհաննիսեանը, Նանէի ամուսինը՝ Փոլը (որուն Հայաստանն ու հայութիւնը սիրելու փաստը մղած էին «մաքուր» անգլիացի մարդուն փոխել իր ազգանունը եւ դառնալ՝ Յովհաննիսեան), կար նաեւ անոնց սիրասուն դուստրը՝ սիրելի Սաթենիկը։

Այս բոլորը նշելէ ետք պիտի ուզէի անպայման շեշտել, որ Սթրաթֆորտը գեղեցկօրէն կեանքով կը խայտար, սակայն նոյն չքնաղ քաղաքը այսօր ամայացած ու տխուր է։

Սթրաթֆորտի ներկայ պատկերը իմ ընթերցողներուս ներկայացնելու, ինչպէս նաեւ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ այսօր տիրող վիճակին անդրադառնալու փորձով մը պիտի դիմեմ՝ Նանէի օգնութեան։ Ահա անոր արեւմտահայերէնի վերածուած սրտառուչ գրառումը.-

«Բրիտանիան մուտք կը գործէ քորոնայի դարաշրջան»: Այսպէս բացաւ երեքշաբթի՝ 17 մարտի եթերը «Պի. Պի. Սի.» ռատիոկայանի յայտնի վերլուծականի հաղորդավարուհին։ Շատերու պէս, ինքն ալ հեռահար կ՚աշխատէր՝ իր տունէն։ Իսկ անոր հիւր՝ անուանի պատմաբան Փիթըր Հենըսին հաւատացած է, որ ապագայի պատմաբանները յետպատերազմեան Բրիտանիան պիտի բաժնեն «քորոնայի թուարկութենէն առաջ» եւ «քորոնայէն ետք»ի։

Այս կիրակի Մեծ Բրիտանիոյ մէջ տօն է՝ Մայրութեան կիրակին։ Այդ օրը, սովոբարար, հասուն զաւակները, ընտանիքներով հանդերձ, իրենց տարեց մայրերը կը հրաւիրեն ճաշարան կամ թատրոն, ու գերդաստանի քանի մը սերունդ, յաճախ տարբեր քաղաքներէ, մէկտեղ կը հանդիպին իրարու։

Այս տարուան Մայրութեան կիրակին, անկասկած, պիտի տարբերի։ Նախ, մեծահասակ մայրերէն շատ-շատերը, հետեւելով կառավարութեան վերջին՝ ինքնամեկուսանալու խորհուրդին, նոյնիսկ սեփական ընտանիքի անդամներու այցերը կը մերժեն, բացի ծայրայեղ անհրաժեշտութեան պարագաներէն։ Ինչ կը վերաբերի ճաշարաններուն ու շարժանկարի սրահներուն, անոնք զգալիօրէն դատարկուած են՝ կառավարութեան նոյն յորդորով։

Ճիշդ է, թէեւ Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճանսըն այս երկուշաբթի իր ելոյթին մէջ խորհուրդ տուաւ խուսափիլ ժամանցի ու հիւրասիրութեան վայրերէն, բազմաթիւ թատրոններ, սրճարանատէրեր ու այլ ձեռներէցներ քննադատեցին զինք՝ իրենց կառոյցները ուղղակիօրէն փակել տալու փոխարէն յաճախորդները վանելու համար։ «Կը պարզուի, որ եթէ մենք խելամիտ վարուինք ու փակենք մեր սրճարանները, այդ կ՚ըլլայ մեր որոշումը, եւ ապահովագրական ընկերութիւնները կը մերժեն նիւթական փոխհատուցումը մեր կրած վնասին համար», ըսած են անոնցմէ շատերը։ Առայժմ, մանր ու միջին սեփականատէրերը երկու քարի արանքին են. կամաւոր փակել կը նշանակէ տուժել այս պահէն սկսեալ, իսկ բաց մնալ՝ դատարկ փողոցներու պայմաններուն մէջ կը նշանակէ մեծ ծախսեր կուտակել։

Մինչդեռ փողոցները իսկապէս թեթեւցած են։ Շէյքսփիրի ծննդավայր Էյվընի Սթրաթֆորտը, օրինակ, արտերկրի այցելուներու՝ բրիտանական շրջագայութեան երրորդ կարեւոր քաղաքն է Լոնտոնէն ու Օքսֆորտէն ետք։ Սա Շէյքսփիրի Թագաւորական ընկերութիւն աշխարհահռչակ թատերախումբի տունն է, ինչպէս նաեւ թատերագիրի հետ կապուած քանի մը տուն-թանգարաններու։ Սովորաբար, ֆրանսացի եւ իտալացի դեռահասներու խումբերը կը ճեմեն փողոցներով՝ իրենց դպրոցներու կազմակերպած ուսումնական այցերուն ժամանակ։ Այստեղ, «քորոնայի թուարկութենէն առաջ», հեռաւորասիացիները, ամերիկացիներն ու մինչեւ անգամ ներքին զբօսաշրջիկները, հոծ բազմութիւն կը կազմէին, իսկ այժմ կարծես անհետացած են։

Խանութներուն մէջ պարէնի խնդիր կարծես թէ չկայ, բացառութեամբ որոշ՝ երկարակեաց սննդամթերքէն, ըսենք ալիւրեղէն ու պահածոներ, եւ, ի հարկէ, ինչպէս ամէնուր, հականեխող միջոցներէն ու զուգարանի թուղթէն։ Բրիտանացիները հանդարտ են, սակայն խուճապի նշանները արդէն երեւելի սկսած են դառնալ։ Այն բարեգործական խանութին մէջ, ուր ես կ՚աշխատիմ, օրինակ, ուր կամաւորներու օգնութեամբ կը վերավաճառուին օգտագործուած գիրքեր, վտանգի խումբի կամաւորները «կ՚ինքնամեկուսանան», բառ մը, որ մինչեւ բոլորովին վերջերս մեր բառապաշարին մէջ չկար։ Սա քաղաք մըն է, ուր մեկուսանալը դժուար է։ Սթրաթֆորտը միջին խաւի, միջին ու բորձր տարիքի բնակչութիւն ունի, որ կրթուած է ու բարեկեցիկ, հետեւաբար կեանքով լի եւ բազմամարդ։

Ինքը՝ Շէյքսփիրը, ի հարկէ, լաւ ծանօթ էր մեկուսացում կոչուածին։ Իր ժամանակներուն, երբ կը վխտար ժանտախտը, թատրոններուն հրահանգուած էր փակուիլ՝ շաբաթը երեսունէն աւելի զոհերու պարագային։ Եւ 1606 թուականին, երբ ժանտախտը դարձեալ գլուխ բարձրացուց Լոնտոնի մէջ, ուր կ՚ապրէր համայն աշխարհի թատերագիրը, պարտադիր պարապուրդի մէջ յայտնուած՝ ան գրեց երեք անմահ թատրերգութիւն՝ «Լիր արքայ»ն, «Մաքպեթ»ը եւ «Անթոնիոս եւ Քլէոփաթրա»ն։ Իմ դուստրը վեցերորդ դասարանն է, անոր դպրոցին մէջ այս կիսամեակին կը դասաւանդուէր «Մաքպեթ»ը։ Դասերը, առայժմ, կը շարունակուին (Հարկ է նշել, որ Անգլիոյ մէջ վարժարանները կը փակէին իրենց դռները Նանէի ինծի ուղարկած գրութենէն ժամեր անց։ Խմբ.՝ Ս.Ա.)։ Մեծ Բրիտանիան այն քիչ եւրոպական երկիրներէն է, ուր ուսումնական հաստատութիւնները բաց են, հակառակ որ իմ դստեր դասարանին մէջ աւելի քան հինգ երեխայ բացակայ են՝ կասկածելի ախտանշաններով կամ ծնողներու վախով պայմանաւորուած։

Ամէն պարագայի, մօտալուտ են Զատիկի արձակուրդները, իսկ անկէ անդին՝ անյայտութիւն։ Անտեսանելի այս թշնամին՝ քորոնաժահրը, պատճառ է բրիտանական ելեւմտական նախարարի՝ աննախադէպ, միլիառաւոր սթերլիններու չափի դրամական ծրարի, որ միտուած է անապահով խաւերու պարտավճարներու եւ տան վարձքի, առեւտրական հարկերու թեթեւացման եւ այլ միջոցներու։ Ի դէպ, Միացեալ Թագաւորութեան գանձապահը՝ Ռիշի Սունաք շեշտեց, որ նմանօրինակ պետական միջամտութիւն՝ այդ ծաւալի ու չափի օգնութիւն, խաղաղ ժամանակներու մէջ ցայսօր չէ եղած։ Ըսել կ՚ուզէ՝ մեր ապրածը պատերազմական ժամանակներ են եւ մենք կ՚ապրինք «քորոնայի դարաշրջան»ը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Ապրիլ 2, 2020