ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ ՏԱՊԱԼԵՑԱՒ. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԸ ԴԷՊԻ ՍՐԱՑՈՒՄ

Բաւականին ծանր օր մը կը սպասէ Հայաստանին: Արդարեւ, երէկ տեղի ունեցած եւ բոլորին կողմէ «սպասուած» նոր վարչապետի ընտրութեան նիստին տապալումէն ետք, ընդդիմադիր առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեան իր համակիրներուն կոչ ուղղեց դարձեալ «ողողել» Երեւանի փողոցները, նաեւ փակել մայրաքաղաքի բոլոր բանուկ կէտերը: Փաշինեան, որ Ազգային ժողովի նիստէն ետք իր կնոջ՝ «Հայկական Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ Աննա Յակոբեանին հետ Բաղրամեան պողոտայի վրայ գտնուող Ազգային ժողովի շէնքէն քայլելով հասաւ Հանրապետութեան հրապարակ, հազարաւոր ցուցարարներու առջեւ (որոնք ամբողջ օրը կիզիչ արեւուն տակ կանգնելով կը սպասէին Ազգային ժողովէն բարձրանալիք սպիտակ ծուխին) բաւական վճռական խօսքով մը յայտարարեց, որ վաղուան (այսօրուան) երթերը պիտի ըլլան աննախընթաց եւ աւելի՛ն. առաջին անգամ ըլլալով «թիրախ» պիտի դարձուին երկրի օդակայանն ու կառավարական մասնաշէնքերը: Փաշինեան, որ նիստէն ետք «կոտրուած» տրամադրութիւն մը ունէր, յաջողեցաւ դարձեալ հաւաքել իր ուժերը եւ մասնաւորապէս ըսաւ՝ «Հանրապետական խմբակցութեան գործողութեան մեր հակագործողութիւնը ըլլալու է շատ արագ, վաղը կը յայտարարուի գործադուլ եւ դասադուլ: Առաւօտեան 8.15-էն սկսեալ կը շրջափակենք բոլոր փողոցները, հաղորդակցութեան ուղիները, մեթրոն, օդանաւակայանը: Մեր պայքարը կարող չէ չպսակուիլ յաղթանակով: Մեր պայքարը բաց ձեռքերու է եւ խաղաղ քաղաքացիական պայքար է»: Յիշեցնեմ, որ երէկ կէսօրուան ժամերուն սկսած եւ արտակարգ բնոյթ ունեցող նիստը կը տեւէր գրեթէ ինն ժամ, որու աւարտին ալ «Հանրապետական» կուսակցութիւնը յաջողեցաւ տապալել Փաշինեանի վարչապետ ընտրուիլը: Փաշինեան կը ստանար 45 ձայներ, մինչդեռ ան պէտք ունէր 53 քուէներու:

Երէկ տեղի ունեցած նիստին մասին արագ հայեացք մը նետելով պարզ կը դառնայ, որ «Հանրապետական» կուսակցութիւնը նիստին չէր ներկայացած տագնապին լուծում մը բերելու մտադրութեամբ:

Աւելի՛ն, մէկէ աւելի «Հանրապետական» պատգամաւորներ ամէն գնով կը փորձէին անցեալի «հաշիւներ»ը մաքրել եւ միանգամայն բարդ դրութեան մը առջեւ դնել Փաշինեանը:

Իսկ ինք՝ Փաշինեան, որ բաւական դիպուկ եւ ինքնավստահ պատասխաններ կու տար իրեն ուղղուած հարցերուն՝ կը հաւաստէր, որ եղածը անունի մը պայքարը չէ, այլ խնդրոյ առարկան ժողովուրդի կամքն է եւ ինք նախանձախնդիր է այդ կամքը պահպանելու եւ օրինական դաշտ բերելու:

Ի դէպ ըսեմ, որ խորհրդարանի յաջորդ նիստը պիտի կայացուի յառաջիկայ Երեքշաբթի օր ու մինչ այդ, հասկնալի եւ երեւելի է, որ բոլոր կողմերուն ուշադրութիւնը սեւեռուած պիտի ըլլայ դէպի փողոցը, ուր հազարաւոր հայաստանցիներ իրենց բողոքի ձայնը պիտի բարձրացնեն:

Ներկայ պահու դրութեամբ երկու կողմերն ալ պատրաստ չեն զիջումներու երթալու ու կայ տպաւորութիւն, թէ «Հանրապետական»ը լծուած է հանրութիւնը եւ ընդդիմադիր «ղեկավար»ը «յոգնեցնելու» եւ սպառելու գործին:

Պիտի յաջողի՞ «Հանրապետական»ը իր «առաքելութեան» մէջ, տակաւին յստակ չէ, բացայայտ է սակայն, որ Փաշինեան եւս մտադիր չէ տեղքայլ ընելու. ալ ուր մնաց երբ խօսքը զիջման մասին է:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մայիս 2, 2018