ԵՐԿՈՒ ՔԵՐԹՈՒԱԾ ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇԷՆ
ՄՆԱՑՈՐԴԴ՝ ԲԱԶԷԻՆ
Ո՞վ ես դուն, որ ժայռը մինակ փորես
Եւ այս յաւիտենական դատարկութիւնը,
Այս յաւիտենական սպիտակութիւնը անցնիս.
Կեցցե՛ս:
Չորս դիդ երկու եղջերենիներ,
Երկու այրիներ պիտի կենան
Եւ քեզմէ ետք՝ չոր լռութիւնը անջրպետին,
Որպէս վկայ մարդկային անհեթեթութեան,
Վկայ հրաշագործութեան:
Այս օրերուն կը հաւատա՞ս
Քու ստուերիդ, վարդիդ
Եւ անունդ, անունս եւ երկրիդ անունը
Անսխալ կը հնչե՞ս:
Բարեկա՛մ, կարծես բան մը ունիս,
Կարծես խոստում մը ունիս:
Քեզի համար պիտի պարպենք կլոր սրահը.
Առանձինդ յառաջացիր բազէին քով,
Քանի մէջդ երկիր չկայ, որ կորսուի,
Իսկ բազէն պէտք է քեզ ոչնչացնէ,
Բազէն պէտք է մորթդ հագուի:
ԱՐԾԻՒ ՄԸ ՑԱԾ ԲԱՐՁՐՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ
Ճամբորդը ոտանաւորին մէջ ըսաւ
Ոտանաւորին մէջ ճամբորդողին.
-Ուղիէդ որքա՞ն մնաց:
-Ամբողջը:
-Գնա՛, ուրեմն, գնա՛,
Կարծելով որ հասած ես...,
Բայց՝ չես:
-Եթէ ուղղութիւնները չըլլային,
Սիրտս հոպոյ մը կ՚ըլլար:
-Եթէ սիրտդ հոպոյ մը ըլլար,
Կը հետեւէի անոր:
-Ո՞վ ես դուն:
Ի՞նչ է անունդ:
-Ճամբուս ընթացքին անուն չունիմ:
-Քեզ դարձեալ կը տեսնե՞մ:
-Այո, երկու լեռներու գագաթներուն միջեւ
Բարձրաձայն արձագանգին եւ անդունդին մէջ...
Կը տեսնեմ քեզ:
-Ինչպէ՞ս ցատկենք անդունդէն բարձր,
Երբ թռչուններ չենք:
-Ուրեմն..., կ՚երգենք.
«Ո՛վ որ մեզ տեսնէ, չենք տեսներ զայն,
Զով տեսնենք, չի տեսներ մեզ»:
-Ապա ի՞նչ:
-Չենք երգեր:
-Ապա ի՞նչ:
-Ապա կը հարցնենք իրարու.
Որքա՞ն ճամբայ ունինք:
-Ամբողջը:
-Արդեօք ամբողջը բաւակա՞ն է,
Որ ճամբորդը հասնի:
-Ոչ, բայց ես կը տեսնեմ հեքիաթային արծիւ մը,
Որ մեր վերեւը կը ճախրէ...
Աւելի ցած բարձրութեան վրայ:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան