ԹՈՐԳՈՄԻՆ ԵՐԱԶԸ

Գիշեր է: Ի՜նչ գեղեցիկ տօնական օր մըն էր: Տօնածառը տեղադրուեցաւ ընտանիքի բոլոր անդամներուն մասնակցութեամբ, տօնական երգեր հնչեցին, խինդ ու ծիծաղով թնդաց տունը: Մինչ Թորգոմ, ըստ սովորականին, չմասնակցեցաւ արարողութեան. իսկ մայրը, ամէն տարուայ պէս, Թորգոմին զարդը մէկդի թողուց, որպէսզի Թորգոմ երբոր ուզէ՝ տեղադրէ: Այսպէս միշտ կը մնար զարդը, մինչեւ որ տօնածառը հաւաքուէր ու հոնկէ վերցուէր:

Ապակեայ մեծ գնդակ մըն էր այս տարուան Թորգոմին զարդը, որուն մէջ կը փայլէին ոսկեգոյն փաթիլները: Զարդը հոն, տօնածառին հովանիին տակ, լոյսերուն շողով կը պսպղար: Թորգոմ աչք մը նետեց գնդակին ու գնաց ննջարան: Քնացաւ:

Քիչ ետք, երազին մէջ, մեծ ու թափանցիկ գնդակի մը մէջ գտաւ ինքզինք. նոյն այդ զարդ-գնդակն էր կարծես, բայց շատ աւելի մեծ. այնքան մեծ, որ ինք եւ Կաղանդ պապուկը մէջն էին ու կը ճամբորդէին: Գնդակը օդանաւի նման գործիքներ ալ ունէր՝ ղեկ, կողմնացոյց,..., բոլորը ոսկեզօծ եւ տիեզերանաւի պէս շատ արագ կը սուրար: Արդիական սաւառնակ մըն էր կարծես, առանց վարորդի կը շարժէր: Թորգոմն ու Կաղանդ պապուկը բարձրութենէն ամէն ինչ կը դիտէին՝ լեռներ, ձորեր, գետեր, ծովեր...: Երկիրը վերէն քարտէսի պէս կ՚երեւէր. անոնք կը զմայլէին հմայիչ տեսարաններով եւ անկրկնելի գեղեցկութեամբ: Այս ընթացքին երաժշտութիւն կը լսուէր՝ ամանորեայ մեղեդիներ ե՛ւ Թորգոմ կը թռչկոտէր այդ երգերուն ազդեցութեամբ, բան մը որ երբեք չէ ըրած իսկական կեանքին ընթացքին:

Տիեզերանաւը ամբողջ աշխարհին շուրջը դառնալէն, մոլորակներուն քովէն անցնելէն ու աստղահոյլերուն փայլուն փունջերը ճեղքելէն վերջ կանգ առաւ մոլորակի մը վրայ, որ երկիրը չէր, բայց ունէր օդային թաղանթ՝ ամպեր, թթուածին,...: Մոլորակին վրայ ամէն ինչ հին էր, շատ նախնական, շատ տխուր. բնութիւնը ունէր տարբեր գոյներ՝ արեւը կապոյտ, ամպերը դեղին, ծառերը սեւ, տերեւները կարմիր, խոտերը մանիշակագոյն, իսկ հողը թափանցիկ էր:

Ճամբորդները իջեւանեցան այս մոլորակին վրայ: Կաղանդ պապուկը կախարդական փոշի ցանեց իր եւ Թորգոմին գլխէն վար, աներեւութացան ու սկսան շրջիլ տունէ տուն: Անոնց այցելած բոլոր տուներն ու վայրերը նոյն կերպարանքով, բայց ոչ նոյն բնաւորութեամբ, Թորգոմ մը կար: Առաջին տան մէջ ան ինքզինք տեսաւ տնեցիներուն հետ համերաշխ ու բարի, որ կը հասնէր բոլորին օգնութեան, երբեք թոյլ չէր տար, որ եղբայրը նեղանայ, մայրը վրդովի, հայրը բարկանայ..., այս կերպարը սակայն այդքան ալ հաճելի չթուեցաւ աներեւութացած Թորգոմին:

