ՓԱԿ

Երկար քալած էր, տունէն մինչեւ հանրային այգին։

Յոգնած, որոշեց նստիլ. այնտեղ՝ ծառին տակի նստարանը յարմար էր։

Ոտքերը երկարեց առջեւ, հանեց ականջակալներ գրպանէն, մօտեցուց ունկերուն։ Ներս մտաւ Էրիք Սաթին, նուրբ ու զուսպ դաշնամուրովն իր։ Ներս՝ ականջներէն ուղեղ, ուղեղէն ողնայար, ողնայարէն ծայրամասերը յոգնած մարմնին։

Փակեց աչքերը, ու լսեց Սաթիին։ «Ժիմնոփետի»ի «դանդաղ ու ցաւոտ»ն էր։ Յիշեց քոյրը, հիմա Մոնրէալ՝ կորսուած, որ իրենց հօրենական տան մէջ այս կտորը մէջտեղ բերել կը փորձէր։ Յիշեց ծնողները, արդէն հեռացած, որ ապրեր էին իրենց կեանքը հարուստ, բայց ապերջանիկ։ Լսեց Սաթիին, ինկաւ գիրկը յիշողութեանց, աչքերը՝ փակ։

Երաժշտութիւնը հասաւ աւարտին, ու լռեց։

Չուզեց բանալ աչքերը։

Եւ երբ, պատահաբար, փակ պահեց զանոնք քանի մը յաւելեալ երկվայրկեան, անդրադարձաւ, որ դեռ ահագին լսելու բան կար. թէկուզ ականջակալներէն անդին։ Մատները տարաւ վերջիններուս, հանեց զանոնք, տարաւ գրպանները երկկողմանի։ Լուռ լսեց։ Աչքերը փակ։

Անտեսանելի, բայց գեղեցիկ աշխարհ մըն էր չորս դին։

Թռչուններ, որ ոչ միայն կ՚երգէին, այլ նետաւոր պատկերներ կը գծէին մտքին մէջ թափահարման ձայնովն իրենց։ Թեթեւ քամին, որ ոչ միայն կը սուլէր գրեթէ աննկատ, այլ նաեւ կը շոյէր տերեւներն ու ճիւղերը ծառերուն, կը կոտրտուէր անոնց թեւերուն վրայ դեղնաւուն։ Ճպուռներ, որոնց ճռճռոցը մէյ մը կար, մէյ մը չկար. որոնց յանկերգը միապաղաղ էր, բայց ոչ տաղտկալի, ու հարբեցնող։ Ու քայլքը մարդոց, այլազանութեամբն իր ապշեցուցիչ։ Մէկը դանդաղ էր, ծերունի յիշեցնող, գրեթէ հողին քսուելով. միւսը՝ բարձրակռունկ, պիրկ ու խիստ, գայթակղիչ այնքան, որ աչքերը բանալ կրնար տալ գրեթէ։ Յետոյ խումբ մը ամբողջ. հի՞նգ, թէ՞ տաս հոգի. ակնյայտօրէն պատանիներ, ճիչերով ու կատակներով, եռանդով ու կիրքով լի։

Յանկարծ, ծանրութիւն մը զգաց կողքին, նստարանին վրայ։ Մէկը եկեր, նստեր էր աջին։ Ո՞վ էր տեսնես։ Իր նման մէկը, յոգնած քայլքէն ու կեանքէն։ Կամ տիկին մը, որ նորածինին կաթ պիտի տար։ Կամ զոյգ մը, գիրկ-գրկի։ Օրիորդ մը գուցէ, որ ծանօթանա՞լ կ՚ուզէր։ Նկարիչ մը, որ յարմար անկիւն էր գտեր։ Ջութակահար մը։

Ով ալ ըլլար, եկեր էր ժամանակը՝ աչքերը բանալու։

Կոպերը դանդաղ քաշուեցան վեր, ումպ-ումպ խմելով կրակը լուսէ։

Աչքին ծայրովը քննեց աջը, բան չտեսաւ։ Կամաց դարձուց գլուխը. դարձեալ ոչինչ։ Բայց անմիջապէս, իրմէ ցած, առաջին հայեացքով չերեւցող, պառկած շուն մը նկատեց. սեւ եւ բրդոտ։

Նկատելով շարժումն իր, շունը գլուխը բարձրացուց, նայեցաւ իրեն։ Ապա հանդարտութեամբ թունչն իջեցուց փայտին, եւ, արեւուն տակ, փակեց աչքերը։ Կարգը իրն էր։

ԵՐԱՄ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունուար 20, 2021