Դուրս ելան ու պարտէզի մը մէջէն երբ կ՚անցնէին, Թորգոմ փորփրեց թափանցիկ հողին հատիկները ու դիտեց ստորգետնեայ շերտերը, ուրկէ կ՚երեւէին կրակին բոլոր վառ գոյները. ուրախացաւ, երբ տեսաւ որ կրակին գոյները նոյնն են եւ ուշի ուշով հետեւեցաւ ստորգետնեայ աշխարհի անցուդարձերուն:

Լաւան կը քալէր ամենէն յատակէն, կը բարձրանար ջերմութիւնը տարածելով. բարձր ջերմութենէն տեսակաւոր մետաղները կը հալէին ու կարմրած երակներու վերածուելով կը միանային լաւային ու կը հոսէին աջ ու ձախ ճամբայ գտնելով ու ճեղքելով հողին թափանցիկ ու հաստ շերտերը, որ տաքութեան հպումէն իսկոյն կը ճերմկնային ու հետզհետէ կը ձուլուէին կարմիրին՝ նախ նարնջագոյնի, ապա վառ կարմիրի վերածուելով: Ուշադիր նայելու ընթացքին Թորգոմ չնկատեց ոտքին տաքութիւնը, իսկ քիթը, որ հպած էր գետնին, կաս-կարմիր եղած ու այրելու վրայ էր, երբ լաւա մը նեղ անցք մը գտած դէպի իրեն կը բարձրանար: Լաւան կը մօտենար, ինք աւելի հետաքրքրութեամբ կը դիտէր, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ եւ լաւան հազիւ թէ արտը պիտի ճեղքէր ու լափէր զինք, ձեռք մը փրկեց զայն ու վեր բարձրացուց.

-Պապո՛ւկ, չէ՞ որ աներեւութացած ենք, լաւան մեզի կրնա՞յ վնասել,- քիթը բռնելով ու ոտքերուն այրուցքէն աչքերը արցունքոտած ըսաւ Թորգոմ:

-Մենք աներեւոյթ ենք տեղի բնակիչներուն տեսողութենէն, անզգացած չենք, Թորգո՛մ. լաւաները կը զգան մեր գոյութիւնն ու իսկոյն կը բարձրանան, անոնք կը սիրեն խանձումին բոյրը:

Զգուշացուց Պապուկը ու շարունակեցին իրենց ճամբան թռչելով ու տուներուն ծխնելոյզներէն մտնելով:

Երկրորդ տունը շատ տխուր տեսք մը ունէր. տան պատանին՝ Թորգոմը ոչ I phone ունէր, ոչ I pad, ոչ notebook. այս իրերը ընդհանրապէս գոյութիւն չունէին այս քաղաքին մէջ..., ուր որ է իյնալու պատրաստ մահճակալ մը կար սենեակին մէկ անկիւնը. սեւ ծառերու տախտակներով շինուած, փլելու պատրաստ տախտակամած մը. խախուտ աթոռ մը եւ վառարան մը, որ տարիներէ ի վեր կրակի երես չէր տեսած: Պատուհաններուն լայն ճեղքերէն հովը ներս կը սուրար ու Թորգոմին մազերուն հետ կը խաղար, բայց ան գոհունակ, գիրք մը ձեռքին, երկնցած էր այդ հին մահճակալին վրայ ու կարծես մտած գլխաւոր հերոսի կերպարին մէջ, միայն ատեն-ատեն հովի մը հարուածէն Թորգոմ ստիպուած թելերը գզուած, սահած ծածկոցը վեր կը քաշէր: Ահա մայրը ներս կը մտնէ ու ջուր կը բերէ, ջուրը սրճագոյն է: Այնպիսի ախորժակով մը ջուրը կուլ կու տայ Թորգոմ, որ կարծես համեղ պտղահիւթ մը խմած ըլլայ:

-Պապո՛ւկ, այստեղ ամէն մարդ աղքա՞տ է,- կը հարցնէ Թորգոմ սարսափահար եւ կը յիշէ, որ ինք այս տարի ծնողքը նեղացուցած էր, քանի որ իրեն նոր ձեռնահեռաձայն մը չէին ուզած առնել. ինք ունէր եւ ունեցածը հին չէր. ունէր ամէն ինչ, ճոխութեան մէջ մեծցած ու իր բոլոր խնդրանքները կատարուած էին, բայց միշտ դժգոհ էր ու ամէն տարի, Ամանորի սեմին, պատճառաբանութեամբ մը, կը նեղացնէր ծնողքը եւ անոնց ուրախութիւնը կը նուազեցնէր:

-Այստեղ մարդիկ ուրախ են, Թորգո՛մ: Այստեղ մարդիկ կը սիրեն զիրար, չեն նեղացներ. չքաւոր կամ ունեւոր ըլլալը մարդուն արժանիքներուն պէտք չէ ազդեն: Հիմա շարունակենք, տես քեզի ի՛նչ պիտի ցուցնեմ,- կը պատասխանէ Պապուկը:

Սրճագոյն գետակի մը ալեաց վրայէն թռչկոտելով կը մօտենան վայրին. որքան մօտենան, այդքան աւելի կը լսուին ուրախ ձայները. քաղաքին հրապարակը ըլլալու է, ուր երաժիշտները կը նուագեն ու մեղեդիին բարձր ձայնը կը տարածուի, մարդիկ կ՚երթեւեկեն զիրար բարեւելով.

-Այս քաղաքին օրէնքն է ժպիտն ու բարեւը. բոլորը զիրար չեն ճանչնար հարկաւ, բայց անպայման կը բարեւեն ու կը ժպտին իրարու. եթէ մէկը բան մը խնդրէ, բոլորը կը հասնին օգնութեան եւ ամէն ոք իր կարելին կ՚ընէ օգնութեան պէտք ունեցողին կարիքը բաւարարելու:

Թորգոմ կը տեսնէ մարդոց հաճելի առեւտուրը, ճաշարաններուն սեղաններուն շուրջ զուարթ զրոյցները, հրապարակին սրճագոյն շատրուաններուն շուրջ խաղացող մանուկները. կը զգայ սէրը, նուիրումը այս չքաւոր մարդոց մէջ ու հոն, քիչ մը հեռուն, դպրոց մը կը նշմարէ: Կ՚երթան, կը մտնեն բակէն, կը տեսնեն համեստ, բոյսերու հաստ ծղօտներով ծածկուած դասարանները եւ այդ երդիքին տակ՝ դասերուն հետեւող աշակերտները: Կը խղճայ Թորգոմ, կ՚ուզէ բան մը ընել, տալ իր ունեցածը եւ նորոգել դպրոցը, իսկ երբ դասարան մը կ՚այցելեն, կը սկսի ձիւն տեղալ. ձիւնի սրճագոյն փաթիլները մէկիկ-մէկիկ կը թառին աշակերտներուն մազին, ծոծրակին, ձեռքին..., ուսուցչուհին կը բաժնէ ձեռնոցներ, գլխարկ չունին, բայց կաթկթող փաթիլները ոչ մէկուն ուշադրութիւնը կը շեղէ, կը շարունակեն դասը լրջութեամբ, կարգապահութիւնը պահելով:

Հոն աշակերտ մը պաղէն կը դողայ, բարակ զգեստը չի տաքցներ զայն, իսկոյն Թորգոմ, որ աշակերտներուն մաս կը կազմէր, կը հանէ պատառոտած բաճկոնն ու կը հագցնէ ընկերոջ: Աներեւոյթ Թորգոմ աչքերը կը սեւեռէ դողացող պատանիին եւ ի՞նչ տեսնէ՝ իր իսկական դասընկերը, որ ատենին գրիչ մը խնդրած էր իրմէ ու մերժուած, հակառակ անոր որ ինք բազմաթիւ յաւելեալ գրիչներ ունէր:

Թորգոմ կը նեղանայ, խեղդուելու աստիճան կը յուզուի, անհանգիստ շարժումներով կ՚ուզէ բան մը ընել, չորս կողմ կը նայի՝ անհետացած են մոլորակը, Կաղանդ պապուկն ու տիեզերանաւը, կարծես աւարտին հասած է առաքելութիւն մը եւ՝

-Չէ՛, չէ՛, ես պիտի փոխուի՜մ...,- կը գոռայ:

Այս վերջին հնչիւններէն ետք քրտնաթաթախ կը բանայ աչքերը, կը զննէ շուրջը, վստահ կ՚ըլլայ որ իր սենեակն է, իր տունը եւ կամացուկ մը կ՚ելլէ, առանց մուճակը հագուելու, կ՚երթայ մութին մէջ պսպղացող լոյսերուն ուղղութեամբ. շօշափելով կը գտնէ իր ապակեայ զարդը ու կը տեղաւորէ զայն տօնածառին վրայ, լոյսի մը շողին մէջ:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 20, 2019